ՄԱՐԴՈՑ ՉԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԴԱՐՄԱՆԸ

Բժիշկ մը, որուն յանձնուած է բժշկել մահացու հիւանդութիւն մը, ունի իր առջեւ երկու ճամբայ. հիւանդութեան արտաքին նշաններուն նայիլ, եւ կամ, բուն իսկ հիւանդութեան դարման ընել։ Եթէ ընտրէ առաջին ճամբան, զոր օրինակ, տենդի մէջ՝ եթէ ջանայ հիւանդին միայն ծարաւը մարել, կամ կաթուածի մէջ՝ հիւանդին ջղային դրութիւնը ոգեւորել, կրնայ ըսուիլ, թէ դարմանը յարմարցուած է հիւանդին կարօտութիւններուն. քանի որ վերցուց կամ թեթեւցուց հիւանդութենէն յառաջ եկած քանի մը ցաւերը, բայց հաւանական չէ որ այնպիսի դարման մը կարենայ առողջացնել հիւանդը։

Ամենէն աղէկ կերպն է բուն հիւանդութեան դարման տանիլ. եւ բուն դեղը այն է, որ յարմար է հիւանդութիւնը վերցնելու։ Թէ դեղ մը հիւանդութեան մը յարմար եւ յատուկ դեղն է՝ չ՚ապացուցուիր մարդուս քմայքներուն ախորժելի, կամ հիւանդին զուարթութիւն տալու յարմար ըլլալէն, այլ՝ հիւանդութիւնը վերցնելէն, դարմանելէն, բժշկելէն եւ առողջութիւնը հաստատուն կերպով եւ միօրինակ յառաջ տանելէն։ Դեղին այս արդիւնքն է անոր յարմարութեան լաւ եւ փորձառական ապացոյցը. այդ կերպով կը տեսնուի, թէ ուղիղ էին բժիշկին քննութիւնը, ախտաճանաչումը, որոնցմով անշուշտ քաջալերուեցաւ ան գործածել այն դարմանը։

Աւետարանին համար եւս կարելի է նոյնպէս ըսել, այսինքն՝ Աւետարանին աստուածային ծագումը կը հաստատուի ո՛չ թէ մեզի զուարթութիւն տալէն կամ չտալէն, ոչ իսկ մեր ճաշակին ախորժելի գալէն կամ չգալէն, այլ՝ մեր հոգեւոր հիւանդութիւնը բժշկելէն եւ մեր հոգեւոր առողջութիւնը, այսինքն՝ մեր սրբութիւնը յառաջ բերելու յարմար ըլլալէն։

Որո՞նք են ուրեմն այն ապացոյցները, որոնց համար կը հաւատանք, թէ Աստուածաշունչը Աստուծմէ է։

Այս հարցումին պատասխանել դիւրին է։

Քրիստոնէութիւն եւ քրիստոնէական գիրքեր կան աւելի քան երկու հազար տարիէ ասդին։ Թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ՛ արտաքին մատենագիրներ միաբան կ՚ընդունին եւ կը հաստատեն զայն. քրիստոնէութեան հիմնադրին աշխարհ գալէն հարիւրաւոր տարիներ առաջ՝ անոր յատուկ նշանները եւ պատմութիւնը կանխաւ ըսուած էին արդէն այն սրբազան գիրքերու մէջ՝ զորս կ՚ընդունին հրեաները։

Երբ Ան երեւցաւ, յայտնուեցաւ, հրաշքներ գործեց հաստատելու համար, թէ Աստուծմէ ղրկուած էր։ Ուստի, իր առաքեալներուն եւս տուաւ նոյն կարողութիւնը։ Ան սորվեցուց ամենամաքուր բարոյականութիւն, եւ ըրաւ շա՜տ գուշակութիւններ՝ որոնք կատարուեցան եւ թէ տակաւին կը կատարուին։ Կրօնական դրութիւնը, որ առաքեալներ եւ հրէութենէ եւ հեթանոսութենէ դարձող քրիստոնեաներ մանկութենէ ի վեր սորված էին՝ հակառա՛կ էին Աւետարանի վարդապետութիւններուն, բայց եւ այնպէս, անոնք ընդունեցին այն վարդապետութիւնները։

Այս վարդապետութիւնները կը փոխէին բնաւորութիւնը այն մարդոց, որոնք զանոնք կ՚ընդունէին, զգօնացնելով հին բիրտ ազգերը եւ ժողովուրդները՝ կը քաղաքակրթէին զանոնք, վերջապէս այս վարդապետութիւններուն ազդեցութիւնը մարդկային ազգին պատմութեան մէջ, ամէն տեղ, վերջին աստիճան զօրութիւն ունեցաւ։

Այսպէս այս վարդապետութիւնները ոչ միայն քարոզուեցան իբրեւ Աստուծմէ տրուած վարդապետութիւններ, հապա նաեւ անհամար վկայութիւններով հաստատուեցան, թէ Աստուծմէ տրուած են։ Ուստի պէտք է, որ մենք եւ կա՛մ զանոնք ընդունինք իբրեւ արդար եւ Աստուծմէ տրուած, եւ կա՛մ զանոնք համարինք վերջին աստիճան սքանչելի եւ բարերար խաբէութի՛ւն։ Բայց թող որ բարերար խաբէութիւնը հակասութիւն է. խաբէութեան հետքն անգամ չի տեսնուիր Աւետարանի պատմութեան մէջ, մանաւանդ անոր վարդապետութիւնները ընդունողները իրենց մէջ աւելի վկայութիւն ունին, թէ Աստուծմէ են անոնք եւ կրնան իրենց փորձառութեամբ ըսել.

«Գիտենք որ Աստուծոյ Որդին եկաւ, ու մեզի միտք տուաւ, որ ճշմարիտը ճանչնանք եւ ան ճշմարիտին մէջն ենք՝ իր Որդւոյն Յիսուս Քրիստոսի մէջ. ասիկա է ճշմարիտ Աստուած ու յաւիտենական կեանք». (Ա ՅՈՎՀ. Ե 20)։

Ո՛չ այս իրողութիւնները գաղտնի եւ ծածուկ են եւ ո՛չ այս ապացոյցները՝ դժուարիմաց. ամէն մարդ, ամենէն տկարը եւ անկարողն անգամ, կրնայ զգալ եւ հասկնալ այս բոլորը։

Այս փաստերէն որեւէ մին բաւական է համոզելու այնպիսիները, որոնք անկեղծութեամբ կը փնտռեն ճշմարտութիւնը, որովհետեւ այսպէս հրաշքներու եւ մարգարէութիւններու վրայ հիմնուած կամ այսպիսի սրբութիւն եւ սէր յառաջ բերող ուրիշ կրօնական կամ բարոյագիտական դրութիւն չկայ, ապա ուրեմն բոլոր փաստ եւ ապացոյցները միանգամայն ո՛րչափ աւելի համոզիչ եւ յաղթահարիչ ըլլալու են։

Արդարեւ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը, ի՛նք կեանքն իսկ կը վկայեն, թէ Հին եւ Նոր կտակարանները՝ Ս. Գիրքը գրուած է աստուածային ներշնչութեամբ, եւ որ կը նշանակէ՝ Աստուծոյ մասնաւոր օգնութեամբ եւ Անոր աստուածային առաջնորդութեա՛մբ։ Ուստի, կեանքը, որ կ՚ապրինք, ամէն պահ լեցուն է աստուածային յայտնութեան կենդանի ապրումներով։ Երանի՜ անոնց, որ կ՚անդրադառնան, կը զգան եւ կ՚ապրին այդ յայտնութիւնները, քանի որ Աստուած մի՛շտ մեզի հետ է՝ մեզի մեզմէ աւելի՛ մօտ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 26, 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 30, 2023