ԱՐԾԻՒԷՆ ԱՌՆԵԼ ԴԱՍԸ

Սուրբ Գիրքի շատ խօսքերը կը պարզուին բնական պատմութեան զանազան ճիւղերուն վերաբերեալ տեղեկութիւններով միայն։ Զոր օրինակ, (Բ ՕՐՆ. ԼԲ 11-13) համարներուն մէջ խնամքը զոր Աստուած ունի իր ժողովուրդին վրայ՝ կը նմանցուի այն խնամքին, զոր արծիւը ունի իր ձագերուն վրայ։ Երբ ձագերը կը մեծնան ըստ բաւականին, այնպէս որ կրնան թռչիլ, արծիւը քայքայելով եւ ցրուելով իր բոյնը՝ կը ստիպէ ձագերը թռչիլ դէպի մօտակայ լեռը, ինքն ալ անոնց վրայ գուրգուրալով եւ զանոնք խնամելով՝ կը սորվեցնէ շարժել իրենց թեւերը, ուղիղ դիրքի մէջ բռնել, պահել զիրենք, եւ իրենց շարժումներով վարել զիրենք։ Երբ յոգնին եւ տկարանան ձագերը, ինք տարածելով իր թեւերը՝ կռնակին վրայ կ՚առնէ նորավարժ ձագերը եւ անոնց հետ կը սլանայ օդին մէջ։

Արծիւը միշտ վե՛ր, աւելի՛ վեր կը թռչի, բարձրութիւնը անոր բնութեան անբաժանելի մէկ մասն է։

Եւ երբ նորավարժ ձագերը կռնակին վրայ առած կը սլանայ օդին մէջ դէպի միշտ վեր, շատ անգամ կը նետէ զանոնք իր վրայէն, որպէսզի զարգացնէ անոնց զօրութիւնը, եւ երբ կը տեսնէ, թէ անոնց թեւերը յոգնած են կամ թշնամի մը մօտեցած է անոնց, իսկոյն զարմանալի ճարտարութեամբ անոնց մէջ մտնելով դարձեալ կը զօրացնէ զանոնք, կամ իր անձը, ինքզինք կը դնէ ձագերուն եւ անոնց սպառնացող թշնամիին մէջտեղ։

Միայն արծիւը ունի այս բնական ազդման ձիրքը, եւ անոր բոլոր գործերը խրատ եւ հրահանգութիւն կու տան մեզի Աստուծոյ գործողութիւններուն վրայ։

Հոգեւոր կեանքի մէջ կը տեսնուի, թէ Աստուած շատ անգամ վիշտերու, տառապանքներու եւ կամ վտանգներու միջոցաւ կը հեռացնէ իր որդիները այն տեղերէն, ուր հանգիստ են, այսինքն՝ «կը քակտէ անոնց բոյնը»։ Մերթ կը գուրգուրայ անոնց վրայ ուրիշ մարդոց բարի օրինակով, կամ իր կատարելութիւնները եւ կամ Իր Որդւոյն բնաւորութիւնը եւ վարքը ցուցնելով, եւ մերթ Իր խոստումներով եւ Իր Հոգւով կը զօրացնէ անոնց սիրտերը եւ կ՚ապահովցնէ անոնց կեանքը, անոնց երջանկութիւնը։

Արդարեւ, արծիւը մեծ եւ հզօր թռչուն մըն է, ուստի եւ ան կը կոչուի «թագաւոր թռչուններու»։ Բոլոր ծանօթ թռչուններու մէջ արծիւը բարձրաթռիչ է, նաեւ՝ արագաթռիչ։ Արծիւին այս յատկութիւնները յաճախ կ՚ակնարկուին Սուրբ Գիրքի մէջ։

Արծիւը ազգային նշան էր Պարսիկներու եւ Հռովմայեցիներու դրօշներուն վրայ։

Կ՚ըսուի թէ արծիւը շատ երկար կ՚ապրի, եւ ուրիշ յափշտակիչ թռչուններու պէս իր փետուրները կը թափէ գարնան սկիզբը, եւ ասկէ վերջ անոր ծերութիւնը մանկութեան կերպարանք կ՚առնէ։ Այս իրողութեան կ՚ակնարկէ Դաւիթ, երբ շնորհակալութեամբ յիշելով Աստուծոյ շնորհքները կ՚ըսէ. «Որ կը լեցնէ քու ծերութիւնդ բարութիւնով, եւ քու մանկութիւնդ արծիւին պէս կը նորոգուի». (ՍԱՂՄ. ՃԳ 5)։

Արծիւը նշանաւոր է իր սուր տեսութեա՛մբ եւ հոտառութեամբ։

Դարձեալ կ՚ըսուի որ արծիւին յարձակելու յանդգնութիւնը ունեցող միակ թռչունն է՝ ագռա՛ւը։

Ագռաւը երբ կը յարձակի արծիւին՝ անմիջապէս կը թառի անոր կռնակին վրայ եւ կը սկսի իր կտուցով հարուածել արծիւին վիզը։

Արծիւը ոչ մէկ հակազդեցութիւն ցոյց կու տայ վիզը հարուածող ագռաւին։ Ան կը տարածէ իր զօրաւոր թեւերը եւ կը սկսի թռչիլ, սուրալ դէպի վե՛ր՝ շատ աւելի՛ վեր, բարձրերը… եւ ագռաւը որ վարժ չէ այդ բարձրութիւններուն, կը կորսնցնէ իր հաւասարակշռութիւնը՝ կը նուաղի, կը թողու արծիւը եւ կը տապալի դէպի վար՝ կը թաւալի, կը գլորի եւ նոյնքան սաստիկ կ՚ըլլայ անոր անկումը։

Արծիւը իր բնութեամբ, իր վեհութեամբ եւ ճշմարիտ «մեծ»ի մը վարմունքով, առանց որեւէ բացառիկ ճիգ վատնելու, բոլորովին իր բնական կեցուածքով եւ ընթացքով կը փրկուի ագռաւէն։

Արծիւը կարեւոր դաս մը կու տայ մարդոց. միշտ վե՛ր բարձրանալ, միշտ վերը տեսնել փրկութիւնը։ Արդարեւ, որեւէ անիրաւ շարժումի մը, արարքի մը պարագային՝ փոխանակ այդ անիրաւ արարքը գործողին մակարդակին՝ վար իջնելու, իր բարձրութեան վրայ՝ վերը մնալ, եւ թէ աւելի՛ վեր ելլել, անշուշտ որ վարերու վարժ  անիրաւը պիտի խրտչեցնէ, պիտի չկարենայ վերը մնալ՝ ուր վարժ չէ գործել։ Եւ անիրաւը իր անիրաւութեան մէջ պիտի տապալի՝ պիտի գահավիժի։

Վեհանձն մարդը իր մակարդակը պահպանելով արդէն կրնայ փրկուիլ զինք անհանգստացողներէն՝ առանց իջնելու անոր մակարդակին։ Արդարեւ, սխալը ուրիշ սխալով մը չի սրբագրուիր, չարիքը չարիքով չի կասեցուիր, խաւարը խաւարով չի լուսաւորուիր, սեւը սեւով չ՚անհետանար, ամէն բանի կարենալ պայքարելու միակ միջոցն է. դիրքը պահպանել, դիրքին համեմատ շարժիլ եւ չիջնել նոյն մակարդակին, այլ զայն քաշել ջանալ իր մակարդակին՝ վեր եւ բարձր. քանի որ ան արդէն պիտի չկարենայ մնալ հոն՝ ուր վարժ չէ եւ շուտով պիտի թողու իր անիրաւ գործունէութիւնը։ Արծիւէն առնել օրինակ, դասը…։

Յիսուս կ՚ըսէ. «Լսեր էք որ ըսուած է.- Աչքի դէմ աչք պիտի հատուցանես եւ ակռայի դէմ՝ ակռայ։ Իսկ ես կ՚ըսեմ ձեզի.- Մի՛ հակառակիր քեզի չարիք ընողին։ Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր։ Եւ եթէ մէկը ուզէ քեզ դատի կանչել՝ շապիկդ առնելու համար բաճկոնդ ալ տուր անոր»։ (ՄԱՏԹ. Ե 38-40)։

Ուշադրութեամբ լսենք Յիսուսի խօսքերը՝ ըլլանք միշտ վերը, միշտ բարձրը արծիւի մը նման՝ անխռով, հանդարտ եւ վեհանձն, մեծահոգի՛…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 17, 2021, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 28, 2021