ՁՄԵՌ Է՝ ԾԱՌԵՐ ՉՈՐՑԱԾ ԵՆ

Չմոռնա՛նք. ձմեռը բնութիւնը կը քնանայ, բայց չի՛ մեռնիր։

Ձմեռը կը չորնան ծառեր, դաշտերու խոտեր… ծառին, խոտին ի՞նչը կը մնայ որ պատուոյ արժանի ըլլան եթէ իրենց կանաչութիւնը կորսնցնեն։ Եթէ բնութիւնը քունի մտնէ՝ տերեւներ եւ խոտեր կը չորնան՝ տերեւաթափ կը սկսի։ Եթէ ծառը եւ խոտը ծարաւի մնան եւ չջրուին, կը կորսնցնեն իրենց կանաչութիւնը։ Ձմեռը արեւը կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը՝ կը խաւարին անոր ճառագայթներուն լոյսերը։ Չորցած ծառը եւ խոտը ազդարարութիւններ են, թէ տիեզերքի անյեղլի օրէնքներէն մէկը, որ հաւասարակշռութեան օրէնքն է, չի կրնար անտեսնուիլ առանց աղէտալի հետեւանքի։

Միայն արեւ, միայն ջուր առանձինն, իրարմէ անկախաբար, բարիք չեն, եթէ իրարու հետ համերաշխօրէն եւ ներդաշնակ կերպով չեն գործեր եւ զիրար չեն լրացներ։

Արեւը եւ ջուրը մէկտեղ կենսաբաշխ ուժի աղբիւրներ են որքան ամբողջ բուսականութեան՝ նո՛յնքան եւ կենդանական կեանքի համար…

Մարդկային կեանքին մէջ միակողմանի աճումը բարիք չէ. չարի՛ք է։ Ոմանք մտքով կը զարգանան բայց իմաստութեամբ, որ է «Աստուծոյ վախը», մանուկ կը մնան, չեն հասուննար։ Ուրիշներ դրամով կը հարստանան, բայց «հոգիով աղքատ» կը մնան։ Ճարպիկութիւնը, առանց նկարագրի, կրնայ մարդս «ստահակ» մը միայն ընել։

Միւս կողմէ, ան որ միայն ի՛ր հոգւոյն փրկութիւնը կը փնտռէ, առանց որեւէ պատասխանատուութեան գիտակցութեան հանդէպ մեղաւոր ընկերութեան, քրիստոնէական անձնասիրութեան տիպար մը կը հանդիսանայ, որ նողկալի է թէ՛ մարդոց, թէ՛ Աստուծոյ։

«Քրիստոնեայ ըլլալ» կը նշանակէ հաւասարակշռեալ եւ ներդաշնակ կեանք ունենալ՝ միայն «կատարեալ կենդանի» մը չըլլալ, հապա՝ աստուածային շնորհքով լեցուած էակ մը ըլլալ։

Աստուած մարդը ստեղծեց «իր իսկ պատկերովը», այսինքն, օժտեց զայն բազմապիսի կարողութիւններով՝ որոնք պէտք է մշակուին, զարգացուին, ազնուանան, ամէն մէկը իր պահանջած չափովը, որպէսզի այդ «պատկեր»ը չեղծուի, այլ՝ հարազատութեամբ պահպանուի եւ տեւականացումը ապահովուի։

Արդի մարդկային քաղաքականութիւնը «միակողմանի» զարգացումը կը ներշնչէ եւ կը քաջալերէ։

Մարդուս արժէքը կը տեսնէ իր իմացականութեան մէջ, իր գիտութեան մէջ, իր գործունէութեան եւ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ, մէկ խօսքով՝ իր աշխարհային կեանքին մէջ մէկ կողմէն եւ միւս կողմէն՝ իր նիւթական ստեղծագործութիւններուն մէջ եւ իր շահելու, աւելի, աւելի շահելու եւ դիզելու կարողութեան մէջ։

Հոգին կ՚անտեսէ այսօրուան արդի «քաղաքակիրթ» մարդը, յառաջդիմական երեւելու փափաքին կը զոհէ հոգին եւ կը մերժէ ամէն տեսակ տեւական արժէք եւ ստորոգելիները։ Աւանդական արժէքներ, հին սովորութիւններ, եւ մինչեւ իսկ երբեմն բարոյականութիւն տարօրինակ եւ երեւակայական կը թուին այսօրուա «յառաջադէմ», «ազատազոհ» մարդուն։ Կարծեցեալ ազատամիտ եւ լուսամիտ մարդիկ չեն կրնար տեսնել իրենց կաշկանդուած եւ կանխակալութեամբ խաւարած միտքը։ Անգիտակից յառաջդիմութեան տենչանք մըն ալ կանխակալութի՛ւն է ըստ էութեան։

Կանխակալ կարծեցեալ ազատամիտ մը, իրաւ շահած է «աշխարհ»ը, բայց կորսնցուցած է հոգին, եւ Տիրոջ չափ ու կշիռովը կորուստը անհո՜ւնօրէն աւելի մեծ է՝ քան շահը, եթէ նոյնիսկ շահուն կողմը «աշխարհ» ըլլայ՝ ամբողջ աշխարհը ըլլայ իր ամբողջական պարունակութեամբ։ Նուէրի մը ո՛չ թէ ծրարը, արտաքին տեսքը, այլ բովանդակութիւնը արժէք մը կը ներկայացնէ…

Քաղաքակիրթ աշխարհը եթէ անտեսէ անցեալը եւ ուրանայ հինը առանց նկատի ունենալու անոր օգտակարութիւնը, աւանդական արժէքները, առանց զանազանելու օգտակարը եւ վնասակարը, սնամէջ կը մնայ իր ամբողջ գործունէութիւնը եւ կը նմանի չորցած ծառին կամ խոտին։

Տուփ մը՝ որքան ալ արտաքնապէս փայլուն ըլլայ, եթէ սնամէջ է՝ պարապ, ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ։

Այնպէս ալ, քաղաքակրթութիւնը եթէ կ՚անտեսէ աւանդական արժէքներ, անցեալի վերաբերեալ օգտակար տարրեր, կը նմանի սնամէջ տուփի մը եւ ո՛չ մէկ օգուտ կ՚ունենայ մարդկութեան եւ թէ իրեն՝ քաղաքակրթութեան իսկ։

Ունեցածին առատութիւնը, ճոխութիւնը, զարգացումները եթէ իմաստութեամբ չօգտագործուին՝ աղէտ մը կ՚ըլլայ եւ աւելի ցաւալին՝ անգիտակից եւ անտարբեր աղէտին։

Հոգին ծարաւի է, երբ միտքը գիտութեան արեւին մէջ կը լողայ։

Գիտութիւն, անշո՛ւշտ պէտք է եւ անհրաժեշտ, բայց Քրիստոս եւս անհրաժեշտութիւն մըն է մեր հոգիին կեանքին համար։ Եթէ մենք միայն այս մարմինին մէջ ապրելու եւ մեռնելու տրամադրուած եւ ծրագրուած ենք, այդպէս ըլլայինք մեր քաղաքակրթութեան դէմ բողոք կամ գանգատ պիտի չունենայինք, բայց աստուածային ծրագիրը յաւիտենականութեան կնիքը ունի։

Եւ երբ մարմինը հոս թողունք, անմա՛հ հոգի մը ունինք յաւիտենականութեան համար։ Այդ հոգին կրնա՞նք միթէ ծարաւի ձգել եւ չորցնել եւ յաւիտենականութիւնը փոխանակել անցաւորին եւ մարմնաւորին հետ։

Խորհի՛նք, եւ լրջօրէն խորհինք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունուար 28 2023, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունուար 31, 2023