ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Գիրքի մէջ պարունակուած պատմութիւններուն վաւերականութիւնը, այսինքն անոնց արժանահաւատութիւնը արդէն հաստատուած է՝ անոնք ունին աստուածային հեղինակութի՛ւն։

Զոր օրինակ, Նոր կտակարանի պատմութիւնները նկատի առնենք։ Այս պատմութիւններուն նայելով, Յիսուս հրեաներու մէջ քարոզեց, թէ Ինք Որդի Աստուծոյ է. ճշմարտութեան վարդապետ, աշխարհի լոյս եւ մարդոց Փրկիչ, եւ իբրեւ ապացոյց իր աստուածային իշխանութեան՝ բազմաթիւ հրաշքներ գործեց, հիւանդներ բժշկեց, կոյրերու աչքերը բացաւ եւ մեռելներ յարոյց։

Այս հրաշքները եւ իր մարգարէութիւնները, ուսուցումները ինքը միշտ յառաջ կը բերէ իբրեւ «համոզիչ փաստ»եր, թէ Աստուծմէ ղրկուած է ինքը եւ թէ իր վարդապետութիւնները ունին «աստուածային հեղինակութիւն» եւ ո՛չ ոք կրնայ ուրանալ, թէ բաւական են այդ փաստերը։

Արդարեւ, միշտ այնպէս ճանչցուած եւ ընդունուած է, թէ հրաշք գործելու կարողութիւնը տարակոյս չի թողուր, թէ հրաշագործը ունի աստուածային հեղինակութիւն։ Հրեաները որ այս հրաշքներուն ականատես էին՝ խոստովանեցան, թէ յիշեալ հրաշքներով կ՚ապացուցուի Յիսուսի վարդապետութիւններու աստուածային հեղինակութիւնը։ Նիկոդեմոս որ Փարիսեցի եւ հրեաներու վարդապետ էր՝ գիշեր ատեն Յիսուսի գալով ըսաւ. «Ռաբբի, գիտենք որ դուն Աստուծմէ վարդապետ եղած ես, ինչո՛ւ որ մէկը չի կրնար ընել այդ հրաշքները որ դուն կ՚ընես, թէ որ Աստուած իր հետը չըլլայ» (ՅՈՎՀ. Գ 2)։

Արդարեւ Նոր կտակարանին պատմութիւններու ճշմարտութիւնը ընդունողը պէ՛տք է, որ ընդունի նաեւ անոր վարդապետութիւններու աստուածային հեղինակութիւնը։ Իսկ եթէ Յիսուսի գործած հրաշքները ընդունելով, այն ժամանակի հրեաներէն ոմանց նման ըսէ, թէ անոնք «Սատանային օգնութեամբ գործուեցան», այդպիսի մէկուն բաւակա՛ն է յիշեցնել պատասխանը զոր նոյնիսկ Քրիստոս տուաւ. «Ի՞նչպէս կրնայ Սատանան Սատանայ հանել» (ՄԱՐԿ. Գ 23)։

Թերեւս մէկը ընդունելով Նոր կտակարանի պատմութիւններու Ճշմարտութի՛ւնը, այսինքն՝ ընդունելով թէ առաքեալներ իրենք տեսած էին ի՛նչ որ պատմեցին, ջանայ ցոյց տալ, թէ «հրաշքները ճշմարիտ չէին», այլ «մոգական» կամ «դիւթական» հնարքներ, ինչպէս յիշեցինք, թէ արդէն իսկ ըսած են ոմանք…։ Այսպիսիներուն կարելի է տալ սա պատասխանը՝ թէ այս կարծիքին մասին, այս կարծիքը հաստատող որեւէ փաստ չկայ ամենեւին. ընդհակառակը, հրաշքները գործուած են զանազան պարագաներու մէջ՝ քաղաքներու, գիւղերու եւ ժողովարաններու մէջ, ծովեզերքի եւ ճամբաներու վրայ, մինչեւ իսկ թշնամի եւ հակադրողներու առջեւ, առանց ըլլալու պատեհութիւն այնպիսի պատրաստութիւններու, զորս կախարդներու համար միշտ հարկ է ընել։ Ուստի անհնար է, որ «կախարդական» ըլլան այն հրաշալի՜ գործերը, մանաւանդ ժամանակակից ականատես մարդիկ չունեցան այսպիսի կասկած այն հրաշքներու վրայ։

Դարձեալ, եթէ Յիսուս «մոգութեամբ» գործեց իր հրաշքները, ուրեմն մեծ «խաբեբայ» մըն էր, քանի որ միշտ կ՚ըսէր, թէ Աստուծոյ զօրութեամբ կը գործէր զանոնք. բայց Յիսուս «խաբեբայ»ի նշաններէն ո՛չ մէկը ունի. անոր բոլոր խօսքերը անխարդախ են՝ անկեղծ սիրոյ խօսքեր։

Արդարեւ Յիսուսի պատմութիւնը կարդացողներէն եւ ո՛չ մին իսկ կրնայ համարձակիլ ըսելու, թէ «խաբեբայ» էր ան։

Ոմանք ալ կ՚ըսեն, թէ Նոր կտակարանին մէջ պատմուած դէպքերուն նման դէպքեր արդարեւ տեղի ունեցած են Հրէաստանի մէջ, բայց աւետարանիչներ «չափազանցութեամբ» պատմած են այն դէպքերը, եւ թէ «տգէտ» եւ «սնապաշտ» մարդիկ ըլլալով՝ Յիսուսի գործերուն եւ վարդապետութիւններուն ընծայած են «աստուածային հեղինակութիւն» առանց որեւէ իրաւացի պատճառի։

Ասոր պատասխանն ալ յայտնի է, տուեալ փաստերէն, որոնք Նոր կտակարանին պատմութիւններուն ճշդութեան եւ արժանահաւատութեան, վստահելիութեան համար բերուեցան։ Ուստի, բոլոր այն պատմութիւնները ունին ամէն նշան, որ յատուկ է ականատես մարդոց պարզ եւ արժանահաւատ վկայութեան, թէ այն ականատես վկաներ իրենց ըսածներուն ճշմարտութեան վկայեցին պատրա՛ստ ըլլալով իրենց գրածներուն համար, անոնց հաստատութեան համար հալածուիլ եւ մեռնիլ անգամ, ինչպէս եւ հալածուեցան եւ մեռան, եւ թէ այն դէպքերը՝ պատմութիւնները գրելով բոլոր աշխարհի հրատարակուեցան դէպքերուն պատահած ժամանակէն շատ քիչ ետքը, եւ նոյնիսկ դէպքերուն պատահած տեղերը, այնպէս որ եթէ «սուտ» ըլլային կամ «չափազանցութեամբ գրուած», իսկոյն պիտի յայտնուէին եւ հերքուէին։

Դարձեալ, ո՛չ ոք կրնայ ըսել, թէ այն պատմութիւնները յետոյ փոխուեցան կամ այլայլեցան, քանի որ ինչպէս յայտնի է, առատ ապացոյցներ կան ցոյց տալու համար, թէ աւետարանիչներու եւ առաքեալներու գրութիւնները մեզի հասած են ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս սկիզբէն իսկ գրուեցան։

Բայց Յիսուս ո՛չ միայն հրաշքներ գործեց իր աստուածային պաշտօնը հաստատելու համար, այլեւ ըրաւ մարգարէութիւններ, որոնք թէ՛ իր կենդանութեան ժամանակ եւ թէ՛ յետոյ յաջորդ ժամանակներու մէջ արդարեւ կատարուեցան՝ որոնց վկայեցին շատեր…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 20, 2020, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Մայիս 28, 2020