ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

Ընդհանրապէս «պատիւ»ը ըմբռնուած է նիւթական արժէքի մը պէս՝ պատիւը շատերու համար նիւթական բանի մը պէս կը տեսնուի, ճիշդ ինչպէս դրամը, գործը, տունը նիւթական արժէքներ են։ Սակայն պէտք է գիտցուի, թէ «պատիւ»ը այդ նիւթական արժէքներու պէս չէ։

Մէկը կրնայ մարդու մը ձեռքէն առնել դրամը, բռնաբարել գործը, յափշտակել տունը, ստացուածքը, բայց ո՛չ ոք կրնայ պատիւը առնել։ Մարդը ի՛նքն է որ կրնայ պատճառ ըլլալ իր պատիւը կորսնցնելու։

Ուրեմն պատիւը, այս անբռնաբարելի արժէքը ի՞նչ է։ Պատիւը, պարզապէս ամէն մարդու իր իսկ անձնաւորութեան մէջն է։ Ճշմարիտ պատիւը կախում ունի այն ստուգանիշներէն՝ որ մարդ ինք իր անձին համար կ՚իւրացնէ, եւ կը ջանայ ապրիլ անոնց համաձայն։ Այս իմաստով, կարելի է ըսել՝ պատիւը ա՛նձն է. նոյնացած իր անձին՝ որ կ՚արտայայտուի որպէս «արժանապատուութի՛ւն»։

Նախ տեսնենք, թէ ի՛նչ է «անձ»ը։ «Անձ» եւ կամ «հիւպոստազ» եզրը ցոյց կու տայ անհատներու միջեւ իրենց իրական զանազանութիւնը։ Արդարեւ, իւրաքանչիւր անհատ իւրայատուկ արժէքներով եւ արտայայտութիւններով «անձ» մըն է, որ կը տարբերի ուրիշ անհատներէ՝ որոնք եւս իրենց յատկութիւններով «անձ»եր են։ Անհատը կ՚ըլլայ «անձ» իր զանազանութիւններով իր նմաններուն հետ։ Ուրիշ բացատրութեամբ՝ «անձ»ը անկախ եւ ազատ խորհող, իր իսկ յատկութիւններով օժտուած «անհատ»ն է։ «Անձ» եզրը ցոյց կու տայ նաեւ իւրաքանչիւր անհատի զանազանութիւնը՝ որ կը կայանայ իրարու յարակցութեան մէջ։

«Գոյութիւն», երբեմն «էութիւն» կամ «բնութիւն» կ՚արտայայտէ մարդկային էութիւնը իր միութեան մէջ, իր ամբողջութեան մէջ, որուն մէջ կը տարբերին «անձ»եր իրենց մասնայատկութիւններով։

Եւ խորհող, դատող, իմացականութեան տէր բանականութիւն ունեցող անկախ եւ ազատ «անձ»ը բնականաբար ունի արժէ՛ք մը, որ կ՚արտայայտուի պատիւով, որ է արժանապատուութի՛ւն։

Արժանապատուութիւնը մարդէն կը պահանջէ, որ ան գործէ ըստ գիտակից, ողջամիտ եւ ազատ ընտրանքներու։ Ողջախոհութիւնը կը բովանդակէ «ինքնատիրացումի վարժութիւն»ը՝ որ անհատին ազատութեան կրթանք մըն է։ Երկընտրանքը հոս յստա՛կ է. մարդը կամ կ՚իշխէ իր կիրքերուն եւ ձեռք կը ձգէ խաղաղութիւնը՝ պահպանելով իր արժանապատուութիւնը, եւ կա՛մ իր կիրքերուն ստրուկ կը դարձնէ ինքզինք, կը կորսնցնէ իր արժանապատուութիւնը եւ կ՚ըլլայ դժբա՛խտ եւ թշուա՛ռ։

Արդարեւ, մարդուս արժանապատուութիւնը կը պահանջէ, որ ան շարժի ըստ գիտակից եւ անկախ եւ թէ անաչառ՝ ազատ ընտրանքի մը՝ մղուած եւ վճռուած բոլորովին անձնական համոզումով եւ ո՛չ թէ միայն բնազդային մղումներու կամ արտաքին տպաւորութեան կամ ստիպողական ազդեցութեան տակ։

Արդարեւ, արժանապատուութիւնը՝ անձին անկախութեան եւ ազատութեան պահպանուած վիճակն է։ Եւ այս իմաստով, անձը կը բնորոշուի իր իսկ արժանապատուութեա՛մբ։ Մարդը՝ որպէս «անձ» կը հասնի այս արժանապատուութեան երբ ձերբազատուելով կիրքերու ամէն ստրկութենէն, «բարի»ին, «ճշմարիտ»ին եւ «գեղեցիկ»ին ազատ ընտրանքով, կը քաշէ դէպի նպատակը եւ իր հնարամտութեամբ եւ բանականութեամբ համապատասխան եւ յարմարագոյն միջոցները կը ճարէ։ Արժանապատուութիւնը մարդս կը վերակազմէ. ան կը տանի զայն ներքին խաղաղութեան, ներքին միութեան եւ ներքին ներդաշնակութեան, զոր ինք կորսնցուցած էր նախապէս իր իսկ արարքներով։ Արժանապատուութեամբ է, որ անհատը կը դառնայ անկախ եւ ազատ «ա՛նձ»։

Արժանապատուութիւնը կը պահանջէ հաստատամտութիւն, վճռականութիւն, հաւատարմութիւն ամէն սկզբունքի, որոնք կ՚առաջնորդեն մարդս կատարելութեան։ Արդարեւ, «մարդ» հանգամանքը վայելած ազատութեան արժանապատուութիւնն է։

Մարդկային անձին յարգանքը կ՚ընդգրկէ յարգանքը այն իրաւունքներուն, որոնք կը բխին արարածի մը արժանապատուութենէն։ Այս իրաւունքները ընկերութենէն կանխագոյն են եւ իրենք զիրենք կը պարտադրեն անոր։ Անոնք կը հիմնաւորեն ամէն իշխանութեան բարոյական օրինաւորութիւնը։ Ընկերութիւն մը՝ որ կ՚արհամարհէ զանոնք կամ կը մերժէ ճանչնալ զանոնք իր դրական օրէնսդրութեան մէջ, կ՚ականահարէ իր իսկ բարոյական օրինաւորութիւնը։ Առանց նման յարգանքի մը, առանց արժանապատուութեան գիտակցութեան, ընկերութիւն մը կը հարկադրուի յենիլ ուժին եւ բռնութեան վրայ՝ իր ենթականերուն հպատակումը ձեռք ձգելու համար։ Անկ է, որ ողջամիտ եւ գիտակից անձեր այս իրաւունքները յիշեցնեն բարեացակամ մարդոց ուշադրութեան եւ զատորոշեն զանոնք զեղծիչ կամ թիւր պահանջքներէն, որոնք վիրաւորանք են արժանապատուութեան։ Եւ ահաւասիկ, մարդկային անձին յարգանքը կը բխի սոյն սկզբունքին յարգանքէն։ Այս նոյն պարտաւորութիւնը կ՚ընդգրկէ նաեւ այն բոլոր մարդիկ, որոնք մեզմէ տարբեր կերպով կը մտածեն կամ կը գործեն։ Այս իմաստով, արժանապատուութիւնը ո՛չ մէկ խտրութիւն, ո՛չ մէկ բացառութիւն կը ճանչնայ։

Ուստի մարդոց միջեւ «հաւասարութիւն»ը միջոց եւ ժամանակ չունի՝ ան կը յենու էապէս անոնց «անձնական արժանապատուութեան» վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։ Արդարեւ, հանդուրժողութիւնը ամենէն աւելի տիրապետող պէտք է ըլլայ արժանապատուութեան հարցին շուրջ։ Ամէն տեսակ խտրականութիւն, որ կը հայի անձին արժանապատուութեան՝ հիմնական իրաւունքներուն, պէտք է զանցուի իբրեւ ներհակ Աստուծոյ «ծրագիր»ին։

Մարդ, աշխարհ գալով իր տրամադրութեան տակ չունի ամէն ինչ որ անհրաժեշտ է իր մարմնաւոր եւ հոգեւոր կեանքին գոյապահպանումին, գոյատեւումին եւ բարգաւաճումին համար։ Ուստի ան կարիքը ունի «ուրիշ»ներուն։ Արդէն մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով, յայտնի տարբերութիւններ, առաւելութիւններ եւ թերութիւններ, զօրութիւններ եւ տկարութիւններ իրերօգնութեամբ է, որ կը լրացուին եւ կը կատարելագործուին, եւ այս հանգրուանին անհրաժե՛շտ է յարգել արժանապատուութիւնը եւ ուշադիր ըլլալ չվիրաւորելու զայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 2, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2020