ՎԱ՛Ռ ՄՆԱՅ ՅՈՅՍԻՆ ԼՈՅՍԸ

Երբեմն յիշատակներու մէջ թաղուիլ, հիները վերյիշել աղօթքի չափ մխիթարական եւ խորհուրդի մը չափ տպաւորիչ կ՚ըլլայ։ Աղօթքի կարգին, ես ալ յաճախ կը թաղուիմ յուշերու խորհրդաւոր անհո՜ւն ծովին մէջ։ Թէեւ չմոռցուած բայց «ապրելու» համար հիները՝ սիրելիներ եւ սիրելի կեանքեր։

Դարձեալ, այսպիսի պահու մէջ, կը թղթատէի ընտանիքի թղթածրարներ, որոնց մէջ ուշադրութիւնս գրաւեց հանգուցեալ երէցկնոջս Աննիկ Գալփաքճեանի, զանազան առիթներով, իր իսկ ձեռագրով պատրաստած շնորհաւորական գրութիւններ։ Առաջին ակնարկով նկատեցի Սուրբ Ծնունդի եւ Նոր տարուոյ առթիւ գրած շնորհաւորականի օրինակը։ Ո՜րքան տպաւորիչ էր երէցկնոջ մաղթանքները, երբ գրած էր. «Սրտանց կը մաղթեմ որ միշտ վառ մնայ մեր մէջ յոյսին լոյսը, սիրոյ ջերմութիւնը եւ խաղաղութեան քաղցրութիւնը»։

Ո՜րքան զգայացունց մաղթանք մը, նոյնքան օրհնալից օրուան մը առթիւ։ Եւ մարդ իր կեանքին աւելի ի՞նչ կրնայ ուզել քան յոյսին մշտնջենական լոյսը, սիրոյ ջերմութիւնը եւ խաղաղութեան քաղցրութիւնը…

Պահ մը Երէցկնոջս հետ խորհրդակցեցայ. արդեօք այս մաղթանքներուն մէջ կը պակսէ՞ր «առողջութեան» մաղթանքը։

Ո՛չ սիրելի Երէցկին, ճի՛շդ եւ բաւարար է քու մաղթանքներդ՝ յոյս-լոյս, սէր եւ խաղաղութիւն…

Արդարեւ, եթէ ըլլան այս անփոխարինելի հոգեւոր արժէքները, առողջութիւնը երկրորդական է, չէ՞ որ յոյսը, սէրը եւ խաղաղութիւնը ո՛չ միայն հիւանդութիւն, այլ մա՛հն իսկ կը պարտեն։ Տե՛ս սիրելի Երէցկի՛ն. ի՞նչ պակսած է 2007-էն մինչեւ այսօր եւ միշտ, դուն կ՚ապրիս հո՛ս հոգիներու, սիրտերու եւ միտքերու մէջ։ Քու մի քանի տողերդ տակաւին կը ներշնչեն, կը շարունակեն տպաւորել մեր միտքը՝ դուն կը գրես սա պահուս, տրուպ գրիչիս հետ։ Արդարեւ, երբ մարդ յոյս չունի, սէր չունի, խաղաղութիւն չունի՝ արդէն հիւանդ է, արդէն մեռա՛ծ է, քանի որ առանց յոյսի, առանց սիրոյ եւ առանց ներքին խաղաղութեան կեանքը «կեանք» չէ՛. ապրիլը «ապրիլ» չէ՛…

Կ՚ըսեն ընդհանրապէս. «ամէն բանէ առաջ առողջութիւն»։ Հապա մարդ առողջ ըլլայ, բայց յոյս չունենայ, սէր չունենայ, ներքին խաղաղութիւն չունենայ, չի՞ կորսնցներ իր առողջութիւնը, եւ երբ մարդ հիւանդ ըլլայ, յոյսով, սիրով եւ ներքին խաղաղութեամբ չի՞ բժշկուիր, կամ ըսենք. առողջութիւնը վերագտնելու համար յոյսը, սէրը եւ խաղաղութիւնը առաջնակարգ դեր չե՞ն խաղար, չե՞ն օգներ բժշկական խնամքի ընթացքին։

Արդարեւ, կ՚ըսեն, որ բժիշկը՝ երկրի վրայ Աստուծոյ մատն է։ Իմաստալից խօսք։ Անոնք կը գործադրեն Աստուծոյ կամքը երկրի վրայ…

Սիրելի՜ Երէցկին Անիկ, շնորհակալ եմ, անգամ մը եւս ներշնչեցիր, տպաւորեցիր զիս, վարձքդ կատար՝ շա՜տ ապրիս… որովհետեւ եթէ մէկը տարի՜ներ վերջ կը շարունակէ տպաւորել եւ ներշնչել կերպով մը, անոր համար մահը ո՛չինչ է. այն՝ որ կը շարունակէ օգտակար ըլլալ, գաղափարներ յղացնել եւ զգացումներ արծարծել, ան կ՚ապրի՝ յոյսով, սիրով եւ խաղաղութեամբ։ Ուստի յոյսը, սէրը եւ խաղաղութիւնը անպակաս ըլլայ բոլորիս…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2024