ՑԻՐՈՒՑԱՆ ՄԻՏՔԵՐ ԱՅԺՄՈՒ ՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ

Օր ըստ օրէ կը մաշի 2021 թուականի օրացոյցը: Ու օրերը կը մօտենան մայիսի 9-ին:

Մայիսի 9-ը ինծի համար կը շարունակէ մնալ տօն: Թէպէտ շատեր այսօր կը սարսափին այդ օրուընէ: Հնարաւորութեան պարագային պիտի սրբեն այդ օրը օրացոյցէն: Ինծի համար այդպէս չէ՝ ճիշդ հակառակը: Կը հաւատամ, վստահ եմ: Պարզապէս անկարելի է, որ այսպէս մնայ: Ի վերջոյ, Աստուած պիտի նայի մեր երեսը, թէպէտ արժանի չենք Տիրոջ կողմէ նման ողորմածութեան: Սակայն Տէրը բարեգութ է եւ շատ կը սիրէ մեզ:

Իմ սարսափը սեպտեմբերի 27-ն է եւ նոյեմբերի 10-ի գիշերը: Այդ երկու օրը կարմիրով ու սեւով ներկած եմ օրացոյցի վրայ: Տարի մը անց, նոյն օրը պիտի վերապրինք անցեալը:

Թախծոտ աշունը նորէն տամկացուց հայու աչքերը: Այդ օրը հերթական խաղաղ կիրակին պիտի բացուէր արցախահայոց համար: Սակայն Արցախ աշխարհն ու արցախցին չկրցան վայելել հերթական  լուսաբացը: Քաղաքը կորաւ ծուխի մէջ: Պայթիւններէն մարդոց ականջները խլացան: Ո՞վ գիտէ՝ այդ օրը քանի՞ հարսանիք պիտի ըլլար Ղազանչեցոցի մէջ... քանի՞ նոր ընտանիք պիտի կազմուէր. փոխարէնը քանդուեցան: 

Տղերքը գացին ու կորան մշուշի մէջ: Ազգի սերուցքը վերացաւ: Հայը գլխատեցին: Քանի՞ մանուկ որբացաւ... Քանի՞ մօր ծունկեր թուլացան... Քանի՞ հօր աչքեր տամկացան, սիրտերը պայթեցան... Քանի՞ նորահարս ու հարս այրիացան... Քանի՞ տատ ու պապ իրենց թոռները յանձնեցին հողին... Սարսափ...

Շատեր գացին չվերադարձան՝ բռնելով յաւերժի ուղին: Կրկնակին վերադարձաւ առանց ձեռք ու ոտք, առանց աչք... Իսկ ոմանք ալ անյայտ կորան:

Ամէն անգամ, երբ կը փորձեմ հաւաքել մտքերս եւ թուղթին յանձնել նորութիւն մը, ամէն անգամ, երբ կը ջանամ ինձմէ հեռացնել պատերազմի սեւ քօղը՝ չեմ յաջողիր: Տակաւին չի ստացուիր: Անզօր եմ՝ անկարող: Իմ բոլոր մտքերը սոսնձուած են Արցախին ու Հայաստանի անփառունակ ներկային: Ամէնքիս երազները դարձած են մէկ՝ Ազատ ու անկախ Արցախ եւ Հայաստան: Այլեւս գոյութիւն չունին անձնային երազներ:

Կը շարունակենք ապրիլ, իւրովի պայքարիլ: Սակայն մեր ջանքերը անպտուղ են, քանզի չկայ միասնականութիւն ու համախմբում գաղափարի մը շուրջ: Բոլորս նոյն երազը ունինք, սակայն մեր պայքարի եղանակներն են զանազան՝ գերվտանգաւոր ու արդարացուած: Դէպի ո՞ւր կը տանի այս ոլորանը՝ յայտնի չէ: Քանզի սատանան մեր մէջ է եւ անդադար մոլորութեան կը մատնէ ժողովուրդը: Մեր առաջին պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ սատանայէն ազատիլը: Աստուծոյ կամօք պիտի յաջողինք:

Պատերազմը չէ աւարտած: Վախի զգացումը չէ լքած արցախցիին: Տխրութիւնը բոյն հիւսած է վիրաւոր ու բզկտած դրախտավայրիս մէջ: Տարուայ եղանակները, նոյնիսկ գարունը ի զօրու չեն փոխելու մարդոց տրամադրութիւնները: Մանկան ափ մը դարձած հայրենիքիս քառորդը եղբայրական գերեզմաններ են: Հովը անդադար մեզի կը յիշեցնէ կատարուածի մասին:

Մենք այլեւս առաջուանը չենք:

Հայաստանն ու Արցախը այլեւս առաջուանը չեն: Սակայն հնարաւորութիւն ունին երկնելու: Ու պիտի երկնենք, ինչպէս ամէն անգամ մոխիրէն կը յառնէինք:

Թող Աստուած օրհնէ Հայաստանն ու Արցախը:

Թող Տիրոջ կամքը ըլլայ մեր երկու սրբազան հայրենիքներու մէջ:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 29, 2021