ԱՆԵՐԱԶԱՆՔ

Մարդկային կեանքի մէջ կան ճշմարտութիւններ, որոնք իրենց ընդհանրութեան մէջ ունին հասարակաց գիծեր. արաբին մօտ, թուրքին մօտ, հայու մօտ եւ կամ օտարին՝ անոնք կը մնան նոյնը: Սակայն հակառակ այս իրողութեան գոյութիւն ունին այլ չափանիշեր՝ որոնք յարաբերական են եւ ո՛չ թէ ազգէ ազգ, այլ նոյնիսկ անհատէ անհատ կրնան տարբերութիւններ կրել:

Այդ զանազանութիւններէն մէկն է նաեւ ազգային մշակոյթ մը ներկայացնող տարրերը. ոմանց համար այդ մէկը կրնայ ըլլալ սուր մը, ուրիշներու համար հաւ մը եւ կամ գուցէ կով մը, իսկ այլոց համար այնպիսի բան՝ որ ուրիշի մը մօտ լոկ անհոգութիւն կը յառաջացնէ:

Մենք եւս ունինք մեր տարօրինակ մշակութային արժէք ներկայացնող տարրերը՝ սին ու ունայն արժեչափերով:

***

Սուգի մէջ է այսօր հայրենիքը. անէացման մշուշը պատած է այսօր ամէ՛ն կողմ...:

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին համացանցը ողողուած էր Հաղարծին Վանական համալիրի տարածքին գտնուող «Երազանքի Ծառ»ի բեկումով: Ազգի «մշակութային արժէք»ներէն մին՝ ծառ մը բեկանուած էր եւ գուցէ ամբողջ կեանքի ընթացքին Հաղարծին չայցելած ընդհանրութիւն մը այժմ լեցուած էր եղերերգով: Հաւատացէ՛ք, հաւանաբար մարդիկ այնքա՛ն չի ցաւեցան հողերու կորուստով՝ ինչքան այդ ծառի բեկանումով:

Գիտէ՞ք այդ ծառի բեկանումով ինչքա՜ն երազանքներ ի դերեւ ելան՝ յաւիտեանս չիրականանալու աղիտաբեր դժբախտութեամբ, որովհետեւ մենք մեր յոյսերն ու երազանքները կապած ենք ծառի՛ մը՝ որուն անցքէն անցնելով գուցէ դիւրակեցիկ կեանք մը պիտի ունենայինք բոլորս:

Ծառի՛ մը հետ ամբողջ ազգի մը երազանքները փուլ եկան...: Քանինե՜ր իրենց անհաս սիրոյն պիտի չտիրանան, քանինե՜րու համար հարստանալու բաղձանքը պիտի մնայ երազանք:

Եւ գիտէ՞ք ի՜նչ պատրանք է այդ ծառը: Բացէ՛ք Աճառեանի «Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան»ը եւ ստուգեցէ՛ք, թէ ի՞նչ կը նմանակէ «Երազանք». ըստ բառարանագիրին կը նշանակէ ցնորք, անուրջ, անիրական բան (էջ 564):

Ինչքա՜ն առիթներ, ինչքա՜ն պատճառներ ունինք ազգովի ողբալու, ցաւելու եւ վշտանալու, որոնք շա՜տ աւելի կ՚արժեն քան ծառ մը՝ որուն մէջ լոկ մեր ցնորքներուն պատրանքը կրնանք տեսնել: Միթէ սփիւռքի մէջ հասակ առնող նոր սերունդին հայերէն չխօսիլը աւելի կարեւոր չէ՞ քան կռապաշտ ծառ մը:

Մշակոյթ ըսելով եթէ մենք ծառ մը պիտի հասկնանք, այդ մշակոյթը թող կործանի ու խորտակուի, որովհետեւ ես իմ ապագայ սերունդիս ծառէ մը աւելին է որ կ՚ուզեմ տալ, որն է մայրենի լեզուն, գրականութիւնը, երաժշտութիւնն ու կրթութիւնը: Իսկ եթէ այդ բոլորը կամաց կամաց դատապարտուած են անէացման, մեր ինչի՜ն պէտք այդ ծառը:

Վա՜յ այն ազգին, որ իրեն համար մշակոյթ՝ հնամեայ ծառ մը կը խորհրդանշէ:

Լրատուական աղբիւրներ յայտնած էին, թէ «Երազանք»ի ծառը կոտրած տղամարդը ընդհանրապէս չի՛ զղջար... Ինչպէ՞ս թէ. այդ տղամարդը արդէն իսկ այսօր մերօրեայ Վասակ մըն է, անհաւատարիմ Բակուր մը, կենդանի Մերուժան Արծրունի մը: Տասնամեակներ առաջ Շահնուր լեզուի նահանջին դէմ զղջումի մեղայ կը կարդար, սակայն այսօր ծառի՛ մը համար պէտք է զղջալ ու ապաշխարել եւ չզարմանանք, եթէ հրապարակ դուրս գան երազանքի ծառի զղջման աղօթքներ, ներբողներ, տաղեր ու ողբեր:

Արեւմտահայ բանաստեղծ Զահրատ այդպիսիներուն համար կը գրէ.

«Ծառէն խաբկանք ծառէն պատրանք ու երազանք կախեցէք

- Կից մը տուէք - թող փլի

Նոր ծառ մ՚առէք - ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք

Ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ ծառէն ձանձրոյթ կախեցէք

- Այդքան առատ արդէն ուրիշ ի՞նչ ունիք»

Ծառէն ձանձրոյթ... այո՛, որովհետեւ ուրիշներու համար ձանձրոյթ թուացող ճշմարտութիւն մը մեր՝ հայերուս համար մշակութային բարձր արժէքի մը կրնայ վերածուիլ, որովհետեւ խաբկանքն ու պատրանքը մեզի համար աւելի՛ իրական կը թուին ըլլալ՝ քան նոյնինքն իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը:

Երազանքի ծառին ե՛ս ալ երազ կապեցի. Ափ մը իմացականութիւն, ափ մը խե՛լք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍՈՂՈՄՈՆ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ
(1908-1978)

Մեր թուականէն 113 տարիներ առաջ՝ 3 սեպտեմբեր 1908-ին Արցախի Գետաշէն գիւղին մէջ ծնած է գրականագէտ եւ բանասիրական գիտութիւններու տոքթոր Սողոմոն Սողոմոնեան:

Սողոմոնեան 1928 թուականին աւարտած է Պաքուի թիւ 22 դպրոցը եւ ընդունուած՝ Երեւանի Պետական պատմագրական համալսարան, ուրկէ անցած է Լենինկրատի Գեղարուեստի, գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետական կաճառի գրականութեան բաժինը:

Ուսուցչութեան պաշտօն վարած է Երեւանի Մանկավարժական կաճառին մէջ, որպէս արտասահմանեան գրականութեան ամպիոնի վարիչ եւ աւագ դասախօս: Միաժամանակ դասաւանդած է Երեւանի Պետական համալսարանին, ինչպէս նաեւ Պրիւսովի անուան ռուսաց եւ օտար լեզուներու մանկավարժական կաճառէն ներս: Գրականագէտը 1941-1946 թուականներուն մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին, որուն համար ստացած է հազարապետի կոչում: Սողոմոն 1946-1947 տարիներուն եղած է «Սովետական Գրականութիւն եւ Արուեստ» ամսագիրի խմբագիր, միաժամանակ վարելով Հայաստանի Գրողներու միութեան վարչութեան քարտուղարի պաշտօնը:

«Ռոմանթիքական տրամայի տեսութիւնը» նիւթով պաշտպանած է իր թեզը՝ 1947-ին, ստանալով բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան, իսկ 1966-ին «Ժամանակակից հայ պոեզիան» նիւթի պաշտպանութեամբ ստացած է տոքթորի աստիճան:

Սողոմոն Սողոմոնեան արժանացած է Հայրենական մեծ պատերազմի երկրորդ աստիճանի, ինչպէս նաեւ Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշաններուն:

Ան մահացած է 28 օգոստոս, 1978-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 3, 2021