ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ԷՇ ՁԵՒԱՑՈՒՐ - Բ. (Անձնական Կեանքէ)

Որոշած էի էշ չձեւանալ...

Բ.- ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ: Գաղութը ունէր պատարագի երգեցողութեան մասնակցող մօտաւոր տասն անհատներ, որոնց խմբավարը Հայաստանէն գաղթած կին մըն էր: Զարմանալի չթուի. սկզբնական շրջանին երգչախումբի փորձերուն չմասնակցեցայ. ըստ ոմանց յարմար չէ մասնակցիլս, որովհետեւ եթէ ես երթամ կրնայ խմբավար կինը նեղանալ: Խմբավարուհին որպէս թէ չէր ուզած իմ մասնակցիլս....: Բարեբախտաբար այս դրութիւնը երկար չտեւեց:

Օր մը խմբավարուհին մօտս գալով հարցուց.

-Ինչո՞ւ չէք մասնակցիր մեր փորձերուն...:

-Դուք չէք ուզած իմ մասնակցիլս. ըսած էք նեղութիւն կը ստեղծուի իմ մասնակցութեամբս։

-Ինչպէ՞ս թէ... մէկ ամիսէ աւելի Տէր Հօր եւ պրն. Պ.-ին կ՚ըսեմ, որ մասնակցիք, կ՚ըսեն թէ չէք փափաքիր...

 Այսպիսով իմ մասնակցութիւնս բերի երգչախումբի փորձերուն. որոշեցի իրենց քառաձայն պատարագի երգեցողութիւնը սորվեցնել: Տէր Հայրը հեգնեց «մէկ ձայնով նորմալ չեն երգեր... քառաձա՞յն պիտի երգեն»:

Երկու ամիս ետք պատարագը քառաձայն կ՚երգուէր. Ապրիլ 24-ին եւ այլ առիթներուն երգչախումբը հանդէս կու գար հայրենասիրական երգերով:

Գ.- ՄԱՄՈՒԼ: Հայկական դպրոցի չգոյութեան պատճառով հայ գիրքն ու գիրը հեռու էր աշակերտներէն. մեծահասկաներն ալ գրեթէ անտարբեր: Սակայն քաղաքին մէջ գոյութիւն ունէին իրենց հայկականութիւնը պահած մի քանի խենթեր: Գացի եւ առաջարկութիւն ներկայացուցի խենթերուն (որոնք գաղութի ղեկավարութենէ հեռու էին), որ կ՚ուզեմ շաբաթաթերթ մը պատրաստել, որ հետաքրքրէ թէ՛ մեծահասակները եւ թէ պատանիները: Խենթերը՝ որ նիւթապէս կայուն վիճակ ունէին շաբաթական դրութեամբ պիտի հոգային թերթի տպագրութեան բոլոր ծախսը եւ թերթը անվճար պիտի բաժնուէր միօրեայ հայերէն դասերուն մասնակցող պատանիներուն, անոնց ծնողներուն, կիրակի օրերը՝ պատարագի մասնակիցներուն եւ գրեթէ բոլոր գաղութի հայութեան:

Այսպիսով ծնունդ առաւ «Փարոս»ը: Թերթին կեանքը տեւեց եօթ շաբաթ: «Փարոս»ը ո՛չ միօրեայ դասի յաճախող պատանիներուն, ո՛չ պատարագի մասնակիցներուն անվճար բաժնելու առիթը տրուեցաւ, մինչ անդին սփիւռքահայ մամուլը կ՚աւետէր «Փարոս»ի ծնունդը՝ որպէս գաղութի վերելք նկատելով այդ մէկը:

Դ.- ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ: Հաւանաբար գաղութին մէջ վերջին անգամ քսան տարիներ առաջ կատարուած էր ծնունդի աւետումը: Այս մէկը առիթ էր նորաստեղծ մշակութային միութեան համար փոքր գումար մը ամբարելու: Վստահաբար գաղութի «ղեկավար»ները անիմաստ տեսան այս մէկը, որովհետեւ «հոստեղինները չե՛ն վարժուած», «մարդ իր դուռը չի՛ բանար»: Միօրեայ դպրոցի աշակերտներով եւ երգչախումբի անդամներով, մոմերով սկսանք շրջիլ Եւրոպայի փողոցները, այցելելով գաղութի հայերու տուները, երգելով, ծննդեան բացիկ մըն ալ տալով անոնց:

Աւարտին, գանձանակին մէջ ունէինք 800 եւրօ: Այդ գումարը բաւարար էր ձայնի սարքաւորման պիտոյք առնելու. գաղութին մէջ կար այլ Հայրենիքէն գաղթած օրիորդ մը՝ որ հայկական պար պիտի սորվեցնէր պատանիներուն: Գաղութին մէջ կային չորս երիտասարդներ, որոնց ձայները կախարդիչ էին. ես պիտի զբաղուէի անոնցմով:

Եկեղեցւոյ կողքի սրահը պիտի օժտէինք երիտասարդական զբաղումներով, որպէսզի երիտասարդներ փոխանակ օտար միջավայրի մէջ գտնուելու, իրենց հայկական գաղթօճախին մէջ ունենան ժամանցի վայր մը... ու ի՜նչ մեծ իրար անցում... սրահին մէջ նարտի՞ կը խաղցուի... աղմուկ կը բարձրանայ կողքի օտար բնակիչները կը նեղանան: Թո՞ւղթ... հոս թո՞ւղթ կը խաղացուի...:

Ի՞նչ պէտք կայ այս բոլորին... ի՜նչ սին ու փուճ բաներ Տէր Հօր իրագործումներուն քով. հինգշաբթի օրերը ամէն մարդ տունէն ճաշ կը բերէ... կե՛ր, արբ, ուրախ լեր:

***

Հիմա արդէն հասկցած ենք ի՛նչ կը նշանակէ էշ ըլլալ, որովհետեւ էութեան մէջ մեր խնդիրը «բանիւ» կամ «գործով»ին մէջ չէ: Մենք պարզապէս չե՛նք հետաքրքրուած մեր գաղութներով, որովհետեւ աթոռի սէրը միւս բոլորէն գերիվեր է:

Հայկական մամուլ, հայերէն չխօսող սերունդ, հայաթափութիւն, մշակոյթ որո՜ւ հոգը. հիմնականը մեր աթոռին հիմքերը չխախտին: Եւ գիտէ՞ք ուր է զաւեշտալին. բոլոր ծրագիրներուն արգելք եղող գաղութի «ղեկավար»ները ցայսօր հայրենասիրութեան լոզունգներով հեղեղուած հրապարակ կու գան:

Վազող էշին ոտքերը կոտրելով՝ էշին վազել չկարենալուն կը զարմանան:

Լոզունգասացներ, հիմա հասկցա՞ք ի՜նչ ըսել է «էշ ձեւացուր»...:

Հետեւաբար լուծումներու մասին խօսելէ առաջ նախ մտածելակերպերը փոխենք՝ որպէսզի թէ՛ լուծումը եւ թէ լուծումի մասին մտածողները ջուր չծեծե՛ն:

•վերջ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԻՐՈՒԱՐԴ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
(1928-1981)

Մեր թուականէն 93 տարիներ առաջ՝ 27 օգոստոս 1928 թուականին Հալէպի մէջ ծնած է ասմունքող, դերասանուհի եւ Խորհրդային Հայաստանի Վաստակաւոր արուեստագէտ Սիրուարդ Մեսրոպեան:

Սիրուարդ իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայր Հալէպի մէջ, ապա 1947 թուականին ընտանիքին հետ միասին վերադարձած է Հայրենիք եւ ուսումը շարունակած՝ Երեւանի Գեղարուեստական-թատերական հիմնարկի դերասանական բաժնին մէջ: Ուսումը աւարտելէ ետք գործուղղուած է Արտաշատի Ամօ Խարազեանի անուան պետական թատրոն, ուր ունեցած է իր առաջին ներկայացումները: Սիրուարդ աշխատակցած է նաեւ «Հայֆիլհարմոնիա»ի եւ «Սայաթ Նովայի անուան հայկական գուսանական» երգի համոյթի հետ: Անոր ելոյթներու ամենէն յայտնին է Շէյքսփիրի «Օթելլօ»ի Տեզտեմոնայի դերը, որ ելոյթ ունեցած է հայ դերասանական անուանի դէմքերէն Վահրամ Փափազեանի եւ Հրաչեայ Ներսիսեանի հետ:

Դերասանութեան կողքին Սիրուարդ հանդէս եկած է նաեւ ասմունքով, ներկայացնելով արեւմտահայ եւ արեւելահայ բանաստեղծներու գործերը: Առաջին անգամ ասմունքով հանդէս եկած է Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան»ի կատարումով: Մօտիկ բարեկամութիւն մշակած է բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազի հետ եւ եղած է առաջին «Հայոց տանթէական»ը ասմունքողը, որուն համար բազմաթիւ հալածանքներու ենթարկուած է Խորհրդային Միութեան կողմէ:

Սիրուարդ 1967 թուականին արժանացած է «Հայաստանի Վաստակաւոր արուեստագէտ» կոչման:

Ան մահացած է 22 փետրուար, 1981 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂ­ԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Օգոստոս 27, 2021