ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻ ԿՏԱԿԸ

Համաշխարհային Ա. պատերազմի ժամանակ, Գրիգոր Զօհրապ ենթադրելով իր մօտակայ դժբախտ մահը, իր բանտի խուցէն հինգշաբթի, 15 յուլիս 1915 թուակիր նամակով կ՚ուզէ իր կնոջ եւ զաւակներուն փոխանցել իր կտակը՝ «մի՛ յուզուիք» մը աւելցնելով կտակի սկզբնատողին։

Կ՚ենթադրենք, թէ տարօրինակ զգացում մը եղած պիտի ըլլայ մի քանի օրեր ետք կեանքէն հեռանալու դժբախտ գիտակցութիւնը ունենալը, որուն որպէս արդիւնք մարդ յանձն կ՚առնէ գրել իր բազմաթի՜ւ փափաքներէն ամենէն վերջինը։

Զօհրապի վերջին փափաքն ու կտակը սակայն վերացական կամ գեղարուեստական երես չունի. այդտեղ մահուան վախի ազդեցութեան տակ կեանքի կամ մահուան ինչ ըլլալը քննելու բանաստեղծական ո՛չ մէկ փորձ, այլ ընդհակառակը մտածուած ու գիտակից մարդու մը հասունութեամբ արձանագրուած տողեր կարելի է գտնել այդտեղ։

Կտակին առաջին (ինչպէս նաեւ ամենէն երկար) մասը կը կազմեն գրողի նիւթական վիճակագրութիւնը. Զօհրապ մանրամասն գրի կ՚առնէ, թէ որքա՞ն դրամ ունի առնելիք շրջապատէն, ինչքա՞ն հարստութիւն ունի եւ որոնց հանդէպ նիւթական որոշ պարտաւորութիւններ (պարտքեր) ունի։

Զօհրապի այս քայլը շատերու մօտ նիւթապաշտ կամ դրամասէր մարդ մը ըլլալու սխալ տպաւորութիւնը կրնայ ստեղծել, սակայն անոր տողերուն մէջ նիւթապաշտէ մը աւելի հոգացող հօր մը տիպարը կարելի է տեսնել, որ նախքան իր մահը առաւելագոյն չափով իր կնոջ եւ զաւակներուն տնտեսական ապահովութիւն մը կը փորձէ տալ։

Իր կտակի նիւթական բաժնին մէջ կրնանք գտնել Գրիգոր Զօհրապ մը, որ կ՚ուզէ հեռանալ աշխարհէն ամբողջապէս ազատուած՝ թէ՛ բարոյական եւ թէ նիւթական պարտաւորութիւններէ՝ հայրական առաքելութիւնը արժանագոյնս կատարած ըլլալու համոզումով։ Կտակին մէջ յաճախ կը շեշտէ իր պարտքերուն վճարումը, որ շրջապատին հանդէպ մաքուր անուն մը ձգելու պատկերը կը պարզէ։

Այդ մաքուր ու բարի անուան փափաքը աւելի յստակ ձեւով ի յայտ կու գայ գրողին փոխանցած կտակի Գ. բաժնին մէջ, ուր կը յորդորէ իր կնոջ ու զաւակներուն իր ունեցուածքէն 2 հազար ոսկի յատկացնել բարեգործական նպատակներու։

Յաջորդող Դ. բաժնով կը խնդրէ պահպանել իր տան կահոյքները եւ ամբողջ ընտանիքով անոր շուրջ բոլորուիլ. այս մէկը վստահաբար ցոյց կու տայ յիշատակներ վառ պահելու իր փափաքը, որովհետեւ վստահաբար իւրաքանչիւր անկիւն, իւրաքանչիւր իր ունեցած պիտի ըլլար յիշատակ մը, որ պիտի յաջողէր իր յիշատակը եւս վառ պահել։

Ե. բաժնով Զօհրապ կ՚ուզէ իր ունեցուածքին հաւասար բաժանումը՝ կնոջ եւ զաւակներուն միջեւ։

Վերոյիշեալ կտակը վերացական չէ եւ կամ յուզող բանաստեղծական տողեր չունի, որովհետեւ Գրիգոր Զօհրապ փաստաբան ըլլալով կրնայ յուզողական մասը խեղդել եւ իրապաշտ ըլլալ։ Հաւանաբար այդ է պատճառը, որ կեդրոնացումը նիւթականին կը յատկացնէ։

Սակայն հակառակ իր պաղսրտութեան, ոչ մեծ բառերով յորդոր մը կը փոխանցէ որպէս կտակ. «Կը պատուիրեմ զաւակներուս որ իրարու հետ սիրով ըլլան, ներողամիտ ըլլան, իրարու հասնին եւ միշտ իրենց մայրը յարգեն եւ սիրով ու գուրգուրանքով շրջապատեն զինքը։ Մոռցնել տան իմ կորուստս»։ Եւ խօսքը ուղղելով իր կնոջ (հակառակ ժամանակի մտածողութեան) կը խոնարհի ներողութիւն խնդրել իր կնոջմէն. «Կը խնդրեմ կնոջմէս որ ներէ ինծի. շատ վշտացուցեր եմ զինքը, բայց շատ շատ ալ սիրած եմ. զաւակներս եւ կինս, ահա իմ միակ կարօտութիւնն, ուսկէ զատուելուս պիտի ցաւիմ. անոնց գրկին մէջ հոգի՜ս տալ, ինչ ուրախութի՜ւն. չեմ գիտեր թէ Աստուած այս բաղձանքս պիտի՞ կատարէ»։

Վերջին խօսքերուն մէջ առկայ է յուսահատութիւնը, այսուհանդերձ հրաշքներու սպասում մըն ալ գոյութիւն ունի։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -160-

Երջանկայիշատակ Սահակ Խապայեան Կաթողիկոս իր ծերութեան անկարողութեան գիտակցութիւնը ունենալով իրեն աթոռակից եւ յաջորդ կը նշանակէ երջանկայիշատակ Բաբգէն Կիւլէսէրեանը. կտակ մը կ՚ընէ, որով կ՚ուզէ տեսնել կաթողիկոսութեան ծաղկիլը, դպրեվանքի բարգաւաճումը, սակայն կեանքը լեցուն է անակնկալներով... Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս աւելի շուտ կը վախճանի քան Սահակ Կաթողիկոսը։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Փետրուար 4, 2023