ԲՈԶԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ

Ո՞ր ազգն ու պետութիւնը երբեւէ ունեցած չէ ինկածներ, որոնք կեանքի եւ պատուի աւերակութեամբ դուրս կու գան փողոց՝ ցոփութեամբ հրապուրելու այս կամ այն դիւրագրգիռ անցորդը, խարդախ սիրոյ հմայք մը ներշնչելու հիասթափութեամբ: Աշխարհի ո՞ր անկիւնը անմասն է այդ կեղծ տառփանքի ակնթարթի զուարճութենէն, որուն մէջ մարդ կը դառնայ թէ՛ դահիճ եւ թէ զոհ. անգութ՝ սակայն նոյնքան բարեսէր:

Ամէ՛ն տեղ է այսօր ատուած, սակայն նոյնքան եւ աւելի փնտռուա՜ծ եւ ուզուա՛ծ գոյութիւնը այդ ինկածներու, որոնք կիրքը յուզող լրբութեամբ կեղծիքներով շղթայուած վայելք մը կ՚ուզեն հրամցնել անծանօթին, պիղծ դրամի մը դիմաց վարձակալութեան տալով իրենց մարմինները:

Ամէ՛ն տեղ ենք անոնք... բայց Հայաստա՞ն: Մեղա՜յ Աստուծոյ. ի՜նչ սայթաքում ու մեղանչում պիտի ըլլայ բոլոր այն ծայրայեղ ազգայնամոլներուն, որոնց համար աշխարհի երեսին արաբը, ռուսն ու ամերիկացին բոզ կ՚ըլլան, բայց հայը երբե՛ք: Յուսախաբութիւն բոլոր անոնց համար՝ որոնք տակաւին առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը ըլլալու անմրցունակ հպարտութեամբը կը փորձեն ապրիլ:

Բայց ճշմարտութիւնը մէկ է. հայ բոզեր ալ կան...:

Հայ եւ բոզ. ամբողջ կեանք մը Արարատի երազով ապրող, հայրենիքի գովքով սնող անհատի մը հոգեկան անկումը պիտի ըլլար այդ երկու բառերու գիրկընդխառնումը, որովհետեւ մէկդի դնելով մարդկայնութիւնը, այդպիսիներու համար հայը երաժիշտ կ՚ըլլայ, հայը արուեստագէտ, գրասէր ու բանաստեղծ կ՚ըլլայ... բայց բո՞զ. եւ այդտեղ է որ հպարտութեան պատճառ հայրենիք մը՝ իրենց համար կը դառնայ դժբախտ ու գարշելի: Եւ վերջապէս ինչպէ՞ս կրնար հայ բոզ գոյութիւն ունենալ, երբ Աստուած Նոյի տապանը Հայաստան աշխարհ բերաւ՝ գուցէ անոր սրբութիւնը տեսած ըլլալով: Իսկ եթէ ճշմարիտ ըլլար այն վարկածը, թէ Աստուածաշունչի մէջ նկարագրուած Եդեմը նոյնինքն Հայաստան աշխարհն է, ի՞նչ պիտի ըլլար... դրախտին մէջ բոզե՞ր...

***

Այդ բոզերը ես ալ տեսայ, սկիզբը առանց գիտնալու անոնց ստոյգ պաշտօնը: Գոյնզգոյն քղանցքներ, շպարուած արհեստական ժպիտ, կրքոտ ձեւացնող՝ սակայն դրամաբաղձ աչքեր, հայո՛ւ աչքեր. չէ՞ որ հայուն աչքը շա՛տ աւելի բան կ՚ըսէ քան անոր շուրթերը: Հպարտութիւնը ծնրադրեց հոգիիս մէջ, ուր երկնակամարը նուաղած էր արդէն. մթութիւն:

Ինչքա՜ն բերկրալի էին անոնց հագուստները, նոյնքան թախծալի էին անոնց աչքերը. բարեկենդա՞ն էր թէ մեռելոց: Չեմ գիտեր:

Ընկերակցող վարորդը վարժ այդ երեւոյթին, յայտնեց անոնց «նուիրական» պաշտօնը: Չհաւատացի: Փաստելու համար ուզեց մօտենալ արդէն իսկ լափող աչքերով մեզ կը քննէին՝ որպէս հաւանական յաճախորդ մը:

Հազիւ քսանամեայ երիտասարդուհի մը մօտեցաւ. «Բարեւ ախպեր»:

Բարե՞ւ. մեր մտայնութեան մէջ ցոփութիւնը պէտք է միշտ «hello»ով մը սկիզբ առնէր, սակայն այս մէկը բարեւով էր: Սեւակի երազածի նման բարեւը այդտեղ կը դառնար «բացո՜ւիր սեզամ» մը, ուրկէ խոյս կու տան պատիւն ու ամօթը, արժանապատուութիւնն ու սրբութիւնը:

Քսանամեայ աղջիկը, սովորական ու շա՜տ պարզ ծառայութիւն մը մատուցելու հանգստութեամբ «հաճելի ժամեր»ու խոստումներ կու տար: Նոյն միջոցին տասնեակ հարիւրաւորներ կ՚անցնին այդ տեղէն, անփոյթ ու անհոգ նայուածքներով նայելով այդ ինկածներուն, առանց մտածելու զանոնք վեր վերցնելու մասին: Ե՞րբ, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս անոնք ինկան այդտեղ. աղքատութի՞ւնը ստիպեց, թէ ցոփական կեանքի հեշտանքը: Բախտին խաղո՞վ հասան այդտեղ, թէ յօժարակամ: Անոնցմէ շատեր ամուսնացած, շատեր զաւակներու մայր: Ի՜նչ հեգնանք. օրուայ կէսը աշխարհի ամենասուրբ կոչման տէր՝ մայրե՜ր, իսկ միւս կէսը՝ բոզեր... ա՛յն ալ հայ:

Գեղադէմ հայուհին աչքերուս առջեւ կը վերածուի ծաղիկի մը՝ որ ալ բոյրը կորսնցուցած, կը փորձէ սուտ ու անիրական բոյրով մը պարուրել իր շրջապատը։

Վարորդը ուզեց հեռաձայնի թիւը վերցնել, այլ առիթով մը յագուրդ տալու իր կիրքերուն:

-Ես ամէն օր այստեղ եմ...-, եղաւ պատասխանը աղջկան, որ սրտնեղած նոր յաճախորդներ որսալու գործին լծուած էր արդէն:

Մինչեւ հիմա այդտե՞ղ է արդեօք, թէ ազնիւ հոգիներ ազատագրեցին զինք, ոտքի հանեցին. չեմ գիտեր: Սայթաքած մայթերու վրայ ինկածներուն գոյութիւնը խղճահարութիւն մը կը յառաջացնեն, որովհետեւ կեանքի դրուածքին մէջ սխալ բան մը կար:

Հայը բո՛զ չէր կրնար ըլլալ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ
(1919-1998)

Մեր թուականէն 102 տարիներ առաջ՝ 30 սեպտեմբեր 1919-ին Աշտարակի մէջ ծնած է գրող, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ Գէորգ Էմին (բուն անունով՝ Կառլէն Մուրատեան):

Գէորգ Էմին նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա ընդունուած Երեւանի «Գարլ Մարքս» կաճառ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1940 թուականին: Տակաւին իր աշակերտութեան տարիներուն բախտը ունեցած է մտերմութեան մէջ մտնելու իր տիպարներէն Եղիշէ Չարենցի հետ, որմէ ստացած է որոշ բանաստեղծական դասեր: Էմին ուսումը աւարտելէ ետք որոշ ժամանակ՝ 1940-1942 թուականներուն աշխատած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոց մատենադարանին մէջ: Ապա մաս կազմելով Կարմիր բանակին՝ մասնակցած է Հայրենասիրական մեծ պատերազմին, որու ընթացքին վիրաւորուած է:

Պատերազմէն ետք 1949-1950 թուականներուն մեկնած է ուսումը շարունակելու Մոսկուայի Գրական համալսարանի գրողներու բաժնի դասընթացքներուն: Աւարտելէ ետք 1951-1954 թուականներուն եղած է «Լիթերաթուրնայա կազեթա» ռուսական թերթի թղթակից, որմէ ետք 1973 թուականին «Լիթերաթուրնայա Արմենիա» ամսագրի խմբագիր:

Էմինի առաջին բանաստեղծութեան գրքոյկը՝ «Նախաշաւիք»ը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1940 թուականին, որմէ երկու տարի ետք՝ 1942-ին հրատարակած է իր երկրորդ աշխատութիւնը՝ «Խաղաղութեան ծխամորճը» խորագրով:

Գէորգ Էմին առաւելաբար հանդէս եկած է բանաստեղծութիւններով, որոնք թարգմանուած եւ հրատարակուած են ռուսերէն, անգլերէն, արաբերէն, թրքերէն, վրացերէն եւ այլ լեզուներով: Ստեղծագործելու կողքին Էմին ինք եւս զբաղած է թարգմանութեամբ՝ հայերէնի թարգմանելով օտար հեղինակներու գործերը, որոնք հրատարակուած են «Գիրք թարգմանութեանց» հատորին մէջ (1984): Բանաստեղծի յայտնի աշխատութիւններէն են «Շաքէ»ն, «Սարեակները», «Երեւանի լոյսերը», «Երկու ճամբան» եւ այլ հատորներ:

Գէորգ Էմին մահացած է 11 յունիս 1998-ին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 30, 2021