Ի՞ՆՉ ԵՆ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ

Աշխարհի վրայ առեղծուածները շատ են, սակայն հաւանաբար անոնցմէ ամենէն անհասկնալին ու առեղծուածայինը կինն է, որ մինչեւ օրս անլուծելի հանելուկ որպէս կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ:

Առեղծուած՝ որովհետեւ անոր մէջ մարդ կրնայ տեսնել թէ՛ ամենէն հզօրը եւ թէ՛ ամենէն տկարը: Առեղծուած՝ որովհետեւ անոր մէջ գոյութիւն ունի թէ՛ ենթարկուելու եւ թէ՛ ենթարկելու կարողութիւնը: Հաւանաբար այս անլուծելի հանելուկը չհասկնալու պատճառով է, որ մտածող մը ըսած է. «Մի՛ փորձէք հասկնալ կինը. միայն կինը կրնայ կնոջ հասկնալ եւ ա՛յդ պատճառով է, որ կ՚ատեն զիրար»:

Աւելի քան դար մը առաջ հարց կը տրուէր, թէ ի՞նչ է կինը. նոյն այդ հարցումը կը կրկնուի այսօր, որովհետեւ կինը կը փորձուի ներկայացուիլ մի քանի քարացած կաղապարներով, որովհետեւ ամէն մարդ կը փորձէ կինը տեսնել այնպէս՝ ինչպէս ինք կ՚ուզէ տեսնել՝ իր խելքին ըմբռնածին չափ:

Կնոջ «տկար» ըլլալու գաղափարը կու գայ հինէն, որովհետեւ մինչեւ իսկ դար մը առաջ մարդիկ կ՚ապրէին այն համոզումով, որ կինը անկարող արարած մըն է՝ ենթակայ տան գործերը ընելու, բանելու եւ մաքրելու. այս մտածողութիւնը ինչքան ալ հին թուի, անգիտակցաբար այսօր եւս ի զօրու կը մնայ. այդ պատճառով է որ մայրը իր դեռահաս աղջկան տան գործերը կատարել, լուացք ընել, պնակ լուալ եւ մաքրութիւն կատարել կը սորվեցնէ, որպէսզի օր մը չըսեն «բան մը չի գիտեր»:

Այդ «բան մը չի գիտեր» չըսենի զգացողութիւնը ինքնին վկան է այն իրողութեան, որ կինը, հակառակ իր նկարագիրին, իր կարողութիւններուն, ունի կաղապարներու մէջ ամփոփուած պարտաւորութիւններ, որոնք կու գան հինէն, որովհետեւ անցեալին իգական սեռի ներկայացուցիչը, որ նոյնիսկ ուսումէն զուրկ կը մնար, ունէր մէ՛կ պարտաւորութիւն. կատարել տնային աշխատանքներ: Այդ «բան մը չըսեն»ով արդէն փոքր տարիքէն աղջիկներուն միտքին մէջ կը դրոշմեն այն գաղափարը, որ ամօթ է լուացք ընել չգիտնալ, ամօթ է ճաշ պատրաստել չգիտնալ... իսկ եթէ պատահի, որ իգական սեռի ներկայացուցիչը ճաշը լաւ չպատրաստէ, կամ մաքրութիւնը կատարեալ չընէ, կու գայ նուաստացուցիչ այլ տարածուած խօսքը. «Ինչպէ՞ս պիտի պսակուիս... ո՞վ պիտի առնէ քեզի»:

Այլ խօսքով, առանց զգալու կնոջ մտայնութեան մէջ կը փորձեն դնել, որ ինք պարտաւոր է այդ բոլորը լաւապէս կատարել, որպէսզի «տունը չմնայ», տալով այն համոզումը, որ պսակուիլը ո՛չ թէ սիրոյ, այլ այդ կատարուած ճաշին ու մաքրութեան վրայ հիմնուած է:

Թէեւ նման գաղափարներ մենք ժառանգած ենք մեր նախկիններէն, սակայն պէտք է ընդունինք, որ անոնց մէջ եղած են փոքրամասնութիւններ, որոնք եւրոպական «զարգացած» երկիրներէն շա՜տ շատ աւելի առաջ կարեւորած են կնոջ դերը եւ փորձած կոտրել այն քարացած համոզումը, որ կինը անկարող արարած մըն է:

Մեր թուականէն 128 տարիներ առաջ, Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Հայրենիք» օրաթերթի երկուշաբթի, 20 յունիս 1894 թուականի թիւին Ա. էջին մէջ Ա. Կ. Սէքլէմեան անուն գրող մը «Աղջկանց համար.- ի՞նչ բանի օգտակար եմ» խորագրեալ յօդուածին մէջ հետեւեալը կ՚ըսէ. «Ցաւալի իրողութիւն մըն է, թէ աղջիկները ընդհանրապէս ոչ թէ մարդկութեան ամենամեծ օգուտ մը ընելու, այլ առհասարակ ընդունուած գաղափարին համեմատ կին ըլլալու, զարդ ըլլալու կը վարժեցուին». աւելի քան դար մը ետք պատկերը այդքան ալ փոխուած չէ...:

Անցեալները մայր մը կը խօսէր պատահարի մը մասին. աղջիկ զաւակը աստիճաններէն սահելով ճակատը զարկած է սուր քարի մը եւ վիրաւորուած: Մայրը պատահարը պատմելէ ետք հետեւեալ տողերը աւելցուց. «լաւ որ աչքին բան մը չեղաւ... մանաւանդ որ աղջիկ զաւակ է»:

Գիտէ՞ք ինչ կը նշանակէ «մանաւանդ որ աղջիկ զաւակ է» խօսքերը... այսինքն եթէ աչքին բան մը ըլլար եւ իր տեսողութիւնը կորսնցնէր, կամ մինչեւ կեանքին վերջ աչքի խնդիր ունենար «ո՞վ պիտի պսակուի իր հետ»: Փորձեցի հանդարտութիւնս պահելով հասկնալ, թէ աչքը վիրաւորելու պարագային ի՞նչ է տարբերութիւնը, եթէ զաւակը աղջիկ է թէ տղայ...:

Այս բոլորը ցոյց կու տայ, որ մինչեւ օրս որոշ թերութիւններ արտօնուած են տղոց համար, սակայն աղջկանց համար տակաւին կան քարացած պարիսպներ, որոնք չենք կրցած փշրել մեր միտքերուն մէջ:

Մինչեւ օրս շատ մը մայրերու համար իրենց աղջիկ զաւակներուն ունեցած շնորհքները, ուսման մակարդակն ու կարողութիւնները այդքան կարեւոր չեն, ինչքան անոր տան գործերը կատարելու կարողութեան սահմանները, որովհետեւ եթէ աղջիկը այդ մէկը լաւ չկատարէ վերջաւորութեան մեղաւոր պիտի դուրս գայ նաեւ մայրը՝ որ համոզուած է, թէ իր մեծագոյն պարտաւորութիւններէն մէկը իր աղջիկ զաւակը ապագայի ամուսնոյն համար «լաւապէս» պատրաստելն է:

Այդ բոլոր մտածումները մէկտեղած, շատ մը իգական սեռի ներկայացուցիչներ յաւելեան աշխատանք ու ճիգ չեն տանիր զարգանալու, շնորհքներ զարգացնելու, որովհետեւ վերջապէս պիտի պսակուին, տունը մաքրեն, լուացք ընեն եւ ամուսինը ուրախ պահեն. կեանքի կատարեալ հեռանկար մը:

Հայկական ընտանիքներէն ներս այս մտածողութիւնը վերացնելը քիչ մը դժուար կ՚երեւի. ցաւ ի սիրտ մեր կրթական ծրագիրը եւս կարեւորութիւն չ՚ընծայեր նման ընկերաբանական հարցերու: Այսօր մեր դպրոցները կը կարծեն, որ իրենց «պարտականութիւն»ը ֆրանսերէն, անգլերէն, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն սորվեցնել է. պէտք է գիտակցիլ, որ սորվեցնելու եւ կրթելուն միջեւ կայ տարբերութիւն մը եւ այդ տարբերութեան գիտակցութեամբ է, որ կ՚որոշուի դպրոցի մը վարժարան կամ կրթական հաստատութիւն ըլլալը, որովհետեւ մէկը կը վարժեցնէ, իսկ միւսը կը կրթէ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՆԱՏՈԼԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
(1941-2017)

Մեր թուականէն 81 տարիներ առաջ՝ 4 յուլիս 1941-ին Կիւմրիի մէջ ծնած է նկարիչ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Վաստակաւոր նկարիչի կոչում ստացած Անատոլի Գրիգորեան:

Գրիգորեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ. ապա 1956 թուականին ընդունուած է Երեւանի «Փանոս Թերլեմեզեան» գեղարուեստի ուսումնարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1961 թուականին: Ապա 1962 թուականին ընդունուած է Երեւանի Գեղարուեստական եւ թատերական կաճառի գեղանկարչութեան բաժինը, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1967 թուականին: Ուսումը աւարտելէ ետք Գրիգորեան աշխատած է հայկական հեռուստատեսութեան արուեստանոցէն ներս. 1970 թուականին եղած է Նկարիչներու միութեան անդամ, իսկ 1977 թուականին ընտրուած՝ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան քարտուղար, ապա միութեան վարչութեան անդամ:

Գրիգորեան ցուցահանդէսներով հանդէս եկած է Երեւանի, Ռուսաստանի, Լեհաստանի, Հնդկաստանի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Պուլկարիոյ, Հունգարիոյ եւ այլ երկիրներու մէջ: Անոր ստեղծագործութիւնները մինչեւ օրս կը ցուցադրուին Տրետեաքովեան պատկերասրահին, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանի, Վանաձորի պատկերասրահին, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի նկարիչներու միութիւններու գրասենեակներուն, ինչպէս նաեւ անհատական բազմաթիւ հաւաքածոներու մէջ:

Շնորհիւ իր արուեստին, Գրիգորեան 1983 թուականին արժանացած է Հայաստանի Վաստակաւոր նկարիչի կոչումին, իսկ 2013 թուականին արուեստագէտին շնորհուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ժողովրդական նկարիչի կոչումը: Կոչումներուն կողքին 2005 թուականին Գրիգորեան արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին:

Արուեստագէտը մահացած է 17 մարտ 2017 թուականին, Երեւանի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յուլիս 4, 2022