ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵԼ

Մարդ էակը ընդհանրապէս անյա՛գ է. կիրքերը բաւարարութիւն՝ յագենալ, կշտանալ չեն գիտեր։ Մարդ երբեք գոհ չէ՛ իր վիճակէն, այլ միշտ կ՚ուզէ աւելին՝ աւելի՛ շատը, աւելի՛ ճոխը եւ աւելի՛ առատը։ Մարդուս բնութիւնն է ասիկա։ Մարդ գոհութիւն, գոհունակութիւն չի զգար, ոչ մէկ բան կը գոհացնէ զինք… եւ այս պատճառով միշտ դժբա՛խտ կը զգայ ինքզինք։

Բայց կեանքի փորձառութիւններ յաճախ առիթ կ՚ընծայեն անդրադառնալու՝ թէ պէտք է գոհ ըլլայ իր վիճակէն։ Արդարեւ, մարդ մը՝ որ միշտ դժգոհ է թէ կօշիկ չունի, գոհաբանութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ երբ տեսնէ մէկը՝ որ կօշիկ ունի, բայց ոտք չունի եւ չի կրնար գործածել իր կօշիկը։

Ահաւասիկ, վիճակէն գոհ ըլլալու հիանալի՜ փորձառութիւն մը։ Եւ այս փորձառութիւնները կարելի է բազմացնել, քանի որ կեանքը լեցուն է նման օրինակներով, վկայութիւններ՝ բա՛ւ է որ մարդ անդրադառնայ անոնց եւ գիտնայ դաս առնել այդ փորձառութիւններէն։ Պահ մը խորհինք սիրելի՜ եւ ազնիւ ընթերցող բարեկամներ, ի՛նչ կը նշանակէ «կօշիկ» ունենալ, բայց «ոտք» չունենալ…։ Մարդ նման պարագայի մը չի՞ խորհիր թէ՝ պարզապէս ոտք ունենալուն համար պէտք է գոհութիւն զգայ, այլապէս հարց չէ թէ կօշիկ չունի։ «Ոտք» ունենալ, եւ «կօշիկ» չունենալ, եւ «կօշիկ» ունենալ եւ «ոտք» չունենալ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ներ. ո՞րն է աւելի ցաւալին, ո՞րն է որ մարդս երջանիկ եւ ո՞րը դժբախտ կ՚ընէ, եւ ո՞րը գոհութիւն կը պատճառէ «միշտ դժգոհ» մարդուն։

Եւ երբ խորհինք, թէ ի՜նչ բաներու համար դժգոհութիւն կը յայտնենք, որոնք որչափ մեծ պարգեւներ են մեզի ընծայուած, եւ եթէ անոնք չըլլային մեր կեանքին մէջ ո՛րքան դժբախտ պիտի ըլլայինք, քանի որ շատ մը բաներէ զրկուած պիտի ըլլայինք։ Ուրեմն առանց համեմատելու, առանց յոռեգոյնը նկատի ունենալու ներկայ վիճակին մասին դժգոհութիւն յայտնել սխա՛լ է, անիրաւութիւն մեզի ընծայուած բարիքներու, օգտակարութիւններու։

Երբ կ՚աղօթենք, Աստուծմէ շատ բան կ՚ուզենք, առանց մտածելու թէ անոնք բոլորն ալ օգտակա՞ր են մեզի թէ ո՛չ։ Արդարեւ, երբ շատ բան կ՚ուզենք եւ շատախօսութեամբ կ՚երկարենք մեր խօսքը, առիթ չենք տար, որ Աստուած խօսի մեզի, պատասխանէ մեր խօսքերուն։ Երբ կը խօսինք, պէտք է գիտնանք նաեւ լսելը, պէտք է առիթ տանք նաեւ խօսելու մեր խօսակիցին, եւ աղօթքի պարագային՝ Աստուծո՛յ։ Աղօթքը, պէտք է անդրադառնանք որ «մենախօսութիւն» չէ՛, այլ՝ երկխօսութի՛ւն, քանի որ երբ կ՚աղօթենք մեր դէմը կայ «Անձ» մը՝ Հայր մը, որ կը լսէ մեզ եւ անշուշտ թէ Ինքն ալ ունի խօսք մը, պատասխան մը…։

Ահաւասիկ այս պատճառով է որ մարդ պէտք է գիտնայ գոհանալ, գոհաբանութիւն յայտնել եւ վերջացնել իր աղօթքը՝ «թող Քու կամքդ ըլլայ եւ ո՛չ թէ իմս…», ըսելով եւ հաւատայ, վստահի Աստուծոյ, որպէս Հայր, թէ կու տայ ամենանպաստաւորը, ամենէն օգտակարը, ամենէն բարին՝ այն ին՛չ որ շահ է մեզի համար եւ ո՛չ թէ վնաս։ Ունեցածով գոհանալ, ներկայ վիճակէն գոհ ըլլալ առաքինութիւն է՝ ազնուութիւն, քանի որ չափաւորութիւն է, կիրքերու հակակշռութիւն, վեհանձնութի՛ւն։

Արդարեւ, շատը ուզել, կերպով մը «անարդարութիւն» կը ստեղծէ, որովհետեւ անիկա կը նշանակէ ուրիշ մէկու մը իրաւունքը անտեսել, ուրիշ մէկը իր արդար իրաւունքէն զրկե՛լ։ Սապէս խորհինք սիրելի՜ներ, ճաշասեղանի վրայ գտնուած հացին ամբողջը եթէ մէկ հոգի ուտէ, միւսները անօթի չե՞ն մնար։ Մարդ եթէ իրեն տրուած բաժինէն գոհ չմնայ, իրեն վիճակած մասով չգոհանայ, աւելին, միշտ աւելին պահանջէ, ուրիշներու իրաւունքը բռնաբարած չըլլա՞ր։ Իսկ եթէ իւրաքանչիւրը գոհանայ իր բաժինով, ամէնքը կը գոհանան, քանի որ ամէնքն ալ կը ստանան իրենց բաժինը։

Ուրեմն պէտք է գովաբանութիւն յայտնել այն բոլոր բաներուն համար որ ունինք եւ կրնանք օգտագործել զանոնք, եւ թողո՛ւնք որ աւելիով ալ ուրիշները ունենան եւ օգտագործեն ամէն բարիք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 27, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 30, 2019