ԿԱՂԱՆԴԸ՝ ՆՈՐ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի կոչնակները անգամ մը եւս պիտի հնչեցնեն իրենց լա՜յն ղօղանջը եւ անգամ մըն ալ ամէն մարդ մտապէս պիտի վերադառնայ այն բաներուն, որոնք իր ետին կը մնան եւ որոնք վաղուան ստուերին տակ «անցեալ» մը պիտի նկատուին շուտով։

Կաղանդի յաջորդող հանդիսաւոր օրերը, խորհուրդներու մէջ կը պարուրեն անցեալը եւ մարդկային հոգին ալ ամենէն աւելի կ՚ուզէ կառչիլ այն վայրկեանին, որ այսօրուան իր շռայլ սեթեւեթներով մեր վաղուան միակերպ, միօրինակ կենցաղին չակերտը կը բանայ, մինչեւ որ, վերջինը չակերտներուն, ուրկէ անդին ալ չկա՛յ շարունակութիւն մը, գայ վերջ դնել զգացումներու վերկենցաղումին։

Եւ Կաղանդը մարդուս կ՚աւետէ նոր ակնկալութիւններ, նոր յոյսեր, նոր հորիզոններ։

Կաղանդը, նաեւ իրերօգնութեան կոչ մըն է մարդկութեան՝ ուրախանալով ուրախացնելու, ուրիշներու երջանկութիւնը տեսնելով երջանկանալու, մարդասիրութեան ազնիւ զգացումը զօրացնելու կոչ մը, եւ այս կոչին հետեւելու բարեպատեհ առի՛թ մը…։

Արդարեւ, աղքատներ, տկարներ, ամէն տեսակ օգնութեան, խնամքի կարօտը ունեցողները ամենէն աւելի ա՛յս օրերուն մէջ ենթակայ են մեր արգահատանքին. կ՚օգնենք, ձեռք կ՚երկարենք անոնց, եւ քանի մը օր ետք երբ կարօտեալներու օգնութեան համար եղած թելադրութիւնները այլեւս կը դադրին, Կաղանդի եւ անոր յաջորդող օրերու խանդավառութիւնը, ոգեւորութիւնը վերջ գտնեն, եւ ամէն մարդ դարձեալ իր եսականութեան վերարկուն հագած, կը նետուի կեանքի բնական պայքարին մէջ. նոյնիսկ բոլորովին մոռնալով անոնք, որոնց ձեռ էր տրուած երէկ եւ որոնք ահաւասիկ այսօր կը վերսկսին ապրիլ իրենց զրկանքներու կեանքը։

Այո՛, Կաղանդը եւ յաջորդող օրերը ուրախութիւն վայելելու, ուրախանալու օրեր են, բայց նաեւ՝ ուրախացնելու օրեր։

Կաղանդը, ըսինք, նոր ակնկալութիւններու, նոր յոյսերու սկիզբ մըն է, բայց չի բաւեր ակնկալութիւններ, յոյսեր ունենալ, պէտք է այդ ակնկալութիւններէն, այդ յոյսերէն բաժին հանել ամէն անոնց՝ որ յուսահատութեան մէջ, դժբախտ, չունին այլեւս որեւէ ակնկալութիւն, չունին այլեւս որեւէ հորիզոն։ Մարդ երբ յոյսով լեցուած, նոր հորիզոններու հետեւելու եռանդը ունի, ասիկա պէտք է փոխանցէ նաեւ իր շուրջիններուն, մանաւանդ անոնց, որոնք յուսալքուած դժբախտներ են եղած, կեանքի անողոք պայմաններուն տակ։

Կաղանդի եւ Ս. Ծնունդի օրերը, որոնք ամբոխի հոգեբանութեան օրէնքով մը կը քնքշացնեն բախտաւորներուն սիրտը հանդէպ դժբախտներուն, թերեւս ամենէն աւելի յարմար ատենն է այս օրերուն մանաւանդ յիշել կարօտեալները, մասնակից ըլլալով անոնց նեղութիւններուն, ցաւերուն եւ վիշտերուն։ Համակրական ներթափանցումով պէտք է հասկնալու աշխատիլ դժբախտներու, կարօտեալներու հոգեվիճակին. եւ Կաղանդի օրերը ամենալաւ առիթն է ասիկա իրականացնելու։

Դժբախտութիւնը երկինքէն ղրկուած «փորձանք» մը չէ՛ մարդոց գլխուն. մարդկային ընկերութեան կազմակերպութիւնն է անոր ծնունդ տուողը, եւ այս իսկ պատճառով, ընկերութիւնը կազմող իւրաքանչիւր անհատ պատասխանատու է ընկերութեան մէջ գտնուող դժբախտ անհատի մը դժբախտութենէն։ Եւ ահաւասիկ, Կաղանդը՝ այս պատասխանատուութեան գիտակցութեան անդրադառնալու ժամանակն է՝ գիտնալու, թէ ընկերութեան մէջ եթէ նոյնիսկ մէկ դժբախտ անհատ մը կայ, բոլոր ընկերութիւնը դժբա՛խտ է, քանի որ ընկերութիւնը ամբողջ մըն է՝ ինչպէս մարմինը, որուն անդամներէն մին նոյնիսկ վնասուի, ամբողջ մարմինը կը վնասուի եւ ցաւ կը զգայ։

Կախարդիչ ազդեցութիւն մը կը գործէ Կաղանդը՝ ան ժամանակի մը համար մարդոց մէջ կը փայլեցնէ հաւատքի շողը, սիրոյ կրակը, յոյսի ծիածանը, ուրախութեան դրօշ մը կը պարզէ հոգիներու մէջ եւ «նոր կեանք» մը կը խոստանայ մարդոց։ Կաղանդին, մարդիկ, կարծես բոլորովին տարբեր աշխարհ մը մուտք կը գործեն՝ աշխարհ մը՝ որ վարդաստան մը, բուրաստան մը պիտի ըլլայ մարդուս համար։ Աւա՜ղ, մարդ անիրականալի երազի մը մէջ կը զգայ ինքզինք Կաղանդի օր. մինչդեռ ո՛չ մէկ բան փոխուած է. նոյն աշխարհը, նոյն կեանքը, նոյն նեղութիւնները՝ թերեւս աւելի եւս կուտակուած եւ ծանրացած…։

Բայց երանի՜ որ կայ Կաղանդը, գոնէ գիշեր մը մարդ ինքզինք երջանիկ կը զգայ, յոյսի բարիքները կը վայելէ։ Եւ այս վիճակէն ամենէն շատ կ՚օգտուին յուսահատ, յուսալքուած, սրտաբեկ դժբախտ մարդիկ։ Եւ ո՜րքան մեծ բարիք մըն է, գոնէ Կաղանդի գիշեր մխիթարել սրտաբեկ դժբախտ մարդիկը, որոնք կարօտը ունին ուրախ եւ երջանիկ կեանքի մը։

Արդարեւ, դժբախտներ, յուսահատներ եթէ կան ընկերութեան մը մէջ եւ եթէ անոնք մխիթարող, անոնց օգնութեան հասնող «բախտաւոր»ներ կը պակսին հոն, այդ հասարակութիւնը ամենէն արագ կերպով կը քայքայուի, քանի որ անտարբերութիւնը կործանող մոլութի՛ւն մըն է։ Ուստի հասարակութեան մը բոլոր դասակարգերը պէտք է միահամուռ աշխատին ընկերութեան դժբախտ եւ կարօտ անդամները ամոքելու, եւ Կաղանդը այս բանին համար լաւագոյն առիթ մը կը ներկայացնէ։

Բայց կարօտեալին օգնած ատեն պէտք չէ միայն ամէն ինչ նիւթականօրէն հասկնալ, կարօտութեան մէջ եղող անձին բարոյականը եւ հոգին պէտք չէ վնասուին, արժանապատուութիւնը պէտք չէ վիրաւորուի կատարուած օգնութեան պատճառով. համակրական հասկացողութեամբ պէտք է մօտենալ եւ ո՛չ թէ վերէն, այլ համահաւասար մակարդակի վրայ պէտք է կատարել օգնութիւնը՝ եղբայրաբար, հաւասարներու միջեւ իրերօգնութեան ոգիով։ Եւ դարձեալ, Կաղանդը բարեպատեհ առիթ մըն է այս բոլորը կատարելու. ուրախանալու եւ ուրախացնելու՝ ուրիշին ուրախութեամբ ուրախանալու, ուրիշին երջանկութիւնը տեսնելով երջանկանալո՛ւ։ Ուստի նպատակը պէտք է ըլլայ՝ կարօտեալներուն բարոյականը եւ հոգին ամրացնել, մխիթարել բեկուած սիրտերը, խաղաղացնել խռոված հոգիները, բարձրացնել ինկած տրամադրութիւնները, ազնուացնել մտածումները, տաճարացնել անձերը։

Ահաւասիկ, երբ «Կաղանդ»ի մասին կը խորհրդածէ մարդ, ինքզինք խորհելու չափ պէտք է խորհի նաեւ ուրիշները՝ որոնք իրեն ուրիշ մէկ երեսն են։

Երբ ընկերային կեանքի պայմանները հետզհետէ կը բարդուին եւ անհատներու փոխյարաբերութիւնները կը սկսին հետզհետէ խճողուիլ, անշուշտ կը դժուարանան օգնութեան միջոցները եւ նախապատմական կերպեր տկար միջոցներ կը մնան։ Ուստի աւելի կազմակերպուած աշխատանք կը պահանջէ օգնութիւնը, եւ Կաղանդը առաջին քայլն է այդ կազմակերպուած մարդասիրական ձեռնարկին։

Մարդասիրական օգնութիւնը պէտք չէ ըլլայ «խղճմտանքը լռեցնելու միջոց» մը, այլ պէտք է ըլլայ անկեղծ կերպով օգնելու արարք մը։ Նաեւ, ան պէտք չէ ըլլայ մարդոց «բարի» եւ «բարեսէր» երեւելու համար, եւ եթէ կարելի է «ձախ ձեռքը պէտք չէ տեսնայ, աջ ձեռքին տուածը»։

Կաղանդը պէտք է նկատուի ուրիշները ուրախացնելու առիթ մը, փոխանակ ուրախանալու եւ զուարճանալու գիշեր մը։

Կարօտեալներու օգնելու սխալ եղանակ մըն է՝ առանց բարոյականի կատարուած օգնութիւնը, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ որ վատոյժ կամքով անհատներ դառնան կարօտեալները, դժբախտները, որով կարօտեալը աւելի եւս կարօտ, դժբախտը աւելի եւս դժբախտ մարդու մը կը վերածէ։ Արդարեւ, որքան որ հասարակութիւն մը մտաւորապէս կը զարգանայ, կը յառաջդիմէ քաղաքակրթութեան մէջ, նո՛յնպէս պէտք է, որպէսզի կարօտեալներուն օգնելու իր գործն ալ առողջ սկզբունքներու վրայ հիմնուի։

Կաղանդը, եւ ընդհանրապէս տօները, ինչպէս կ՚ըմբռնուի զանոնք կրօնական եւ մշակութային ընկերային կրկին տեսակէտով, կեանքի ճշմարիտ պէտքերը, պահանջները ըլլալէ զատ, լաւագոյն փորձաքարերն են միանգամայն հաւաքականութիւններու բարոյական եւ գեղագիտական ձգտումները դատելու համար։

Երեւակայութիւնը սնուցանելու այն զօրաւոր պահանջքը՝ որ մարդկային բնութիւնը սնուցանող էական տարրերէն մէկն է, շատ քիչ անգամ կը հաւնի «մերկ»ին, ինչ ձեւի մէջ ալ ներկայանայ ան։ Նոյնիսկ «ճշմարիտ»ը հաճելի եւ համակրելի չէ իրեն չոր եւ ցամաք վիճակի մը մէջ։ Բարոյական, ինչպէս նիւթական աշխարհին մէջ անհրաժեշտութիւններ են այն հազարումէկ «ոչինչ»ները՝ որոնք առանց խաթարելու իրերու բնութիւնը, առանց «ճշմարիտ»ին վնաս պատճառելու, կը գոհացնեն մտքին ե՛ւ հոգիին գեղագիտական ե՛ւ մարդասիրական պահանջները։

Կեանքի հակասութիւններուն նուազագոյնը չէ անշուշտ այն ձգտումը, որ տղաքը կը մղէ հասուն տարիքի լրջութիւնը եւ ծանրութիւնը կեղծելու, եւ հասուններու մեծագոյն ցաւն ալ է մանկութեան խօլ պատրանքներուն կորուստը՝ որոնց մօտենալու տենչը կը գալարէ զիրենք։ Եւ Կաղանդին, գոնէ կարճ ժամանակ մը կ՚իրականանան տղոց ձգտումները եւ հասուններու տենչանքը։

Արդարեւ, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի երեւոյթները՝ որոնց արտայայտութեանը առիթ կ՚ըլլայ Կաղանդը՝ Ամանորը, մարդկային կեանքին մէջ, հինին դրոշմէն աւանդական բաներ կը կրէ նմանապէս։

Հարուստ եւ հոգերով լեցուն կեանքէ մը աւելի երջանկութիւն կրնայ լեցուիլ համեստ երդիքներու տակ՝ ուր ՍԷՐը բոյն դրած է իր բոլոր հրապոյրներով. եւ թէ զրկանքով անցուած կեանքի մը համար, ներկայացող առաջին երջանկութիւնը շա՜տ աւելի անուշ է յարատեւ բարօրութենէն, կը բաւէ որ աշխատանքի, իրերօգնութեան անկեղծ սէրը մէկտեղ գամուի սրտին մէջ, մարդոց անուշ մտերմութեան հետ…։

Սիրով լեցուն խաղաղ տարիի մը մաղթանքներով սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 21, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020