ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՆ ՈՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆԸ

Համաշխարհային պատերազմներէն որոշ ժամանակ ետք մարդոց մէջ սկսաւ ծնունդ առնել մտահոգութիւն մը. ոմանք ապրելու եւ գոյատեւելու համար անհրաժեշտ նկատեցին միջազգայնացումը (internationalism), իսկ ուրիշներ ազգայնականութիւնը (nationalism): Այս երկու ծայրայեղութիւններուն կողքին կար երրորդ խումբ մը՝ երկուքը իրար խառնել եւ միջին մը ստեղծել ուզողները:

Միջազգայնացումը շատերու համար կարեւոր էր, որովհետեւ յստակ էր որ օտարութեան մէջ որպէս հայ ապրիլը այնքան ալ դիւրին պիտի չըլլար. հայու հոգեբանութեամբ, հայու աւանդութիւններով ու հայու մտածելակերպով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հասած գաղթականը պիտի չկարենար քայլ պահել կեանքին հետ. պիտի տեսնէր շա՜տ մը երեւոյթներ՝ խոտոր իր ըմբռնումներուն ու համոզումներուն: Գաղթական հայը իր դիմացը պիտի գտնէր ուրիշ աշխարհ մը՝ իր տեսածէն եւ վարժուածէն տարբեր եւ առանց միջազգայնութեան համոզումին դժուար պիտի ընտելանար միջավայրին հետ եւ միջավայրէն կտրուած անհատը արդէն իսկ աննպատակ գոյութիւն մը կը նկատուէր: Շատ մը անբարոյութիւն թուացող երեւոյթներ պէտք էր պարզութեամբ ընդունիլ եւ համոզուիլ որ ո՛չ թէ շրջապատը հայուն, այլ հայը շրջապատին պիտի համակերպի:

Անդին, կարեւոր էր նաեւ ազգայնականութիւնը եւ այդ ազգայնականութեան ջատագովներու ճամբով օտարութեան մէջ ծնունդ առաւ հայ դպրոցը, գիրն ու գրականութիւնը, անոնց ճամբով ծնունդ առին հայկական թերթերն ու պարբերականները՝ Ամերիկայէն մինչեւ Լիբանան, մինչեւ Եւրոպա եւ այլուր: Ազգայնականութիւնը պէտք էր, սակայն կար նաեւ վտանգաւոր նկատուող ազգայնամոլութիւնը, որ կը փորձէր Ամերիկան հայացնել՝ ինք ամերիկացի դառնալու փոխարէն:

Ազգայնականութեան ու ազգայնամոլութեան եւ միջազգայնութեան միջեւ գոյութիւն ունէր չափաւոր միջազգայնութիւնը. այս վերջինին հետեւողները կը հաւատային, թէ կարեւոր է ազգայնականութիւնը՝ սակայն իր չափաւոր ձեւին մէջ, որովհետեւ ան ինչքան ալ օգուտներ ունենայ, իսկ ծայրայեղութեան մէջ կը դառնայ խոչընդոտ եւ կը վտանգէ կազմութիւնը խաղաղ ու համերաշխ մարդկային ընկերութեան:

Աւանդապաշտ ազգեր դժուարութեամբ կ՚ըմբռնեն միջազգայնական համոզումները, որովհետեւ միջազգայնանալու ճամբով անոնց համար դէպի կորուստ, դէպի անդունդ եւ արժէքներու մերկացում առաջնորդուիլ կը թուի, մինչ ուրիշ ազգեր՝ ինչպիսիք են եւրոպացիներ կամ ամերիկացիներ, աւելի դիւրութեամբ կը համակերպին այդ գաղափարին, որովհետեւ անոնց համար առաջնահերթ է սեփական կեանքը եւ ապա ազգը, մինչ ազգայնականներուն համար այդ մէկը հաւասար կ՚առաջնորդուի:

Սփիւռքի մէջ մեր հայորդիներուն եղաւ քաոս մը այդ երեքին միջեւ խարխաբելու եւ կողմնորոշուելու, սակայն՝ բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար չե՛նք գիտեր, ժամանակի ընթացքին պակսեցան ու անհետացան ազգայնամոլները եւ հետեւեալ հանգրուանները ապրեցաւ մեր սփիւռքի հայութիւնը.

- Ազգայնամոլութենէ ազգայնականութիւն:

- Ազգայնականութենէ չափաւոր միջազգայնացում:

- Չափաւոր միջազգայնացումէ միջազգայնացում:

- Միջազգայնացումէ կորուստ ու այլասերում:

Ազգայնամոլներ էին գաղթականներու առաջին եւ երկրորդ սերունդները. անոնց յաջորդողները դարձան ազգայնականներ. այդ ազգայնականներէն ծնունդ արին չափաւոր միջազգայնացումի համակիրներ, որոնք ունէին ազգայնական ընտանիք, սակայն միջազգայնացած աշխարհ եւ այդ երկուքը միատեղ տանիլ կը փորձէին, տան մէջ հայու կերպարանք, իսկ դուրսը օտար դառնալով: Չափաւոր միջազգայնացողներէն ծնողները պիտի ունենային մէ՛կ ճակատագիր. կամ պիտի վերադառնային ազգայնականութեան եւ կամ կառչած պիտի մնային միջազգայնացման եւ այդ սերունդը վերջինը ընտրեց, որովհետեւ իրեն համար հայկականը յետամնաց, իսկ օտարինը յառաջադէմ ու բարգաւաճ թուեցաւ: Ու այսպէս յաջորդող սերունդները երբեք չյաջողեցան վերադառնալ միջին միջազգայնութեան եւ կամ արդէն իսկ այս օրերուն երանելի նկատուող ազգայնականութեան:

Ազգայնամոլութիւնը ո՛չ այդքան, սակայն ազգայնականութիւնը կարեւոր է. յոյն փիլիսոփայ Սոկրատի ծանօթ խօսքը առաջնորդող է դէպի ազգայնականութիւն. «ԾԱՆԻ՛Ր ԶՔԵԶ» եւ այդ ինքնաճանաչողութիւնն է որ իրաւունք կու տայ մարդուն օտարութեան մէջ ո՛չ թէ խօսքով, այլ հոգիով ու սրտով որպէս հայ ապրելու: Մեզի համար անհրաժեշտ է ազգայնականութիւնը, որովհետեւ ինքզինք չճանչցող սերունդէ մը դժուար թէ ծնունդ առնէ գիտակից ու ազգայնական սերունդ մը. ցաւ ի սիրտ, ազգայնամոլէն ազգայնական, ազգայնականէն միազգայնական ծնունդին ականատես եղանք ազգովի աւելի քան դար մը, սակայն հակառակը հրաշքի մը համազօր է... դժուար ու խրթին:

Հայերու կողքին գրեթէ ամբողջ մարդկութիւնն է այսօր այս հարցը դիմագրաւողը, սակայն շատ մը ազգեր աւելի տոկուն են՝ քան հայերը: Աշխարհի տարածքին տարածուած արաբները այսօր այս նոյն քաոսին դէմ կը պայքարին. օտարութեան մէջ նոյնիսկ կը փորձեն պահել իրենց թէ՛ ազգային եւ թէ՛ կրօնական աւանդութիւնները: Արաբները Թուրքիոյ, Եւրոպայի եւ մինչեւ իսկ Ամերիկայի մէջ իրենց խանութներուն գլուխները կը շարունակեն արաբերէն լեուով գրել, որովհետեւ իրենք այսօր ե՛ն այն՝ ինչ որ էինք մենք դար մը առաջ: Այսօր թէեւ ազգայնամոլ, սակայն արաբները եւս ժամանակ մը ետք պիտի զգան հանգրուաններու փոփոխութիւնը եւ այնպէս ինչպէս մենք, նոյնպէս ալ իրենք պատմութեան պիտի յանձնեն իրենց արաբ ըլլալու ճշմարտութիւնը եւ առա՛նց ինքնութեան, ո՛չ արաբ եւ ո՛չ ալ ամերկացի կամ եւրոպացի ըլլալ կարենալու պիտի շարունակեն իրենց ընթացքը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -83-

Օտարութեան մէջ ազգայնամոլութիւնը որպէս դաւաճանութիւն կը նկատուի տեղացի ժողովուրդին կողմէ, որ ժամանակ մը ետք կամայ թէ ակամայ կը սկսի նեղութիւն զգալ, որովհետեւ անոնք եւս իրենց կարգին իրենց մէջ ունին որոշ ազգայնական ոգի մը:

Երեք տարի առաջ, հաւանաբար այդ ոգիէն մղուած Պոլսոյ քաղաքապետարանը որոշեց Զէյթինպուրնուի, Ֆաթիհի եւ Պայրամփաշայի տարածքին արգիլել ու քանդել արաբերէն լեզուով գրուած բոլոր յայտարարութիւններն ու գովազդները եւ որոշեց այդ բոլորին տեղ թրքերէն լեզուի փոխարինումը:

Տեղի արաբներուն համար այս մէկը վիրաւորանք էր իրենց ազգայնական ոգիին, սակայն քաղաքապետութեան կատարածը եւս ծնունդ էր ազգայնականութեան: Ժամանակ մը ետք այդ արաբներուն համար պա՜րզ պիտի դառնայ արաբերէնին թրքերնի վերածուիլը... եւ այն ատեն պիտի զգան, թէ ի՛նչ ըսել է ձուլում... ի՛նչ ըսել է սպիտակ եղեռն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 31, 2022