ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՆՁԵՐ՝ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՏԱՐԱԾՔԻՆ

Ողորմածը կ՚ըսէր «վրանիս շիտակ պատ չի փլիր...»: Մի քանի օրեր առաջ համացանցի ճամբով բարեկամութեան առաջարկ կը ստանամ Համիտ Աքտենիզ անունով անձի մը կողմէ. ժամեր ետք անծանօթը նամակ մը կը ղրկէ ըսելով, որ կարեւոր խօսակցութիւն մը ունի հետս:

«Շիտակ պատ»ը կը սկսի ծանօթացնել ինքզինք. Վանի քաղաքապետարանի մէջ աշխատող պաշտօնեայ մըն է՝ հայր երկու զաւակներու: Կը սկսի գրել.-

«Մեր շրջաններուն մէջ՝ Պաշքալէի եւ Պէճինկիրի մէջ երկու հատ հայկական եկեղեցի եղած է. մէկը դէպի Նիզարի կողմը, իսկ միւսը Պէրուժի կողմը: Միշտ խօսակցութիւն կ՚ըլլայ, որ տակաւին միջեւ այսօր այդտեղ թաղուած ոսկիներ ու գանձեր կան, այդ իսկ պատճառով ուզեցի հայու մը հետ կապ հաստատել եւ համացանցէն քեզ գտայ»:

Ուզեց կարծիքս գիտնալ այդ մասին. բացատրեցի, որ նկատի ունենալով, որ մեր հայորդիները կարծած են, թէ կռիւէն ետք դարձեալ տուն պիտի վերադառնան, շատեր իրենց ունեցուածքը ապահով պահելու համար նախընտրած են հողին տակ թաղել՝ վերադարձէն ետք ապահով դարձեալ դուրս հանելու համար: Բայց նկատի ունենալով, որ անոնց մեծ մասը անապատի ճամբուն վրայ մահացած կամ սփիւռքի օճախներուն մէջ մնացած է, հաւանական է, որ այդտեղ թաղուած գանձեր ըլլան տակաւին:

Տարիներ առաջ մի քանի թուրք «մասնագէտ» թրքական ալիքէն յայտագիր մը վարեցին՝ «Հայերը ո՞ւր թաղած են Օսմանեան պետութեան հարստութիւնները» խորագրով, ուր որպէս թէ երկու մասնագէտներ կը փորձեն յայտնաբերել ու ընդգծել այն կարեւոր վայրերը, ուր հայեր կրնան ոսկի ու գանձ թաղած ըլլալ:

Տակաւին եօթ օրեր առաջ թրքական «ArtiGercek» թերթին մէջ Արիս Նալճը անունով գրողը հրապարակեց «Ոսկիներուն տեղը կը բացայայտեմ» անունով յօդուած մը, որուն գլխուն գրած էր. «հայտէ՛ հաւաքուեցէ՛ք, հայերուն Էրզրումի, Մուշի եւ Վանի մէջ թաղած ոսկիներուն տեղերը պիտի բացայայտեմ»:

Մեր թուականէն ինն տարիներ առաջ «Հիւրրիյէթ» թերթը կը պատմէր Թուրքիոյ Քերամէթ գիւղին մէջ գտնուող տան մը մասին, որուն տէրերը անցեալին եղած են հայեր։ Պետութիւնը յատուկ յանձնաժողով ստեղծած էր պեղումներ կատարելու համար այդ տան շուրջ՝ ենթադրեալ հարստութիւն մը գտնելու նպատակով:

Այս մեր հարստութեան սէրը այնքա՜ն շատցած է թուրքերու մօտ, որ որոշ ժամանակ ինքզինքնին որպէս հայ ներկայացնող թուրքեր առիթէն օգտուելով սկսած են կեղծ քարտէսներ ծախել ա՛յն թուրքերուն, որոնք շուտով հարստանալու երազը ունին:

Հաւանաբար զարմանալի թուի, սակայն համացանցի մէջ կայ «www.Defineisaretleri.net» անունով կայք մը, ուր որպէս թէ տեղեկութիւններ կը փոխանցուին գանձերու եւ անոնց գտնուելու վայրին մասին: Հետաքրքրական է, որ նման կայքի մէջ յատուկ էջեր յատկացուած է հայկական գանձերուն: Կայքը խօսելով հայկական գանձերուն եւ հայերուն մասին՝ կը գրէ. «հայերը աշխարհի ամենէն վարպետ ժողովուրդն են պահելու մէջ. անոնք ընդհանրապէս թաղուած գանձին շուրջ մէկէ աւելի նշաններ կը ձգեն: Կը խրատենք, որ անոնք որոնք հայկական գանձեր գտնեն, ձեռնոցներ գործածեն, որովհետեւ յաճախ հայերը իրենց հարստութիւնները թոյնով կը շրջապատեն, որպէսզի եթէ իրենցմէ բացի ուրիշ մէկը գտնէ՝ թունաւորուի: Տակաւին շատեր կը պատմեն, որ հայեր այդտեղ կախարդութիւններ կատարած են եւ պատահած է, որ ոսկի գտնողը տեղւոյն վրայ մահացած է»:

Հաւանաբար այս բոլոր տեղեկատուութենէն տարուած իմ «շիտակ պատս» օգնութիւն կը խնդէր ինձմէ եւ կ՚ուզէր գիտնալ եթէ ծանօթ վայր մը գիտեմ, ուր կրնայ ըլլալ ոսկի գտնուի: Կը խնդրէր զինք ծանօթացնել այլ հայերու հետ՝ որոնք կ՚ապրին Վանի կամ Մուշի մէջ:

Օգտակար դարձայ մարդուն հետեւեալ խրատականով.- «Ոսկի գտնելու հաւանականութիւնը 15-20 առ հարիւր տոկոս է, իսկ պետութեան կողմէ յանցագործութեան վրայ բռնուելու հաւանականութիւնը 80 առ հարիւրէն 85 առ հարիւր…: Հետեւաբար պահ մը մտածէ, այդքան քիչ հաւանականութեան մը համար կ՚արժէ՞ սեփական ազատութիւնը վտանգի ենթարկել: Կա՞յ աւելի մեծ հարստութիւն քան ազատութիւնը. բանտի խուցին մէջ աշխարհի ամենէն հարուստ անձն ալ ըլլաս՝ իմաստ չունի, որովհետեւ երբ չկայ ազատութիւն՝ աշխարհի ամենէն հարուստն ալ ըլլաս աղքատէն բանով մը չես տարբերիր»:

«Շիտակ պատ»ը պատճառաբանեց, որ պարտքեր ունի... պետութեան տուած գումարով չի կրնար իր պարտքերը գոցել եւ ամենէն լաւ ձեւը այդ գանձերն մէկը գտնելն է՝ որով համոզուած է, թէ պիտի յաջողի փոխել իր ամբողջ կեանքը:

Այս բոլորէն ետք սկսայ մտածել, որ ո՛չ հայկական եւ ո՛չ թրքական պետութիւնները այս կապակցութեամբ աշխատանք տարած են. վստահ եմ, որ հին հայկական նամակագրութիւններու, մատենագրութիւններու մէջ ակնարկներ պէտք է որ եղած ըլլան. ցեղասպանութեան օրերուն բազմաթիւ նամակագրութիւններ եղած են հարազատներու միջեւ, որոնք զանազան նամակներով փորձած են իրենց հարազատը գտնել: Հեռու չէ, որ այդ նամակներուն մէջ եղած ըլլան ակնարկներ, նշուած ըլլան տեղանուններ, ուր այս կամ այդ անձը իր հարստութիւնը թաղած ըլլայ:

Մեծ մայրս ալ կը պատմէր, որ իր մեծ հայրը գաղթի ճամբան բռնած ժամանակ իրենց հարստութիւնը թաղած էր հողին տակ եւ մինչեւ իր մահը յաճախ կը կրկնէր «մեծ հայրիկս ոսկիներ ունէր...» ըսելով:

Կը կարծեմ, պատմաբաններու եւ մասնագէտներու կողմէ լուրջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի այս հարցը, որովհետեւ նոյնիսկ թրքական պետութիւնը կ՚ընդունի, որ մինչեւ օրս հայկական հարստութիւններ կը շարունակեն թաղուած մնալ Թուրքիոյ զանազան շրջաններուն մէջ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՌԱԶՄԻԿ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
(1937-2015)

Մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 28 յունիս 1937-ին Լոռիի մարզի Քարաձոր գիւղին մէջ ծնած է բանաստեղծ եւ Գրողներու միութեան անդամ Ռազմիկ Պօղոսեան:

Պօղոսեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ընդունուած է Երեւանի Պետական մանկավարժական կաճառի պատմութեան բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1961 թուականին:

Պօղոսեան ուսումը աւարտելէ ետք՝ 1961 թուականին ստանձնած է Կիրովականի 6-րդ արուեստագիտական դպրոցի տնօրէնի տեղակալի պաշտօնը՝ մինչեւ 1964 թուականը: Ապա Պօղոսեան 1969 թուականին եղած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, իսկ 1974 թուականին ընտրուած է Գրողներու միութեան Կիրովականի բաժանմունքի պատասխանատու քարտուղար՝ մինչեւ 1990 թուականը: Ապա Պօղոսեան եղած է Վանաձորի թիւ 46 ուսումնարանի տնօրէն, իսկ 2002 թուականէն մինչեւ 2006 թուականը ստանձնած է Ստեփան Զօրեանի տուն-թանգարանին տնօրէնի պաշտօնը: Պօղոսեան երիտասարդ տարիքէն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ եւ հրատարակած՝ զանազան թերթերու եւ հանդէսներու մէջ: Անոր առաջին բանաստեղծութիւններու ժողովածուն լոյս տեսած է 1965 թուականին՝ «Գարնանային նուագներ» խորագրով, որուն յաջորդած են «Մի ափ հող», «Կարօտը սահման չունի», «Թռչուններու պարտէզներ» եւ այլ աշխատութիւններ:

Պօղոսեանի «Սիրելիս, երբ գաս...» բանաստեղծութիւնը 1974 թուականին արժանացած է Գրողներու միութեան մրցանակին:

Բանաստեղծը մահացած է 6 դեկտեմբեր, 2015 թուականին, Վանաձորի մէջ: Շնորհիւ իր վաստակին, ան արժանացած է Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութային նախարարութեան ոսկէ շքանշանին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Յունիս 28, 2022