ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ

Մարդ երբ երիտասարդ է եւ անփորձ, գիտութիւնը իրեն համար աւելի՛ կարեւոր է քան մարդը եւ զԱստուած։ Երիտասարդին պաշտամունքի առարկան պարզապէս գիտութիւնը ըլլալ կը թուի. երկիւղածութեամբ լեցուած կ՚երեւի անոր հանդէպ, երբ կը ծանօթանայ նոր իրերու եւ իրողութիւններու՝ որոնք երջանկութիւն կը պատճառեն իրեն։ Գիտութեան ընծայած բարիքները կը գլէ կ՚անցնի կարծես մարդուս ամենալայն երազները։

Երիտասարդին այնպէս կը թուի, թէ ուսումի եւ գիտութեան մէջ կը գտնուի կեանքի բոլոր գաղտնիքներուն, բոլոր խորհուրդներուն, բոլոր կատարելութիւններուն բանալին։

Եւ այսպէս կ՚անցնին բազմաթիւ տարիներ, մինչեւ որ երիտասարդը գիտակից կը դառնայ, թէ գիտութիւնը՝ իր ամբողջ պայծառութեամբը կը լուսաւորէ ստեղծագործութեան պատմութեան միջին գլուխը միայն։ Ան կ՚ըմբռնէ, որ իր այնքա՜ն պաշտած գիտութիւնը եւ իր սիրահարած ճարտարարուեստը կը փճացնեն քաղաքակրթութիւնը. մինչդեռ ինք կ՚ակնկալէր, որ անոնք պիտի ծառայեն անոր զարգացման եւ յաւերժացման. անոնք էր որ պիտի գոյապահպանէին եւ անոր գոյատեւման նպաստէին. այն քաղաքակրթութեան որուն մասին համոզուած էր, թէ այնքա՛ն տեւական է որքան նոյնինքն երկրագունդը, ամբողջ աշխարհը։

Եւ ահաւասիկ, այլեւս հասուն տարիքի հասած է «երիտասարդ»ը, կը տեսնէ թէ՝ վերապրելու համար մարդ պէտք է նայի կեանքի մէջ ապրուած զանազան իրադարձութիւններու արագութենէն եւ ուժէն անդին. եւ գիտութեան ալ նիւթական զօրութենէն անդին. եւ թէպէտեւ Աստուած չի զգացուիր ա՛յնքան շօշափելի կերպով որքան ան ակնկալած էր որպէս մանուկ մը, սակայն Անոր ներկայութիւնը կը զգացուի ամէն մէկ երեւոյթի, ե՛ւ գործի, ե՛ւ միջադէպի մէջ։ Եւ նախկին երիտասարդը՝ ներկայ հասուն մարդը այլեւս կը համոզուի թէ՝ երբ մարդ կորսնցնէ այս զգացումը, ան չի կրնար ըմբռնել կեանքի ճշմարիտ իմաստը, նպատակը, երկրագունդին գեղեցկութիւնը, անոր եղանակները, անոր երկինքը, մարդոց եղբայրութիւնը, բարիքներու եւ ընդհանրապէս բարութեան պատճառած երջանկութիւնը, եւ ընտանիքի՝ կնոջ մը՝ եւ զաւակներու հաճոյալի վայելքը։ Այսպէս կ՚անդրադառնայ ան կեանքի այն երեսակին՝ որ նախապէս չէր տեսած։

Ան կը զրկէ ինքզինք Անոր անհո՜ւն զօրութենէն, առանց որուն եւ ոչ մէկ մարդ, ոչ մէկ ժողովուրդ կրնայ ապրիլ։ Ահաւասիկ, անիկա այն էական եւ կենսական տարրն է, զոր պատերազմը չի կրնար պարտութեան մատնել եւ ոչ ալ խաղաղութիւնը կրնայ այլասերել զայն։

Այժմ ան կ՚ըմբռնէ եւ կը համոզուի, թէ «հոգեւոր ճշմարտութիւն»ը աւելի՛ էական պահանջք մը, պէտք մըն է մարդուս թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքին պահպանման եւ տեւականացմանը համար, քան թէ շաղախը՝ գործածուած քաղաքներու պարիսպներուն մէջ։ Որովհետեւ երբ ժողովուրդներու գործառնութիւնները, աշխատութիւնները չեն առաջնորդուիր այդ հոգեւոր ճշմարտութիւններով, զանց կ՚առնուի հոգեւոր կեանքի բարիքները, ուշ կամ կանուխ, բուն իսկ այդ պարիսպները պիտի փլչին։

Թէ ո՞ր տարիքն է որ երիտասարդը կը վերածէ «հասուն տարիք»ի։ Որոշ տարիք մը ըսել կարելի չէ, քանի որ այդ տարիքը կը փոխուի իւրաքանչիւր անհատի մտային եւ հոգեկան կազմուածքին համեմատ։ Բայց ընդհանրապէս կ՚ըսուի, թէ 40 տարեկանը տարիքոտ՝ հասուն երիտասարդութեան տարիք է. իսկ 50 տարեկանը երիտասարդ տարիքոտութեան՝ հասունութեան տարիք…։

Պէտք է յիշել նաեւ, թէ կան երիտասարդ տարիքոտներ եւ տարիքոտ երիտասարդներ։

Ուրեմն կարելի է ըսել, թէ մարդ երբ որ կ՚անդրադառնայ հոգեւոր ճշմարտութիւններու գոյութեան եւ կարեւորութիւն ընծայել կը սկսի անոնց, կ՚ըմբռնէ թէ ամէն ինչ նիւթ չէ՛, այլ կայ նաեւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ, այն ատեն ան երիտասարդութենէ անցած կը համարուի դէպի հասուն տարիք։ Անշուշտ զանազան արտաքին պատճառներ կ՚ազդեն մարդուն կազմութեան վրայ՝ ընտանիք, ընդհանուր զարգացում, կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն, միջավայր եւ ըստ այնմ ենթական կը ստանայ կեանքի փորձառութիւն եւ հասունութիւն։

Ralph Waldo Emerson կ՚ըսէ, թէ՝ շատ կասկածներով պէտք է վերաբերուինք ժամանակ պահանջող խաբկանքներու մասին։ Ուտելը եւ քնանալը եւ 100 տոլար շահիլը շատ ժամանակ կը պահանջեն. իսկ յոյս մը եւ ներքնահայեաց մը փայփայելը շատ քիչ ժամանակ կը պահանջեն, սակայն անոնք են որ մեր կեանքին լո՛յսը կ՚ըլլան։

Իսկ John Dewey, չար մարդու եւ բարի մարդու մասին սապէս կ՚ըսէ. «Չար մարդ մըն է ան՝ որ հոգ չէ թէ ո՛րքան բարի եղած էր անցեալին մէջ, այժմ, օր ըստ օրէ, աւելի չար կ՚ըլլայ. եւ բարի մարդ մըն է ան՝ որ հոգ չէ թէ՝ ո՛րքան չար եղած էր անցեալին մէջ, այժմ, օր ըստ օրէ, աւելի բարի կ՚ըլլայ»։

Ուրեմն մարդ կրնայ փոխուիլ ժամանակի ընթացքին, եւ այդ «ժամանակ»ը որոշել կարելի չ՚ըլլար ընդհանրապէ՛ս։

Եւ մեր օրերուն ամենէն ստիպողական պահանջքն է ըմբռնել հոգեւոր ճշմարտութիւնները, եւ ի գործ դնել զանոնք, մեր արդիական եւ ամենօրեայ կեանքին ապրելակերպին մէջ։ Ուստի մարդ պէտք է զօրանայ գրեթէ բոլորովին մոռցուած եւ անտեսուած սա առաքինութիւններով. պարզասիրութիւն, չափաւորութիւն, խոնարհամտութիւն, խոկում եւ աղօթք, եւ անոնց միջոցով աւելի եւս բարոյական ուժ հաւաքէ եւ բարեփոխուի։

Ասիկա կը պահանջէ ինքնանուիրում, զոհողութիւն, ինքնաճանաչում՝ որ գեր ի վեր է գիտութենէն, եւ գեր ի վեր է անձէն։ Սակայն անոնց վարձատրութիւններն ալ մեծ են, եւ մարդուս վերապրելու, նոր կեանք ունենալու յոյսը մի միայն անոնց մէջ է։ Հոգեւոր ճշմարտութիւնները ուրանալ՝ կեանքը ուրանա՛լ կը նշանակէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 29, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 4, 2019