ԻՄԱՑԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Իմացականութիւն» բառը իր մէջ կը բովանդակէ բանականութինւը՝ խելքը եւ միտքը, որոնք մարդ էակին էական յատկութիւններն են։ Մարդ իմացականութեան տէր՝ ապրող էակ մըն է. կը լսէ, լսածը հասկնալ կը ջանայ եւ ըստ այնմ իրեն «ընթացք» մը կ՚որոշէ, եւ կարծեմ «ազատ կամք»ին հիմը կը կազմէ իմացականութիւնը։ Մարդ քանի որ լսելու, հասկնալու, հասկցածին համեմատ դատելու եւ վերջապէս որոշելու կարողութեամբ օժտուած է, ուրեմն ան «ազատ կամք»ի տէր է եւ կրնայ շարժիլ ըստ իր բանականութեան կամ իմացականութեան։

Արդարեւ, Սուրբ Հոգին է որ Աստուծոյ Խօսքին հոգեւոր իմացումը կու տայ ունկնդիրներուն եւ ընթերցողներուն, ըստ անոնց սրտերուն տրամադրութեան։

Ուստի, աշխարհի եւ մարդուն ծագումին հարցը, առարկան է գիտական բազմաթիւ հետազօտութիւններու, որոնք շքեղօրէն ճոխացուցած են մարդուս ճանաչումները տիեզերքի տարիքին եւ տարածքին մասին, կենդանական տեսակներուն լինելութեան մասին, մարդուն երեւումին մասին։ Այս բոլոր գիւտերը կը հրաւիրեն մեզ դեռ աւելի՛ հիանալու Արարչին ամենակարողութեան եւ անիմանալի մեծութեան վրայ, Անոր իրապէ՛ս փառք տալու Իր բոլոր գործերուն, նաեւ իմացականութեան եւ իմաստութեան համար՝ զորս Ան կու տայ գիտուններուն, հետազօտողներուն եւ անշուշտ իմաստասէրներուն եւ իմաստուններուն։ Սողոմոնի հետ անոնք կարելի է որ միաբերան գոչեն. «Ի՛նքն է որ տուաւ ինծի ճշմարիտ գիտութիւնը արարածին մասին, ճանչցուց ինծի աշխարհի կառոյցը, յատկութիւնները տարրերուն, որովհետեւ որպէս ամէն բանի ճարտարապետ՝ Իմաստութիւնը Ի՛նք սորվեցուց ինծի» (ԻՄՏ. Է 17-21)։

Մեծ շահեկանութիւնը որ վերապահուած է այս հետազօտութիւններուն, զօրեղապէս խթանուած է ուրիշ, տարբեր կարգի հարցով մը՝ որ կը գերազանցէ բնական գիտութիւններու յատուկ մարզը։

Հարց չէ միայն գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ տիեզերքը նիւթապէս-ֆիզիքապէս մէջտեղ եկաւ, ո՛չ ալ թէ ինչպէ՛ս մարդը երեւցաւ, այլ նախընտրաբար՝ գտնել, թէ ի՛նչ է իմա՛ստը նման ծագումի մը. արդեօք ան կառավարուա՞ծ է «պատահմունք»ի մը, կամ «դիպուած»ի մը, «կոյր ճակատագիր»ի մը, «անանուն անհրաժեշտութեան» մը կողմէ, կամ արդեօք «Աստուած» կոչուած իմացական, իմաստուն եւ բարի «գերակայ Էակ»ի՞ մը կողմէ…։

Իսկ եթէ աշխարհը առաջ կու գայ Աստուծոյ իմաստութենէն եւ բարութենէն, ի՞նչու համար է «չար»ը։ Ան ո՞ւրկէ է։ Ան չի հակասե՞ր Աստուծոյ իմաստութեան եւ բարութեան։ Ուրեմն ո՞վ է անոր պատասխանատուն։ Կա՞յ ազատագրում անկէ…։

Ուրեմն կը տեսնուի, որ միայն գիտութիւնը բաւարար չէ՛ ճշմարտութեան հասնելու համար։ Գիտութեան պէտք է ընկերակցի իմաստութիւնը։

Զոր օրինակ, մարդ իր թանկագին, յարգի եւ մեծ արժէք ներկայացնող իրերը, առարկաները կը զետեղէ յատուկ պահարանի մը մէջ եւ հոն կը պահէ զանոնք։ Բայց որպէսզի անոնց արժէքը յայտնուի եւ կարելի ըլլայ օգտագործել, պէտք է որ անոնք տեղաւորէ պահարանին մէջ կանոնաւոր կերպով, դասաւորուած եւ խնամքով։ Այլապէս եթէ զանոնք պահարանին մէջ զետեղուի առանց դասաւորման, անկանոն կերպով՝ անկարգօրէն խռնուած, խառնիխուռն, կարելի չ՚ըլլար դիւրութեամբ օգտագործել զանոնք եւ անոնց իսկական արժէքը կը մնայ միշտ ծածուկ։

Ուստի «գիտութիւն»ը այդ թանկագին առարկաներն են, բայց օգտագործելու համար պէտք է պահուին կանոնաւոր կերպով, ի՛նչ որ կը պահանջէ «իմաստութիւն»։

Այս կը նշանակէ, որ գիութիւնը պէտք է համընթաց ըլլայ իմաստութեան հետ, որպէսզի արդիւնաւոր ըլլայ եւ յայտնուի իր իրական արժէքը…։

Մարդուն իմացականութիւնը ծագումներուն հարցին պատասխան մը գտնելու կարողութիւնը անշուշտ ունի։ Արդարեւ, Արարիչ Աստուծոյ գոյութիւնը կրնայ ստուգութեամբ ճանչցուիլ Անոր գործերէն շնորհիւ «մարդկային բանականութեան լոյս»ին, նոյնիսկ եթէ այս ճանաչումը կամ «գիտութիւն»ը յաճախ մթագնած է եւ աղաւաղուած՝ մարդուն մոլորումին հետեւանքով։ Ասոր համար հաւատքը կու գայ բանականութիւնը՝ իմացականութիւնը հաստատելու եւ լուսաւորելու այս ճշմարտութեան ճշգը-րիտ հասկացողութեան մէջ. «Հաւատքով մենք կը հասկնանք, թէ աշխարհ ստեղծուեցաւ Աստուծոյ մէկ խօսքով, այնպէս որ ինչ որ կը տեսնենք, յառաջ կու գայ անտեսանելիէն» (ԵԲՐ. ԺԱ 3)։

Եւ ահաւասիկ ասիկա կարելի է ամփոփել սա յայտնի խօսքով. «Հաւատալով հասկնալ եւ հասկնալով հաւատալ»։

Ուստի, արարչագործութեան ճշմարտութիւնը մարդկային ամբողջ կեանքին համար ա՜յնքան կարեւոր է եւ անհրաժե՛շտ, որ Աստուած Իր գթութեամբ, ուզեց յայտնել Իր ժողովուրդին՝ մարդկութեան ամէն ինչ որ փրկարար է գիտնալ եւ հասկնալ՝ այս նիւթին մասին։ Ուրեմն՝ գիտնալ իմացականութեամբ եւ գիտութիւնը գործածել՝ իմաստութեա՛մբ։

Իմաստութիւնը արդարեւ բխո՛ւմն է Աստուծոյ զօրութեան, մաքրամաքուր ծորումը՝ Ամենակալին փառքին, այս պատճառով՝ ո՛չ մէկ պիղծ եւ անբանական բան մուտք կը գործէ անոր մէջ։

Աստուածային եւ բնական օրէնքը՝ ցոյց կու տայ մարդուն այն ճամբան, որուն ան պիտի հետեւի՝ գործելու համար բարին, օգտակարը եւ այն բոլոր գործերը, որոնք համաձայն են Աստուծոյ կամքին եւ աստուածահաճոյ արարքներ են։ Բանականութիւնը կը պատկանի մարդկային բնութեան իբրեւ անոր սեփական եւ բնորոշիչ յատկութիւն։ Բանականութիւնը՝ իմացականութիւնը մարդուն յատուկ կարողութիւն մըն է։ Այս իմաստով, հաւատալը հնարաւոր է միա՛յն Սուրբ Հոգիին պարգեւած շնորհքով եւ ներքին օգնութիւններով։ Հաւատալը՝ հարազատօրէն մարդկային արարք մըն է։ Վստահիլ Աստուծոյ եւ հաւատալը Անոր յայտնած ճշմարտութիւններուն՝ հակառակ չէ՛ մարդուն ո՛չ ազատութեան եւ ո՛չ ալ իմացականութեան։ Հաւատալու մէջ, մարդկային իմացականութիւնը եւ կամքը կը համագործակցին աստուածային շնորհքին հետ։

«Հաւատքը արարքն է բանականութեան, որ շնորհքին միջոցաւ Աստուծմէ դրդուած կամքին հրամանին տակ, աստուածային ճշմարտութեան կը յարի», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։

Իմացականութիւնը՝ շնորհ մըն է եւ արժէ՛ք մը մարդուս համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 8, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 3, 2019