ՎԱՂԸ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ Է

Յաճախ գրած ու խօսած ենք փոփոխութեան մասին. մեր կեանքին մէջ այսօր գրեթէ փոխուած է ամէ՛ն ինչ, ներառեալ տօնական ու ծննդեան այս օրերն ու անոնց արժէքը: Անցեալին իր մէջ խորհուրդ մը պարունակող այս օրերը իր արժէքներէն մերկանալով դարձած է լոկ կերուխումի առիթ:

Գրեթէ ամէն արժէք մեր մօտ սկսած է կամաց կամաց դառնալ կերուխում, անցեալէն պահելով լո՛կ իր անունը: Փորձեցէք կարդալ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող հաւաքներու վերնագրերը. «Խրախճանք Ս. Խաչի տօնի առիթով», «Սուրբ Ծննդեան ճաշկերոյթ մասնակցութեամբ սիրուած երգիչ...». թէ՛ Սուրբ Խաչը եւ թէ Սուրբ Ծնունդը, որ իրականութեան մէջ մեր հաւատքին հետ առընչուող սրբազան տօներ են, սկսած ենք եկեղեցիներէն հեռու՝ արաբական կամ այլ չեմ գիտեր որ երգիչին նուագին տակ տօնել: Սկսած ենք տօնել ծնունդ՝ ուր Ծնեալը չկայ, Խաչի տօն՝ որ բացի խաչէն ամէ՛ն բանի կարելի է նմանեցնել:

Հայ ժողովուրդը գրեթէ միւս բոլոր տօներէն աւելի սիրած է Ծնունդը, որովհետեւ անոր կեանքը մի՛շտ մահէն դէպի ծնունդ գացող պայքար մը եղած է աշխարհի երեսին: Մեր մեծերէն շատեր սիրած են Ծնունդը՝ վերածնունդի յոյս մը տեսնելով անոնր մէջ, իսկ ուրիշներ ատա՛ծ են Ծնունդը՝ նկատի ունենալով, որ հայու ճակատին գրուած է միայն մահը եւ ո՛չ ծնունդ: Ծնունդի դէմ ըմբոստացողներէն մէկն ալ Ռուբէն Սեւակն է, որ իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Մենք Ծնունդ չունինք, մենք Մահն ենք դաժան»: Ինչպէ՞ս եղաւ որ նման ծնունդ մը իր հոգեւոր իմաստէն արժեզրկուելով գնաց չէզոքութեան եւ ապա վերածուեցաւ խնջոյքի եւ կերուխումի:

Միջին Արեւելքի մէջ Ծնունդը Զատիկի կողքին կարեւորագոյն տօներէն մէկն էր. այն անձը որ ամբողջ տարի եկեղեցի չէ այցելած, Ծնունդի օր անպայման կ՚երթայ եկեղեցի (ոչինչ որ հայկական սովորութեան համաձայն՝ դուրսը բակին մէջ կը մնար): Կարծես պարտաւորութիւն եղած ըլլար Ծնունդի օր հագուիլ լաւագոյն հագուստները եւ երթալ եկեղեցի, սակայն այդ մէկը եւս կամաց-կամաց կը մեռնի: Մարդիկ կամաց-կամաց կը հեռանան, իրենց մէջ կը մեռցնեն ծնող Քրիստոսը եւ այդ մահը կը կոչեն ծնունդ. տարեդարձ՝ ուր ծնողը այդտեղ չէ:

Մեր թուականէն 107 տարիներ առաջ՝ 1914-ին բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժան իր արձակ գրութիւններէն մէկուն մէջ հետեւեալ տողերը կը գրէ. «Այս գիշեր, ամայի ախոռներուն մէջ, բոլոր աշխարհի Աստուածածինները իրենց մանուկները կը ծնանին, մէն մինակ, առանց դայեակի, առանց հայր Յովսէփներու։ Ո՛չ սափոր մը տաք ջուր ունին նորածիններն լուալու համար, ո՛չ խանձարուրներ՝ զանոնք փաթթելու համար»: Մեր հոգիները այսօր տարբեր չե՛ն Վարուժանի ներկայացուցած ախոռէն, ուր առանձնութեան մէջ, առանց մեր գիտակցութեան Յիսուս Մանուկը ծնունդ կ՚առնէ: Տաք ջուրը, խանձարուրները մեր արժէքներն ու աւանդութիւններն են, որոնցմէ հեռացած ենք հիմա: Որո՞ւ կինը պիտի չուզէր ծննդաբերութեան ժամանակ սիրելիներով շրջապատուիլ եւ զգալ անոնց ներկայութիւնը. Աստուածածինը այսօր զրկուած է այդ շնորհքէն, որովհետեւ կեանքի պայմանները շա՜տ աւելի «կարեւոր» ու «առաջնահերթ» պայմաններ ունի՝ քան իր անժամանակ ծնունդը:

 Ամիսներ առաջ կարդացի գրող եւ հասարակական գործիչ Տիգրան Չէօկիւրեանի «Հայրենի ձայներ» աշխատութեան «Ի Մարդիկ Հաճութիւն» պատմուածքը, ուր ծերուկ կին մը իր խօսքին մէջ կ՚ըսէր. «Է՜հ, տղաս, պիտի մնա՞ք այսպէս։ Փաթթուեցէք իրարու, պագէք զիրար, հաշտուեցէ՛ք, վաղը Ծնունդ է»: Պառաւին այս խօսքը լաւագոյն ձեւն է փաստելով Ծնունդի արժէքը. Ծնունդը Քրիստոսի ծնելէն աւելի մարդոց համար նոր սկիզբ մըն էր եւ անոնց մտածողութեամբ կարելի բան չէր եղբօր հետ նեղացած կամ կռուած վիճակի մէջ դիմաւորել Տիրոջ Ծնունդը:

Այսօր մեզմէ քանինե՞ր իրենց եղբայրներու ու քոյրերուն հանդէպ քէն պահած կը դիմաւորեն Անոր Ծնունդը. ինչքա՜ն հարազատ են պառաւի խօսքերը. «Փաթթուեցէ՛ք իրարու, պագէք զիրար»: Հիներու մօտ փաթթուելու եւ պագելու սովորութիւնը հազուագիւտ էր՝ յատուկ տօնական օրերու: Պատմուածքին մէջ պառաւը կը յաջողի հաշտեցնել երկու անհատները, որուն համար Չէօկիւրեան կը գրէ. «Ու երբ իրար գրկած կը մնային երկու գժտուած հոգիները, այդ համատարած անդորրին մութի եւ լոյսի գիրկընդխառնումի պահուն, եկեղեցիին զանգակը եւ կոչնակները, տարածուն, ներդաշնակ, անորակելի թինդերով կ՚աւետէին Ծնունդը…»:

Մեր մաղթանքն է, որ նման անդորրութեամբ դիմաւորէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդը. ձեր հոգիները փոխան արաբական կամ այլ մուղամներուն լեցուին ներդաշնակ, անորակելի թինդերով ղօղանջող սրբազան զանգերով՝ որոնք Ծնունդը կ՚աւետեն:

Ծնունդի շնորհաւորանքս կ՚ուզեմ կատարել Արղութեան Յովսէփ Կաթողիկոսի գրաբար բառերով, որոնք այնքա՜ն հաճելի, այնքա՜ն հարուստ կը հնչեն. «Շնորհաւորեմ զնոր տարիս որ հանդերձեալ եմք մտանել եւ ծնունդ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի, որոյ շնորհիւն լցուսցէ մանկացեալ տէրն զձեզ ամենայն անզրաւ իւրովք բարեօք»:

Երանի՜ այս Ծնունդին մեր մէջ ծնունդ առնեն ա՛յն բոլորը, որ արդէն կամաց-կամաց տրուած են մոռացութեան:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 5, 2022