ԳԱՂՏՆԻՔ ԵՒ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

«Անմիտ ոչխարը կը խոստովանի գայլին», կ՚ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը։ Արդարեւ, մարդ պէտք չէ՛ որեւէ գաղտնիք յայտնէ մէկու մը՝ որ վստահելի չէ։ Ուստի «գաղտնիք» է այն տեղեկութիւնը՝ որ պէտք է մնայ ծածուկ, խորհրդաւոր եւ միայն մտերմական միջավայրի մէջ։ Այս իմաստով, կ՚ըսուի, թէ եթէ նոյնիսկ մէկ հոգի գիտէ, այլեւս անիկա «գաղտնիք» չէ՛։

Արդարեւ, գաղտնապահ ըլլալ կը նշանակէ խորհրդապահ ըլլալ՝ զգոյշ եւ խոհական իրեն յանձնուած որեւէ տեղեկութեան մասին, ինչ որ զօրաւոր եւ հաստատ նկարագիր կը պահանջէ։ Եւ ուրեմն մէկու մը նկարագրի մասին գաղափար կազմելու համար բաւական է անոր «գաղտնիք» մը յայտնել եւ այն ատեն անոր նկարագիրը յայտնի կը դառնայ։

Գաղտնապահութիւնը առաքինութիւն է եւ ազնուութիւն։ Բայց դժբախտաբար այդ առաքինութիւնը կը զոհուի մարդկային թերութիւններու եւ տկարութիւններու պատճառով։ Գաղտնիքը մէկու մը արժանապատուութիւնն է, եւ զայն յայտնել՝ ծանր վիրաւորանք մըն է արժանապատուութեան։

Ազնիւ եւ առաքինի անձը երբեք չի վիրաւորեր արժանապատուութիւնը մարդուն, եւ բծախնդիր կ՚ըլլայ այդ մասին։ Եւ ահաւասիկ, այդ պատճառով է որ «գաղտնիք»ը լաւ ստուգանիշ մըն է մարդուս նկարագրին։ Զօրաւոր նկարագիր ունեցող մէկը գաղտնապահ կ՚ըլլայ՝ վստահելի եւ պատուակա՛ն։

Գաղտնապահ անձը վստահութիւն կը ներշնչէ՝ ամուր նկարագրի տէր, արժանահաւատ, անկասկածելի, պարկեշտ եւ սկզբունքներու հաւատարի՛մ։

Ուերմն «մարդ ճանչնալ»ու լաւագոյն կերպ մը, միջոց մըն է՝ յանձնել անոր գաղտնիք մը, եւ սպասել եւ տեսնել, թէ ո՛րքան հաւատարիմ է իրեն յանձնուած գաղտնիքին։ «Վստահելի մարդ» ըլլալու լաւ փորձ մըն է ասիկա, որ մարդիկ ընդհանրապէս անգիտակցաբար կը գործադրեն։ Երանի՜ անոնց որ դրական արդիւնք կը քաղեն այդ փորձէն։ Երանի՜ անոնց որ իրապէ՛ս վստահելի բարեկամներ, բարեկամութեան հաւատարիմ ուղեկիցներ, զօրաւոր նկարագրի տէր ընտիր եւ ազնիւ ընկերներ ունին։ Երանի՜ անոնց որ գաղտնիք մը յանձնելու արժանի վստահելի մերձաւորներ ունին։

Արդարեւ կան պաշտօններ՝ ուր գաղտնապահութիւնը պարտաւորութիւն մըն է՝ բարոյական արժէք մը ըլլալէ աւելի։ Զոր օրինակ, բժիշկներ, հոգեւորականներ, իրաւաբաններ ի պաշտօնէ պարտաւոր են գաղտնապահ ըլլալու։ Իրենց նուիրական պաշտօնն է արդարեւ, որ կը պարտադրէ գաղտնապահ ըլլալ՝ վեր բռնելու համար մարդկային արժանապատուութիւնը, քանի որ ինչպէս յիշեցինք, գաղտնիքը ենթակային արժանապատուութիւնն է. ի՛նքն է, իր ամբողջ բարոյական էութիւնը։

Արդարեւ, քահանաները պարտաւոր են հաւատացեալները քաջալերել մատչելու Ապաշխարութեան խորհուրդին։ Անոնք պարտին տրամադիր գտնուիլ մատակարարելու այս խորհուրդը, ամէն անգամ որ քրիստոնեաները զայն բանաւոր կերպով կը խնդրեն։ Նկատի առնելով նրբութիւնը եւ գերապատուութիւնը այս պաշտօնատարութեան, ինչպէս նաեւ յարգանքը, զոր կը պարտինք անձերուն հանդէպ, Եկեղեցին կը յայտարարէ, թէ ամէն քահանայ որ խոստովանանք կը լսէ, պարտաւո՛ր է, շատ ծանր պատիժներու տակ, բացարձակապէս գաղտնի պահել այն մեղքերը, զորս ապաշխարողները խոստովանած են իրեն։ Ոչ ալ կրնայ ապաշխարողներուն կեանքին մասին խոստովանանքով իմացուած ծանօթութիւններու անդրադառնալ։ Բացառութիւն չընդունող այս գաղտնիքը «խորհուրդի կնիք» կը կոչուի, քանի որ, ի՛նչ որ ապաշխարողը խոստովանութեամբ կը յայտնէ քահանային՝ սուրբ խորհուրդին տակ «կնքուած» կը մնայ։

Արդարեւ, խոստովանանքի սուրբ խորհուրդին գաղտնիքը նուիրակա՛ն է եւ չի կրնար յայտնուիլ ոչ մէկ կերպով։ Ուստի, գայթակղութիւններէ զգուշանալու պարտականութիւնը յաճախ խիստ գաղտնապահութիւն կը հրահանգէ։ Ո՛չ ոք պարտաւոր է յայտնելու ճշմարտութիւնը անոր՝ որ զայն գիտնալու իրաւունքը չունի. (ՍԻՐ. ԻԷ 17), (ԱՌԱԿ. ԻԵ 9-10)։ Ասիկա ընդհանուր սկզբունք մըն է, եւ պարտաւոր են յարգել այն բոլորը, որոնք գաղտնիքի մը տիրացած են որեւէ ճամբով։

Աւելի եւս պարտաւորութիւն մըն է պահել պաշտօնի գաղտնիքները։ Պաշտօնի գաղտնիքները՝ զորս կը պահեն, զոր օրինակ, քաղաքական մարդիկը, զինուորականները, բժիշկները, իրաւագէտները, կամ «գաղտնիք»ի կնիքի տակ ըսուած, յայտնուած մտերմական խօսքերը, պէտք է որ գաղտնի՛ պահուին, բացի բացառիկ պարագաներէն երբ գաղտնիքին պահպանումը՝ զայն հաղորդողին կամ զայն ընդունողին եւ կամ ոեւէ երրորդ անձի մը պիտի պատճառէ շատ ծանր վնասներ, որոնցմէ կարելի է խուսափիլ միա՛յն ճշմարտութեան հրապարակումով։ Անշուշտ շատ բծախնդիր կերպով պէտք է որոշել այդ «բացառիկ» պարագաները՝ առանց չափազանցելու։

Ուրիշին վնասակար եւ վնասաբեր եղող անհատական ծանօթութիւնները եւ տեղեկութիւնները, նոյնիսկ եթէ «գաղտնիքի կնիք»ի տակ չեն վստահուած, պէտք չէ՛ երբեք հրապարակուին եւ յայտնուին առանց ծանր եւ հակակշռող պատճառի։ Այս ալ որոշել դժուար է անշուշտ եւ բծախնդրութիւն կը պահանջէ։

Մարդս պէտք է կշռուած, չափաւոր վերապահութեամբ մօտենայ մարդոց անհատական կեանքին։

Լրատուական պատասխանատուները եւս պէտք է կշռուած համաչափութիւն մը պահպանեն հասարակաց բարիքին պահանջներուն եւ անհատական իրաւունքներուն յարգանքին միջեւ։ Արդարեւ, տեղեկատուութեան միջամուխ ըլլալը քաղաքական կամ հրապարակային գործունէութեան յանձնառու մարդոց անհատական կեանքին մէջ, դատապարտելի՛ է այն չափով, որ ան անոնց մտերմութեան եւ ազատութեան վնաս կը հասցնէ։ Արդի ընկերութեան մէջ, հասարակութեան ծոցին մէջ, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները տեղեկատուութեան, մշակոյթի յառաջացումին եւ կազմաւորումին նկատմամբ մեծագոյն դեր մը կը կատարեն։ Այս դերը կը զարգանայ արուեստագիտական յառաջդիմութիւններու, սփռուած լուրերու ընդարձակումէն, եւ անոնց զանազանութեան, հանրային կարծիքին վրայ գործած ազդեցութեան պատճառով։

Հաղորդակցութեան միջոցներով կատարուող տեղեկատուութիւնը ի սպաս է հասարակաց բարիքին։ Բայց լաւ որոշել, կշռել եւ չափել, ուղիղ համեմատել պէտք է «հասարակաց բարիք»ը եւ «անհատական իրաւունքները եւ ազատութիւն»ը՝ որ անձերու արժանապատուութիւնն իսկ են։ Արդարեւ, ընկերութիւնը իրաւունք ունի ճշմարտութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ համընկերութեան վրայ հիմնուած տեղեկութեան մը։

Արդարեւ, գիտնալու ակնաղբիւրը հետա-քըրքրութիւնն է. մարդ բնազդաբար միշտ գիտնալ, տեղեկութիւն ունենալ կ՚ուզէ եւ հետաքրքրութիւնը, այս պատճառով ալ բնածին յատկութիւն մըն է մարդ էակին համար։

Հետաքրքիր ըլլալ, գիտնալ՝ մարդուս բնութեան մէջ միշտ գոյութիւն ունեցած է եւ ունի՛, բայց երբեմն կ՚ըսուի, թէ՝ «անգիտութիւնը երջանկութիւն է»։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին սիրելի՜ բարեկամ ընթերցողներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 25, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2019