ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒԹԻՒՆ

Ինքնաճանաչութիւնը ընտիր յատկութիւն մըն է՝ որ պէտք է ամէն անհատ մշակէ ինքն ի՛ր մէջ։

Արդարեւ, որքան դժուար է «ուրիշ»ը ճանչնալ, նոյնքան, եւ նոյնիսկ շատ աւելի դժուար է ինքզինք ճանչնալ։ Ուրիշները ի՛նչ կը խորհին կամ ի՛նչ կ՚ըսեն իր մասին, այդ չէ կարեւորը կամ առաջնակարգ խնդիրը. մարդոց գովեստները կամ պարսաւանքները կրնան բանաւոր, իրաւացի ըլլալ կամ բոլորովին անտեղի, անիրաւ։

Մարդ պէտք է, պարտաւ՛որ է ճանչնայ ինքզինք. իր իսկութեամբը, ճիշդ ինչպէս որ Ք-ճառագայթը կը յայտնէ մարդուս ոսկորներուն մէջ եղած ճեղքը կամ փտութիւնը, այնպէս ալ ներքնահայեցողութեամբ կարելի է գիտնալ, թէ ի՛նչ է մարդ եւ ի՛նչ չէ. ի՛նչ ունի եւ ի՛նչ չունի…։

Ահաւասիկ, այս ինքնագիտակցութիւնը, իր բանաւոր սահմանին մէջ մարդս ապահով գետնի վրայ կը դնէ, որ ո՛չ խոշորացոյցով իր ունեցածները մեծցնելով՝ չափազանցելով՝ ինքն իրմով հպա՜րտ եւ պարծենկոտ ըլլայ մարդ, եւ ոչ ալ ստորնագոյնի, անկարեւորի զգացումներ ունենայ երբ ուրիշներու առաւելութիւններէն զուրկ կը գտնէ ինքզինք։ Ուստի, միշտ ի մտի ունենալու՝ միշտ միտք պահել պէտք է Իմաստունին այն մեծ խրատը՝ որ կ՚ըսէ. «Ծանիր զքեզ»։ Ինքզինքդ ճանչցի՛ր։

Արդարեւ, անունը կ՚արտայայտէ էութիւնը, ինքնութիւնը անձին եւ իմաստը անոր կեանքին։

Իւրաքանչիւր անձ ունի «անուն» մը եւ նաեւ՝ Աստուած ունի անուն մը։ Ճանաչութեան ընդհանուր միջոց մըն է անունը։ Այս իմաստով՝ յայտնել իր անունը՝ կը նշանակէ ճանչցնել ինքզինք ուրիշներուն. կերպով մը ինքզինք յայտնել եւ յանձնել է «անուն»ը ըսել. ինքզինք ընել մատչելի, ընդունակ՝ ճանչցուելու աւելի՛ մտերմութեամբ, աւելի՛ անկեղծութեամբ եւ կանչուելու անձնապէ՛ս։ Բայց եւ այնպէս, ինքզինք ճանչցնել ուրիշներուն երբ այսքան դիւրին է, նոյնքան եւ աւելի դժուար՝ ինքզինք ճանչնալ, իր իսկ էութիւնը գիտնալ, ներհայեցողութեամբ ինքն իրեն հետ ծանօթանալ։ Ուրեմն ինքնաճանաչութիւնը կարեւոր եւ նո՛յնքան ալ լուրջ հարց մըն է մարդուս համար։

Ընկերութիւն մը ամբողջութիւնն է անձերու, որոնք զօդուած են իրարու անդամական կապով, «միութեան սկզբունք»ի մը համեմատ, որ գեր ի վեր է քան անոնցմէ իւրաքանչիւրը։ Իւրաքանչիւր մարդ, ընկերութեան միջոցով, «ժառանգորդ» կարգուած է, կ՚ընդունի «մնաս»ներ, որոնք կը ճոխացնեն իր «ինքնութիւն»ը եւ զորս պարտի շահագործել։

Արդարեւ, հասարակական-ընկերային ինքնաճանաչումն ալ կարեւոր է հաւաքական կեանքի գոյապահպանման համար։ Ուստի, ճիշդ չէ որեւէ արժէք ստորագնահատել եւ կամ չափազանցել զայն։ Զոր օրինակ, սնափառութիւնը աննպաստ արդիւնքներ կը ստեղծէ եւ ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ հաւաքականութեան։ Օտարներու ծանօթացնելու լաւագոյն կերպն է՝ ժողովուրդի մը ներկայ ապրած կեանքը եւ մէկզմէկու հետ անհատներուն ունեցած փոխյարաբերութիւնները ցոյց տալ, ներկայացնել։ Ժողովուրդ մը լաւագոյն կերպով ճանչցնելու համար պէտք է անոր ներկան լաւ ծանօթացնել։ Այսպէս ահաւասիկ ժողովուրդին բարեմասնութիւնները կարելի է ծանօթացնել ուրիշներու՝ օտարներու։

Ուստի ժողովուրդ մը ուրիշներու ճանչցնելու համար ո՛չ թէ անոր անցեալ փառքերը պատմել, այլ ազնիւ, ազնուական եւ ընտիր ներկայ ապրելակերպը, ընդհանուր կեանքը ցոյց տալ պէտք է։ Օրինակի համար, ժողովուրդի մը ուղղամտութիւնը, հաւատարմութիւնը, բարեկիրթ ժողովուրդի մը յատկութիւնները, վերջապէս ընդհանուր ներկայ կեանքը շատ աւելի ազդու կերպով կը տպաւորեն ուրիշները, քան շատ մը ուռուցիկ արտայայտութիւններ, չափազանցութիւններ…։

Պէտք չէ մոռնալ, որ ինչպէս անհատներ, ժողովուրդներ ալ զիրար կը դիտեն, կը քննարկեն եւ պատրաստ են զիրար քննադատելու, իրարու թերութիւններ գտնելու եւ ամէն մէկը ինքզինք գերադասելու միւսին նկատմամբ։

Արդարեւ, ժողովուրդի մը մէջ անհատներու եւ կամ խումբի մը անվայել վարմունքը կամ կատարած անարգ գործերը պատճառ կ՚ըլլան, որ այդ ժողովուրդը նախատուի օտարներու առջեւ։ Այս իմաստով ժողովուրդի մը իւրաքանչիւր անհատը պատասխանատուութիւն ունի իր պատկանած ժողովուրդին օտարներու կողմէ ճանաչման հարցին մէջ։ Ասիկա ծանր վիրաւորանք կը պատճառէ, երբ լաւ ծանօթացում մը չկատարուի, նոյնիսկ միայն մէ՛կ անհատ մը կողմէ։

Ուրեմն վեր պէտք է բռնել արժանաւորութիւնը, պատիւը ժողովուրդի մը՝ ինչ որ կը վերաբերի ամէն մէկ անհատի, որ կը կազմէ այդ ամբողջ ժողովուրդը։ Ծայր աստիճան զգուշութիւն կը պահանջէ ասիկա. ուստի պէ՛տք է զգուշանալ այն ընթացքներէն, որոնք կը պզտիկցնեն ժողովուրդ մը յաչս օտարներու եւ սխալ կը ճանչցնեն զայն։

Ուստի, ինչպէս ամէն բանի մէջ, ինքզինք ճանչցնելու կամ ծանօթացնելու հարցին մէջ ալ պէտք է միշտ չափաւոր ըլլալ։ Արդարեւ, ժողովրդային իմաստութիւնը կը խտանայ սա առածին մէջ. «չափաւորութիւնը կէս Աստուած է»։ Իրաւ է որ ո՛չ մէկ բան կարելի է համեմատել Աստուծոյ հետ, բայց չափաւորութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը բացայայտ կերպով կը ներկայացնէ այս առածը։

Զօր օրինակ, որեւէ խնջոյք երբ արտառոց երեւոյթներ եւ անպատկառ վարմունքներ, անճոռնի եւ անվայել պոռչտուքներ կը ներկայացնէ՝ օտարներու վրայ աննպաստ տպաւորութիւն մը կը թողու։ Թէեւ խնջոյքը, զուարճութիւնը իրաւո՛ւնքն է ամէն անհատի, ամէն ժողովուրդի, բայց պէտք է ըլլայ չափաւոր եւ կիրթ մթնոլորտի մը մէջ, որպէսզի լաւ տպաւորութիւն թողու ամէնուն վրայ։ Ամէն չափազանցութիւն՝ անտաշ եւ անկիրթ հաւաքականութեան մը տպաւորութիւնը կը թողու հեռուէն դիտողներու վրայ եւ այդ հաւաքականութիւնը «անբաղձալի» տարր մը կը համարուի։

Ուստի ամէն անհատ պատասխանատո՛ւ է իր պատկանած ժողովուրդին սիրելի ըլլալուն նկատմամբ…։

Իւրաքանչիւր անհատի, ուրեմն, պարտականութիւնն է իր ազդեցութիւնը գործածել, որ շարժուձեւերը ըլլան կանոնաւոր, բարեվայել, կիրթ եւ ազատ ամէն տգեղ եւ անբաղձալի երեւոյթներէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 1, 2020, Իսթանպուլ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2020