ԽՈՍՏԱՆԱԼԸ ՁՐԻ Է

Եթէ ստախօսութիւնը գեհենի կրակի արժանացող մեղք մըն է, ապա կրնանք վստահ ըլլալ, որ քաղաքականութեամբ զբաղուող ամէ՛ն մարդ՝ ըլլայ նախարար կամ երեսփոխան, անտարակոյս այդ բոցը պիտի ըմբոշխնեն:

Արդէն իսկ այս օրերուն Թուրքիոյ մէջ գեհեն երթալու հերթագրութիւնը սկիզբ առած է ու բոլոր անոնք, որոնք ընտրուելու յոյսն ու փափաքը ունին, յորդ ու փարթամ երազային սուտ խոստումները կը շարունակեն շարադրել:

Այս ստախօսութիւններուն հայկական մէկ տարբերակը մորթիս վրայ զգացի մի քանի օրեր առաջ, երբ հակառակ ներկայ կառավարութեան երազային խոստումներուն ինքնաշարժս մի քանի վայրկեան փողոցի մը անկիւնը կայանելու համար տուգանքի արժանացայ: 

Հայաստանի մէջ մինչեւ օրս օդէն կախուած կը մնայ բազմատասնեակ խոստումներ՝ որոնք ամէ՛ն գնով մոռացութեան տրուելու ենթակայ կը դառնան: Անդրադառնանք Հայաստանի ներկայ իշխանութեան սուտ խոստումներուն.

Ա.- ԱՐՑԱԽ.- Նախքան ընտրութիւնը ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գրեթէ ամէն ելոյթի ընթացքին կը շեշտէր, թէ յետ ընտրութեան ամենէն կարեւոր շեշտը պիտի տրուի Արցախի եւ անոր բնակչութեան. ան իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին կը յայտարարէ. «Ղարաբաղի հարցի բանակցային գործընթացը պիտի վերականգնի Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ձեւաչափերով եւ առաջնահերթութեամբ պիտի ընդգծուի բնակութեան վայրեր արցախցիներու վերադարձի հարցը»: Կը կարծեմ Արցախի ամօթալի պատերազմը, ինչպէս նաեւ մինչեւ այսօր Արցախի բնակչութեան շրջապատուած մնալու դժբախտ իրողութիւնը մեծագոյն փաստն են այդ խոստումներուն ստախօսութեան. Փաշինեան կը խոստանար Արցախի հարցը լուծել. գուցէ այս վիճակը լուծում էր, ո՞վ գիտէ:

Բ.- ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ.- Նախքան պաշտօնի կոչուիլը, Փաշինեան իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին կը յայտարարէ. «Սփիւռքի մէջ ապրող հազարաւոր գործարարներ շունչերը պահած կը սպասեն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող խնդիրներու հանգուցալուծումին՝ միլիառներ տոլարի ներդրում կատարելու համար Հայրենիքէն ներս»: Այլ խօսքով կը խոստանայ, թէ իր ընտրութենէն ետք Հայաստանի մէջ տնտեսական աճ մը պիտի արձանագրուի եւ որոշ չափով վերջ պիտի տրուի անգործութեան, սակայն վիճակագրութիւնը նման պատկեր մը չի պարզեր. աղքատութիւնը, անգործութիւնը մինչեւ օրս կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ եւ ցաւօք աճ արձանագրել, սակայն կառավարութեան համար ամէն բան կը շարունակէ մնալ վարդագոյն եւ «կատարուած»:

Գ.- ՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՐՏՔ.- Նախքան ընտրութիւնը Փաշինեան ամէն առիթի կը յիշէր նախկին իշխանութիւններուն կողմէ վերցուած պարտքերը. ան իր ելոյթներէն մէկուն ընթացքին կ՚ըսէ. «2017 թուականին պետութիւնը 800 միլիոն տոլար պարտք վերցուցած է, սակայն պետական պիւտճէ վերադարձուցած է 700 միլիոն տոլար. կը պատկերացնէ՞ք, որ մեր վերցուցած պարտքը աւելի է՝ քան մեր ստեղծած արդիւնքը»: Հակառակ այս արտայայտութիւններուն՝ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը պարտք վերցուց 858 միլիոն տոլար, որուն դիմաց արձանագրած է 750 միլիոն տոլարի արդիւնք:

Դ.- ՏՈՒԳԱՆՔ.- Նախքան իշխանութեան գլուխ գալը Փաշինեանի ամենէն շատ ըսած խօսքերէն մէկը «ժողովուրդը տուգանուելու մատերիալ չի» արտայայտութիւնն էր. ան դէմ էր ժողովուրդին տրուող տուգանքներուն. Իշխանութեան գլուխ գալով կը խոստանար Երեւանի փողոցներէն հանել ինքնաշարժ կայանելու համար նշուած վճարովի կարմիր գիծերը, վերացնել նկարահանող սարքերը եւ «ազատութիւն» տալ ժողովուրդին, սակայն վիճակը պարզ է. շաբաթական դրութեամբ աւելի քան 7 հազար ինքնաշարժ կը տուգանուի աներեւակայելի գումարներով:

Ե.- ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆ.- Փաշինեանի մեծագոյն խոստումներէն մին էր թափանցիկութիւնը. անոր խոստումներուն համաձայն, իր իշխանութիւնը պիտի ըլլար թափանցիկ. իւրաքանչիւր որոշում պիտի ներկայացուէր հանրութեան եւ անոնց որոշումին, կարծիքին ու համաձայնութեան դիմաց գործադրուէր. այսպիսով «ժողովրդավար» ու արդար վիճակ մը կը խոստանար, սակայն այդ թափանցիկութեան վիճակը յստակ է. նոյնիսկ երկիրի նախագահը տեղեակ չէր Արցախի հարցով ստորագրուած համաձայնագիրին, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ խորհրդաւոր՝ թափանցիկ իշխանութեան մը օրերուն:

Զ.- ԼԻԱԶՕՐՈՒԹԻՒՆ.- Փաշինեան նախքան ընտրութիւնը կը քննադատէր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի վիճակը. ելոյթի մը ընթացքին կ՚ըսէր. «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն վերացուցած են բոլոր հնարաւոր գործառութիւնները եւ անոր վերապահած են օֆիսի աշխատողի կարգավիճակ. այդ մէկը վնաս է Հայաստանի Հանրապետութեան հեղինակութեան». այլ խօսքով՝ իր կարծիքով, նախագահը պէտք չէ պարզապէս պատկեր մը ըլլայ, այլ ունենայ իր խօսքերն ու որոշումները: Այսօր դո՛ւրս եկէք Երեւանի փողոցներ եւ վստահ եղէք մեծամասնութիւնը նոյնիսկ չեն գիտեր նոր նախագահին անունը:

Վստահ եղէք, որ կարելի է «Զ.» կէտը հասցնել «Ճ»ի, որովհետեւ անթի՜ւ են այն խոստումները, որոնք այնպէս ալ մնացին չկատարուած:

Սակայն մեղաւորները իրե՛նք չեն. մեղաւորը ոչխարի հոգեբանութիւն ունեցող ժողովուրդն է, որ պատրաստ է հաւատալ տրուող խոստումներուն եւ չիրականանալու պարագային չպահանջել անոնց կատարումը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -204-

Զարմանալի, սակայն աւելի քան երկու տարի մեր փողոցի դիմացի կողմը ապրող դրացիներէն մին իմ եւ ամբողջ ընտանիքիս հետ չի խօսիր. թշնամութիւն մը գոյութիւն ունի մեր եւ իր միջեւ, պարզապէս Արցախի ներկայ հարցերուն համար ներկայ իշխանութիւնը մեղաւոր նկատելու մեր համոզումին համար:

Չես գիտեր, ի՞նչ շահ ունի ներկայ իշխանութենէն, սակայն պատրաստ է նոյնիսկ իր հարազատ զաւակները ուրանալ՝ Փաշինեանը մեղադրելու պարագային: Այս է, որ ինձ մտածել կու տայ շատ անգամ, թէ իշխանութի՞ւնն է մեղաւորը, կամ անոնք՝ որոնք ցաւօք «ընտրել»ու ազատութիւնը ունին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 28, 2023