Ի՞ՆՉՆ Է ՈՐ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԵՆՔ

Շատ անգամ մարդիկ կ՚ընդվզին, որ յաճախ ժխտական երեւոյթներու դէմ յօդուածներ կը խմբագրենք եւ այդ մէկը անախորժ կը թուի շատերու համար, որոնց համար գուցէ ազգի խնդիրներն ու հարցերը լուծուած ըլլան:

Ցաւ ի սիրտ, մեր իրականութեան մէջ շատ անգամ մարդիկ չեն կրնար զանազանութիւն դնել քննադատութեան եւ ատելութեան միջեւ, որոնք էութեամբ ամբողջովին տարբեր իրականութիւններ են: Ժողովուրդի մտածողութեան մէջ նոյնացած են քննադատութիւնն ու ատելութիւնը, որովհետեւ ներկայիս կ՚ապրինք այն հոգեբանութեամբ, որ եթէ մեզմէ չէ՝ պէտք է քննադատել՝ նոյնիսկ եթէ հակառակորդէն գրաւուած հողերը ազատագրէ:

Մեր թուականէն 108 տարիներ առաջ՝ 1913 թուականին Բերայի Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցած եւ Էսաեան սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» թատերախաղի վերլուծութեան ասուլիսներու ընթացքին հրապարակախօս եւ խմբագիր Գարեգին Խաժակ բացման խօսքին մէջ կ՚ըսէ. «Բաւ է որ լսողը հասկնայ, թէ հեղինակը ստորնացնելու համար չէ որ կ՚ըսենք թոյլ ու թերի կողմերը. բաւ է որ քննադատուողը ըմբռնէ, թէ բարեկամաբար կը քննադատուի եւ ոչ թէ թշնամաբար»:

Հաւանաբար շատեր մտածեն. բարեկամաբար քննադատել կ՚ըլլա՞յ. այո՛, որովհետեւ քննադատելը ուրիշ բան չէ՝ քան անձնական կարծիք յայտնել, իսկ երբ այդ մէկը դիմացինը ստորնացնելու եւ նուաստացնելու համար կը կատարուի՝ արդէն իսկ կը վերածուի ատելութեան ու հակառակութեան՝ ամբողջապէս գրականութիւն ըլլալէ դուրս գալով:

Մենք միշտ ատելութեամբ ու ոխով կը լեցուինք մեր այս կամ այն գործը, գրութիւնը եւ կամ արարքը քննադատողներուն հանդէպ՝ առանց երբեւէ մտածելու անոր ճիշդ ըլլալու հնարաւորութեան մասին, որովհետեւ մեր ուղեղը ինքնաբերաբար կ՚ունենայ այն հակազդեցութիւնը, որ մեզ կը քննադատէ կա՛մ որովհետեւ չի սիրեր մեզ եւ կամ կը նախանձի, այլապէս պիտի չքննադատէր:

Հարց. եթէ պարզապէս կը սիրենք ըսելով թերութիւններուն եւ կամ բոյն դրած ախտերուն մասին չխօսինք, չի՞ վերածուիր քծնանքի ու շողոքորթութեան...

Ֆրանսացի գրող Սենթ Պէօվ կ՚ըսէ. «Քննադատութիւնը՝ անկարողներուն կարողութիւնն է», անկարողութիւն՝ որովհետեւ ատելութեան որպէս զէնք կը գործածուի այդ մէկը: Այսպէս. եթէ ես այսօր իշխանութեան ղեկավար դառնալու թեկնածու եմ եւ յաղթուած դուրս եկայ, անկարողութիւնս պիտի սքօղեմ քննադատութեամբ:

Տակաւին գոյութիւն ունի ընդհանրացած աւելի նուաստ հոգեբանութիւն մը. գրութիւն մը կարդալ, ձեռնարկի մը ներկայ գտնուիլ, մասնակցութիւն բերել հաւաքներու՝ պարզապէս քննադատելու բան մը գտնելու սիրոյն: Եւ այսօր շատե՜ր այդ հոգեբանութեամբ կը կարդան մեր յօդուածները, գաղափարական գետնի վրայ հակառակիլ չկարենալու պարագային լալկանութիւն կոչելով զայն:

Ֆրանսահայ գրող Վազգէն Շուշանեան Շահան Շահնուրի աշխատութիւնը քննադատած իր «Մարդ մը, որ Արարատ չունի նր հոգւոյն խորը» աշխատութեան մէջ հետեւեալ ձեւով կը բնորոշէ քննադատութիւնը. «Կը ցանկամ, որ հայ ընթերցողը ազատի այլեւս այս վնասակար նախապաշարումէն.- հիւանդին պէտք է խնայել, նոյնիսկ երբ ան կը վնասէ: Ո՛չ, բնաւ: Վասնզի ճշմարտութեամբ կ՚ըսեմ, ո՛չ մէկ հիւանդ իրաւունք ունի հաւաքականութեան վնասելու: Ու հաւաքականութիւն մը որ չի գիտեր տարափոխիկ հիւանդութիւնները չէզոքացնել, կը դաւաճանէ իր առողջութեան» (անդ՝ էջ 10):

Այդ նախապաշարումը մենք ամէ՛ն օր կը գործենք՝ այս կամ այն անձին կամ կազմակերպութեան հաճոյ թուելու սիրոյն, արտօնելով հիւանդութեանց տարածումը:

Իսկ մենք ի՞նչ բանը կը քննադատենք... ըսե՛մ:

Եկեղեցւոյ, հոգեւոր կեանքի եւ կամ հոգեւորականաց մասին խօսելով մենք ո՛չ եկեղեցին եւ ո՛չ հոգեւորականը կը քննադատենք կամ կը նուաստացնենք, այլ անոնց գործած այս կամ այն արարքը կը վերլուծենք՝ անոր մասին յայտնելով մեր կարծիքը: Կուսակցութեանց կատարած ո՛չ յաջող գործունէութիւն մը մատնանշելով կուսակցութեան հանդէպ մեր ատելութիւնը եւ կամ հակառակութիւնը չէ՛ որ երեւան կը հանենք: Խօսելով սխալ երեւոյթներու մասին, լեզուի նահանջի մասին՝ հայ մարդու ինքնութիւնը չէ՛ որ կը վարկաբեկենք, այլ մեր անձնական կարծիքը կը յայտնենք՝ որ նոյնպէս կրնայ ճիշդ չըլլալ եւ իր կարգին ենթակայ ըլլալ քննադատութեան:

Ցաւ ի սիրտ վերջին շրջանին մէջ շատցան այն մարդոց թիւը, որոնք առանց գիտնալու քննադատութեան ինչութիւնը գրիչ կը շարժեն այս կամ այն գրողի դէմ, հոգեկան այն գոհունակութիւնը ապրելով, որ «տե՛ս ես իր դէմ գրեցի»: Ժողովուրդի լեզուով մեր մէջ այսօր կան «փնտռուող»ներ, որոնք պարզապէս պատնէշի վրայ ըլլալու սիրոյն իրենց չգիտցած քննադատութիւնը կը փորձեն ի գործ ածել:

Պարոնեան քաջալեր կը հանդիսանար ըսելով. «Ո՛չ, պարոն քննադատներ, ո՛չ, իրաւունք չունիք, սպանեցէք տգեղ գործերն եւ վստահ եղէք, որ պիտի գեղեցկանան անոնք»:

Եւ վերջապէս, ինչո՞ւ չքննադատել. չէ՞ որ բոլորս ալ քիչ մը քննադատ, քիչ մը ամէն բան ենք...

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄՈՒՐԱՑԱՆ
(1854-1908)

Մեր թուականէն 113 տարիներ առաջ՝ 30 օգոստոս 1908 թուականին Թիֆլիզի մէջ մահացած է գրող եւ մտաւորական Մուրացանը (բուն անունով՝ Գրիգոր Տէր Յովհաննիսեան):

Մուրացան ծնած է 13 դեկտեմբեր 1854 թուականին, Շուշիի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի անձնական վարժարանէն ներս, սակայն հօրը մահէն ետք փոխադրուած է ծխական դպրոց եւ ապա ընդունուած՝ Շուշիի թեմական հոգեւոր դպրոց, աւարտելէ ետք կարճ ժամանակուայ համար ըլլալով նոյն վարժարանի հայերէն լեզուի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչը: Մուրացան 1878 թուականին փոխադրուած է Թիֆլիզ եւ սորված հաշուապահութիւն՝ աշխատելու համար տեղի առեւտուրի կենդրոններէն մէկուն մէջ: Հաշուապահական աշխատանքի կողքին ստեղծած է առիթ ու ժամանակ զբաղուելու գրականութեամբ: Անոր գրական նախափորձերը սկսած են դպրոցական տարիներուն: Իր գեղարուեստական առաջին լուրջ աշխատութիւնը՝ «Ռուզան»ը առաջին անգամ գրած է 1881 թուականին եւ «Մուրացան» կեղծանունով յանձնած Հայ Թատրոնի վարչութեան, որ սպասուածէն աւելի յաջողութիւն արձանագրած է: Մուրացանի համբաւը մեծցած է իր «Ռուզան կամ Հայկական օրիորդ» պատմական թատրերգութեամբ: Գրողի ստեղծագործութիւնները լոյս տեսած են «Արարատ», «Արշալոյս Արարատեան», «Նոր Դար», «Արձագանգ» պարբերականներուն մէջ. մեծաւ մասամբ գրած է անցեալի պատմական դէպքերու մասին եւ վիպականացուցած զանոնք: Մուրացանի յայտնի գործերէն են՝ «Գէորգ մարզպետունի»ն, «Գթութեան քոյրեր»ը, «Հայ բողոքականի ընտանիք»ը, «Խորհրդաւոր միանձնուհի»ն եւ ուրիշներ:

Մուրացանի կիսանդրիները կը գտնուին Երեւանի Մուրացանի անուան դպրոցի բակին, նաեւ Ծովագիւղի շրջանին մէջ: Անոր անունով կը կոչուի Էրեբունի վարչական շրջանի փողոցներէն մին: Արցախի մէջ հիմնուած է Մուրացանի անուան մատենադարան:

Մուրացան 1908 թուականին ունեցած է հոգեկան խանգարումներ եւ նոյն տարին մահացած:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 30, 2021