ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ

Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան կը թելադրէ նոր ամուսնացեալ երիտասարդներուն այսպէս խօսիլ իրենց հարսին. «Ես առի քեզ իմ թեւերուս մէջ եւ կը սիրեմ քեզ եւ կը նախընտրեմ քեզ կեանքէս աւելի։ Որովհետեւ ներկայ կեանքը ոչինչ է, իսկ իմ ամենավառ երազս է զայն անցընել քեզի հետ, այնպիսի ձեւով որ ապահով ըլլանք իրարմէ չբաժնուիլ նաեւ մեզի վերապահուած միւս կեանքին մէջ։ Ես քու սէրդ կը դասեմ ամէն բանէ վեր եւ ոչինչ ինծի համար աւելի տաժանելի պիտի ըլլար քան չունենալ նոյն մտածումները, զորս դուն կը մտածես»։

Սէրը անմահ է եւ անվե՛րջ, քանի որ Աստուած սէ՛ր է, եւ ուրեմն ամուսնական սէրն ալ անմահ է եւ անվերջ, ինչպէս կը հաստատէ Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան, երբ կ՚ըսէ. «… ապահով ըլլանք իրարմէ չբաժնուիլ նաեւ մեզի վերապահուած միւս կեանքին մէջ», եւ կը թելադրէ ամուսնացեալ երիտասարդներուն՝ այս մօտեցումով եւ ըմբռնումով տեսնել ամուսնութեան սուրբ միութիւնը։

Արդարեւ, ամուսնութեան խորհուրդին հիմը սէրն է՝ որուն վրայ կը բարձրանան հանդուրժողութեան, հաւատարմութեան, ուրախութեան եւ համբերատարութեան ամուր սիւները։

Սեռականութիւնը հաստատուած եւ կարգաւորուած է մարդուն՝ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն ամուսնական սուրբ սիրոյն համար։ Սէրը սուրբ է, քանի որ ան աստուածատուր պարգեւ մըն է։

Ամուսնութեան մէջ ամուսիններուն՝ այր եւ կնոջ մարմնային մտերմութիւնը անոնց հոգեւոր հաղորդութեան նշան եւ գրաւական կը դառնայ։ Արդարեւ, մկրտեալներուն միջեւ, ամուսնութեան կապերը սրբացած են սուրբ խորհուրդով։ Սեռականութիւնը մի միայն կենսաբանական տուեալ մը չէ, ան կը շահագրգռէ նոյնինքն մարդկային անձը, իր ամենամտերիմ մասին մէջ։ Ան իսկապէս մարդավայել ձեւով տեղի կ՚ունենայ, երբ ան կազմիչ տարրը կը դառնայ այն սիրոյն՝ որուն մէջ այր-մարդը եւ կին-մարդը ամբողջովին յանձնառու կ՚ըլլան մին միւսին մինչեւ մահ։

Յիսուս շեշտը դրաւ սկզբնական դիտաւորութեան վրայ Արարչին, որ կ՚ուզէր որ ամուսնութիւնը ըլլայ անլուծանելի. (ՄԱՏԹ. Ե 31-32, ԺԹ 3-9), (ՄԱՐԿ. Ժ 9), (ՂՈՒԿ. ԺԶ 18), (Ա ԿՈՐՆ. Է 10-11)։ Ան չեղեալ կը նկատէ այն թոյլտուութիւնները, որոնք սպրդած են հին Օրէնքին մէջ. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 7-9)։ Ամուսնական կապին պահպանումով հանդերձ կատարուած ամոլներուն «բաժանում»ը կրնայ օրինաւոր ըլլալ կանոնական իրաւունքէն նախատեսուած որոշ պարագաներու մէջ։ Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի սապէս կ՚ըսէ այս մասին. «Եթէ ամուսինը, իր կնոջմէն բաժնուելէ ետք, կը մօտենայ ուրիշ կնոջ մը, ինքն ալ շնացող կը դառնայ, որովհետեւ այս կնոջ շնութիւն գործել կու տայ. եւ կինը որ կը բնակի անոր հետ, ինք եւս շնացող է, որովհետեւ ուրիշ կնոջ մը ամուսինը իրեն քաշեց»։

«Բազմակնութիւն»ը բոլորովին անհաշտ է բարոյական օրէնքին հետ։ Ան արմատականօրէն կը հակառակի ամուսնական հաղորդութեան, արդարեւ, ան կը դրժէ ուղղակի կերպով Աստուծոյ ծրագիրը, այնպէս ինչպէս որ ան յայտնուեցաւ մեզի սկիզբէն, ան ներհակ է անձնական եւ հաւասար արժանապատուութեան կին-մարդուն եւ այր-մարդուն, որոնք ամուսնութեան մէջ ամբողջական եւ անվերջ սիրով մը իրարու կը նուիրուին, սէր մը, որ իր այս հանգամանքով, միա՛կ է եւ ամբողջական։ Ահաւասի՛կ, այս կէտին, անգամ մը եւս իր կարեւորութիւնը ցոյց կու տայ սէրը, որ մարդկային զգացումներուն ամենէն ազնիւն է եւ կենսակա՛նը։

«Ազատ միութիւն»ը կամ ազատ կենակցութիւնը տեղի կ՚ունենայ, երբ այր-մարդ եւ կին-մարդ կը մերժեն տալ իրաւական եւ հանրային հանգամանք իրենց միութեան, որ իր մէջ կ՚ենթադրէ սեռային մտերմութիւնը։ Ազատ միութեան կամ կենակցութեան վիճակն ալ բոլորովին ներհակ է ամուսնութեան գաղափարին՝ որ ինքնին «խորհուրդ» մըն է։

«Ազատ միութիւն» ասոյթը ստապատիր է, այսինքն՝ խաբեբայակա՛ն. ի՞նչ կրնայ նշանակել «միութիւն» մը՝ որուն մէջ անձերը իրարու յանձնառու չեն դառնար եւ այսպէս կը ցուցաբերեն վստահութեան պակաս մը՝ միւսին հանդէպ, իրենք իրենց հանդէպ, կամ ապագային հանդէպ։ «Ազատ միութիւն» ասոյթը կը թաքցնէ տարբեր տարբեր կացութիւններ, ինչպէս՝ անպսակ կենակցութիւն, ամուսնութեան մերժում, երկար ժամանակի յանձնառութիւններով իրարու կապուելու անկարողութիւն, պատասխանատուութենէ խուսափում։ Այս բոլոր կացութիւնները կ՚անարգեն ամուսնութեան արժանապատուութիւնը. կը քանդեն նոյնինքն ընտանիքին գաղափարը. կը տկարացնեն հաւատարմութեան իմաստը։

Այսօր սովորական ըլլալ կը թուի կենակցութիւնը կամ «ազատ միութիւն»ը՝ որ ընկերային կեանքի համար լուրջ հարց մը ըլլալու բնոյթը ունի։ Ներկայ ըմբռնումով որքան ալ ազատամտութիւն համարուի «ազատ միութիւն»ը, անիկա կը սպառնայ աւանդական «ընտանիք»ի գաղափարին, որ իր հետ կը բերէ զանազան ընկերային հարցեր…։

Արդարեւ, «մարմնական միութիւն»ը բարոյապէս օրինաւոր է միա՛յն, երբ այր-մարդուն եւ կին-մարդուն միջեւ հաստատուած է «կեանքի վերջնական հասարակութիւն» մը։ Ամուսնանալու դիտաւորութիւն ունեցողներէն շատեր այսօր կը պահանջեն տեսակ մը «փորձի իրաւունք»։ Բայց մարդկային սէրը եւ ընդհանրապէս սէրը չի հանդուրժեր «փորձ»ը, քանի որ Աստուած սէր է եւ կարելի չէ՛ որեւէ կերպով փորձել զԱստուած։ Սէրը կը պահանջէ մտերմութիւն եւ անկեղծութիւն։ Իսկ մարմնական միութիւնը՝ ամբողջական եւ վերջնակա՛ն նուիրում մըն է անձերուն միջեւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 30, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2020