ՄԻԱԿՈՂՄԱՆԻ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Մարդկային կեանքի մէջ «միակողմանի աճում»ը բարիք չէ, այլ մանաւանդ չարի՛ք է։ Ոմանք մտքով կը զարգանան բայց իմաստութեամբ, որ է ողջամիտ ըլլալ, եւ թէ՛ «Աստուծոյ վախ»ը ունենալ իր մէջ, չեն զարգանար եւ «մանուկ» կը մնան այդ տեսակէտէն։ Կան նաեւ ոմանք որ դրամով կը հարստանան բայց «հոգիով աղքատ» կը մնան։ Արդարեւ, յաճախ կը կրկնենք, մարդ էակը մարմինով, միտքով եւ հոգիով ամբո՛ղջ մը կը կազմէ եւ այնքան կատարեալ կ՚ըլլայ՝ ո՛րքան կրնայ ներդաշնակել մարմնաւորը, մտայինը եւ հոգեւորը իր մէջ։

Մարդ, զոր օրինակ, կրնայ մտապէս շատ զարգացած ըլլալ, բայց երբ բարոյապէս չէ հասունցած նոյն չափով, կարելի չ՚ըլլար արդիւնաւոր գործել, քանի որ միշտ մէկ կողմը թերի կը մնայ։ Մէկը կրնայ շատ ճարպիկ ըլլալ, բայց հաստատ նկարագրի տէր չըլլալ։ Այդպիսի պարագաներուն մարդ կատարեալ վստահութիւն չի ներշնչեր իր շուրջիններուն եւ կրնայ ստահակ մը միայն ըլլալ։

Միւս կողմէ, այն որ միայն իր հոգւոյն փրկութիւնը կը փնտռէ, միայն բարոյական արժէքներու կարեւորութիւն կ՚ընծայէ, առանց որեւէ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումի կամ գիտակցութեան հանդէպ սխալական ընկերներուն, բարեկամներուն, քրիստոնէական «անձնասիրութեան տիպար» մը կը հանդիսանայ, որ նողկալի է թէ՛ մարդոց, թէ՛ Աստուծոյ։ Արդարեւ մարդ ստեղծուած եւ կոչուած է իրերօգնութեան, եւ այս իմաստով անաշխատ ըլլալ, չէզոք ըլլալ երբեք չի նշանակեր «բարի» ըլլալ, ընդհակառակը՝ չէզոք ըլլալ, անշահ ըլլալ բարիք չ՚ենթադրեր, բայց պարագային համեմատ կրնայ նոյնիսկ «չարիք» ստեղծել։ Մարդ պէտք է ինքզինք խորհելու չափ ուրիշներն ալ խորհի, հոգայ եւ օգնէ։

Այս իմաստով գիտութիւն, բարոյականութիւն եւ մարմնական առողջութիւն պէտք է ներդաշնակուին՝ զիրար ամբողջացնեն։ Ի՞նչ կարելի է մտածել գիտունի մը մասին՝ որ բարոյականէ զուրկ է։ Եւ կամ բարձր բարոյականի տէր մէկու մը նկատմամբ՝ որ ամենապարզ գիտելիքներու մասին տեղեկութիւն չունի, կեանքի մասին որեւէ գաղափար կամ կարծիք չունի։ Բարի կարելի՞ է անուանել այդ մէկը, որ որեւէ օգտակարութիւն չի կրնար ունենալ իր շուրջիններուն։ Ուստի ուրիշի մը որեւէ հարցի շուրջ օգնելու, նպաստելու համար լոկ բարեսիրտ ըլլալ, բարիք կամենալ չի բաւեր, խնդրոյ առարկայ հարցին շուրջ պէ՛տք է որոշ գիտութիւն, չափաւոր տեղեկութիւն ունենալ։ Անշուշտ մէկու մը օգնելու համար, պարագային համեմատ պէտք է նաեւ մարմնական, ֆիզիքական բաւարարութիւն ալ ունենալ, զոր օրինակ, կոյրը կոյրին չի՛ կրնար առաջնորդել…։ Ուրեմն մարմին, միտք եւ հոգի, այս երեք արժէքները ներդաշնակել «կատարեալ մարդ» ըլլալու համար անհրաժեշտ է։ Հոս դարձեալ յիշենք այն յայտնի խօսքը որ կ՚ըսէ. «Երիտասարդներ կամենային, տարեցներ կարենային»։ Կարենալ չի բաւեր, պէտք է նաեւ կարենա՛լ՝ մարմնական ուժ եւ հոգեկան տրամադրութիւն ունենալ։ Փոխադարձաբար, կարողութիւն ունենալ ալ չի բաւեր, պէտք է կամենալ, տրամադրութիւն, փափաք ունենալ։ Այսինքն մարմնական ուժը, մտային պատրաստակամութիւնը եւ հոգեկան տրամադրութիւնը պէտք է համընթաց ըլլան։

Այս խորհրդածութիւններէն կը հետեւի թէ՝ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ «հաւասարակշռեալ եւ ուժերը ներդաշնակուած կեանք ունենալ», եւ ըստ այնմ ապրիլ։ Մարդ միւս ապրողներէ՝ անբան անասուն կենդանիներէ կը զատուի իր բանականութեամբ, իր իմացականութեամբ եւ իմաստութեա՛մբ։ Մանաւանդ իմաստութիւն՝ որ կը նշանակէ Աստուծոյ ճանաչումը ունենալ, իմաստութիւն ունենալ, իմաստութեամբ վարուիլ մարդս իր սկզբնական կոչումին հաւատարիմ կը դարձնէ։

Մարդ իր իմաստութեամբ պէտք է մտապէս զարգանայ։ Գիտութիւնը պէտք է ամրապնդուի իմաստութեամբ, որպէսզի ամբողջ ըլլայ եւ արժէք ներկայացնէ։ Ուստի մարդ աստուածային շնորհքով լեցուած էակ մըն է։ Աստուած մարդը ստեղծեց «իր իսկ պատկերով եւ իր նմանութեամբ», այսինքն օժտեց զայն բազմադիմի կարողութիւններով, յատկութիւններով, որոնք պէտք է մշակուին, ամէն մէկը իր պահանջած չափով, որպէսզի այդ «պատկեր»ը եւ այդ «նմանութիւն»ը չեղծուի, այլ՝ պահպանուի իր հարազատութեամբ այնպէս՝ ի՛նչպէս տրուած է իրեն։

Առանց իմաստութեան իմացակութիւն, առանց բարոյականութեան գիտութիւն անպայման թերի կողմ մը պիտի ունենան։ Արդի քաղաքակրթութիւնը, յարգելի բացառութիւններով, ընդհանրապէս կը քաջալերէ միակողմանի զարգացումը, մարդուս արժէքը կը տեսնէ միա՛յն գիտութեան, նիւթական ստեղծագործութիւններու մէջ՝ շահելու, դիզելու, վայելելու կարողութիւններու մէջ… եւ կ՚անտեսէ հոգին, եւ կը սխալի՛…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 27, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 3, 2019