ԴԱՏԱՒՈՐԻ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահոց շրջանի կիրակիներուն հինգերո՛րդն է «Դատաւորի կիրակի»ն, ուր կը պատմուի այրի կնոջ մը հաստատակամութիւնը՝ համբերութիւնը եւ յարատեւութիւնը Ճաշու աւետարանին (ՂՈՒԿ. ԺԸ) մէջ։ Գլխաւոր երկու դէմքերն են՝ «Անիրաւ դատաւոր»ը եւ «Այրի կին»ը՝ որոնց մասին Յիսուս Քրիստոս կը խօսի ծանօթ առակով։

Այրի կին մը անիրաւութեան զոհ դարձած է, եւ կ՚ուզէ, որ դատաւորը իր դատը տեսնէ։ Թէպէտեւ դատաւորը երկար ժամանակ չ՚ուզեր դատը տեսնել, բայց եւ այնպէս կը մտածէ ինքն իրեն եւ կ՚ըսէ.- թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար եւ մարդոցմէ չեմ ամչնար, սակայն կինը զիս շատ յոգնեցուց իր անվհատ ու վճռական կեցուածքով, ուստի անոր դատը տեսնեմ որպէսզի ազատիմ իրմէ։

Այս առակով Քրիստոս կը բացատրէ, թէ Աստուած արդարութիւն կ՚ընէ անոնց, որոնք եթէ գիշեր-ցերեկ, յարատեւ եւ առանց ձանձրանալու, առանց յուսալքուելու աղօթեն։

Արդարեւ, մանաւանդ աղօթքի մասին, պէտք է նկատի ունենալ որ պարապ եւ անիմաստ կրկնութիւնները եւ շարունակ նոյն բանը ըսելը եւ յարատեւութիւնը բոլորովին տարբեր բաներ են։ Ուստի հարկ է զատել իրարմէ կրկնութիւնը եւ յարատեւութիւնը։ Յարատեւութիւնը կ՚ենթադրէ հաստատակամութիւն, նպատակի մը հասնելու համար վճռականութիւն եւ իմաստի գիտակցութիւն։ Իսկ անգիտակից կրկնութիւնը անիմաստ եւ մեքենայական՝ մտածումէ եւ զգայնութենէ զուրկ շարժում, որ ընդհանրապէս ձանձրոյթ կը պատճառէ եւ որեւէ արդիւնքի չի հասնիր։ Հաստատ կամքով, գիտակցօրէն կատարուած գործն է որ մարդս արդիւնքի մը կը հասցնէ՝ նախատեսուած եւ մտադրուա՛ծ։

Աղօթքը զուտ «պարտաւորութիւն» մը նկատել՝ ներհակ է աղօթքի բուն իմաստին եւ նպատակին, ուստի սխա՛լ է աղօթքը բոլորովին «պարտաւորութիւն» մը համարել։ Աղօթքը հոգեկան կրթութեան, հոգեկան ազնիւ մարզանքներու ուղղակի՛ հետեւանքն է, զգացումներու ինքնաբուխ, անկեղծ, բնական արտայայտութի՛ւնն է։ Ինչպէս որ լաւ, առողջ մարզուած մարմնի մը բնական արտադրութիւններն են կորով, գործունէութիւն, հաղորդականութիւն դէպի իր առո՛ղջ վիճակին համապատասխանող պայմաններ, այսպէս ալ հոգեկան առո՛ղջ եւ լաւ մարզուած վիճակի մը ուղիղ հետեւանքն է աղօթքը, որով աղօթողը կը հաւաստէ, թէ ինք վարժ է բարձրագոյն եւ ազնուագոյն մտածումներու, համ կ՚առնէ՝ կ՚ախորժի, հաճոյք կը զգայ մեծ խորհուրդներու հաղորդակցութենէն։

Ուրեմն ի՞նչ է աղօթքը.- հոգեկան այնպիսի «վիճակ» մը՝ ո՛ւր մարդը զերծ՝ զինք ընկճող ու քշող հոգերէ, շփումներէ, մտածումներէ, ազդեցութիւններէ, պահ մը կը վայելէ ինքնամփոփման եւ ներհայեցողութեան երանաւէտ վիճակը՝ կ՚անդրադառնայ իր կեանքին վրայ, իր յարաբերութիւններուն վրայ, եւ վրա՛յ շատ մը խնդիրներու, հարցերու՝ մտահոգութիւններու, որոնցմով կը զբաղի մարդ։

Արդ՝ այս բոլոր խնդիրներուն լուծումը, կամ քրիստոնէական մտքով, իրենց իշխանութեան, թագաւորութեան պատշաճեցումը, կը պահանջէ աշխատութիւն, ուշադրութիւն, յարատեւութի՛ւն։

Այս երեք պայմանները՝ աշխատութիւն, ուշադրութիւն եւ յարատեւութիւն, ինչպէս որ կարեւոր են որեւէ յաջողութեան համար, աղօթքի յաջողութեան համար եւս էակա՛ն են։

Աղօթքը, ուրեմն, ինչպէս որ կը հետեւի այս խորհրդածութիւններէն, սերտօրէն կապուած է հոգեւոր աշխարհի գործունէութեան հետ, մէկ խօսքով՝ հաւատքի հետ։ Եւ սա ստոյգ է, որ մեծ աղօթողներ հրաշալի՜ ընդունակութիւն մը ունեցած են բնութեան հետ վարուելու։ Չէ՞ որ մարդ, արդէն ստեղծուած է իշխելու համար բնութեան վրայ, երբ օժտուած է նաեւ «աղօթելու կարողութեամբ», ի՛նչ որ իրեն յատուկ կարողութիւն մըն է՝ որ կը նշանակէ իր Արարչին հետ ծանօթանալու եւ Անոր հետ յարաբերութիւն մշակելու առանձնաշնորհութի՛ւն։ Մարդ, աղօթելով, կրնայ շա՜տ վեր բարձրանալ հասարակ մահկանացուներու մակարդակէն, եւ իր բոլոր գործերը կը ստանան հրաշալի՜ հանգամանք մը։

Աղօթքը, կ՚ըսուի, որ քանի որ կապ չունի նիւթի հետ, ապա ուրեմն, ան չի կրնար փոխել բնութեան կարգն ու սարքը, հետեւաբար «աւելորդ է աղօթել»։

Իրա՛ւ է որ բնութեան կարգն ու սարքը չի փոխուիր անհատական աղօթքներով. ասիկա անվիճելի՛ է. բայց ինչ որ մարդ չի կրնար ընել, այդ չի նշանակեր թէ «Կարող» մըն ալ չի կրնար ընել զայն։ Արդարեւ, Սուրբ Գիրքը շատ մը փաստեր ունի այս մասին։ Սկիզբէն ի վեր աշխարհի վրայ կը տիրէ նիւթապաշտութիւն, բայց աշխարհ նիւթապաշտ չէ եղած բոլորովին։ Վերին իմացականութիւնը, որ կը վարէ բնութեան կարգն ու սարքը, կրնա՛յ հրաշք գործել՝ հաւատքով եւ աղօթքո՛վ։ Չէ՞ որ մարդուս համար կա՛յ անկարելի, բայց Աստուծոյ համար ամէն ինչ կարելի՛ է։

Ուստի աղօթքը իր առանձնական եւ ընդհանրական ձեւերով եւ կերպերով՝ նշանակելի եւ յատուկ տեղ մը բռնած է մարդկային կեանքին մէջ։

Երբ ոմանք կ՚ըսեն, թէ աղօթքը բնութեան կարգը եւ սարքը չի կրնար փոխել, անոնք նկատի չեն առներ սա իրողութիւնը՝ թէ բնութիւնը տեւական բարեփոխութեան մէջ է, տեւապէս կը նորոգուի, թէեւ էականը անփոփոխ կը մնայ, բայց այդ բարեփոխութիւնները շատ բան փոխած են եւ կը փոխեն բնութեան կարգ ու սարքին մէջ, եւ այս իրողութիւնը կը նշանակէ որ տակաւին վերջացած չէ աստուածային արարչագործութիւնը եւ ստեղծագործութիւնը՝ ան դէպի լաւագոյնը կը շարունակէ գործել։ Եւ ուրեմն, կը նշանակէ որ կարելի է փոխել կարգ մը բաներ՝ բարեփոխել զօրաւոր հաւատքով եւ յարատեւ աղօթքով։

Ուրեմն, ինքնամփոփումով, յարատեւութեամբ կատարուած աղօթքը անպայման կը գտնէ իր պատասխանը, բա՛ւ է որ մարդ գիտնայ աղօթել, յարատեւել աղօթքի մէջ, քանի որ ամէն ինչ ունի իր ժամանակը։ Այն որ կ՚ուզէ՝ պէտք չէ՛ մոռնայ աղօթել եւ պէտք է յարատեւէ աղօթելու մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 16, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 30, 2019