ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳԱԼՈՒՍՏ
Մեծ պահքի 7-րդ Կիրակին նուիրուած է Քրիստոսի Սուրբ Երուսաղէմ գալստեան յիշատակին։ Աւետարանական-պատմական գալուստ մըն է այս բարեպատեհ դէպքը՝ բոլորովին տարբեր միւս գալուստներէն։ Գալուստ մըն է այս՝ որ ամբողջ քաղաքը կը խոնարհի, ուրախութեան աղաղակներով կը դիմաւորէ։
Քրիստոսն է, որ քաղաք կը մտնէ՝ բացառիկ, սովորականէ դուրս պարագայի մը մէջ։ Արդարեւ, Քրիստոս շատ անգամներ Երուսաղէմ մտած էր, հրաշագործած, քարոզած էր նաեւ հոն, խանդավառութիւններու առարկայ եղած էր։ Բայց այս անգամուան մուտքը բոլորովին տարբեր էր՝ աննախընթա՛ց…։
Արդարեւ, պատմութիւնը կը վկայէ, թէ մարդկային ընկերային կեանքի մէջ՝ Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին նման փառաւոր եւ ակնապարար տեսարաններ շատ հազուագիւտ են։ Եւ այս հազուադէպ տեսարաններէն մէ՛կն է Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը։ Անշուշտ հոս մեծ դեր կը խաղայ ժողովուրդին «ընկերային-հաւաքական հոգեվիճակ»ը։
Ժողովուրդը շատ մեծ ակնկալութիւններ ունէր Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ, եւ այդ պատճառով խանդավառ էր եւ ոգեուորուա՛ծ…։
Պատմութեան մէջ հազուադէպ պարագայ մըն էր այս երեւոյթը, իսկ Աւետարանի պատմութեան մէջ՝ եզակա՛ն։ Քանի որ Երուսաղէմ, տեղեակ, գիտակ եւ ընդունակ մայրաքաղաք մըն էր աստուածային նորագոյն յայտնութիւններու եւ բնականաբար կ՚ըմբոստանար, չէր ուզեր ըմբռնել «Նոր» վարդապետութեան մը մտայնութիւնը։ Այս իսկ պատճառով՝ կ՚արհամարհուէր Քրիստոսի ամէն խօսքը, գործը։ Այսպիսի պայմաններու մէջ, Յիսուսի արտասովոր մուտքը նախանձելի ցոյցերու առարկայ կը դառնար։
Մարդկային ըմբռնումով եւ աշխարհային հասկացողութեամբ, Յիսուս ճշմարիտ հերո՛ս մըն էր։
Բայց հոգեւոր ըմբռնումով, երկնային տեսողութեամբ այս նախանձելի ցոյցերը՝ Քրիստոսի աչքին բոլորովին տարբեր նշանակութիւն մը ունէին. այս բոլոր ցոյցերը թէեւ իր հրաշալի՜ գործունէութեան փառաւորման նուիրուած էին ժողովուրդին կողմէ, սակայն Ի՛նք ժողովուրդին այդ ցոյցերը կ՚ըմբռնէր իբրեւ «դատապարտութիւն»ը պաշտօնական Երուսաղէմին։ Իրապէս հինցած էր, Հին Կտակարանի սխա՛լ գործադրութեան պատճառով ամէն հոգեւոր կեանք, եւ պէ՛տք էր նորոգութեան, վերակենդանութեան։
Երուսաղէմ պաշտօնապէս «սնանկացա՛ծ» էր։
Տաճարն ալ պարպուած էր ներքնապէս, աստուածուժէն ու սնունդէն եւ հա՛րկ էր, որ փոխուէ՜ր…։
Արդարեւ, Քրիստոս կ՚ուզէր վերջին ճիգ մը ընել եւ վերականգնել զայն՝ ինչպէս վերակենդանացուցած էր իր բարեկամը, Ղազարը։ Քրիստոս միշտ ուզած էր շինել, վերականգնել՝ փոխանակ բոլորովին քանդելու։ Եւ Քրիստոսի այս մտադրութիւնն է, որ կը կարեւորէ իր մուտքը։ Հա՛րկ է տեսնել այս կէտը մանաւանդ Ծաղկազարդի յիշատակին մէջ։
Ո՛չ թէ աւերել, ո՛չ թէ կործանել, փլցնել, այլ՝ նորոգել, խարխուլը կամ հինը վերաշինել, վերստին կենդանացնե՛լ։ Չէ՞ որ Ինք կ՚ըսէ՝ թէ չէ՛ եկած հինը բոլորովին կորստեան մատնելու, այլ՝ վերահաստատե՛լու։ Ուստի Աւետարանը, Քրիստոնէական վարդապետութիւնը լա՛ւ եւ շիտակ հասկնալու համար պէ՛տք է ուշադրութիւն դարձնենք այս կէտին՝ վերաշինել՝ փոխանակ բոլորովին քանդելու։
Եւ կարծեմ, Քրիստոնէութեան ամենամեծ խորհուրդը, վարդապետութեան կեդրոնը՝ Յարութեան իմաստն ալ հոս պէտք է փնտռել՝ վերակենդանութիւն, վերահաստատում, որ կը նշանակէ՝ նորոգո՛ւմ։
Կեանքը հասկնալու համար միշտ պէտք է նորոգել ու նորոգուիլ, հինը առանց ոչնչացնելու, նորով զարդարել, վերստին կեանքի կոչել զայն։ Յարութիւնն ալ այս չի՞ նշանակեր, սիրելի բարեկամներ…։
Ուրեմն, Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակին մէջ զայն նորոգելու, սրբագրելու, վերստին հին վիճակին վերածելու փափաքը պէտք է նկատի առնուի։ Արդէն, ինչպէս ըսինք, «Յարութեան» իմաստն ալ այս է եւ «Յարութեան» ճշմարտութիւնը Քրիստոնէութեան հի՛մն է։
Երուսաղէմի ժողովուրդը երբ «ովսաննա՜»ներով կը դիմաւորէին Քրիստոսը, անոնք ալ պահանջքը կը զգային նորոգուելու, սրբագրուելու, վերականգնելու եւ գիտէին, թէ Ան կարող էր ընել այդ ամէնը։
Բեթանիացի Ղազարոսին հրաշագործ յարութիւնը ապացնոյց մըն էր Երուսաղէմի ժողովուրդին՝ թէ Քրիստոս կարողութիւն ունի այդ պատմական-աւետարանական նորոգութիւնը կատարելու։
«Ծաղկազարդ»ը նորոգութեան սկի՛զբն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 21, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/09/2024
- 12/09/2024