ՉԱՐԻՆ ԾԱԳՈՒՄԻՆ ՄԱՍԻՆ
«Բարի»ին կողմէ բարիքով ստեղծուած այս աշխարհի վրայ յաճախ դէմ յանդիման կու գանք «չար»ին եւ «չարիք»ին հետ։ Մարդկային միտքը, ուզէ չուզէ, կը զբաղի այս հարցով. քանի որ այս աշխարհը բարի նպատակով ստեղծուած է, ապա ուրեմն ինչո՞ւ համար չարը եւ չարիքը գոյութիւն ունին։ Եւ եթէ գոյութիւն ունին, «Բարի»ն ինչո՞ւ արգելք չի հանդսանար անոր։
Այս աշխարհի վրայ չարը եւ չարիքը անխուսափելի՛ են մարդուն կեանքին մէջ։
Արդարեւ «ֆիզիքական չարիք»ը եւ «բարոյական չարիք»ը պէտք է զանազանել իրարմէ։
Եթէ Ամենակալ, Ամենակարող Հայր Աստուած, բարեկարգ եւ բարի աշխարհին Արարիչը, Իր բոլոր արարածները կը հոգայ, կը խնամէ, ուրեմն ինչո՞ւ համար չարը գոյութիւն ունի։
Նոյնքան ստիպեցուցիչ որքան անխուսափելի, նոյնքան կսկծալի որքան խորհրդաւոր այս հարցումին ո՛չ մէկ աճապարուած պատասխան բաւարար եւ գոհացուցիչ է։ Քրիստոնեայ հաւատքին ամբողջութիւնն է, որ կը հանդիսանայ այս խորհրդաւոր հարցումին պատասխանը՝ որ է «արարչագործութեան բարութիւն»ը, «մեղքին եղերականութիւն»ը, «Աստուծոյ համբերատար սէր»ը՝ որ կ՚ընդառաջէ մարդուն՝ Իր իսկ կնքած ուխտերով, Իր Որդիին փրկչական Մարդեղութեամբ, Ս. Հոգիին պարգեւովը, Եկեղեցւոյ ժողովումով, սուրբ խորհուրդներուն զօրութեամբ, երանաւէտ կեանքին կոչուածութեամբ, որուն իրենց հաւանութիւնը ընծայելու կանխաւ հրաւիրուած են ազատ արարածները՝ օժտուած «ազատ կամք»ով, բայց որմէ կրնան ահաւոր խորհուրդով մը նաեւ կանխաւ խուսփիլ եւ խոյս տալ։
Արդարեւ, քրիստոնեայ պատգամէն չկա՛յ անցք մը՝ որ մասամբ պատասխան մը չըլլայ չարին եւ չարիքին հարցին։
Ինչո՞ւ համար Աստուած չստեղծեց այնքան կատարեալ աշխարհ մը՝ ուր ո՛չ մէկ չարիք կարենար գոյութիւն ունենալ։ «Աստուած միշտ կարող է Իր անհո՜ւն կարողութեամբ եւ զօրութեամբ աւելի կատարեալ բան մը ստեղծել», ինչպէս կ՚ըսէ Ս. Թովմաս Աքուինացի։ Սակայն, Աստուած, Իր իմաստութեամբ եւ Իր անսահման բարութեամբ, ազատօրէն ուզեց ստեղծել «աշխարհ» մը՝ «յառաջընթացութեան մէջ», ուղղուած դէպի իր վերջնագոյն կատարելութիւնը։
Եւ այս, կը նշանակէ, թէ ստեղծագործութեան եւ արարչագործութեան ընթացքը կը շարունակուի եւ ա՛յդ իսկ պատճառով է, որ կ՚աղօթենք եւ կը շարունակենք խնդրել բարին։ Եթէ ամէն ինչ լրացած ըլլար՝ կարելի՞ էր, որ փոխուէր կարգ մը բաներ, եւ ուրեմն ստեղծագործութեան այս շարունակուող ընթացքին մէջ է, որ մեր աղօթքներով կարելի կ՚ըլլայ փոխուիլ…
Աստուծոյ ստեղծագործութեան ծրագրին մէջ այս կերպ ըլլալը՝ կը ներփակէ կարգ մը արարածներուն երեւումին հետ նաե՛ւ անհետացումը ուրիշներուն, ամենակատարեալին կողքին՝ նուազ կատարեալը, բնութեան շինարարութեան կողքին՝ նաե՛ւ կործանումներ։
Ուստի, ֆիզիքական բարիին կողքին պիտի ըլլայ նաեւ «ֆիզիքական չարիք»ը այնքան ատեն, որ արարչագործութիւնը չէ հասած իր կատարելութեան. (Ս. Թովմաս Աքուինացի)։
Հրեշտակները եւ մարդիկ իմացական եւ ազատ արարածներ ըլլալով, ընթանալու են դէպի իրենց վերջնագոյն վախճանը, քանի օժտուած են «ազատ կամք»ի ընտրութեամբ եւ նախընտրական սիրով։ Ուստի, կարող են իբր այդ՝ նաե՛ւ «ճամբէն շեղիլ»։
Եւ իրապէ՛ս ալ՝ անոնք մեղանչեցին։
Այսպէս է, որ «բարոյական չարիք», որ ֆիզիքական չարիքէն անբաղդատելիօրէն աւելի ծանր է, մտաւ աշխարհ։ «Աստուած ո՛չ մէկ կերպով, ո՛չ ուղղակի եւ ոչ ալ անուղղակի պատճառն է բարոյական չարիքին», կ՚ըսէ Ս. Օգոստինոս Աւրելիոս։ Սակայն Ան, Իր արարածին ազատութիւնը յարգելով՝ թոյլ կու տայ զայն, բայց գիտէ միանգամայն խորհրդաւոր կերպով անկէ բարիք քաղել։
Աստուծոյ միջամտութեան հարցին՝ Ան համբերատարութեամբ կը հետեւի չարին եւ կը սպասէ, որ մարդ իր ազատ կամքով ազատի չարէն, եւ ի պահանջեալ հարկին կը միջամտէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 2, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 10/07/2024
- 10/07/2024