ԻՆՔԶԻՆՔ ՄԻՆԱԿ ԶԳԱԼ…

«Ամենէն ցաւալի մինակութիւնը՝ քեզ չհասկցող մարդոց բազմութեան մէջ գտնուիլն է», կ՚ըսէ Մեւլանա։ Եւ իրապէս, մարդ երբեմն մինակ կը զգայ բազմութեան մէջ եւ օտար՝ ծանօթներու մէջ։

Արդարեւ, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, մինակութիւնը եւ առանձնութիւնը տարբեր վիճակներ են, ինչպէս՝ իրականութիւնը եւ ճշմարտութիւնը նոյն բաները չեն։ Մարդ կրնայ առանձին ըլլալ, զօր օրինակ՝ խոկումի պահերուն, իր իսկ «ԵՍ»ին հետ՝ ուր Աստուած ներկայ է։ Մարդ մինակ է այն ատեն, երբ անջատուած իր «ԵՍ»էն՝ Աստուծոյ ներկայութիւնը չի զգար եւ անտարբեր կը մնայ հոգեւոր աշխարհին։ Ուստի, մարդ բազմութեան ազդեցութեան տակ չի կրնար առանձնանալ եւ «մինակ» կը մնայ։

Իրապէս, սոսկալի բան է բազմութեան մէջ մինակ մնալ եւ կամ բազմաթիւ «ծանօթ»ներու մէջ ինքզինք անծանօթ զգալ եւ կամ ինչպէս կ՚ըսէ Մեւլանա, ինքզինք չհասկցողներու մէջ մնալ։ Յաճախ կը հարցնեն. «Ի՞նչ կ՚ընես մինակդ, երբեք չե՞ս նեղուիր…»։ Ո՛չ, քանի որ առանձին մարդը չի՛ նեղուիր՝ ան զբաղում ունի եւ թէ արդիւնալի եւ ուրախալի զբաղում. ան հոգեւոր կեանքի անսահման տարածութեան մէջ կը շրջի, կ՚աճի եւ հոգեպէս կ՚ազնուանայ։ Ան հեռո՜ւ է մարդկային կեղծ յարաբերութիւններէ, աշխարհասէր հրապոյրներէ՝ որոնք կը խափանեն, կը կասեցնեն առանձնութեան ամէն բարիք, ամէն պատեհութիւն։

Արդարեւ, մարդ ճշմարիտ, անկեղծ, վստահութիւն ներշնչող բարեկամներու մէջ ինքզինք մինակ չի զգար։ Եւ սակայն, այս որակումներով «բարեկամ» ալ հազուագիւտ է եւ ուրեմն մարդ կ՚ուղղուի բնականաբար առանձնութեան՝ ուր կայ գերագոյն վստահելին՝ Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուած։ Եւ երբ անգամ մը մօտենայ, ծանօթանայ եւ անդրադառնայ Յիսուսի, այլեւս ինքզինք երբեք մինակ չի զգար, ան այլեւս ունի անկեղծ, ճշմարիտ, վստահելի բարեկամը՝ միշտ հոգատար, միշտ խնամատար եւ մանաւանդ միշտ հասկցո՛ղ։

Ահաւասիկ, այս պատճառով, քրիստոսաւանդ բարեկամութիւնը մարդկային փոխյարաբերութիւններուն բարւոք ընթացքին համար կարեւոր եւ անհրաժեշտ է։ Մարդ երբ ունի բարեմիտ բարեկամ մը, արդէն հո՛ն է Յիսուս եւ ճշմարիտ բարեկամը կերպով մը Յիսուսի պատգամաւորն է։ Հոն՝ ուր անկեղծ սէր կայ, հոն Աստուած կայ, քանի որ Աստուած սէ՛ր է։ Եղբայրական սէր ունեցողը՝ իր սրտին մէջ զԱստուած կը բնակեցնէ։

Ուրեմն, ջանանք մեր բարեկամութիւնները իրապէ՛ս բարեմիտ ըլլան՝ անկեղծ, ճշմարիտ եւ հեռո՛ւ ամէն յետին նպատակներէ։ Իսկական բարեկամութիւնը՝ զոհողութիւն, հանդուրժողութիւն, ներողամտութիւն եւ անկեղծութիւն կը պահանջէ եւ մարդկութիւնը այս տեսակ բարեկամներու մէջ կ՚աճի, կը զարգանայ եւ կը յառաջդիմէ։

Սիրելի՜ բարեկամներ, երբեք մինակ չէք, քանի որ վստահելի, ճշմարիտ եւ անկեղծ, սիրտը սիրով լեցուն բարեկամ մը ունիք՝ Յիսուս Քրիստոս մեր Տէրը, մեր Աստուածը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2023