ԱՐՈՒԵՍՏԱՍԷ՞Ր, ԹԷ… ԴՐԱՄԱՍԷ՛Ր

Պատկերացուցէք կտաւ մը՝ ամբողջութեամբ կապոյտ գոյնով ներկուած եւ անոր կեդրոնը սպիտակ անիմաստ երկար գիծ մը. իսկ այժմ պատկերացուցէք նման աշխատութեան մը վաճառքը՝ 43.8 միլիոն ամերիկեան տոլարի դիմաց: Նման իրողութիւն մը վստահաբար որոշ «ինչո՞ւ»ներ պիտի յառաջացնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին մօտ, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ վերոյիշեալ արուեստի «գլուխ գործոց» մը մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ ստեղծել:

Մեծահարուստ մարդոց արուեստի սէրը չէ՛ որ կը մղէ նման արուեստի «գործ»եր գնելու. որովհետեւ անոնք եւս կը գիտակցին, որ վաճառուող նկարը իրականութեան մէջ նման առտարոց գումարի մը դիմաց վճարուելու չափ չնաշխարհիկ աշխատութիւն մը չէ: Սակայն հակառակ այս իրողութեան, մարդիկ ինչո՞ւ կը շարունակեն աներեւակայելի գումարներ առաջարկել արուեստի գործերու համար:

Արուեստի նկարչութեան ճիւղը այսօր աշխարհի ամենէն վտանգաւոր եւ վնասաբեր երեւոյթներէն մէկը կը շարունակէ մնալ, որովհետեւ յելուզակներ կը յաջողին արուեստի առք ու վաճառքի ճամբով օրինականացնել իրենց անօրինական ձեւերով ձեռք բերած մեծամեծ գումարները եւ անվախօրէն պետութեան մը աչքերուն մէջ նայելով գողցուած եւ կամ թմրանիւթերու ճամբով ձեռք բերուած գումարները մաքրագործել: Այս մէկը օր-ցերեկով մեր աչքերուն դիմաց կը պատահի հետեւեալ պատճառով.- Արուեստը գին չունի՛. նկատի ունենալով որ նկարչութիւնը արուեստ է եւ արուեստը ենթակայ է ճաշակի՝ հետեւաբար յարաբերական է անոր գեղեցիկ ըլլալն ու չըլլալը: Այս դժբախտ երեւոյթը նկատի ունենալով պետութիւններ ո՛չ մէկ ձեւով կը յաջողին հսկել անոնց գնային տատամսումները, որովհետեւ արուեստագէտ մը իր թաշկինակի վրայ նկարած մի քանի գիծերուն համար կրնայ պահանջել տասնեակ հազարներ, իսկ եթէ յաճախորդն ալ յօժար է գնել՝ ապա ոչ մէկ հարց:

Օրինակով մը յստակեցնենք վիճակը. ենթադրենք որ Յակոբ ապօրինի ճամբով յաջողեցաւ ձեռք բերել մէկ միլիոն տոլարի հասնող գումար մը. ապօրինի ճամբով ձեռք բերուած այդ գումարը Յակոբ ո՛չ մէկ ձեւով պիտի յաջողի որպէս օրինական գումար ծախսել եւ կամ դրամատուն յանձնել, որովհետեւ պետութիւնը նկատելով այդ մեծ գումարի առկայութիւնը կրնայ բացայայտել անոր ապօրինի գործունէութիւնը: Այդ ապօրինի գումարը օրինականացնելու համար Յակոբ կը համաձայնի արուեստագէտ Սարգիսին հետ: Սարգիս անիմաստ նկարի մը համար մեծ գումար մը կը պահանջէ եւ աճուրդի մը ընթացքին Յակոբ աներեւակայելի գնով մը կը գնէ Սարգիսին արուեստը: Մինչեւ այդ ժամանակ Յակոբի մօտ գտնուող ապօրինի դրամը Սարգիսի մօտ արդէն կը դառնայ օրինաւոր՝ որով կարելի կ՚ըլլայ թէ՛ տուն ու հողատարածք գնել, թէ՛ նոր գործարաններ հիմնել եւ այլն:

Նման պարագայի մը պետութիւնը իրաւունք չունի մեղադրել կամ հարցաքննել Սարգիսը՝ իր անիմաստ աշխատութիւնը այնքան բարձր գնահատելուն համար, որովհետեւ արուեստը յարաբերական ըլլալով, մեզի համար անարժէք, սակայն Յակոբի համար մեծ արժէք կրնայ ներկայացնել արուեստի այդ «գլուխ գործոց»ը:

Շատ անգամ նկարիչները նոյնիսկ չեն տեսներ ու չեն ճանչնար արուեստը վաճառող մեծահարուստը. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ամենէն յայտնի լրատուական կազմակերպութիւններէն «Նիւ Եորք Թայմս» (New York Times) կը յայտնէ, թէ տարեկան դրութեամբ ԱՄՆ-ի մէջ կը կատարուի աւելի քան մի քանի միլիառ տոլար արժողութեամբ արուեստի գործերու առք ու վաճառք:

Անոնց յաճախական ընթացքը փաստելու համար ըսենք, որ տակաւին անցեալ ամիս Իտալիոյ մէջ ապօրինի դրամի լուացման կասկածի պատճառով պետութեան կողմէ արգիլուեցաւ վաճառքը 1600-ական թուականներուն ապրած արուեստագէտ Փեթեր Փոլ Ռիւպենսի (Peter Paul Rubens) 4 միլիոն ամերիկեան տոլար արժող արուեստի գործը: Արուեստի մասնագէտներուն համաձայն, Ռիւպենսի արուեստին արժէքը չի կրնար գերազանցել 25 հազար տոլարը:

Ապօրինի շահի համար է, որ համացանցի աշխարհին մէջ ծնունդ առաւ NFT կոչուած շուկան, ուր մանկական ու անարուեստ նկար մը անգամ այսօր կը վաճառուի աներեւակայելի արժէքներու դիմաց:

Արուեստի հանդէպ եղած սիրոյ մասին ըսելիք մը չունինք, որովհետեւ կը հաւատանք, որ արուեստը մարդու մը հոգին կ՚ազնուացնէ, սակայն ինչքա՜ն երանելի պիտի ըլլար արուեստի թէ՛ անարուեստ եւ թէ գլուխ գործոցներուն տրամադրուած գումարները ծառայէին մեր մարդկութեան մէջէն վերացնելու աղքատութիւնը. այսօր աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին մարդիկ, որոնց պատերէն կախուած են աւելի քան կէս միլիառ տոլար արժող արուեստի գործեր. այդ նկարին նայելով հաւանաբար տան հայրը կամ մայրը ուրախանան եւ որոշ ժամանակ ետք հակառակ իր նիւթական արժէքին, կորսնցնէ հետաքրքրութիւնն ու իմաստը, մինչ անոր գումարով կարելի էր բազմահազար մարդոց կեանքը բարելաւել եւ անոնց կեանքերուն մէջ անջնջելի հետք մը ձգել: Արուեստը այսօր նկարներու կամ պաստառներու վրայ չէ. աշխարհի մէջ գտնուող ամէ՛ն էակ մէյ մէկ արուեստ է եւ ինչքա՜ն աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլար մարդոց կողմէ ի գործ դրուած վաղանցուկ արուեստը գնահատելու փոխարէն գնահատենք մեր նմանը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -156-

Դպրեվանքի աշակերտութեանս տարիներուն որպէս դասախօս եկաւ արուեստագէտ մը՝ վերացական նկարներու վարպետ մը: Իր հետ բերաւ բազմաթի՜ւ նկարներ, որոնք մեզի համար քաոս, սակայն իրենց համար մէյ մէկ վէպ կրնային ներկայացնել: Անցնող գիծերուն մէջէն Կոմիտասը, թափուող ներկին մէջէն Աստուածածինն ու բազմաթիւ սուրբեր ու գրողներ տեսնելէ ետք աշակերտներէն մին բեմ հրաւիրեց եւ ցոյց տալով սպիտակ պատերը ըսաւ.

-Պատմէ՛ ինչ կը տեսնես այդ պատերուն մէջ:

Աշակերտը ապշած սկսաւ դիտել դատարկ պատերը. փաստօրէն բան մը չէր տեսներ:

Սակայն հակառակ աշակերտին սպիտակ պատին մէջէն ինչե՜ր դուրս եկան... եւ եթէ դասախօսութիւնը վերջ չի գտներ, հաւանաբար համաշխարհային երրորդ պատերազմի տեսարաններն անգամ պիտի ուրուագծուէին սպիտակ պատին՝ ու արուեստագէտի մտահորիզունին վրայ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023