ՆԻՒԹԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ

Նիւթական կեանքը հասարակութեան մը զարգացման հիմն է. բայց ա՛յն նիւթական կեանքը՝ որ չի սեղմուիր ինկած նիւաթապաշտ ըմբռնումներու մէջ, այլ գիտակցութիւնն է բնական այն օրէնքներուն, որոնց ազդեցութեան տակ կը գտնուի ամբողջ տիեզերքը, եւ որոնց գոհացում տալով միայն կրնանք պահպանել եւ շարունակել մեր կեանքը։ Բովանդակ կենդանական աշխարհի մէջ նիւթական կեանքը՝ կազմակերպուած այն երեւոյթն է, որ անհատներու եւ հաւաքականութիւններու՝ խումբերու միջոցաւ կը կատարուի անհատի կամ հաւաքականութեան մը գոյութիւնը պահպանելու եւ տեւականացնելու համար։

Քաղաքակրթութեան նախնական պայմաններուն մէջ, մարդկային ընկերութիւններու ունեցած նիւթական կեանքը շատ պարզ է. գոհացնել անօթութիւնը երբ անիկա ստամոքսի մկանները կը գալարէ, եւ տոչորող ջերմութեան եւ սառեցնող ձմեռին դէմ իր մարմինը պաշտպանելու միջոցները հնարել։ Քաղաքակիրթ կեանքի մը նիւթական կողմը արդէն մեզ ճնշող բնական պահանջներուն անմիջական գոհացում մը տալու պարզութիւնը եւ միամտութիւնը չունի սակայն։

Մէկ կողմէն, ընդհանուր զարգացման արդիւնք. նոր աշխարհահայեցողութիւններ, միւս կողմէն ապրելու եղանակի եւ փոխադարձ յարաբերութիւններու, հաղորդակցութեան միջոցներու բարդուիլը տեղի տուած են «նոր կեանք»ի մը՝ որուն նիւթական կողմը, իր գոյութեան անհրաժեշտութիւնը թէեւ աւելի՛ շեշտուած, սակայն տեղի տուած է այն տեսակ ըմբռնումներու եւ հետեւաբար պայմաններու, որոնցմով քաղաքակիրթ նիւաթական կեանք մը ո՛չ թէ անհատի մը կամ ամբողջ ընկերութեան մը վերջին նպատակը կը մնայ, այլ կը դառնայ միջո՛ցը, հիմը բռնող հաստատուն հողը, որով միայն կարելի է զարգացած գոյութեան մը կերտուածքը բարձրացնել։

Նախնական մարդը «վայրկենական գոյութիւն» մը ունի. իր միամիտ հոգիին մէջ ապագան երբեք տեղ մը չէ բռնած, եւ իր յիշողութեան վրայէն անցեալի հետքերը դիւրաւ կը սրբուին, իր վիշտերը եւ մտահոգութիւնները վայրկեանի մը համար են, եւ իր վայելքներն ալ բնականօրէն տեղի կ՚ունենան, առանց նախապէս բաղձացուած՝ նախատեսուած եւ ծրագրուած ըլլալու։

Այս տեսակ նախնական կեանք մը բոլորովին կերպարանափոխ կ՚ըլլայ, երբ մարդկային միտքը անցեալի յիշողութեամբը կը բեռնաւորուի, ապագան իր մտատանջութիւնը կը դառնայ, եւ բազմազբաղ գոյութեան մը հոգերուն մէջ սպառած, վայելքներու կը ձգտի, պահանջները հետզհետէ կը դիզուին, կեանքին՝ իր վրայ ճնշող եւ նեղութիւն պատճառող տաղտուկը թեթեւցնելու համար։

Տնտեսական կեանքը, արդի բացատրութեամբ՝ «նիւթական կեանք»ը՝ բոլոր անհատներու եւ ամբողջ ընկերութեան բարօրութեան հիմունքն է, ինչպէս վերը յիշուեցաւ։ Եւ այն տեսակ ժամանակի մը մէջ, ուր ա՜յնքան բազմապահանջ է կեանքը, եւ ուր ա՜յնքան անթիւ վայելքներու, պահանջներու տիրանալու, գոհացում գտնելու համար տարիները ա՜յնքան կա՛րճ, ամէնուն հոգեւին ջանքն է բուռն թափի մը ատեն, զոր իր գործունէութեանը մէջ կը դնէ, յաջողիլ իր ձեռնարկներովը։

Այսօր իւրաքանչիւր անհատի մէջ յաջողելու անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը ա՛յնքան ուժեղ եւ արմատացած կերպով արմատներ ձգած է, որ անվերջ մտածողութիւն մը զինք անընդհատ կը կրծէ եւ անլուր ճիգերը ընել կու տայ իրեն, գտնելու համար այն գաղտնի ճամբան, որով յաջողութեան պիտի կարենայ դիմել։

Քաղաքկրթութիւնը ամէնուն մէջ անհատականութիւնը կը շեշտէ, եւ ասով կը հարկադրուի իւրաքանչիւր ոք, ինքն իրեն, առանց ուրիշին վրայ յուսադրելու իր գոյութեան կռիւը մղել։ Եթէ աւելի նահապետական պայմաններու մէջ ամենէն աւելի օժտուածներուն, «բախտաւորուածներուն» յաջողութեամբը շատեր կը շքաւորուէին, բարոյական արդի ըմբռնմամբ յաջողածները անտարբերութեամբ անցնելով չյաջողածներուն առջեւէն միա՛յն անկարներուն, հիւանդներուն առջեւ կանգ կ՚առնեն։ Ձեռներէցութեան, աշխատանքի, յարատեւութեան դասալիքները, հետեւաբար իրենց գործունէութեամբ վիժածները կը մնան իրենց ապիկարութեան եւ զրկանքներուն հետ։

Այն «նահապետական ըմբռնում»ը՝ թէ չյաջողածները պէ՛տք է միշտ մաս սպասեն յաջողածներու սեղանէն, տակաւին մեր բարքերուն մէջ ամուր տեղ մը ունի, եւ նշաններ ցոյց չենք տար մեր բոլոր գործերուն մէջ, որով իւրաքանչիւր ոք ի՛ր հաշւոյն ճամբայ պէտք է ելլէ, իր բովանդակ անհատականութիւնը իր գործերուն մէջ դնելով։

Անգլիացիներուն կեանքի մասին ունեցած խոր իմաստասիրութիւնը կ՚արտայայտուի այն առածին մէջ թէ՝ «Դուն քեզի օգնէ, որ Աստուած ալ քեզի օգնէ»։ Աստուածասէր ժողովուրդի մը բերնէն, անհատականութեան այս շեշտումը նոյնիսկ գերագոյն Գոյութեան հանդէպ, կը մատնէ արդէն այդ ժողովուրդին աշխարհահայեցողութեան մէջ առողջ, կենսական ջիղի մը բոյն դրած ըլլալը։

Երբ մեր մէջ ընտանեկան եւ ընկերական պայմանները «նահապետական» էին, յաջողածներու թիւը ստուար բանակ մը կը կազմէր տակաւին։ Այսօր կեանք մը հարկադրուած է մեզի՝ բաժնուիլ, հեռանալ այդ «հին», աւանդական պայմաններէն, յաջողածներու թիւն ալ սկսած է տակաւ նուազիլ։

Պէտք է խոստովանիլ՝ թէ մեր ընկերական յաջողութեամբ ինչ դիրք որ ունէինք նախապէս, նոյնը չունինք այսօր. յաջողութիւնը շատ աւելի ցանցառ դարձած կ՚երեւի…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 16, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 29, 2020