ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Իմ առաջին բաղձանքս է տեսնել բոլոր աշխարհը խաղաղութեան մէջ. եւ անոր բոլոր բնակիչները որպէս խումբ մը եղբայրներու, որոնք կը մրցակցին իրարու հետ, թէ ո՛վ աւելի պիտի յաջողի նպաստելու համայն մարդկութեան երջանկութեան»։

GEORGE WASHİNGTON

Խաղաղութիւնը երջանկութի՛ւն է։ Այն որ թէ՛ ներքնապէս եւ թէ՛ արտաքնապէս խաղաղ է, երջանի՛կ է։

Արդարեւ, մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։ Խաղաղութիւնը միայն կռիւի, հակառակութեան, պատերազմի չգոյութիւնը չէ՛. ան չի սահմանափակուիր միայն հակադիր ուժերուն հաւասարակշռութիւնը ապահովելով եւ պաշտպանելով։

Ուստի, երկրի վրայ խաղաղութիւնը չի կրնար ձեռք ձգուիլ առանց անձերուն ինչքերուն պահպանումին, առանց մարդկային էակներու միջեւ ազատ հաղորդակցութեան, առանց անձերուն եւ ժողովուրդներուն արժանապատուութեան յարգանքին, առանց եղբայրակցութեան յարատեւ գործադրութեան։ «Ան կարգ եւ կանոնին անդորրութիւնն է», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Խաղաղութիւնը «արդարութեան գործն է» (ԵՍ. ԼԲ 17) եւ սիրոյ արդիւնքը։

Արդարեւ, Յիսուս Քրիստոս յիշեցնելով «Մի՛ սպաններ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) պատուէրը, կը պատուիրէ եւ կ՚ուզէ «սրտի խաղաղութիւն»ը՝ ներքին խաղաղութիւնը եւ կը դատապարտէ մահագործ բարկութեան եւ ատելութեան անբարոյականութիւնը։

Երկրաւոր խաղաղութիւնը պատկերն է եւ արգասիքը Քրիստոսի խաղաղութեան. «Իշխան՝ մեսիական խաղաղութեան» (ԵՍ. Թ 5)։ Արդարեւ, Ան Իր Խաչին Արիւնովը սպաննեց ատելութիւնը, թշնամութիւնը, հակառակութիւնը Իր մարմինին մէջ, հաշտեցուց մարդիկը Աստուծոյ հետ եւ Աստուծոյ հետ անոր միութեան սուրբ խորհուրդը։

«Ան մեր խաղաղութիւնն է» (ԵՓՍ. Բ 14)։

Եւ Ան կը յայտարարէ. «Երանի՜ խաղաղարարներուն» (ՄԱՏԹ. Ե 9)։

Հասարակաց բարիքը կ՚ընդգրկէ «խաղաղութիւն»ը, այսինքն տեւողութիւնը եւ ապահովութիւնը «արդար կարգ»ի մը։ Այս իմաստով, ան կ՚ենթադրէ պարկեշտ միջոցներով ապահովել ընկերութեան եւ անոր ամէն մէկ անդամին անվտանգութիւնը։ Ուստի, ան կը հիմնաւորէ նաեւ անհատական եւ հաւաքական օրինաւոր ինքնապաշտպանութեան իրաւո՛ւնքը։ Խաղաղութիւնը իր այս հանգամանքով կ՚երաշխաւորէ ազատութիւնը։ Ընդհանրական հասարակաց բարիքը կ՚ապահովուի խաղաղութեան շնորհիւ…։

Մարդոց իրարմէ կախումը կը սաստկանայ եւ տակաւ առ տակաւ կ՚ընդարձակուի համայն աշխարհի տարածքով։ Մարդկային ընտանիքին միասնականութիւնը, իրարու համախմբելով բնական հաւասար արժանապատուութիւն վայելող արարածները, յառաջ կը բերէ «ընդհանրական հասարակաց բարիք» մը։ Ասիկա պահանջքը կը ստեղծէ հասարակութիւններու կազմակերպութեան մը, որ կարելի է իրականացնել խաղաղութեան մէջ։

«Հաշտութեան Խորհուրդ»ն է խաղաղութիւնը, քանի որ կու տայ մարդուն Աստուծոյ հաշտարար սէրը. «Աստուծոյ հետ հաշտութիւն ըրէք» (Բ ԿՈՐՆ. Ե 20)։ Ան որ Աստուծոյ գթառատ սէրը կ՚ապրի, պատրա՛ստ է ընդառաջելու Տիրոջ կոչին. «Գնա՛, նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ» (ՄԱՏԹ. Ե 24)։ Խաղաղութեան ամբողջ արդիւնագործութիւնը կը կայանայ մարդը Աստուծոյ շնորհքին մէջ վերհաստատելու եւ զայն Անոր գերակայ բարեկամութեան միացնելու մէջ։

Խաղաղ միջավայրի եւ խաղաղ հոգեվիճակի մէջ միայն կարելի կ՚ըլլայ հաշտուիլ եւ մտերմանալ Աստուծոյ հետ։ Խաղաղութեան նպատակը եւ արդիւնքը Աստուծոյ հետ հաշտութի՛ւնն է։ Հաշտութեան տրամադրութեամբ իրենց շուրջիններուն մօտեցողներու մէջ սրտի խաղաղութիւնը եւ խղճմտանքի անդորրութիւնը տիրական կը դառնայ, որոնց բնականաբար կ՚ընկերակցի հոգեկան հզօր մխիթարութիւնը։ Արդարեւ, Աստուծոյ հետ հաշտութեան այս հոգեվիճակը կ՚ընձեռէ ճշմարիտ «հոգեւոր յարութիւն» մը՝ արժանաւորութեան եւ Աստուծոյ որդիներուն կեանքին բարիքներուն վերըս-տացումը, որոնց մէջ ամենաթանկագինը՝ Աստուծոյ բարեկամութի՛ւնն է։ (ՂՈՒԿ. ԺԵ 32)։

Խաղաղութիւնը Հոգիին պտուղներէն է, որոնք կատարելութիւններ են եւ մեր մէջ կը կազմէ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։

Սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ուրախութիւն, խաղաղութիւն եւ ողորմածութիւն։

Միջազգային համընկերութիւնն ալ բարոյական կարգի պահանջք մըն է։ Որով, որոշ չափով անկէ կախում ունի աշխարհի խաղաղութիւնը։ Համընկերութեան նիւթական բարիքներէն շատ աւելի կարեւոր է եւ կենսական անոր հոգեւոր բարիքները։ Ուստի, համընկերութեան արդիւնքներէն խաղաղութիւնը իր շուրջ սփռելով հոգեւոր հաւատքին բարիքները, աւելիով կը նպաստէ ժամանակաւոր բարիքներուն աճումին. «Փնտռեցէ՛ք նախ Աստուծոյ Արքայութիւնը եւ Անոր արդարութիւնը եւ այս ամէնը աւելիով պիտի տրուի ձեզի» (ՄԱՏԹ. Զ 33)։

Իւրաքանչիւր անձ որ կը շարժի ընկերութեան հանդէպ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ, ճշգրտօրէն կը կատարէ իր սպասաւորութիւնը, ան իրապէ՛ս կ՚աջակցի հասարակաց բարիքին եւ խաղաղութեան պահպանումին։

Խաղաղութեան մէջ կ՚աճի սէրը. խաղաղութեան միջավայրի մէջ բարեկամութիւններ կը մնան անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր։ Անարդարութիւնները, անհաւատարմութիւնը, անհաւասարութիւնները, մախանքը, նախանձը, անվստահութիւնը, հպարտութիւնը, ինքնահաւանութիւնը խաղաղութեան դէմ անվերջ վտանգ կը սպառնան եւ անհամաձայնութիւններու, կռիւի պատճառ կ՚ըլլան։ Այս անկարգութիւնները յաղթահարելու ամէն արարք կը նպաստէ խաղաղութիւնը կառուցանելու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 22, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 27, 2020