ԱՄՈՒՍՆԱՑՈՂՆԵՐԸ

Վերջերս անբարոյականութեան հանդէպ եղող սիրոյ կողքին կողակիցը դաւաճանելու նոր պատճառ մը ծնունդ առած է մեր ընկերութենէն ներս, որու շնորհիւ մեր հայկական իրականութիւնը եւս կը սկսի նմանիլ «պրազիլեան» ժապաւէններու՝ ուր շունը իր տէրը չի ճանչնար:

Հայաստանէն ներս այսօր այնքա՜ն պարզ ու բնական տեսք սկսած է առնել դաւաճանութիւնն ու ամուսնալուծութիւնը, որ տեղ մը ո՛չ թէ ընողը, այլ չընողը կը սկսի ինքզինք զգալ մեղաւոր, որովհետեւ տեղ մը «տղամարդութեան» օրէնքը ա՛յդ կը պահանջէ:

Հայաստան հաստատուելէս ետք մեր հայրենակիցներուն մօտ, մանաւա՛նդ գիւղացիներուն մօտ գտայ հետեւեալ մտայնութիւնը. նկատի ունենալով որ Հայաստանի համալսարաններուն մեծ մասը Երեւանի մէջ կը գտնուի, երիտասարդ-երիտասարդուհիներ իրենց դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք կու գան Երեւան՝ իրենց համալսարանական ուսումը ստանալու համար: Ըստ մեր հայրենակիցներու «գիտակից» օրէնքին՝ մանաւանդ մարզերէն ներս, կայ այն մտայնութիւնը, որ համալսարանը աւարտող աղջիկ մը դարձեալ հօր տունը վերադառնայ... կրնայ ամօթ նկատուիլ, որովհետեւ իրենց կեանքի ժամանակացոյցը կազմուած է հետեւեալ հերթականութեամբ.- դպրոց, համալսարան, ամուսնութիւն, զաւակ... եւ շնորհիւ այս «գիտակից» մտածելակերպին, երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն մօտ կը տեսնես մրցակցութիւն մը՝ առաւելագոյնս շուտ պսակուելու համար:

Նոյն այդ «ամօթ»ի մտայնութենէն տարուած երիտասարդուհի մը, հազիւ համալսարանը աւարտած, առանց լաւապէս ուսումնասիրելու իր կողակիցը, պարզապէս հայրական տունը մնալու «ամօթ»ին չմատնուելու համար պսակուեցաւ երիտասարդի մը հետ՝ որուն տակաւին լաւապէս չէր ճանչնար:

Տակաւին ամուսնութիւնը տարի մը չեղած երէկ իրմէ ստացայ հետեւեալ նամակը.- «Հրայր, միայն գիտնաս ինչքա՜ն կը զղջամ. ամէ՛ն օր կու լամ: Ինձմէ քեզի խրատ, մինչեւ լաւապէս չուսումնասիրես ու վստահ չըլլաս, արագ որոշում մի տար. ես ամէ՛ն լալու վիճակի մէջ եմ. ո՛չ ամուսինս եւ ո՛չ ալ իր ընտանիքը կը յարգէ զիս՝ մանաւանդ հիմա որ յղի եմ: Եթէ այսպէս շարունակուի, օր կը ձգեմ դուրս կու գամ տունէն»:

Հարցուցի իր ընտանիքին մօտեցումն ու կարծիքը. տեղեա՞կ են այդ բոլորէն. «Այո՛, քոյրիկիս միշտ կը պատմեմ, կ՚ըսէ «ափսոս եղար»:

Պատկերը հետեւեալն է. 24 տարեկան երիտասարդ ամուսին մը, 22 տարեկան երիտասարդուհի մը, տակաւին լոյս աշխարհ չեկած անմեղ մանուկ մը. իր զաւակին վրայ ափսոսող ընտանիք մը եւ անարգող աւանդական «կեսուր» մը: Ահաւասիկ հայ երիտասարդ ընտանիք մը՝ որուն լոյս աշխարհ բերած զաւակներուն պիտի վստահինք մեր ապագան:

Վերոյիշեալ տուած օրինակս մէկ հոգիի չվերագրենք. անոնց թիւը շա՜տ շատ են այսօր Հայաստանի տարածքէն ներս. Հայաստան այսօր լեցուն է ամուսնալուծուած մայրերով, որոնք նման ամուսնութիւն մը կնքելով մէկ կամ երկու տարի ետք, զաւակը իրենց ձեռքին վերադարձած են իրենց ընտանեկան տուն՝ այս ժամանակ անարգուելով թէ՛ հարազատ ընտանիքէն եւ թէ՛ շրջապատէն:

Այդ անարգանքին զոհ չդառնալու համար շատեր յանձն կ՚առնեն ապրիլ նման պայմաններու մէջ. շատեր տեսած եմ, որ բացայայտ կը դաւաճանեն իրենց կինը. «տղամարդ է, պիտի ընէ...». շատեր տեսած եմ ծեծած են իրենց կիները. «տղամարդը կը սիրէ ալ կը ծեծէ ալ»: Երբ փորձած եմ համոզել, որ ճիշդ չէ մտածելակերպը, ստացած եմ նոյն պատասխանը. «ի՞նչ ընեմ. ծնողքիս տո՞ւնը երթամ...»:

Այս բոլորը կու գան ըսելու, որ մեր կրթական համակարգէն ներս բարոյական ուսման պակաս մը կայ. կրթութեան պարտաւորութիւնն է այս խաւարամտութիւնը դուրս բերել մեր հասակ առնող նոր սերունդին մէջէն. տակաւին մեր հայորդիներէն շատեր չե՛ն կրցած հասկնալ, որ աղջիկը նոյնքան հարազատ է իրեն՝ ինչքան իր տղան եւ դեռ աւելին՝ աղջիկը աւելի՛ պաշտպանութեան արժանի է՝ քան տղան:

Այս բոլոր հարցերուն դիմաց աղջիկը տեղ մը «ուրիշ»ը կը փնտռէ. ուրիշը՝ ո՛չ թէ մարմնական յարաբերութեան կամ անբարոյականութեան համար՝ այլ հանգստութեան, որ դարձեալ հանրութեան կողմէ որպէս անպատուութիւն կը դիտուի:

Մօտեցէ՛ք Հայաստանի փողոցները կեցող ոեւէ մէկ բոզի եւ հարց տուէք, թէ ինչո՞ւ համար այս անպատիւ «գործ»ը կը կատարէ. պատասխանը մի՛շտ նոյնն է. «ո՞վ պիտի նայի իմ զաւակիս»:

Այնպէս ինչպէս աւելի քան դար մը առաջ մեր Զարթօնքի սերունդը պայքարեցաւ վերացնելու նախապաշարումներն ու անտրամաբանական աւանդութիւնն ու սովորութիւնները, այսօր ժամանակն է դարձեալ պայքարելու ա՛յն բոլորին դէմ, որ բոյն դրած է մեր մէջ: Ժամանակն է հասկցնելու մեր երիտասարդուհիներուն, որ ուսումը աւելի՛ն կ՚արժէ քան ամուսնութիւնը, որովհետեւ ամուսնութիւնը միջոց մըն է, կեանքի ընթացք մը ճշդելու եւ ո՛չ նպատակ եւ այն անձը, որ ամուսնութիւնը նպատակ կը դարձնէ, ամուսնութեան օրն իսկ մեռած կ՚ըլլայ ընկերութենէն:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՄԿՐՏԻՉ ԱՍԼԱՆԵԱՆ
(1906-1986)

Մեր թուականէն 116 տարիներ առաջ՝ 5 մայիս 1906-ին Մուշի Կոփ գիւղին մէջ ծնած է արձակագիր, լրագրող եւ Գրողներու միութեան անդամ Մկրտիչ Ասլանեան:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի մէջ, սակայն Համաշխարհային Ա. պատերազմի հետեւանքով գաղթած եւ հաստատուած է Թիֆլիզ, ուր շարունակած է դպրոցական կրթութիւնը: Դպրոցը աւարտելէ ետք ընդունուած է Թիֆլիզի համալսարանի բանասիրական բաժինը, սակայն նիւթական պատճառներով կիսատ ձգած է:

Դուրս գալով համալսարանէն Ասլանեան որոշ ժամանակ որպէս բանուոր աշխատած է Թիֆլիզի եւ Վանաձորի մէջ. 1928 թուականին աշխատանքի ընդունուած է «Պրոլետար» թերթին մէջ, ուր աշխատած է մինչեւ 1935 թուականը: Ապա 1935-1941 թուականներուն եղած է Վրաստանի ձայնասփիւռի հայկական հաղորդումներու բաժնի խմբագիր:

Ասլանեան 1941-1945 թուականներուն Խորհրդային Միութեան բանակին մաս կազմելով մասնակցած է Հայրենական մեծ պատերազմին: Պատերազմի աւարտէն ետք Ասլանեան ստանձնած է «Լենինեան դրօշ» թերթի զինուորական լուրերու բաժնի վարիչի պաշտօնը: Ասլանեան հեղինակ է պատմուածքներու, վիպակներու եւ վէպերու. անոնցմէ առաջինը՝ «Փոթորիկ»ը առաջին անգամ հրատարակուած է 1946 թուականին, որուն յաջորդած են «Քօղարկուած հետքերով» վիպակը, «Երջանկութեան արահետով» վէպն ու բազմաթիւ ուրիշներ: Ասլանեանի գործերը այնքան սիրուած են, որ թարգմանուած են նաեւ ուրիշ լեզուներու. ռուսերէն լեզուով լոյս տեսած է արձակագիրին «Առաջին ժպիտ» եւ «Քօղարկուած հետքերով» աշխատութիւնը, վրացերէն լեզուով լոյս տեսած է «Եղբայրութիւն»ն ու դարձեալ «Քօղարկուած հետքերով» աշխատութիւնը: Ասլանեան շնորհիւ իր վաստակին, արժանացած է «Կարմիր աստղ»ի շքանշանին:

Ալսանեան մահացած է 10 փետրուար 1986 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 5, 2022