ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ԱՆՀԱՒԱՏՈՒԹԵԱՄԲ

Տարօրինակ բան է հայ ըլլալը. մանաւա՛նդ սփիւռքի՛ հայ ըլլալը, որովհետեւ ինչքա՛ն կ՚ուզենք նոյնանալ, այնքան ալ կ՚ուզենք տարբերիլ տեղացիէն՝ սակայն օտար չենք ուզեր կոչուիլ: Այդ իսկ պատճառով սփիւռքահայերու մօտ գոյութիւն ունի երկու տարբեր «մենք»եր. առաջինը մենք՝ որպէս հայութիւն՝ ամբողջութեան մէջ, եւ մենք՝ որպէս սփիւռքահայութիւն՝ տարբեր հաւաքական «մենք»էն:

Վերջերս ակամայ սփիւռքէն եկած անգրագէտ հայու մը աւելորդաբանութիւնները լսելու դատապարտուեցայ. «Այս ինչ հայեր են քա՜, մենք ալ հայ ենք՝ բայց ասանկ չենք: Կրնա՞յ ըլլալ մէկը հայ ըլլայ եւ մկրտուած չըլլայ. վրանին միւռոն չէ քսուած ըսելով այսպէս կը հոտին, վրանէն տեսակ մը հոտ կու գայ... ի՞նչ տեսակ հայ են ասոնք»: Ու այդտեղ հարցականի տակ կը սկսի դրուիլ երկու հայերու հայութիւնը. սփիւռքահայը հարցականով կը սկսի նայիլ տեղացի հայութեան, իսկ տեղացին օտարականի աչքով՝ սփիւռքէն ժամանած հայուն. հայը հայուն մի՛սը կ՚ուտէ ամէ՛ն օր:

Դրամին հակառակ կողմն ալ գոյութիւն ունի. անցեալները տեղացի մը երկու սփիւռքահայերու կ՚ըսէր. «Ես աւելի մաքուր հայ եմ, Երեւան ծնած եմ, իսկ դուք դուրսը». թէեւ օգտագործած օտար բառերը հարցականի տակ կը դնէին ըսածը...: Այդ օտարութիւնը աւելի կը զգաս, երբ կու գան եւ հարց կու տան ըսելով «ձեր մօտ...». մեր մօտը ո՞րն է հիմա, Հայաստա՞նը, թէ սփիւռքը: Ձերն ու մերը իրար անցած են հիմա ամէ՛ն տեղ:

Սկսինք առաջինէն.- այո՛, սփիւռքահայերուս համար յաճախ զարմանքի առարկայ է տեղացի հայերու երեխայ վիճակը, որովհետեւ մեր ազգային գաղափարականներուն համաձայն չմկրտուած եւ հայ եկեղեցւոյ միւռոնով չդրոշմուած հայ չի կրնար գոյութիւն ունենալ: Այդ զարմանքը անտեղի է. այդ մէկը կը նմանի զարմանալ ամբողջ կեանքը Երեւանի մէջ ապրած եւ երբեւէ կենդանի աչքերով ծով չտեսած անձի մը ծովի մասին ունեցած իր նեղ հասկացողութեան:

Եղեռնի ժամանակ եւ ապա Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն հոգեւոր-եկեղեցական կեանքը իր անկումը ապրեցաւ. 1920 թուականէն սկսեալ ամբողջ 70 տարի, Խորհրդային Հայաստանի մէջ ապրող մարդոց մէջ փորձեցին մեռցնել եկեղեցական, հոգեւոր եւ ծխային կեանքը եւ հաւատքի փոխարէն դպրոցի սկզբնական տարիներէն սկսեալ փորձեցին մարդոց մէջ ցանել Մարքս-Լենինեան «դաւանանք»ը: Այդ իրավիճակը աւելի յստակ կը դառնայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի կիրակի, 9 նոյեմբեր 1924-ին Մեղու գրչանունով ստորագրած հեղինակի «Իմ պատասխանս» խորագրեալ գրութեան հետեւեալ տողերը.-

«Դեռ երէկ հայ որբ մը Հայաստան գտնուող իր եղբօրմէն նամակ մը ստացած էր, որ կարդացուեցաւ վկաներու առջեւ եւ որուն մէջ սա տողերը կային. «Ես քեզի կրնամ հոս բերելու արտօնութիւն ձեռք ձգել, բայց նամակներուդ մէջ Ս. Գիրքի, Աստուծոյ խօսք մի՛ ըներ, հետդ ալ չպիտի բերես. հոս անանկ բաներ չկան, թէ ոչ լաւ է որ չգաս»:

Նամակին բովանդակութիւնը կու գայ ինքնին խօսելու այդ ժամանակներուն տիրած իրավիճակին մասին. հարազատ եղբայրը եղբօր կը յայտնէ, թէ Հայաստան գալու միակ միջոցը Ս. Գիրքն ու Աստուածը մոռնալն է, այլապէս աւելի նախընտրելի է օտարութեան մէջ ապրիլ՝ քան Հայրենիքի: Ու պատկերացուցէք ազգ մը ամբողջ տասնամեակներ ապրի նամակագիր եղբօր հոգեբանութեամբ ու սարսափով. վախը շատ անգամ հաւատքն ալ մոռցնել կու տայ մարդուն: Այդ հոգեվիճակը պատճառ կ՚ըլլար, որ մարդիկ կամ ընդհանրապէս ուրանային այդ բոլորը եւ կամ ընդյատակ ապրէին իրենց Քրիստոնէութիւնը, հեռու եկեղեցիէն ու հոգեւոր կեանքէն: Այդ իսկ պատճառով կը տեսնենք, թէ Խորհրդային Միութեան ժամանակ շատեր գերեզմաններ՝ խաչքարերու մօտ երթալով մոմավառութիւն կը կատարէին, հոգեւոր պահանջներու բաւարարութիւն տալու համար. մահաբոյր սպառնալիքները պատճառ կ՚ըլլային, որ մարդիկ իրենց զաւակը հեռու ձգեն մկրտութեան խորհուրդէն:

Արդէն գրեթէ եկեղեցիներն ալ չէին գործեր. օրինակ՝ 1705 թուականին Սիւնիքի մարզի Սուարանց գիւղի մէջ հիմնուած Հազարափրկիչ եկեղեցին խորհրդային տարիներուն պղծուելով վերածուած էր պահեստանոցի. հանուած էր բոլոր սրբութիւնները, մինչեւ իսկ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող տապանաքարերը: Նոյն ճակատագրին ենթարկուած էին բազմաթի՜ւ եկեղեցիներ:

Խորհրդային Միութեան անկումէն ետք Հայաստանի մէջ կը տիրէր թէ՛ մարմնական եւ թէ՛ հոգեւոր սնունդի սով, այդ իսկ պատճառով անկումէն անմիջապէս ետք Հայաստան մուտք գործեցին «հոգու որսորդ» միսիոնարներ, որոնք շատ անգամ օգտուելով մարդոց աղքատութենէն հացի եւ սնունդի դիմաց ծախու առին մարդոց արդէն իսկ գոյութիւն չունեցող հաւատքները: Այսօր պաշտօնական տուեալներով՝ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի պետութեան մօտ արձանագրուած 65 կրօնական կազմակերպութիւն:

Այնպէս ինչպէս վախը, աղքատութիւնը եւս հաւատքը աճուրդի կը հանէ եւ մարդու մէջ կը ստեղծէ «ուր հաց՝ հոն կաց» առածի կենդանացումը:

Խորհրդային Միութեան անկումէն տասնամեակներ ետք կարելի՞ է սրբագրել ու ուղղել այդ բոլորը։ Վստահաբար այո՛, սակայն շա՜տ ու շա՜տ դժուարութիւններով ու պայքարով:

Հայ ըլլալը մկրտուած ըլլալ կամ չըլլալու հետ աղերս չի կրնար ունենալ, որովհետեւ հայ է ան՝ որ ինքզինք հայ կը զգայ եւ երանի՜ անոր, որ այդ զգացումը իր դարաւոր եկեղեցւոյ հովանիին տակ կ՚ապրի:

Հայ ըլլալու համար ո՛չ մկրտուած ըլլալու եւ ո՛չ ալ Հայրենիքի մէջ ծնած ըլլալու պայմանը կրնայ գոյութիւն ունենալ. չէ՞ք կարծեր, որ Մոնթէ աւելի՛ հայ էր՝ քան Հայաստանի մէջ աշխարհ եկած բազմաթիւ հայեր, որոնցմէ շատեր օտար ափերու մէջ իրենց հայութիւնն անգամ առյաւէտ մոռցան ու կորսուեցան:

Բիւզանդ Եղիայեան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ազգի մը կրօնքը ամենէն հաւատարիմ ցուցիչն է իր նկարագրին եւ ճշտօրէն կը ցոլացնէ անոր ըմբռնումները կեանքի ու տիեզերքի մասին». ո՞րն է մեր նկարագիրը ցոլացնող կրօնքն ու հաւատքը. քաոսն հոն է արդէն:

Աշխարհի երեսին հայ ըլլալը ինչքա՛ն տարօրինակ, նոյնքա՛ն ալ դժուար է:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԵՐՕ ԽԱՆԶԱԴԵԱՆ
(1915-1998)

Մեր թուականէն 106 տարիներ առաջ՝ 3 դեկտեմբեր 1915-ին Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ ծնած է գրող, արձակագիր եւ Խորհրդային Հայաստանի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սերօ Խանզադեան:

Խանզադեան իր կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի մէջ եւ 1934 թուականին աւարտելէ ետք ուսումը՝ Տաթեւի եւ Խնածախ գիւղերու դպրոցներուն մէջ ստանձնած է ուսուցչութեան պաշտօն. 1941-1945 թուականներուն մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին:

Գրողի գրական կեանքը սկիզբ առած է 1934 թուականին իր առաջին պատմուածքով՝ «Չոր տափը», որ լոյս տեսած է Գորիսի «Կարմիր Զանգեզուր» թերթին մէջ, որուն յաջորդած է «Վահրամ Որոտնեցի» թատրերգութիւնն ու «Մեր գնդի մարդիկ» վէպը: Խանզադեան աւելի ճանաչողութիւն ստացած է իր երկհատոր «Հողը» վէպով (1954-1955), որուն յաջորդած է «Մխիթար Սպարապետ» նշանաւոր պատմավէպը: Արձակագիրը հեղինակ է բազմաթիւ պատմուածքներու. ինչպէս՝ «Կորած արահետները» (1964), «Քաջարան» (1965), «Այրուած տունը» (1969), «Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ» (1970), «Խօսէք Հայաստանի լեռներ» (1976) եւ բազմաթիւ ուրիշներ: Անոր գործերէն շատեր թարգմանուած են զանազան լեզուներով, իսկ «Այրուած տունը», «Լքուած հեքիաթների կիրճը» եւ «Մխիթար Սպարապետ» աշխատութիւնները վերածուած են ժապաւէններու:

Պատմուածքներու եւ արձակներու կողքին Խանզադեան հեղինակ է բազմաթիւ պատմական, գրական եւ լեզուական ուսումնասիրութիւններու:

Խանզադեան իր վաստակին շնորհիւ արժանացած է Հայրենական պատերազմի երկրորդ աստիճանի, կարմիր աստղի, կարմիր դրօշի, աշխատանքային կարմիր դրօշի եւ «Պատուոյ նշան» շքանշաններուն եւ Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի կոչումին. 1950 թուականին դարձած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, իսկ «Երեք տարի, 291 օր» աշխատութեան համար 1977 թուականին արժանացած է պետական մրցանակի դափնեկիրի կոչումին:

Խանզադեան մահացած է 26 յունիս, 1998-ին, Երեւանի մէջ եւ թաղուած Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2021