ՄԱՐԴԿԱՅՆԱԲԱՐ ԽՈՐՀԻԼ
Մարդկային իմաստութիւնը երբեմն կը հակասէ ճշմարիտ իմացականութեան եւ մարդս կ՚առաջնորդուի, կը հետամտի սխալ ճամբաներու՝ սխալ գաղափարներու։ Արդարեւ, մարդուս ամէն խորհածը, տեսնել կարծածը ճշմարտութիւն չէ, այլ խաբէութիւն։
Արդարեւ Պղատոն կ՚ըսէ, թէ մարդ կը տեսնէ միայն ճշմարտութեան ստուերը եւ այդ ստուերը ճշմարտութիւն կը կարծէ։ Այս կը նշանակէ, թէ մարդուս ամէն խորհածը, ինչ որ կարելի է համարել՝ մտաւոր աչքով տեսողութիւն, ճիշդ չէ՛։
Ուստի կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն միշտ իրաւացի ըլլալ, ճիշդ ըլլալ, բայց չարաչար կը սխալին, քանի որ անոնք կը յայտնեն միայն ենթակայական տեղեկութիւն մը եւ ո՛չ առարկայական իրողութիւն մը։ Այս իսկ պատճառով է, որ կ՚ըսուի, թէ առանց հաստատ գիտութեան՝ գաղափար չի գոյանար։ Մտածողութիւն, խորհուրդ պէտք է հիմնուած ըլլայ փաստուած եւ ընդունուած գիտելիքի վրայ, այլապէս կը մնայ միայն ենթակայական կարծիք, անհիմն տեսակէտ, ինչ որ ինքնախաբէութեան մէկ ձեւն է։ «Գիտնալ կարծել» տարբեր բան է, «իրապէ՛ս գիտնալ»՝ բոլորովին տարբե՛ր։
Մարդկայնաբար խորհիլ, մարդկային իմաստութեամբ շարժիլ՝ մարդս միշտ ճշմարտութեան չ՚առաջնորդեր, շեղումներ կ՚ըլլայ, սխալանքներու կ՚ենթարկուի մարդ շատ անգամ։ Մարդուս կամքը յաճախ չի յարմարիր, չի համապատասխաներ բնական օրէնքով հաստատուած ճշմարիտ «կամք»ին, որ կազմուած է աստուածային ընդհանուր ստեղծագործութեան պահէն սկսեալ «ծրագիր»ով մը՝ որ է Արարչին կամքը՝ ճշմարիտ, անսուտ եւ անշեղ, անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր կա՛մքը։ Աստուծոյ կա՛մքն է ասիկա, որուն եթէ չհամաձայնի մարդկային կամքը, անկատար կը մնայ։ Արդարեւ, մարդկային կամքին անկատարելի ըլլալը կը վերագրեն «ճակատագիր»ին՝ որ կերպով մը վերոյիշեալ «աստուածային ընդհանուր ստեղծագործութեամբ հաստատուած ծրագիր»ին՝ անձնական ձեւին մէկ արտայայտութիւնն է եւ այսպէս կերպով մը կը պատճառաբանեն, կ՚արդարացնեն մարդկային կամքին անկատարութիւնը։
«Ազատ կամք»ը կը կատարուի երբ համաձայն է աստուածային կամքին։ Մարդ խորհուրդ կ՚ունենայ եւ այդ խորհուրդը կամքի կը վերածուի, երբ Բնական Օրէնքին՝ Աստուծոյ կամքին կը պատշաճի, կը յարմարի։ Ուստի կ՚ըսուի, թէ մարդ կը ծրագրէ եւ Աստուած կը ծիծաղի, քանի որ առանց Իր կամքին անկարելի է իրագործել այդ ծրագիրը մարդուն համար։
Բայց հարցը սա է. աստուածային կամքը պէտք չէ շփոթել «ճակատագիր» անուանուած կարծիքին հետ, քանի որ խնդիրը՝ Աստուծոյ կամքին եւ մարդուս ազատ կամքին համաձայնութեան հարցն է։ Մարդուս ազատ կամքը իրեն կը բեռցնէ պատասխանատուութիւն եւ Աստուած, որ ամենատես է, կը տեսնէ եւ գիտէ կանխաբար, թէ՝ ի՛նչ է մարդուն կամքը եւ թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոր հետեւանքը մարդուն համար։ Ուստի երբեմն կը թողու, որ իրականանայ անոր արդիւնքը՝ որուն պատասխանատուն նոյնինքն մարդն է եւ երբեմն ալ, եթէ շատ մեծ վնասներու պատճառ պիտի ըլլայ մարդու կամքին իրականացումը, Աստուած կը միջամտէ եւ արգելք կ՚ըլլայ անոյ կատարմանը։
Աստուած իմաստութիւն է եւ իմաստութիւնը բանականութեամբ կը գործէ, այլապէս ասիկա բոլորովին անծանօթ «ճակատագիր» բառով ներկայացնել իմաստութեան ներհակ է։
Բոլորս, ամէն օր, գոնէ երկու կամ երեք անգամ կ՚արտասանենք Տէրունական աղօթքը, եւ կ՚ըսենք «Հայր մեր…»։ Այս ամէն օր կրկնած աղօթքին մէջ բացայայտօրէն կ՚ընդունինք, որ ո՛չ թէ մեր կամքը, այլ Աստուծոյ կամքը պիտի կատարուի. «Եղիցին կամք քո…»։ Ապա ուրեմն երբ մեր կամքը չի կատարուիր, ասիկա «ճակատագիր»ի հարց չէ, այլ Աստուծոյ կամքին անյարմարութեան, անհամաձայնութեան խնդիր։
Ուրեմն մարդ երբ որեւէ բան կ՚ուզէ, նախ պէտք է զայն պատշաճեցնէ Աստուծոյ կամքին եւ եթէ չի կատարուիր, հասկնալու է, թէ իր փափաքը հակառա՛կ է Անոր կամքին։ Աստուծոյ իմաստութիւնը՝ սիրով եւ բարութեամբ կ՚արտայայտուի, անոր մէջ ո՛չ սխալ, ո՛չ շեղում եւ ո՛չ իսկ վտանգ կայ, ստոյգ է եւ ճշմարիտ, ուրեմն մարդուս ի նպաստ է, իր օգտին համար է որ չկատարուին կարգ մը փափաքները եւ արդիւնք չտան իր կամքին մտադրութիւնները։
Եկէ՛ք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, մեր խորհրդածութիւնները վերջացնենք աստուածային իմաստութիւնը եւ մարդկային իմաստութիւնը համեմատող գեղեցիկ առակով մը։
Կը պատմուի, թէ՝ ժամանակին կար գիւղացի մը, որ կը մտածէր, թէ եթէ ի՛նք կարգաւորէր եղանակները, ամէն ինչ շատ աւելի լա՛ւ պիտի ըլլար։
Անիկա սապէս խորհեցաւ. «Ցորենը աւելի արագ կը հասուննար, հասկերուն մէջ ցորենը աւելի շատ կ՚ըլլար»։
Աստուած լսեց մարդուն միտքը եւ անոր ըսաւ.
«Քանի որ կը կարծես, թէ դուն աւելի լա՛ւ գիտես, թէ երբ ի՛նչ եղանակ պէտք է, ապա ուրեմն դուն ինքդ ստանձնէ այդ գործը»։
Գիւղացին շատ ուրախացաւ եւ գործի լծուեցաւ անմիջապէս։ Առաջին անգամ ան փափաքեցաւ ունենալ արեւոտ եղանակ։ Երբ հողը չորցաւ, այս անգամ ան ուզեց, որ գիշերը անձրեւ տեղայ։
Այդ տարի ցորենը ա՜յնքան լաւ աճեցաւ, որ երբեք չէր եղած։ Մարդիկ շատ ուրախացած էին այս եղելութեան պատճառով։ Իսկ գիւղացին կը մտածէր. «Հիանալի՜ է, այս տարի ամէն ինչ լաւ կ՚ընթանայ՝ թէ՛ եղանակը, թէ՛ բերքը։ Այսպիսի հասկեր ես երբեք չեմ տեսած նախապէս»։
Աշնան երբ դաշտը դեղնեցաւ, գիւղացին գնաց ցորենը հաւաքելու։ Սակայն, ի՜նչ հիասթափութիւն, ի՜նչ յուսախաբութիւն. հասկերը պարապ էին։ Անոր հնձանը միայն ծղօտով՝ բոյսի կոթերով լեցուն էր։ Գիւղացին յուսալքուած՝ սկսաւ տրտնջել եւ բողոք բարձրացնել Աստուծոյ, որ բերքը անպիտան, վատ էր, բանի չծառայող։
«Բայց դուն չէ՞իր որ պատուիրեցիր եւ ստանձնեցիր եղանակը կարգաւորել քու հայեցողութեամբ», պատասխանեց Արարիչ Աստուած։
«Այո՛», պատասխանեց գիւղացին եւ շարունակելով. «հերթով, իրերայաջորդ կերպով պատուիրեցի անձրեւ, արեւ՝ ա՛յնպէս ինչպէս որ պէտք է», ըսաւ գիւղացին։ «Սակայն չեմ հասկնար, թէ հասկերը ինչո՞ւ բոլորովին պարապ են»։
«Իսկ դուն մոռցար քամին՝ հովը եւ այդ պատճառով ալ ո՛չինչ ստացար որպէս բերք։ Հովը անհրաժե՛շտ է՝ փոշին մէկ հասկէն միւսը փոխադրելու համար։ Այդ ժամանակ միայն հատիկը կը բեղմնաւորուի եւ կը ստացուի լաւ, հասուն հասկ, իսկ առանց անոր բերք ձեռք ձգել կարելի չ՚ըլլար», պատասխանեց Արարիչն Աստուած։
Գիւղացին ամչցաւ եւ մտածեց. «Աւելի լա՛ւ է, որ Տէր Ատսուած կառավարէ եղանակը։ Այլապէս մենք մեր իմաստութեամբ՝ բնութեան մէջ ամէն ինչ կը խառնենք»։
(Առակը ռուսերէնէ թարգմանած է՝ Լարիսա Նաւասարդեան)։
Ուրեմն մարդ պէտք է գիտնա՛յ, թէ ինքնաբաւ չէ ինք եւ իր կարողութիւնը ունի չափ մը, կշիռ մը եւ սահման մը եւ չափաւորութիւնը ամենամեծ առաքինութի՛ւնն է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունուար 27, 2017, Իսթանպուլ