ՉԱԶԱՏ, ՉԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Այսօր Մայիս 28 է. Հայաստանի առաջին հանրապետութեան անկախութեան հռչակման օրը:

Դպրոցական օրերէս հայոց պատմութեան ուսուցիչները նոյն բանը կը կրկնէին. «Հայաստանը կռուախնձոր եղած է այլ պետութիւններու միջեւ». այդ վիճակը հայերուս համար անծանօթ չէր, որովհետեւ ո՛չ թէ մէկ կամ երկու անգամ, այլ բազմիցս մենք մեզ գտած ենք այդ վիճակին ու դրութեան մէջ. Ս. Վրացեան 1928 թուականին հրատարակած իր «Հայաստանի Հանրապետութիւն» գիրքին մէջ նախանկախ շրջանը հետեւեալ բառերով կը նկարագրէ. «Մեծ պետութիւններ Հայաստանը բաժներ էին իրենց մէջ՝ իբր պատերազմական աւար» եւ 1918-ը առիթն էր դուրս գալու թալան եւ աւար ըլլալէ՝ ըլլալու համար հանրապետութիւն՝ իր ազատ ու անկախ կառավարուելու իրաւունքով:

Պէտք է ընդունինք, որ հակառակ 104 երկար տարիներու տեւողութեան, Մայիս 28-ի եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հարցը կը շարունակէ մնալ աղօտ ու անորոշ. հաւանաբար Խորհրդային Միութեան հաստատումը հայրենիքէն ներս պատճառ եղաւ, որ մարդիկ կարեւորութիւն չդարձնեն ու չքննեն անկախութեան հարցը. այդ անկախութեան հարցը որպէս յաղթանակ ու պարծանք ներկայացաւ յաջորդող սերունդներուն, որոնք անապատին մէջ կաթիլ մը ջուր՝ անկախութիւն մը տեսած դարձեալ ենթակայ դարձան ուրիշին:

Մայիս 28-ը յաղթանա՞կ է թէ ոչ, տակաւին յստակ չէ ինծի համար, որովհետեւ մտահոգութիւն կը պատճառեն Հայոց Ազգային խորհուրդի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի Անկախ Հայաստանի անդրանիկ օրէնսդրական մարմնի առաջին նիստի ընթացքին արտասանած ճառին այս բառերը.- «Հայոց ազգային խորհուրդը սեղմեց իր սիրտը եւ անողոք գիտակցութեամբ որոշեց ընդունիլ վերջնագիրը եւ ճանչնալ Հայաստանի անկախութիւնը, իրեն յանձնելով պատմութեան անաչառ դատաստանին» (Ս. Վրացեան, «Հայաստանի Հանրապետութիւն», էջ 163): Ինչո՞ւ համար անկախութիւն հռչակելու համար սիրտ սեղմեցին, ու անողոք ու անհաշտ գիտակցութեամբ պարտաւորուեցան ընդունիլ այդ անկախութիւնը:

Կը հաւատամ, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այդ բոլորը լուսաբանելու եւ պատմութեան մութ ու քօղարկուած էջերը լուսաւորելու համար լաւագոյն աղբիւրներէն մէկը կրնայ հանդիսանալ. թերթս օրին մօտէն հետեւած է անկախութեան հետ կապուած իրադարձութիւններուն, եւ 28 մայիս 1918 թուականէն օրեր ետք նոյնիսկ՝ 8 յունիսին ԺԱՄԱՆԱԿ հարցազրոյց մը ունեցած է Հայոց Ազգային խորհուրդի նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի հետ, որ հրատարակուած է 9 յունիս 1918-ի թիւին մէջ (ԺԱ. տարի, թիւ 3210, էջ 1):

Վերոյիշեալ ժողովներուն ընթացքին բոլոր գրուածներն ու նշուածները հասցուցին այն եզրակացութեան, որ անկախութիւնը ընդունելու պարագային հայոց դիմաց դրուած էր երկու հիմնական հարց. կա՛մ պէտք է հետեւէին ռուսերուն, եւ կամ իրենց դրացիներուն հետ դիւանագիտական առողջ երկխօսութիւն ստեղծելով ապահովէին իրենց ամբողջականութիւնը եւ մեր դժբախտութիւնը (ինչպէս միշտ) համակարծիք չըլլալուն մէջ կը կայանար:

Այս օրերուն Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն թուրք պետութեան հետ բարեկամական կապեր հաստատել։ Ժողովուրդէն շատեր, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններ դէմ են այդ կարծիքին. անոնք կը յայտնեն այն կարծիքը, որ թուրք պետութեան հետ բարեկամանալը աղէտ է պարզապէս. Մինչ 1918 թուականի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 10 յունիս 1918-ի թիւին մէջ կը կարդանք Ալեքսանդր Խատիսեանի հետեւեալ խօսքերը.- «Հայաստանի ապագայ բարգաւաճումը Թուրքիոյ հետ բարւոք յարաբերութեան մէջ գտնուելէն կախում ունի» (ԺԱ. Տարի, թիւ 3211, էջ 1, Բ. սիւնակ):

Ու այս ամէնուն դիմաց ինչքա՜ն տարօրինակ կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդը... պետութիւնը հաշտութեան փորձեր կը կատարէ, մինչ փողոցներուն մէջ կը հնչէ «Առանց թուրքի Հայաստան»ը։ Իշխանութիւնները իրար պետական այցելութիւններ կու տան եւ կը փորձեն խօսիլ ապագայ դիւանագիտական առողջ յարաբերութիւններու մասին, մինչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Տէր Զօրի մէջ պահանջատիրութեան եւ հայ դատի իր կոչը կը բարձրացնէ այս օրերուն:

Ահաւասիկ մէկ դար՝ նոյն սխալներով ու նոյն անմիաբանութեամբ. մեր ազգը դժբախտացնողը ո՛չ թշնամին է, ո՛չ Աստուած է, ո՛չ ալ բախտն է. մե՛նք ենք մեր դժբախտութեան պատճառը։ Նախնիները լեզու չորցուցին միաբան ու միասնական ըլլալու մասին խօսելով. այդ միութեան եւ միութեան ճամբով ազատատենչութեան ոգին փոխանցելու գինը շատեր իրենց կեանքով վճարեցին... բայց մենք շարունակեցինք ու կը շարունակենք մնալ նոյնը:

Մենք երբեւէ ազատութիւն եւ անկախութիւն չենք ունեցած, որովհետեւ տարուած ենք շուրջիններով, տարուած ենք օտարներով եւ շահերով, տարուած ենք ամէ՛ն ինչով՝ բացի ճշմարիտ հայրենասիրութենէ, որ միակամ ոգիով ազգին շահերը պաշտպանելու մէջ կը կայանայ: Մեր ազատութեան ու անկախութեան, հզօրացման ու կայանման ուժն ու կորիզը մեր մէջ փնտռելու եւ հաստատելու փոխարէն փորձած ենք օտարին մէջ փնտռել ու գտնել... ա՛յն օտարին, որ իր շահերուն համար վայրկեանուայ մը մէջ պատրաստ է ուրանալ եւ մոռնալ ամէ՛ն խոստում ու յանձնառութիւն:

Այդ իսկ պատճառով մինչեւ անկարելի միասնականութիւնն ու միաբանութիւնը չստեղծուի մեր մէջ, Հայաստան է՛ եւ պիտի շարունակէ մնալ ՉԱԶԱՏ, ՉԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԽԱՉԻԿ ՀՐԱՉԵԱՆ
(1912-1989)

Մեր թուականէն 33 տարիներ առաջ՝ 28 մայիս 1989-ին Երեւանի մէջ մահացած է բանաստեղծ, արձակագիր, թարգմանիչ, Հայաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ եւ Գրողներու միութեան անդամ Խաչիկ Հրաչեան (բուն անունով՝ Խաչիկ Մեսրոպեան):

 Հրաչեան ծնած է 1 յուլիս 1912-ին, Հայաստանի Արարատի մարզի Նորաշէն գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած է կերպարուեստի վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1934 թուականին: Ուսումը աւարտելէ անմիջապէս ետք զբաղած է ուսուցչութեամբ. 1941-1945 թուականներուն մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին, որմէ ետք 1946-1969 թուականներուն որպէս խմբագիր աշխատած է Հայպետհրատէն (յետագային՝ Հայաստան) հրատարակչութենէն ներս: Հրաչեան եղած է Հեռուսատեսութեան եւ ձայնասփռման պետական կոմիտէի անդամ: Հրաչեանի գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1929 թուականին. անոր առաջին բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են «Գրական դիրքերում» ամսագիրին մէջ, որմէ երկու տարիներ ետք՝ 1931 թուականին հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուն «Շեփորները» խորագրով, որուն յաջորդած է «Մկանների լիրիկան», որոնք լոյս տեսած են Եղիշէ Չարենցի խմբագրութեամբ: Բանաստեղծութեան կողքին գրած է նաեւ արձակ գրութիւններ, վէպեր եւ վիպակներ. անոր վէպերէն յայտնի է «Ուրցի Մարան»ը, ինչպէս նաեւ «Ռոմանտիկները» վիպակը. Հրաչեանի «Ուրցի Մարան» գործը լոյս տեսած է նաեւ ռուսերէն լեզուով:

Արձակագիրը ստեղծագործութեան կողքին կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք. ռուսերէնէ հայերէն թարգմանած է բազմաթիւ յայտնիներու գործեր, որոնցմէ են ռուս գրող Էսֆիր Էմտէնի բանաստեղծութիւնները, ռուս թատերագիր Վլատիմիր Մայակովսկիի հատընտիրը, ռուս արձակագիր Սամուիլ Մարշակի «Զրոյց նախամուտքում» գործը եւ բազմաթիւ ուրիշներ, որոնց թիւը կը գերազանցէ յիսունը:

Շնորհիւ իր վաստակին ու գործունէութեան, Հրաչեան 1985 թուականին արժանացած է Հայաստանի Մշակոյթի վաստակաւոր գործիչի կոչումին. գրողը 1936 թուականին եղած է անդամ Հայաստանի Գրողներու միութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 28, 2022