ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ՀԱՍԱՐԱԿԱՑ ՄԻՏՔ

Մշակոյթ, իր ամենալայն առումով կը նշանակէ՝ ժողովուրդի մը մտաւոր եւ հոգեկան զարգացումը. այն ինչ որ դարերու ընթացքին հաւաքուած է՝ անոնց ամբողջութիւնը եւ աւանդութեան վերածուած մտային, զգացական, գիտական պաշարները։

Արդարեւ, մշակոյթը սերունդէ սերունդ փոխանցուող եւ հետզհետէ աճող, զարգացող արժէքներ են, որոնք ընդհանրապէս կը բնորոշեն պատկան հաւաքականութեան, ժողովուրդին եւ ազգին ինքնութիւնը։ Եւ այս իմաստով, մշակոյթը, ժողովուրդի մը, ազգի մը ինքնութի՛ւնն է։ Մշակոյթը քաղաքակրթութեան ընդհանուր յառաջացման մէջ կարեւոր հանգրուաններ եւ անկիւնադարձեր կը պատրաստէ։

Իւրաքանչիւր ժողովուրդի եւ ազգի մշակոյթը միանալով կը կազմեն մարդկութեան ընդհանուր մշակոյթը։ Մշակոյթը, այս իմաստով մարդկութեան հասարակաց մտքին եւ զգացումին հասարակաց մէկ արտադրութիւնն է, եւ հոն ուր «մարդ» կայ, հոն կայ նաեւ մշակո՛յթ։ Եւ քանի որ մարդը ընկերային էակ մըն է, մշակոյթն ալ հասարակաց միտք եւ զգացում է։ Մշակոյթը՝ մարդուն բանաւոր եւ հոգեւոր էակ մը ըլլալուն բնական մէկ հետեւանքն է, քանի որ մարդ կը մտածէ եւ կը զգայ, եւ իր մտածածները եւ զգացածները անպայման պէտք է ունենան արդի՛ւնք մը, պէտք է արտադրեն մտային եւ հոգեւոր արժէքներ։

Մշակոյթը, որովհետեւ հասարակութեան մէջ կ՚աճի եւ հասարակութեան կը պատկանի ի վերջոյ, հասարակաց բարիքը կը պահանջէ նոյնինքն հասարակութեան ընկերային բարեկեցութիւնը եւ բարգաւաճումը։ Բարգաւաճումը համառօտումն է ընկերային բոլոր պարտականութիւններուն։ Ճիշդ է, որ իշխանութեան անկ է հասարակաց բարիքին անունով «իրաւարար» կանգնիլ, անհատական տարբեր շահերու միջեւ, բայց ան պէտք է իւրաքանչիւրին մատչելի դարձնէ ամէն ինչ, որուն ան պէտք ունի՝ ճշմարտապէ՛ս մարդկային կեանք մը ապրելու համար. սնունդ, զգեստ, առողջութիւն, աշխատանք, կրթութիւն եւ անպայման մշակո՛յթ։

Ազատութիւնը՝ մարդ էակին հիմնական իրաւունքն է. բայց ազատութեան կիրարկումը չի պարունակեր իրաւունքը ամէն ինչ ըսելու եւ ընելու ամէն բան։ Սխա՛լ է յաւակնիլ, թէ «ազատութեան ենթակայ մարդը» ինքնաբաւ է, թէ իբրեւ նպատակ ունի գոհացնել իր անձնական շահը՝ երկրաւոր բարիքներու վայելքին մէջ։ Այլուստ, տնտեսական, ընկերային, քաղաքական եւ մշակութային պայմանները, որոնք կը պահանջուին ազատութեան ուղիղ գործածութեան համար, շատ անգամ անտեսուած, անգիտացուած են եւ բռնաբարուած։

Կուրացումի, թերեւս անտարբերութեան եւ անարդարութեան այս կացութիւնները կը ճնշեն բարոյական կեանքին վրայ եւ թէ՛ զօրաւորները եւ թէ՛ տկարները ընդդէմ սիրոյն մեղանչելու փորձութեան մէջ կը ձգեն։ Շեղելով բարոյական օրէնքէն, մարդ վնաս կը հասցնէ իր իսկ ազատութեան, ինքզինք կը կաշկանդէ, կը խզէ եղբայրութիւնը, մտերմութիւնը իր նմաններուն հետ եւ կ՚ըմբոստանայ աստուածային ճշմարտութեան դէմ։

Ժողովուրդը կազմող անհատներ պարտին որքան կարելի է գործօն մասնակցութիւն բերել հանրային կեանքին։ Այս մասնակցութեան եղանակները կրնան տարբերիլ մէկ երկրէն միւսը, կամ մէկ մշակոյթէն միւսը։ Արդարեւ, մասնակցութիւնը սկիզբ կ՚առնէ դաստիարակութեամբ եւ մշակոյթով։ Այս իրողութիւնն ալ ցոյց կու տայ՝ թէ մշակոյթը ընդհանուր նկարագիրն է ժողովուրդի մը, եւ կարելի է իրաւացիօրէն մտածել, թէ ապագան մշակոյթի եւ անոր համընթաց ընդհանուր դաստիարակութեան ձեռքերուն մէջն է, որոնք կրնան վաղուան սերունդերուն ապրելու եւ յուսալու պատճառներ ներշնչել։

Աստուծոյ ճանաչումը աճեցնել եւ անձին ինքնաճանաչումը՝ կատարելագործել՝ հիմնաքարն է մարդկային ընկերութեան կատարեալ ամէն զարգացումի։ Ասիկա կը բազմացնէ նիւթական բարիքները եւ կը դնէ զանոնք ի սպաս անձին եւ անոր ազատութեա՛ն։ Կը նուազեցնէ թշուառութիւնը եւ տնտեսական շահագործումը, կ՚աճեցնէ մշակութային ինքնութիւններու յարգանքը եւ բացուածութիւնը դէպի վերանցականութիւնը։

Մշակութային կեանքը մշակել պէտք է, ինչպէս եւ ընտանեկան, ընկերային եւ կրօնական կեանքը։ Եւ ինչպէս որ Աստուած «եօթներորդ օրը հանգչեցաւ Իր կատարած ամէն գործէն ետք» (ԾՆՆԴ. Բ 2), մարդուն կեանքն ալ կշռոյթուած եւ չափաւորուած է աշխատանքով եւ հանգիստով։ «Տիրոջ Օրուան» հաստատումը կը նպաստէ մարդոց, որ կարենան հանգիստի եւ ժամանցի բաւարար ժամանակ վայելել, ինչ որ թոյլ կու տայ անոնց իրենց ընտանեկան, ընկերային, կրօնական ե՛ւ մշակութային կեանքը մշակել։ Ուստի մշակոյթը ամէն սերունդի, իր նախկին սերունդէն փոխանցուած արժէք մը, հարստութիւն մըն է եւ զայն ընդունած իւրաքանչիւր սերունդ պարտաւոր եւ պատասխանատո՛ւ է այդ հարստութիւնը աւելի ճոխացնե՛լով փոխանցելու յաջորդ սերունդներուն։ Եւ ահաւասի՛կ, այսպէս կը զարգանայ եւ կը հարստանայ մշակոյթ մը։

«Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոնէ սուրբ ժամանցը, իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

«Մշակոյթի հոգին՝ հոգւոյ մշակոյթն է», կ՚ըսէ գերման մշակոյթի ռահվիրաներէն մին՝ Եոհան Վոլֆկանկ ֆոն Կէօթէ։ Ազգ մը, ժողովուրդ մը որ գիտէ գնահատել թէ՛ արժէք եւ թէ արժանիք, այն հաւաքականութիւնը, որ կը ձգտի ազնիւ գաղափարականներու իրագործումին, որ կը դիմէ բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարիտին միայն, կ՚ըսուի, թէ մշակոյթ ունի։ Եւ անշուշտ պէտք է բաժնուի, տարածուի մշակոյթը, քանի որ ան հասարակաց է եւ կը պատկանի ամբողջ մարդկութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 28, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 30, 2020