ԱՇԽԱՐՀՈՎ ԽՃՈՂՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԸ

Ֆ. Նիչէ երբ կ՚ըսէր. «Աստուած մեռաւ», ասիկա շատեր կը հասկնան որպէս «Աստուած գոյութիւն չունի» իմաստով եւ կը մեղադրեն զայն որպէս աստուածամերժ եւ անաստուած։ Մինչդեռ, այդ մեղադրողները արդէն իրենք մեռցուցած են «Աստուած» գաղափարը եւ ուրացած Անոր գոյութիւնը, քանի որ ընդհանրապէս տարուած՝ իրենց աշխարհային զբաղումներով, խճողուած աշխարհով, անտեսած են զԱյն։ Եւ այս իմաստով, գործնականապէս իրականցուցած են Ֆ. Նիչէի խօսքը, հակառակ որ մեղադրած են զայն անաստուածութեամբ։

Մինչդեռ, Ֆ. Նիչէի խօսքին մէջ Աստուծոյ գոյութեան ուրացում չի կրնար նկատուիլ, քանի որ գոյութիւն ունեցող մէկը կրնայ «մեռնիլ», ուստի «մեռաւ»ին ենթական է Ան, խօսքին մէջ, եւ ուրեմն Անոր գոյութիւնը արդէն ընդունուած է։ Ուրեմն «խօսք»ը պէտք է հասկնալ իր խորութեանը մէջ եւ այդպէս իմաստաւորել զայն։

Խօսքի մը իմաստը հասկնալու լաւագոյն ճամբան է՝ անոր խորը թափանցել, պատճառը եւ նպատակը լա՛ւ հասկնալ եւ լա՛ւ ըմբռնել։

Նոյնն է պարագան Վոլթէրի համար։ Երբ ան կ՚ըսէր. «Եթէ Աստուած գոյութիւն չունենար, մարդ ինք պիտի ստեղծէր աստուած մը», անմիջապէս անոր կը փակցնեն «անաստուածութեան» պիտակը եւ կը մեղադրեն զայն որպէս «աստուածամերժ»։ Բայց երբ անոնք կ՚ամբաստանեն այդ խօսքով Վոլթէրը, նախ պէտք է ինքնաքննութեան ենթարկեն իրենց հաւատքը, քանի որ հաւատքը՝ հասկնալու միակ ճամբան է այն բոլոր «անիմանալի» ճշմարտութիւններուն։ Չէ՞ որ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Հաւատքով հասկնալ, եւ հասկնալով հաւատալ»։

Թող ներուի մեզի, բայց մենք առօրեայ կեանքի զբաղումներու մէջ յաճախ կը մոռնանք Աստուած, տարուելով կեանքի աշխարհային հոսանքէն։ Եւ ոմանք ալ չեն մնար «մոռնալ»ով, այլ «կը մեռցնեն» Աստուած իրենց մտքին մէջ՝ հեռանալով Ճշմարտութեան Լոյսէն՝ խաւարի մէջ կը փնտռեն իրենց ճամբան։ Անոնք կոյրեր են եւ չեն տեսներ Լոյսը։ Անոնք քունի մէջ են. անտարբեր եւ անզգայ իրենց շուրջ պատահածներուն հանդէպ, քանի որ քունը կէս մը մա՛հ է…

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն, անվիճելի իրողութիւն մըն է, թէ՝ մեր կեանքը այնքան շատ խճողած ենք շարժումով, աղմուկով, գործունէութիւններով, որ տեղ չենք ձգած Աստուծոյ, որ Իր օրհնեալ դերը կատարէ եւ մեր կեանքը Իր հոգիովը ճոխացնէ եւ լրացնէ։ Աստուած միշտ հաւատարիմ է Իր խոստումին, բայց մարդը յաճախ անհաւատարիմ կ՚ըլլայ իր կոչումին եւ ապերախտ՝ իր ստացած բարիքները տուող երկնային Հօր հանդէպ։

Արդի ընկերութիւնը՝ եթէ իմաստով մը «անաստուած» դարձած է, պատճառը պարզ է. որովհետեւ մարդ «ինքնաբաւ» եղած է, աւելի ճիշդը՝ ինքզինք ինքնաբաւ կարծած է, այսինքն, ինք իր կարեւորութեամբը գրաւուած է, ինք իր աշխարհային գործերուն մէջ թաղուած՝ անոնց մէջ կորսուած, եւ տեսակ մը «ինքն իրեն սիրահարուած» եւ Աստուծմէ հեռացած եւ օտարացած է, ի բացառեալ թերեւս իր մեքենական եւ անիմաստ եւ աննպատակ ծիսակատարութեամբը…

Այսպէս, ահաւասիկ, կորսնցուցած ենք, օտարացած ենք Աստուծոյ, որովհետեւ, առեղծուածաբար, «մենք զմեզ գտած ենք»։

Այո՛, ամբարտաւանօրէն, մենք զմեզ Աստուծոյ տեղը դրած ենք։ Այսպէս, կրօնքի հիմերը կորսնցուցած են իրենց խարիսխները, հոգեւոր ժայռերու վրայէն՝ փոխադրուած ենք աւազուտ անկայուն վայրեր…

Կրօնքը՝ այսպէս հետզհետէ կը լճանայ եւ կը կորսնցնէ իր կենսունակութիւնը, երբ Աստուած լռեցուցած ենք մեր անվերջ խօսքերով, ինչ ձեւով կամ պատրուակով ալ խօսուին անոնք։

Ուստի, յայտնապէս եւ էապէս Աստուած կրնանք պաշտել անկեղծ հոգիով եւ ճշմարտութեամբ, եւ ո՛չ թէ մեքենաբար եւ անգիտակցօրէն կատարուած ծէսերու եւ արարողութիւններու «բեմադրութեամբ» մը։

Խուլ չենք, բայց շաղակրատ ենք։ Չենք լսեր Աստուծոյ ձայնը, որովհետեւ մենք մե՛ր ձայնը չենք լռեցներ եւ շարունակ կը խօսինք, կը խօսինք…

Պենտեկոստէի փորձառութիւնը չենք ունենար, որովհետեւ Սուրբ Հոգիին պատեհութիւն չենք տար որ մտնէ, թափանցէ եւ գործէ մեր հոգիներուն մէջ։

Ուստի, մեր առօրեայ «հեւքոտ կեանք»ը, աշխարհային զբաղումները արգելքներ են ներքին հոգեւոր մշակման։ Էութիւնը՝ այս աշխարհական «աւետարաններ»ուն՝ կը համաձայնի Քրիստոսի Աւետարանին հետ։ Եւ դժբախտաբար ա՛յս է իրողութիւնը…

Հետեւաբար սիրելի՜ բարեկամներ, պատեհութիւն տանք Աստուծոյ, որ Ինք մեզ գտնէ, քանի որ դժբախտաբա՛ր մենք զԻնք կորսնցուցած ենք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 2 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2023