ՊԱՐԶԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Պար­զամ­տու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս մարմ­նա­ւոր ի­մաս­տու­թեան հա­կա­ռակ վի­ճակ մըն է։ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կորն­թա­ցի­նե­րուն գրած իր երկ­րորդ նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Վասն­զի մեր պար­ծանքն է, մեր խղճմտան­քի վկա­յու­թիւ­նը՝ թէ մենք Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ պար­զամ­տու­թեամբ ու ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ ո՛չ թէ մարմ­նա­ւոր ի­մաս­տու­թիւ­նով, այլ Աս­տու­ծոյ շնորհ­քով աշ­խար­հի մէջ վա­րուե­ցանք, բայց ա­ւե­լի դէ­պի ձեզ», (Բ. ԿՈՐՆԹ. Ա 12)։­

Ուս­տի պար­զամ­տու­թիւն կ՚են­թադ­րէ ան­կեղ­ծու­թիւն, ի՛նչ որ աս­տուա­ծա­հա­ճոյ է եւ ըն­դու­նե­լի։

Ա­սի­կա ա­ռողջ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու հա­մար հար­կա­ւոր է, ինչ­պէս կը վկա­յէ Ա­ւե­տա­րա­նի­չը. «Յի­սուս մա­նուկ մը կան­չեց եւ զայն ա­նոնց մէջ­տեղ կանգ­նեց­նե­լով՝ ը­սաւ.

-Վստահ գիտ­ցէք, որ ե­թէ չփո­խուիք եւ մա­նուկ­նե­րու պէս չըլ­լաք, եր­կին­քի ար­քա­յու­թիւ­նը պի­տի չմտնէք։ Արդ, ով որ իր ան­ձը այս մա­նու­կին պէս կը խո­նար­հեց­նէ՝ ա­նի­կա է մե­ծը եր­կին­քի ար­քա­յու­թեան մէջ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 2-4)։­

Ուս­տի եւ պէ՛տք է որ ա­մէն մարդ պար­զամ­տու­թեամբ եւ ան­կեղ­ծու­թեամբ մօ­տե­նայ ի­րա­րու եւ մա­նա­ւանդ իր Ա­րա­րի­չին, որ­պէս­զի լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ կա­րե­նայ մշա­կել։ Բա­րե­րա­րու­թեան գոր­ծե­րու մէջ ալ կա­րե­ւոր է պար­զա­միտ ըլ­լալ եւ բա­րիք մը կա­տա­րել ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ ո՛չ քօ­ղարկուած նպա­տա­կի մը ծա­ռա­յե­լու հա­մար։

Մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս բա­րիք կ՚ը­նեն, պար­զա­պէս «բա­րի» ե­րե­ւե­լու եւ «բա­րի» կո­չուե­լու հա­մար, եւ ո՛չ թէ ի­րա­պէս բա­րի գործ մը կա­տա­րե­լու հա­մար, ա­ւե­լի ճիշդ է ը­սել ա­նոնց հա­մար՝ բա­րիք ը­րած կ՚ե­րե­ւին։ Ու­րեմն նպա­տա­կը ի՛նչ որ է, գործն ալ այն է. այն ծա­ռը, որ լաւ պտուղ չի՛ տար, լաւ ծառ չէ՛։

Զգու­շա­նալ պէ՛տք է ա­մէն կեղծ բա­նե­րէ՝ զգու­շա­նալ մա­նա­ւանդ՝ ոչ­խա­րի կեր­պա­րան­քով մօ­տե­ցող՝ ներք­նա­պէս յափշ­տա­կիչ գայ­լե­րէ։ Ի­րենց գոր­ծե­րէն կը ճանչ­ցուին ա­մէն մէ­կը՝ լաւ գոր­ծեր լաւ սրտե­րէ, բա­րի գոր­ծեր բա­րի միտ­քե­րու ար­դիւնք են. այն որ պար­զա­միտ ու ան­կեղծ չէ՝ ա­նոր գոր­ծերն ալ սուտ են եւ կեղծ։ Բա­րին ու չա­րը զա­նա­զա­նել դժուար է, բայց անհ­րա­ժե՛շտ։ Լայն դռներ, ըն­դար­ձակ ճամ­բա­ներ դիւ­րա­տար են, բայց մարդս կո­րուս­տի կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն, մինչ­դեռ նեղ դռնե­րը եւ դժուա­րին ճամ­բա­նե­րը մարդս եր­ջան­կու­թեան կը տա­նին։

Բայց նեղ ու դժուա­րին ճամ­բա­ներ ընտ­րող­ներ, դժբախ­տա­բար քիչ են, եւ այդ իսկ պատ­ճա­ռով քի­չեր եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լան եւ շա­տեր՝ դժբախտ։

Մար­դիկ կը հարց­նեն՝ ին­չո՞ւ եր­ջա­նիկ չեմ։

Պատ­ճա­ռը ի­րենց վրայ պէտք է փնտռեն ա­նոնք, որ կը գան­գա­տին ի­րենց վի­ճա­կէն։ Դժգո­հու­թիւն յայտ­նե­լէ ա­ռաջ պէտք է ի­րենք զի­րենք քննեն, թէ ի­րենք եր­ջա­նիկ ըլ­լա­լու հա­մար ի՛նչ ը­րած են, ո՛ր­քան պար­զա­միտ, ո՛ր­քան ան­կեղծ են ե­ղած կեան­քին հան­դէպ, շուր­ջին­նե­րուն հան­դէպ եւ վեր­ջա­պէս Աս­տու­ծոյ հան­դէպ…։

Ար­դա­րեւ ինք­նազն­նու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թի՛ւն է։

«Ե­թէ յոր­դո­րե­լու կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նինք՝ պէ՛տք է յոր­դո­րենք։ Իր ու­նե­ցա­ծը ու­րիշ­նե­րուն բաժ­նո­ղը ա­ռա­տօ­րէն թող բաշ­խէ։ Վե­րա­կա­ցու ե­ղո­ղը ե­ռան­դա­գին թող աշ­խա­տի։ Ո­ղոր­մու­թիւն ը­նո­ղը խնդու­թեամբ թող ը­նէ», կ՚ը­սէ Ա­ռա­քեա­լը (ՀՌՈՄ. ԺԲ 8)։­

Այս ալ կը նշա­նա­կէ՝ ա­մէն ոք իր կա­րո­ղու­թեան ու տա­րո­ղու­թեան հա­մա­ձայն, կա­մո­վին՝ ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ պար­զամ­տու­թեամբ պէտք է գոր­ծէ, պէտք է շար­ժի։ Մար­դուս իս­կա­կան նպա­տա­կը ի՛նչ որ է, այդ­պէս պէտք է գոր­ծէ։ Քօ­ղար­կուած նպա­տա­կը բա­րի նպա­տակ չէ՛։

Ա­ռա­քեա­լը այս մա­սին կ՚ը­սէ.

«Ը­սեմ ի՛նչ որ լսե­ցի, թէ՝ ձեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը տար­բեր բան կ՚ը­սէ։ Մին կ՚ը­սէ.- Ես Պօ­ղո­սի կը հե­տե­ւիմ, միւ­սը՝ Ես Ա­պո­ղո­սին կը հե­տե­ւիմ, իսկ ու­րիշ մը՝ թէ Ես Քրիս­տո­սի կը հե­տե­ւիմ։ Մի­թէ Քրտստոս կող­մե­րո՞ւ բաժ­նուած է» (Ա. Կորնթ.  Ա 12-13)։ Եւ դար­ձեալ. «Պար­ծան­քով կրնամ ը­սել, եւ խիղճս ալ կը վկա­յէ, որ բո­լո­րին հան­դէպ ու մա­նա­ւանդ ձե­զի հան­դէպ ե­ղած եմ պարզ ու ան­կեղծ, ինչ­պէս Աս­տուած կը կա­մե­նայ. ո՛չ թէ մարդ­կա­յին ի­մաս­տու­թե­նէ մղուած, այլ՝ Աս­տու­ծոյ շնորհ­քո­վը» (Բ. Կորնթ. Ա 12)։­

Ուս­տի բո­լոր մար­դոց վար­մուն­քը այս ուղ­ղու­թեամբ ըլ­լա­լու է՝ պարզ եւ ան­կե՛ղծ։

«Ոե­ւէ մէ­կը ինք­զինք թող չխա­բէ։ Ձեզ­մէ ո՛վ որ այս աշ­խար­հին չա­փա­նի­շով ինք­զինք ի­մաս­տուն կը կար­ծէ, թող յի­մար ըլ­լայ՝ որ­պէս­զի ի­րա՛ւ ի­մաս­տուն ըլ­լայ։ Քա­նի որ այս աշ­խար­հի ի­մաս­տու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ աչ­քին յի­մա­րու­թիւն է, ինչ­պէս Սուրբ Գիր­քե­րուն մէջ գրուած է.- Աս­տուած ի­մաս­տուն­նե­րը ի­րենց ճար­պի­կու­թեան մէջ կը բռնէ։ Իսկ ու­րիշ տեղ մը գրուած է.- Տէ­րը գի­տէ՛ ի­մաս­տուն­նե­րու խոր­հուրդ­նե­րը՝ ո­րոնք ա­նար­ժէք են» (Ա. Կորնթ. Գ 18-20)։

­Չա­րա­կա­մու­թեան պատ­ճառ­նե­րէն մի՛ն է՝ պար­զամ­տու­թեան եւ ան­կեղ­ծու­թեան պա­կա­սը։

«Եղ­բայր­նե՛ր, միտ­քով երք­խաղ մի՛ ըլ­լաք. ե­րե­խա­նե­րու պէս ե­ղէք միայն չա­րիք խոր­հե­լու մէջ. իսկ ան­կէ դուրս՝ հա­սուն մար­դու պէս խոր­հե­ցէք» (Ա. Կորնթ. ԺԴ 20)։­

Ա­ռա­քեալ­ներ՝ Պօ­ղոս եւ Պետ­րոս կը յոր­դո­րեն պար­զա­միտ եւ ան­կեղծ ըլ­լալ, այս ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով օժ­տուած ապ­րիլ կեան­քը։ «Ձեր հնա­զան­դու­թեան համ­բա­ւը ա­մէն տեղ հա­սած է, եւ ես ձեզ­մով ու­րախ եմ։ Բայց կ՚ու­զեմ որ ի­մաս­տուն ըլ­լաք՝ բա­րի գոր­ծեր կա­տա­րե­լով, եւ ան­մե­ղադ­րե­լի ըլ­լաք՝ չար գոր­ծե­րէն հե­ռո՛ւ մնա­լով» (ՀՌՈՄ. ԺԶ 19)։ Եւ դար­ձեալ. «Որ­պէս հա­ւատ­քի նո­րա­ծին մա­նուկ­ներ՝ Աս­տու­ծոյ խօս­քին ան­խար­դախ կա­թին փա­փա­քե­ցէք, որ­պէս­զի ա­նով ա­ճիք եւ փրկու­թեան հաս­նիք» (Ա. ՊԵՏ­ՐՈ­ՍԻ Բ 2)։ Պար­զամ­տու­թեան եւ ան­կեղ­ծու­թեան շնոր­հը ու­նե­ցող­ներ ի­մաս­տուն են ե­ղած Աս­տուծ­մէ, ինչ­պէս կը վկա­յէ Ա­ւե­տա­րա­նի­չը։

«Այն ա­տեն Յի­սուս այս­պէս ա­ղօ­թեց.

-Հա՜յր, եր­կին­քի եւ երկ­րի, Տէ՛ր, շնոր­հա­կալ եմ քե­զի, որ ի­մաս­տուն­նե­րէն եւ գի­տուն­նե­րէն ծած­կե­ցիր այն՝ ի՛նչ որ յայտ­նե­ցիր պարզ ու հա­մեստ մար­դոց։ Ա­յո՛, Հա՛յր, դուն այս­պէս ու­զե­ցիր» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 25-26)։­

Ու­րեմն Աս­տու­ծոյ կա՛մքն է հա­ւա­տա­ցեալ եւ հա­ւա­տա­ւոր, հա­ւա­տա­րիմ որ­դի­նե­րուն պար­զամ­տու­թիւ­նը, ան­կեղ­ծու­թիւ­նը եւ հա­մես­տու­թիւ­նը։

Եւ երկն­քի ար­քա­յու­թեան դու­ռը բա՛ց է ա­նոնց։

Սաղ­մո­սեր­գուն ալ կ՚ը­սէ. «Տէ­րո­ջը օ­րէն­քը կա­տա­րեալ է, հո­գին կը նո­րո­գէ, Տէ­րո­ջը վկա­յու­թիւ­նը ճշմա­րի՛տ է, տգէ­տը ի­մաս­տուն կ՚ը­նէ» (ՍԱՂՄ. ԺԹ 7), եւ. «Տէ­րը միա­միտ­նե­րը կը պա­հէ։ Ես խեղճ ե­ղայ ու Ա­նի­կա զիս ա­զա­տեց» (ՍԱՂՄ. ՃԺԶ 6), եւ դար­ձեալ. «Քու խօս­քե­րուդ յայտ­նուի­լը լո՛յս կու տայ ու միա­միտ­նե­րը ի­մաս­տուն կ՚ը­նէ» (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 130)։­

Ո՜ր­քան կա­րե­ւոր է եւ անհ­րա­ժե՛շտ պար­զամ­տու­թիւնն ու ան­կեղ­ծու­թիւ­նը՝ այս եր­կու ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը մար­դուս հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­լիս 18, 2015, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015