20-ԱՄԵԱԿ ՕԾՄԱՆ (2001-2021). ԵՐԵՒԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ - Տ.Տ. ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՎԵՐՋԻՆ ԿՏԱԿԸ

«Կառուցանել մի մեծաշուք եկեղեցի հայկական դասական ոճով ուրտեղ շուրջ 1700 հաւատացեալներ կարողանային միատեղ աղօթել, ի նշանաւորումն Քրիստոնեայ Հայաստանի 17-րդ դարադարձին»։
ՎԱԶԳԷՆ Ա.

ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Քսաներորդ դարու լման երկրորդ կիսուն Հայրենիքն ու Հայ Եկեղեցւոյ արշալոյսը Շարականի տողերով «արեգակնակերպ ճառագայթներու» վերածուեցան երջանկայիշատակ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Մեծագործ Հայրապետի երկարատեւ եւ բացառապէս արդիւնալից գահակալութեամբ (1955-1994թթ.)։ Հայ ժողովուրդը միշտ պիտի յիշէ իր բազմերախտ Հայրապետը, որ ծրագրեց ու գործադրութեան յանձնեց իր կեանքի վերջին անմնացորդ պարտքը՝ Երեւանի Մայր եկեղեցւոյ շինութիւնը Հայոց Քրիստոնէութեան դարձի 1700-ամեակի պատմական առիթով։ Հայրապետը ծրագրեց ու թէեւ իր մարմնաւոր աչքերով չտեսաւ տաճարը, եւ սակայն մարգարէաշունչ իր խօսքերով վկայեց անոր իրագործումը իր «հոգու աչքերով»։

Անցեալ 2020 տարուան 14 յուլիսին լրացաւ Հայրապետի նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդին ու Մայր Աթոռի ճարտարապետներու յանձնաժողովին միացեալ բացառիկ նիստին 30 տարին, ուր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի որոշմամբ քննութեան ենթարկեցին Մայր եկեղեցւոյ շինութիւնը։

Երբ պետական որոշումով եւ Հայրապետին բաղձանքով կառուցուելիք Մայր եկեղեցւոյ հողաշերտը տրամադրուեցաւ Մայր Աթոռին, իսկոյն եկեղեցւոյ յուշաքարի զետեղումն ու օրհնութիւնը տեղի ունեցան Վազգէն Հայրապետի ձեռամբ 1990 մարտ 31-ին, ի ներկայութեան Երեւանի քաղաքապետ Արտաշէս Գեղամեանի, որ իր առաջին ուղերձով կ՚ըսէր, թէ «Կ՚անցնին տարիներ եւ հայոց հինաւուրց մայրաքաղաքում վեր խոյացած հաւատի նոր տաճարում խնկաբոյր անարատութեամբ կը ցոլցլան ու կը բուրեն մեր ժողովրդի յոյսի, հաւատի, սիրոյ եւ յաւերժութեան մոմերը»։

Վազգէն Ա. ծերունազարդ Հայրապետ 82 տարեկան էր արդէն, երբ կոչ ուղղելով կ՚ըսէր. «Եկէք կառուցենք Լուսոյ Սուրբ Խորանը, որովհետեւ նրանից ծագեց մեզ լոյս Հայաստան աշխարհի վրայ»։ Հայրապետը օրհնելով այդ առիթով Յուշաքարը, զայն կը նկատէր «որպէս մեր օրերում Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցու վերազարթօնքը խորհրդանշող պատմական մի նշանաւոր իրադարձութիւն»։

ՏԱՃԱՐԻՆ ՆԱԽԱԳԻԾԸ

Յատենի ժողովոյ, վաստակաւոր ճարտարապետ Վարազդատ Յարութիւնեան որպէս ատենապետը Յանձնախումբին՝ վստահութիւն կը յայտնէր, որ «Մայր տաճարը պիտի դառնայ մայրաքաղաքի ճարտարապետական զարդերից մէկը, հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան մերօրեայ մի մեծագործութիւն»։ Կառուցման յատակագիծերու աշխատանքը իսկոյն բացուած յայտարարելով, Մայր Աթոռը կ՚որոշէր ներկայացուած երեք առաւելագոյն յաջող նախագիծերու հեղինակներուն տալ յատուկ վարձատրութիւն, իսկ նախագիծերէն մէկուն ընտրութիւնը պիտի վերապահուէր Տ.Տ. Վազգէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Հայաստանէն ու արտասահմանէն ընդամէնը 33 նախագիծեր ստացուեցան, առանց յայտնելու անունները, այլ միայն զանոնք զատորոշելով հինգ թիւերու օգտագործմամբ։

ՔՆՆԻՉ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ

Նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ ատենապետութեամբ Վարազդատ Յարութիւնեանի, քննիչ յանձնախումբը 1992 փետրուար 6-ի եւ 17-ի նիստերուն քննելէ ետք յիշեալ նախագիծերը, նախընտրութեան կարգով անոնցմէ 11-ը նկատի կ՚ունենային, եւ մնացեալը «որոնք պակաս չափով էին բաւարարում» դուրս կը ձգէին։ Երեք օր ետքի նիստին աւելի եւս կրճատելով նախագիծերու թիւը, կը կեդրոնանային միայն ութին վրայ, եւ 25-ի նիստին «դրանից ոչ մէկը լիովին չի կարող երաշխաւորուել կառուցման համար» եզրակացութեան կը յանգէին, թելադրելով որ աշխատանքները որոշ փոփոխութեան ենթարկուէին։ Ի վերջոյ երկու նախագիծեր, մին Ստեփան Քիւրքճեան եւ միւսը Արտակ Ղուլեան ճարտարապետներու, կը յանձնուէին Վեհափառ Կաթողիկոսի ընտրութեան, ու Քիւրքճեանի նախագիծը կ՚ըլլար վերջնական որոշումը ու զայն գործադրութեան կը յանձնարարուէր։

ՀԻՄՆԱՐԿԷՔՆ ՈՒ ԿԱՌՈՒՑՈՒՄԸ

Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետ կատարելէ ետք հիմնական աշխատանքը, Տաճարի յղացումն ու վերջնական նախագիծին ընտրութիւնը, կը վախճանէր 1994 թուի օգոստոսին։ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Սարգիսեան կը յաջորդէր, եւ 1997 ապրիլ 7-ին կ՚օծէր 16 հիմնաքարերը, եւ սակայն ինք եւս երջանկութիւնը չ՚ունենար կատարելու գեղակերտ տաճարին օծումը իր վաղաժամ վախճանումին հետեւանքով 1999 յունիսին։

Նորաշէն եկեղեցւոյ կառուցումը կ՚աւարտէր 2001 թուի աշնան՝ ուղիղ Հայաստանի Քրիստոնէութեան դարձի 1700-ամեակին։ Տաճարը կը կանգնէր հարազատ ոճով, լայնանիստ եւ ընդարձակ, մուտքի երկու գմբէթակիր մատուռներով յանուն Տրդատ թագաւորի եւ Աշխէն թագուհիի, կեդրոնական բարձրադիր գմբէթով եւ մուտքի զանգակատունով։ Տաճարի արտաքին չափերը 58-ով 58 մեթր են, իսկ բարձրութիւնը 54 մեթր, այնպէս որ ըստ ճարտարապետի հաշուարկումներուն «ներսում միանգամից կարող է տեղաւորել մինչեւ 3000 մարդ որից 1700-ը նստատեղիներով», նկատի առած մարմարեայ ներքին տարածութիւնը՝ 1800 քառակուսի մեթր։ Իսկ բեմի տարածութիւնը 180 քառակուսի մեթր, Աւագ խորանով՝ որուն աջ եւ ձախ կողմերը խորշերու մէջ տեղադրուած են 12 առաքեալներու քանդակները։

Տաճարի ընդհանուր կառոյցը իրարմէ 16 մեթր հեռաւորութեամբ զիրար խաչաձեւող երկու զոյգ կամարներու թռիչքով դէպի վեր խոյացած է, որոնց վրայ հանգչած է սիւնազարդ գմբէթը։ Լուսամուտներու դասաւորումը կատարուած է «պահպանելով եկեղեցու յատուկ որոշ խորհրդաւորութիւնը»։ Մուտքի զոյգ մատուռները հիանալի ներդաշնակութեամբ ընդհանուր կառոյցին հետ իւրաքանչիւրը 125 հոգինոց նստատեղի ունին երկու մուտքերով, մին արտաքին եւ միւսը գաւիթէն։

ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՕԾՈՒՄԸ

Երեւանի Մայր եկեղեցին օծուեցաւ յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի 2001 թուի սեպտեմբեր 23-ին՝ ձեռամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ներսիսեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ Երուսաղէմի եւ Պոլսոյ Հայոց Տ. Թորգոմ Մանուկեան եւ Տ. Մեսրոպ Մութաֆեան Պատրիարքներուն։ Ներկայ էին նաեւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ Ալեքսի Բ. Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքը եւ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ թեմակալ արքեպիսկոպոսները։ Օծումէն վերջ անդրանիկ Ս. Պատարագը մատոյց Վեհափառ Հայրապետը եւ տուաւ յոբելենական իր պատգամը։ Հայրապետը հրաւիրեց Ռուսաց Ամենապատիւ Պատրիարքը, որ կարդալէ ետք իր ուղերձը ի յիշատակ Հայաստանի Մեծ դարձին, Տաճարին նուիրեց ոսկեզօծ կանթեղ մը՝ ի նշան երկու եկեղեցիներու եղբայրութեան։

ՀՌՈՄԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻՆ ԵՒ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Տաճարի օծումէն երեք օրեր ետք, սեպտեմբեր 27-ին, հանդիսաւոր իրադրութեան մէջ Հայոց Հայրապետին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ նորաշէն Մայր եկեղեցի մուտք գործեց Հռոմէական Եկեղեցւոյ Սրբազան Քահանայապետ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պապը իր շքախումբով, իր մասնակցութիւնը բերելու համար Հայոց Քրիստոնէութեան մեծ դարադարձին, պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով։

Նոյեմբերին, դարձեալ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ աննախընթաց ըլլալով, Պոլսոյ Յոյն Ուղղափառ Տիեզերական Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը նոյն դարադարձին առիթով այցի եկաւ՝ Ս. Էջմիածին եւ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցի։ Այս զոյգ բարձրագոյն մակարդակի նուիրապետական Աթոռներու գահակալներուն այցելութիւնները միանգամ ընդմիշտ նուիրագործեցին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ Քրիստոնէութեան մեծ դարձը 301 թուականին՝ որպէս անժխտելի պատմական իրողութիւն։

ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄ

Այս բոլորը ականատեսի վկայութեամբ է, որ գրի կ՚առնեմ մեր նոյն շաբաթներուն Մայր Աթոռ այցելութեան առիթով։ Երկու պարագաներն ալ մեզի համար եղան բացառիկ եւ յիշատակելի։ Նախ, գոհունակութիւնը ունեցանք երէցկինն ու ես ներկայ ըլլալու Նորին Սրբութիւն երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Սրբազան Պապի Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ մատուցած իր պաշտամունքին եւ յաջորդ օր Երեւանի նորակառոյց Տաճարին տուած իր պատմական այցելութեան, անձամբ մասնակից դառնալով հանդիսութեանց։ Երկրորդ, նորաօծ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Հայրապետական անդրանիկ Պատարագէն ետք, առաջինը մենք եղանք հանդիպակաց կիրակի օր պատարագելու որպէս Ֆլորիտայի Ս. Դաւիթ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, շնորհիւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի արտօնութեան՝ ի ներկայութեան 1000-է աւելի հաւատացեալ հայորդիներու։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Շաբաթ, Մայիս 29, 2021