ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԻ ՀՐԱՇԱԼԻՔԸ

«Գոհութի՜ւն քեզի, Տէ՛ր Յիսուս Քրիստոս, անհաշուելի, անիմանալի եւ անպատմելի պարգեւներուդ համար, որոնք տուիր եւ միշտ կու տաս մեզի՝ մեր կամեցածէն եւ մեր գիտցածէն աւելի։ Քու Սուրբ Հոգիդ պարգեւէ մեզի, որպէսզի մեզ դուրս բերէ մարմնաւոր թանձր մտածողութեան կապանքներէն եւ սահմանափակութիւններէն, եւ հոգեւոր կատարելութեան բարձրացնէ մեր միտքերը, բանալով իմանալի եւ երկնային իմաստութեան ճոխ գանձերուդ ակնաղբիւրը։ Տո՛ւր որ գէթ չափով մը հասկնանք աստուածային քու կամքդ եւ անհունօրէն իմաստուն տնօրինութիւններդ, որ աշխարհին յայտնեցիր քու խաչովդ՝ որ գայթակղութիւն է հրէամիտներուն եւ յիմարութիւն՝ հեթանոսամիտներուն, բայց որ մենք ճանչցանք եւ կը դաւանինք իբրեւ Աստուծոյ իմաստութիւնը եւ մեզի արդարութիւն, սրբութիւն եւ փրկութիւն պարգեւող Կեանքի ծառը։ Փա՜ռք կենարար սուրբ Խաչիդ, Տէ՛ր»։ (Ուխտաւորին Աղօթագիրքը)։

«Սուրբ Հոգի». այս է յատուկ անունը Անոր զոր մենք կը պաշտենք եւ Հօր եւ Որդիին հետ կը փառաւորենք։ Եկեղեցին զԻնք Տիրոջմէ ստացաւ եւ զԻնք կը դաւանի իր նոր զաւակներուն մկրտութեան ատեն։ (ՄԱՏԹ. ԻԸ 19)։

«Հոգի» բառը կը թարգմանուի եբրայեցերէն «Ռուահ» բառով, որ իր առաջին իմաստով կը նշանակէ «շունչ», «օդ», «հով»։ Յիսուս արդարեւ կ՚օգտագործէ հովին շօշափելի պատկերը թելադրելու համար Նիկոդեմոսին «Աստուծոյ անձնական Շունչը» եղող աստուածային Հոգիին վերանցական նորութիւնը։ (ՅՈՎՀ. Գ 5-8)։ Միւս կողմէն, «Հոգի» եւ «Սուրբ» բառերը՝ աստուածային ստորոգելիներ են, որոնք հասարակաց են աստուածային երեք Անձերուն՝ համափառ, յաւերժակից, զուգահաւասար։ «Հոգի» եւ «Սուրբ» բառերը իրարու միացնելով, կը նշանակեն անպատում Անձը Սուրբ Հոգիին, «հոգի» եւ «սուրբ» բառերուն միւս կիրարկումներուն հետ առանց հնարաւոր շփոթումի։

Յիսուս երբ Սուրբ Հոգիին գալուստը կ՚աւետէ եւ կը խոստանայ, զԻնք կը կոչէ, տառացիօրէն՝ «Ան որ մօտը կանչուած է» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 16, 26, ԺԵ 26, ԺԶ 7)։ Սովորաբար թարգմանուած եւ գործածուած է «Մխիթարիչ» բառը. «փարիկորօ»։ Առաջին Մխիթարիչը Յիսուս ըլլալով (Ա ՅՈՎՀ. Բ 1), Տէրը Սուրբ Հոգին «Ճշմարտութեան Հոգին» կը կոչէ. (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։ Արդարեւ Սուրբ Հոգին «Մխիթարիչ» է եւ «Վերանորոգիչ»։ Բացի իր յատուկ անունէն, որ ամենէն աւելի գործածուած է Առաքեալներուն Գործերուն եւ Թուղթերուն մէջ, Պօղոս առաքեալի մօտ կը գտնենք հետեւեալ կոչումները. «Հոգին Խոստումին» (ԵՓՍ. Ա 13), (ԳԱՂ. Գ 14), «Հոգին Որդեգրութեան» (ՀՌՈՄ. Ը 15), (ԳԱՂ. Դ 6), «Հոգին Քրիստոսի» (ՀՌՈՄ. Ը 9), «Հոգին Տիրոջ» (Բ ԿՈՐ. Գ 17), «Հոգին Աստուծոյ» (ՀՌՈՄ. Ը 9, 14-15, 18-23), (Ա ԿՈՐ. Զ 11, Է 40)։ Իսկ Պետրոս առաքեալի Ընդհանրական Առաջին Նամակին մէջ՝ «Հոգին փառքի» (Ա ՊԵՏ. Դ 14)։ Սուրբ Հոգիին խորհրդանիշներն են. ջուրը, օծումը, հուրը, ամպը եւ լոյսը, կնիքը, ձեռքը, մատը, աղաւնին։ Սկիզբէն մինչեւ «Ժամանակներու լրումը» Բանին եւ Հօր Հոգիին զուգակից առաքելութիւնը կը մնայ «թաքնուած», սակայն գործօն։ Աստուծոյ Հոգին կը պատրաստէ Մեսիային ժամանակը, ուր թէ՛ Մին, թէ՛ Միւսը, թէեւ տակաւին լիովին չեն յայտնուած, սակայն արդէն իսկ «խոստացուած» են, որպէսզի մարդիկ Անոնց սպասեն եւ Անոնց յայտնուելուն ժամանակ զԱնոնք ընդունին։

Հոգեգալուստ կամ «Պենտեկոստէ», Յարութեան տօնախմբման շրջանին լրումն է, որ կը կատարուի Յինանց յիսներորդ օրուան կիրակին, ի յիշատակ Սուրբ Հոգիին առաքեալներու դասուն վրայ իջման։

Վերնատան մէջ, կը հաստատուի քրիստոնէական Եկեղեցին՝ լեզուներու շնորհներու եւ զօրութիւններու բաշխումով։ Հոգեգալստեան տօնը նախապէս մէկ օր միայն կը կատարուէր, եւ յաջորդ եօթնեակը յատկացուած էր Եղիական պահոց։ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի, ԺԲ դարուն, տնօրինեց որ ամբողջ եօթնեակը, այսինքն Հոգեգալստեան տօնին յաջորդող եօթը օրերը յատկացուին Հոգեգալստեան տօնին եւ ամբողջ եօթնեակի ընթացքին տօնուի Հոգեգալուստը, պահելով հանդերձ պահեցողութեան կանոնը։ Արդարեւ Զատկին յիսներորդ օրը Հրէից համար տօն էր Սինէական օրէնքներու տուչութեան. իսկ Քրիստոնեաներու համար եղաւ Հոգեգալստեան տօն, այսինքն Սուրբ Հոգիին Գալստեան տօն։ Ուստի Քրիստոս Վերջին Ընթրիքին ատեն առաքեալներուն խոստացաւ ղրկել Սուրբ Հոգին (ՅՈՎՀ. ԺԶ 71), եւ Համբարձման օրն ալ հրամայեց Երուսաղէմի մէջ սպասել մինչեւ Սուրբ Հոգին ընդունին (ՂՈՒԿ. ԻԴ 49), ինչ որ կատարուեցաւ Զատկին յիսուն օրերը լրանալէն ետքը (ԳՈՐԾ. Բ 4)։

Առաքեալներ երբ ըստ սովորութեան հաւաքուած էին Վերնատան մէջ, յանկարծ հնչիւն մը լսուեցաւ եւ հրեղէն լեզուներ նկատուեցան եւ առաքեալներ սկսան այլ լեզուներով խօսիլ՝ որոնք նախապէս բոլորովին անծանօթ էին իրենց։ Այդպիսով աստուածային առատ շնորհներու պարգեւներ ստացան Վերնատան մէջ հաւաքուած առաքեալները եւ բոլոր աշակերտները։

Մարդիկ, որ Պենտեկոստէի տօնի առթիւ ուխտաւորաբար հաւաքուած էին Երուսաղէմ քաղաքը, ահեղագոչ հովի ձայնը լսելով շուտով եկան այն վայրը՝ ուրտեղէն այդ ձայնը կը լսուէր։ Եւ տեսան այնտեղ գալիլիացի պարզունակ, համեստ ձկնորսներու վիճակը, որ կը խօսէին տարբեր լեզուներ։ Մարդիկ զարմացան, ոմանք ալ կը խորհէին, թէ անոնք գինով են։ Բայց հրաշք էր պատահած՝ Սուրբ Հոգիին շնորհիւ առաքեալներուն ամէն մէկը տարբեր լեզու խօսիլ սկսած էր։ Բնականաբար մեր կեանքին մէջ չի պատահիր այն՝ ինչ որ ոմանք կը խորհէին, թէ առաքեալները գինով էին, քանի որ գինով մէկը չի կրնար խօսիլ լեզու մը՝ որ նախապէս չէ սորված եւ չէ գործածած երբեք։

Յիսուսէ մօտաւորապէս հինգ դար առաջ Յովէլ մարգարէ, մարգարէանալով կ՚ըսէր. «Ձեր որդիները երկնային առատ շնորհ պիտի ստանան, անոնց լեզուները պիտի բացուին եւ պիտի խօսին տարբեր տարբեր լեզուներով, անոնք մարգարէանալու շնորհ պիտի ստանան, անոնք երազներ եւ տեսիլներ պիտի տեսնեն»։ Եւ իսկապէս, Յովէլ մարգարէի խօսքերը իրականացան։ Պենտեկոստէի այդ օրը Վերնատան առաքեալները եւ Յիսուսի բոլոր հետեւորդները երկնային շնորհներով զարդարուեցան։

Եւ այդ օրուընէ մինչեւ այսօր առաքելական յաջորդականութեամբ աստուածային շնորհները՝ մեր եկեղեցիներու խորաններէն։ Եպիսկոպոսներու, վարդապետներու, քահանաներու միջոցով մեր ժողովուրդի վրայ աստուածային այդ շնորհները կ՚իջնեն մինչեւ այսօր՝ օժտելով բոլորս երկնային անսպառ ուժով եւ զօրութեամբ, կը հարստացնեն մեզ մարդասիրութեան, զոհողութեան եւ ծառայասիրութեան առաքինութիւններով։

Եւ ահաւասիկ, Հոգեգալստեան տօնը առի՛թ մըն է անդրադառնալու անգամ մը եւս, թէ ան պարզապէս պատմական դէպք մը չէ, այլ ամէն մէկուն կեանքին մէջ ապրուած իրականութի՛ւն մը, ամէն շրջանի, ամէն ժամանակ, ներկայիս եւ ապագային եւ ո՛չ միայն անցեալին, ո՛չ միայն Վերնատան մէջ, այլ ամէնուրեք ամէն մարդու պատահելու, իրականանալու իրադարձութիւն մը։ Ո՛չ ոք կրնայ ըսել, թէ իրեն չի պատահիր նման դէպք մը, միշտ կարելի՛ է մարդուս համար ապրիլ իր անձնական Հոգեգալուստը։ Բայց այդ իրականութեան պէտք է հաւատայ մարդ եւ անդրադառնայ Սուրբ Հոգիին գալստեան իր հոգիէն ներս։

Ո՜վ գիտէ, կարելի է սա պահուս մուտք է գործած Սուրբ Հոգին մեր հոգիներուն մէջ, պատրա՛ստ ըլլանք զԱյն դիմաւորելու եւ լեցուելու, զօրանալու Սուրբ Հոգիի շնորհներով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 23, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 30, 2020