ԾԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ծերանալը ձանձրալի է, բայց երկար ապրելու միակ միջոցն է»։

GEORGE BERNARD SHAW

Բնութեան անայլայլելի եւ անխուսափելի օրէնքն է՝ ամէն ապրող, կենդանի էակ կը ծնի եւ տարիներու ընթացքին կը ծերանայ, կը կերպարանափոխուի։ Այս կը նշանակէ նաեւ՝ թարմութիւնը եւ կենսունակութիւնը հետզհետէ կորսնցնել։

Մարդիկ ալ, որպէս կենդանի, ապրող էակներ, կը ծնին եւ տարիներու ընթացքին «ծեր» կը դառնան։ Ասիկա բնութեան օրէնքն է։ Ուստի տարիներ հետզհետէ կը մաշեցնեն նիւթեղէն ամէն ինչ ե՛ւ մարդուս մարմինը՝ որ նիւթէ կազմուած է։

Ի՞նչ է մարդը. ոչինչէն ստեղծուած արարած մը, ճանչնալու եւ սիրելու համար իր Արարիչը՝ յաւիտենական եւ անսահման Էակը։ Բայց մարդ, որ հոգի է ե՛ւ մարմին, կաշկանդուած է իր զգայարանքներու պատրանքներէն, սերտօրէն կապուած է նիւթին, նիւթեղէնին եւ գերին է դարձած անոնց։

Մարդուն հոգին խափանուած, ազատութիւնը կաշկանդուած, շարժումները արգելափակուած են մարմինով, մարմնական կիրքերով։ Մարդուն համար աւելի կարեւոր եւ առաջնակարգ դարձած է մարմինը եւ անտեսուած՝ հոգին։

Ուրեմն մարդուս երջանկութեանը համար անհրաժեշտ է հեռացնել անհամար խռնումը տեսանելի իրերու, եւ հակակշռել մարմնական կիրքերու տիրապետութիւնը հոգիին վրայ։ Որովհետեւ տեւական ցնորքներու պատճառ կ՚ըլլան մարմնի կիրքերը, որոնք մտացրումի կ՚առաջնորդեն եւ այս կերպ հոգին ինքզինք օտարութեան մէջ կը զգայ։ Եւ երբ «մարմին»ը այսքան զբաղած է, բնական է որ շատ յոգնի եւ շատ մաշի։ Ահաւասիկ ծերանալը արագացնող եւ ձանձրալի դարձնող պատճառ մը։

Բայց երբ մարդ գիտէ ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել հոգին եւ մարմինը, ծերութիւնն ալ ձանձրանալի եւ անտանելի չ՚ըլլար։ Արդարեւ, հոգին եւ մարմինը ներդաշնակել իմաստութիւն եւ խոհեմութիւն կը պահանջէ. այն որ ունի այդ իմաստութիւնը եւ խոհեմութիւնը, երջանիկ ծերութիւն մը կ՚ապրի։ Ուստի համայն տիեզերքը, բոլոր արարածները, որոնք միտքը եւ սիրտը սաստիկ կը զբաղեցնեն, միայն անցողակի, ժամանակաւոր բաներ են մարդուն համար։ Որքան ժամանակ որ երկրի վրայ կ՚ապրի մարդ, պէտք չէ որ երկիրը ամբողջապէս տիրապետէ իր վրայ, եւ ոչ ալ երկրային հոգերը, մտահոգութիւնները եւ մտածութիւնները տեւապէս գրաւեն եւ կլանեն զինք։ Որովհետեւ, ասիկա կը մաշեցնէ մարմինը։

Մարդ աշխարհ կը մտնէ եւ զինք շրջապատող իրերու հրապոյրները մոռցնել կու տան իրեն անհուն եւ իրական գեղեցկութիւնը եւ երջանկութիւնը՝ որ հոգիին մէջ է եւ վերը իրեն կը սպասէ։ Եւ դարձեալ, ասիկա է որ արագ կը մաշեցնէ մարմինը։ Այն որ միայն մէկ բանով զբաղած է, շուտ կը յոգնի եւ արագ կը մաշի։ Մինչ եթէ մարմինը հակակշռուի եւ ներդաշնակուի հոգիի բարիքներուն հետ, մարմնին յոգնութիւնը կը նուազի եւ աւելի քիչ կը մաշի, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ երջանիկ ծերութեան շրջան մը ունենալ։

Եւ այս ալ իմաստութիւն կը պահանջէ։

Երկրի գեղեցկութիւնները եւ բարիքները ժամանակաւոր են եւ կը կազդուրեն միայն, որ Աստուած մարդուս կը հրամցնէ, կը շնորհէ, որպէսզի զօրանայ եւ առոյգ եւ շտապ քայլերով դէպի Իրեն վազէ եւ սուրայ։ Գեղեցիկ ներդաշնակութիւնը երկրի վրայ՝ կը զուարթացնէ, կ՚ենջանկացնէ մարդը։ Սակայն գեղեցիկ ձայները, որոնք մարդուս անապատը կը կենդանացնեն՝ ի՞նչ են, եթէ համեմատուին այն «ձայն»երուն հետ, որոնք Աստուծոյ, երանաւէտ, վերին բնակարանները կը հրճուեցնեն, ուր մարդկային հոգիները փառքով եւ շքեղութեամբ պիտի բնակին յաւէտ։ Ուրեմն կ՚արժէ՞ այդքան յոգնեցնել մարմինը եւ արագ մաշեցնել զայն…։

Մարդ, ինչո՞ւ այդքան անհոգ եւ անտարբեր է իր հոգիին մասին, եւ կ՚ուրախանայ ժամանակաւոր հրապոյրներով եւ կը մոռնայ իր վախճանը՝ որուն կոչուած է իր արարչութենէն իսկ։

Արդարեւ, ծերութիւնը ընտանեկան եւ ընկերային հարց մը կը ստեղծէ։ Ուստի, ընտանիքը ե՛ւ ընկերութիւնը պարտի այնպէս ապրիլ, որ իր անդամները սորվին տանիլ հոգը, խնամքը եւ հոգածութիւնը թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ՛ ծերերուն, հիւանդներուն եւ հաշմանդամ անձերուն եւ աղքատներուն։

Այն ի՛նչ որ կը պատկանի ընտանիքին, կը պատկանի նաեւ ընկերութեան։ Բազմաթիւ են այն ընտանիքները, որոնք որոշ ատեն մը ի վիճակի չեն ըլլար օգնութիւն հայթայթելու իր ընտանեկան անդամներուն։ Բնական է ասիկա։ Այդ պարագային՝ ուրիշ անձեր, ուրիշ ընտանիքներ եւ օժանդակաբար ընկերութիւնը հոգալու եւ խնամելու են անոնց անմիջական կարիքները։

Յակոբոս Տեառնեղբայր իր ընդհանրական նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Հօր Աստուծոյ համար անկեղծ եւ իսկական բարեպաշտութիւնը՝ կարօտութեան մէջ եղող որբերուն եւ այրիներուն այցելու եւ օգնական ըլլալն է, եւ աշխարհի մէջ ապրելով հանդերձ՝ ինքզինք անարատ պահելը». (ՅԱԿ. Ա 27)։ Արդէն իրերօգնութիւնը աստուածային արարչագործութեան հիմնական ծրագրին կարեւոր մէկ մասն է. մարդ ստեղծուած եւ կոչուած է իրերօգնութեան։ Մարդոց զանազան կարողութիւններ եւ յատկութիւններ ունենալուն էական պատճառն ալ իրարու օգնել, զիրար ամբողջացնել, իրար զօրացնել չէ՞։

Քրիստոնեայ բարեպաշտութիւնը աւանդականօրէն կիրակի օրը նուիրուած է բարի գործերուն եւ հիւանդներուն, տկարներուն, ծերերուն խոնարհ ծառայութեան։ Արդարեւ, այն մեծ ուրախութիւնը, որ ամենազօր Տէրը՝ հոս լսելի կ՚ընէ՝ հրաւէ՛ր է բոլորիս, մասնակից ըլլալու երկնային անպատմելի ուրախութեան։

Եւ ի՛նչ որ Աստուած կը պարգեւէ հոս, զգալի ապացոյցներ են՝ յաւիտենական ուրախութիւններով գրաւելու մարդուս սիրտը դէպի վեր առաջնորդելու համար։

Գիշերը կը հասնի, երբ ժամանակ չկայ այլեւս գործելու։ Վա՜յ անոր, եթէ կեանքի արեւը մայրամուտ մտնէ եւ իր սիրտը դուրս մնայ։

Գիշերը զարհուրելի՜ է, երբ մութին մէջ առանց ազատութեան եւ առանց յոյսի է մարդ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 25, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020