ԱԶԱՏԸ ԵՒ ԱՆԱԶԱՏԸ

Մարդ ազատ է սուրճը շաքարով կամ առանց շաքարի խմելու. բայց եթէ բանաւոր պատճառ մը կամ առողջական լուրջ արգելք մը չկայ, ազատ չէ ուրիշի մը սուրճին միջամտելու։ Այս պարզ օրինակը ցոյց կու տայ, որ մա՛րդ անսահմանաբար ազատ չէ։ Ինչպէս յիշուեցաւ, նախ առողջապահական օրէնքներ մարդուս ազատութիւնը կը սահմանափակեն։ Յետոյ, նոյնքան կարեւոր արգելք մը՝ ընկերութեան մէջ՝ ուրիշ մէկ անձին ազատութիւնը սահմանափակող տարր մըն է։

Երբ խօսքը ազատ ըլլալու կամ անազատ ըլլալու մասին է, կ՚արժէ խօսիլ «ազատութիւն» ըմբռնումին մասին։

Իր հոգիին զօրութեամբ եւ հոգեւոր կարողութիւններով ճոխացած իր իմաստութեան եւ կամքին, մարդը օժտուած է ազատութեամբ՝ որպէս առանձնաշնորհեալ նշան աստուածային պատկերին։ Ազատ մարդը իր կարողութիւնը կը գտնէ ճշմարիտին եւ բարիին որոնումին եւ սիրոյն մէջ։

Ազատութիւնը՝ իր լայն առումով, իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէր է իր անձին։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը «զօրութիւն» մըն է աճումի, զարգանալու եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը արդիւնք է մարդուն բանականութեան՝ հակակշռուած խղճմտանքով։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մեր երանութիւնը։ Այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ հաստատուած իր վերջնական բարիքին մէջ, որ Աստուած է, ան իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը «ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ», հետեւաբար կարելիութիւնը «աճելու կատարելութեան մէջ» կամ «սայթաքելու եւ մեղանչելու»։ Ազատութիւնը կը բնորոշէ յատկապէս մարդկային արարքները։ Ան կը դառնայ աղբիւր գովասանքի կամ պարսաւանքի, արժանիքի կամ անարժանիքի։ Մարդ որքան աւելի բարիք կ՚ընէ, այնքան աւելի ազատ կ՚ըլլայ։ Չկա՛յ ճշմարիտ ազատութիւն եթէ ոչ ի սպաս բարիին եւ արդարին։

Անհնազանդութիւնը եւ չարիքը նախընտրել՝ ազատութեան զեղծումն է եւ կը տանի մեղքին ստրկութեան։ Ազատութիւնը մարդը կը դարձնէ «պատասխանատո՛ւ» իր արարքներուն՝ այն չափով, որ անոնք կամովին են։ Առաքինութեան մէջ յառաջդիմութիւնը, բարիին ճանաչումը եւ ճգնակեցութիւնը կ՚աճեցնեն կամքին տիրապետութիւնը ինքն իր արարքներուն վրայ։

Ազատութիւնը անհատի յատուկ կացութիւն մը չէ միայն, այլ հաւաքականութեան մէջ կը գտնէ իր իսկական արժէքը։ Արդարեւ, ընկերութեան մը մէջ երբ անհատ մը ազատութիւն չի վայելեր, մնացեալներն ալ ազատութենէ զրկուած կը համարուին։ Ուստի, ազատութիւնը հաւաքաբար երբ վայելեն անհատներ, այն ատեն ազատութիւնը կը յայտնուի իր ամբողջ հետեւանքներով եւ երեսակներով։

Այս իմաստով պէտք է ուշադիր ըլլալ, որովհետեւ կարգ մը պարագաներու մէջ ոեւէ հոգիի մը ազատութիւնը կրնայ վնասել եւ արգելք հանդիսանալ ուրիշի մը ազատութեան։ Ազատութիւնը պէտք է բծախնդրութեամբ եւ ուշադրութեամբ վայելել…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2024