ԿՌԻՒԸ ԱՄԷՆ ԻՆՉ ԿԸ ՔԱՆԴԷ

Կռիւը, դժբախտաբար, մարդկային կեանքի անբաժան եւ սովորական մէկ երեւոյթն է։ Կռիւը երբ կը վերածուի մանաւանդ իրար հարուածելու աստիճանին, ահաւասիկ կ՚ըլլայ քանդիչ արարք մը, որ մարդուն ո՛չ բանականութեան եւ ոչ ալ «մարդ» կոչումին կը պատշաճի։ Արդարեւ մարդ կրնայ տարբեր խորհիլ, տարբեր համոզումներ ունենալ ուրիշի մը նկատմամբ, ինչ որ բնական է, քանի որ մտածողութիւնը, բանականութիւնը, երեւակայութիւնը սահման չի ճանչնար եւ տարակարծութիւններ բնական պէտք է նկատուին այս պատճառով։

Մարդիկ իրենց բանականութեան բնական հետեւանքով երբ կ՚ունենան տարակարծութիւններ, անշուշտ որ բնականաբար տեղի կ՚ունենան բանավէճեր։ Չէ՞ որ ճշմարտութիւնը կը ծնի տարբեր գաղափարներու, տարբեր մտածումներու ընդհարումէն։ Արդէն մարդուն «մա՛րդ» հանգամանքը այս կէտին կը յայտնուի. բանավէճերով հասարակաց կարծիքի մը յանգիլ, եւ ճշմարտութիւնը գտնել ի վերջոյ համաձայնութեան մէջ։

Այս իմաստով «գաղափարի կռիւ»ը օգտակար է եւ շինիչ։ Բայց «իրար մարմնապէս հարուածող, ատող, վարկաբեկող կռիւ»ը՝ վնասակար եւ քանդի՛չ։

Եւ երբ մարդ բանականութեամբ, խօսքով իրար հասկնալու, համաձայնելու յատկութիւնը եւ կարողութիւնը ունի, ապա ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել «գաղափարի կռիւ»ը մարմնական հարուածի վերածելու, մարմնական կռիւի հասցնելու՝ բանականութեան բոլորովին ներհակ վիճակը։ Մարմնական կռիւը ոչ մէկ բան կը շինէ. ան ամէն ինչ կը քանդէ…։

Մարմնական կռիւը մէկ պարագայի հասկնալի եւ ընդունելի կրնայ ըլլալ, երբ հարուածի մը դէմ ինքնապաշտպանութեան պահանջքը կայ։ Հարուածի հարուածով փոխարինել ինքնապաշտպանութեան՝ գոյապահպանման եւ գոյատեւման պարագային ներելի պէտք է համարուի, այն պայմանով որ փոխադարձ հարուածը համապատասխան ըլլայ հարուածին եւ երբեք չչափազանցուի այդ փոխադարձութիւնը։

Արդարեւ, նախընտրելի է հարուածը դիմաւորել համբերութեամբ, հանդուրժողութեամբ եւ սպասել հարուածողին հակազդեցութիւնը այդ անակնկալ փոխադարձութեան, հանդարտութեան որ թերեւս շուարումի եւ շփոթութեան կը մատնէ հարուածողը, եւ պահ մը կ՚անդրադառնայ իր արարքին անիմաստութեա՛ն։

Այս այն սկզբունքն է, որ վերջ կու տայ շատ կռիւներու. չարին բարի՛քով փոխադարձել։

Որքա՞ն դիւրին է, որքա՞ն կարելի է ասիկա, քանի որ իր «Ես»ին, եսամոլութեան գերի՛ն է մարդ էակը, եւ ընդհանրապէս չի զիջանիր, ետ քայլ չի նետեր, երբ խնդրոյ առարկայ է իր «Ես»ը։

Արդարեւ, վիճաբանութիւնն ալ, այսինքն «գաղափարի կռիւ»ն ալ պէտք է մղուի որոշ սահմանի մը մէջ։ Զոր օրինակ, վիճաբանողներ պէտք է գիտակցութիւնը ունենան թէ՝ վէճի նիւթը անձը ինք չէ՛, այլ՝ գաղափարը, տեսակէտը կամ կարծիքը։ Անձը եւ անոր գաղափարը իրարմէ զանազանել հմտութիւն կը պահանջէ, ինչ որ յաճախ կը պակսի, քանի որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ վկայութիւններ ա՛յդ ցոյց կու տան։

Ուստի «անձ»ը եւ «գաղափար»ը իրարմէ զանազանել կը նշանակէ՝ անձին ինքնութեան եւ արժանապատուութեան, մտածելու ազատութեան, մարդկային հիմնական իրաւունքներու գոյութիւնը միշտ ի մտի ունենալ՝ զգուշանալ ինքնութիւնը վարկաբեկող խօսքերէ եւ մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող ամէն տեսակ արտայայտութիւններէ. գիտնալ որ վէճին նիւթը կամ առարկան «անձ»ը չէ՛, այլ՝ տեսակէտը կամ համոզումները։

Արժանապատուութեան չափ կարեւոր է նաեւ մտածումի, խղճի ազատութիւնը՝ որոնք պէտք է յարգուին վիճաբանութեան ժամանակ. վէճի նպատակը անձը չէ, այլ՝ գաղափա՛րը։

Մարդ էակը՝ որպէս բանաւոր, բանականութեան տէր արարած, ունի կարգ մը բնական, հիմնական եւ էական իրաւունքներ։ Բանավէճի ընթացքին պէտք է յարգուին նաեւ այս իրաւունքները։ Արդարեւ ամէն մարդ որոշ կերպով խորհելու, հաւատալու եւ իր մտածումները եւ համոզումները արտայայտելու իրաւունքը։ Արդարեւ, քննադատելու իրաւունք ալ ունի, բայց միշտ յարգելով եւ հանդուրժողութիւն ցոյց տալով խորհուրդներու եւ հաւատալիքներու, քանի որ անոնք մարդուն հիմնական իրաւունքներն են՝ անբռնաբարելի, անկապտելի՛։ Եւ այդ տեսակէտէ՝ անձը անձեռնմխելի է, անշուշտ հաւատարիմ մնալով միշտ մարդկային արժանապատուութեան եւ բարոյական արժէքներու պահպանման, որոնք մարդը «մա՛րդ» կ՚ընեն։

Եւ այս կէտին դարձեալ անհրաժեշտ է համակրական հասկացողութիւն ունենալ, անգամ մըն ալ դիմացինին պէս խորհիլ եւ զգալ փորձել, ինչ որ պիտի դիւրացնէ համաձայնութիւնը։ Մարդիկ կը համաձայնին երբ իրար հասկնալ կը սկսին։ «Հապա եթէ իր տեղ ես ըլլայի…», ըսելով պէտք է սկսի եւ շարունակէ բանավէճ մը։ Եւ իրար հասկնալու միակ կերպն է՝ «ուրիշ»ին պէս խորհիլ, «ուրիշ»ին պէս զգալ փորձել, եւ անդրադառնալ այն իրողութեան՝ թէ մարդ կրնայ յաճախ սխալիլ, եւ ի՛նք եւս…։

«Երբ մէկը խնդիր ունի քեզի հետ եւ դատի կը կանչէ քեզ, սկիզբէն համաձայնութեան եկուր անոր հետ՝ դատարան չինկած, այլապէս քեզ դատաւորին կը յանձնէ, դատաւորն ալ՝ ոստիկանին եւ բանտ կը նետուիս։ Վստահ եղիր թէ բանտէն պիտի չելլես, մինչեւ որ տուգանիդ վերջին դահեկանը չվճարես», կ՚ըսէ Յիսուս։ (ՄԱՏԹ. Ե 25-26)։

Ահաւասիկ, կեանքի մէջ գործնականի վերածուած պատուէր մը՝ որ կ՚արտայայտուի սա խօսքերով.- Ամենէն արդիւնաւոր դատավարութիւնը համաձայնութեամբ վերջացածն է։ Արդարեւ, դատավարութեան ընթացքին երկու կողմերն ալ որոշ համեմատութեամբ, գոնէ բարոյապէս կը վնասուին, քանի որ անոնք կը նմանին երկու ապակեայ գաւաթներու, որոնք երբ իրարու զարնուին, բախում ունենան՝ մէկը կը փշրուի, իսկ միւսն ալ կը ճաթի։

 Եւ դարձեալ Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր» (ՄԱՏԹ. Ե 39)։

Ո՜րքան դժուա՛ր է կատարել այս պատուէրը։ Բայց պէտք չէ՛ մոռնալ որ իսկական առաքինութիւնը, ազնուութիւնը եւ ճշմարիտ յաղթանակը դժուար տեսնուածները կատարելու մէջ կը կայանայ։ Այն որ դժուարը կը յաղթահարէ, ա՛ն է մեծը…։

​ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 29, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2019