«ՉԱՐԻՆ ԾԱԳՈՒՄԸ» -Ա-

Եզնիկի «Եղծ աղանդոց»էն՝ Գարեգին Եպսկ. Խաչատուրեանի (Տրապիզոնի) թարգմանութեամբ կը ներկայացնենք «Չարին ծագումը» հատուածը։

Գիտնական Եզնիկ Ե. դարու մէջ ամենէն ինքնատիպ եւ ուշագրաւ մատենագիրներէն մէկն է։ Ան համբաւ է ստացած իր դասական լեզուի կատարելութեամբ, մտաւորական զարգացումով, հեղինակաւոր դիրքով ու գրական մարզին մէջ իր մշակած ճիւղի ինքնուրոյնութեամբ։

«Եղծ աղանդոց»ը ջատագովական ձեռնարկ մըն է, պաշտպանելու համար քրիստոնէական ուղղափառ հաւատքը՝ ընդդէմ հեթանոսական հաւատալիքներու եւ առասպելներու եւ աղանդաւորական մոլորական վարդապետութիւններու։

Գլուխ Դ
ՉԱՐԻՆ ԾԱԳՈՒՄԸ
(Վաղենտինեանց Դէմ)

Դարձեալ, այսպիսի ճշմարիտ ըսուածներուն անյարմար հարցումներ կը ներկայացնեն։ Ո՞ւսկից են հապա -կ՚ըսեն- այդպիսի աններդաշնակութիւններ. զի, եթէ Աստուած բարի, եւ ոչ թէ չար բաներու է արարիչ, ո՞ւսկից է խաւարը, ո՞ւսկից են չարիքները, ո՞ւսկից են չարչարանքները, լլկանքները՝ մերթ ցուրտէն եւ մերթ խորշակէն։ Կամ ո՞ւսկից են անզգամութիւնները. վասնզի կը տեսնենք երկու մարդիկ իրարու ազգակից եւ մէկմէկու դէմ գրգռուած եւ կամ մէկը միւսի մահուան եւ արիւնին ծարաւի։ Եւ ուրիշներ գերեզմաններ կը կրկտեն եւ հողի տակ թաղուած մարմինները մերկացնելով եւ խայտառակելով՝ արեւին կը ցուցադրեն եւ մեծարինելի դին, աճապարանքով չծածկելով, թերեւս շուներուն ալ կեր կը թողուն։

Եւ կը պատահի երբեմն, որ մէկը փախչելով՝ անձնապուրծ կ՚երթայ տեղ մը իր կեանքը փրկելու, եւ ուրիշ մը, ցասումով բորբոքած, սուրով ետեւէն կը վազէ անդադար, մինչեւ որ յագեցնէ իր ցասումը։ Ո՞ւսկից է այս անյագ ցասումը։ Մէկը կը մերկացնէ ընկերը իր զգեստէն, եւ եթէ ընդդիմանայ՝ արեւէ ալ կը զրկէ զայն, ուրիշ մը, միտքը դնելով գողնալ մէկուն ամուսնութիւնը եւ անօրէնութեամբ մտնելով օտար մահիճ, թոյլ չի տար զաւակներու հայր ըլլալ անոր՝ որ օրինաւորապէս ամուսնացած է։

Եւ երբեմն կը յուզուին պատերազմներ՝ ուր մեղաւորներ եւ արդարներ հաւասարապէս կը կոտորուին եւ տարաժամ ու չարաչար ախտեր տեղի կ՚ունենան։

Եւ ի՞նչ պէտք է մեզի թուե՛լ մի առ մի. ըսենք կարճ՝ թէ ո՞ւսկից են այս բոլորը, եւ ո՞վ է սկզբնապատճառ եւ գործող այսպիսի անպատեհութեանց, բայց եթէ կայ չար զօրութիւն մը՝ որ գործել կու տայ այս բոլոր աններդաշնակութիւնները եւ ինքն ալ արարիչ է անոնց, վասն զի այդպիսի իրերու արարիչ նկատել զԱստուած եւ ըսել, թէ անկից են գոյացած չարիքները.- անյարմար է։

Ի՞նչպէս կարելի է կարծել, թէ Աստուծմէ են այդպիսի բաներ. զի Աստուած բարերար է եւ արարիչ լաւութեանց. եւ որեւէ չարութիւն չի մօտենար անոր, եւ ոչ ալ ինք անոր վրայ խնդալ կ՚ախորժի, այլ նոյնիսկ կը մերժէ թէ՛ չար գործերը եւ թէ՛ գործողները, զի չարիքները օտար են անոր բնութեան։

Ուստի, կը կարծուի թէ իրեն հետ կար բան մը՝ որուն անունն էր հիւլէ, այսինքն՝ նիւթ, ուսկից ստեղծեց բոլոր արարածները զատ զատ՝ իր ամենարուեստ իմաստութեամբը, զարդարելով զանոնք վայելչօրէն։ Արդ, չարիքները յառաջ եկած պէտք է նկատել այս նիւթէն, որ անձեւ էր եւ անկերպարան եւ խառն ի խուռն կը վազվզէր անսանձ եւ կը կարօտէր Աստուծոյ արուեստագիտութեան։ Եւ Աստուած չթողուց որ ան խառն ի խուռն շարժի միշտ եւ որոշեց ստեղծել արարածները եւ անոր յոռեգոյններէն ազնուագոյնները զատել կամեցաւ։

Եւ անկից առաւ այնչափ բան, որչափ կը վայլէր Աստուծոյ՝ ստեղծելու համար արարածները։ Եւ ինչ որ կար անոր մէջ մրրախառն եւ արարչութեան անյարմար՝ թողուց զայն։

Եւ այդ մրուրէն յառաջ եկան մարդոց չարիքները։

Ե

Պատասխան։- Արդարեւ, չարիքները, որ տեղի կ՚ունենան, տարակոյսի մէջ կը ձգեն շատերը, եւ բազմաթիւ աւադ մարդիկ այդ բանին համար մեծամեծ խնդիրներ յարուցին։ Ոմանք Աստուծոյ անսկզբնակից բան մը ուզեցին ենթադրել. ուրիշներ՝ անկէ դուրս բան մը, զոր հիւլէ կ՚անուանեն, ըսելով թէ անկից ստեղծեց արարածները։

Եղան ալ որ բոլորովին հրաժարեցան քննելէ, իբր այն թէ այդ քննութիւնը չունի վերջ։

Բայց մենք հարկադրուեցանք, ի սէր բարեկամներու եւ նկատելով ընդդիմախօսներու սխալ տեսութիւնը, որչափ կը ներէ մեր տկարութիւնը եւ ապաւինելով Աստուծոյ, ձեռնամուխ ըլլալ քննելու այս ըսուածները։ Մանաւանդ վստահօրէն կը յուսանք, թէ յօժարութեամբ պիտի լսեն ուղղամիտները, որով եւ պիտի կարենան սորվիլ ճշմարիտը եւ մենք ալ ի զուր խօսք մսխած պիտի չըլլանք։ Վասնզի ոչ թէ անիրաւութեամբ յաղթել պիտի ջանանք, այլ իրաւունքով ճշմարիտը ուսուցանել։

Արդ, յայտնի է թէ երկու անստեղծիչներ միասին չեն կրնար ըլլալ. զի ուր որ երկուք միասին ըլլան, անհրաժեշտաբար պէտք է ըլլայ բան մը՝ որ զատորոշէ զանոնք իրարմէ։ Ուստի ի՞նչ է իրենց կարծիքը Աստուծոյ մասին. տե՞ղ մըն է, ամբողջ հիւլէի՞ն մէջ, թէ անոր մէկ մասին մէջ։

Եթէ կ՚ենթադրեն, որ Աստուած իր լրութեամբը ամբողջ հիւլէին մէջ է, որչափ ալ աւելի մեծ նկատեն զԱստուած, հիւլէն աւելի մեծ կ՚ըլլայ քան զԱյն։ Զի այն՝ որուն մէջ է մէկը, աւելի մեծ կ՚ըլլայ քան զայն՝ որ իր մէջ է, քանի որ կրցաւ բովանդակել զայն իր մէջ ամբողջութեամբ։ Եւ եթէ անոր մէկ մասին մէջ է միայն, այն ատեն հիւլէն իրմէ բիւրապատիկ մեծ աւելի մեծ կ՚ըլլայ, քանի որ փոքր մէկ մասը կարողացաւ իր մէջ պարունակել անոր ամբողջութիւնը։ Եւ եթէ ո՛չ անոր մէջ էր եւ ո՛չ ալ անոր մէկ մասին մէջ, յայտնի է թէ անջրպետ մը կար երկուքին միջեւ եւ երկուքէն ալ մեծ։ Եւ այսպէս, ոչ միայն երկու, այլ երեք անսկզբնակիցներ կ՚ըլլան.- Աստուած, հիւլէն եւ անջրպետը. եւ մանաւանդ անջրպետը աւելի մեծ քան միւս երկուքը…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

•շարունակելի

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023