ՄԱՐԴՈՒՍ ԿԵԱՆՔԸ

Մարդ յաճախ կը հարցնէ հարցում մը՝ որուն տրուած պատասխանը թէպէտ կարճ է եւ սակայն կ՚արժէ խորհրդածել անոր մասին։ Հարցումը սա է. «Ի՞նչ է մարդուս կեանքը»։

Արդարեւ մարդ կ՚ապրի, կը վայելէ «կեանք»ը, բայց շատ անգամ անոր էութեան մասին չի խորհիր եւ կամ աւելորդ կը սեպէ հարցնել վերոյիշեալ հարցումը։ Եւ հետաքրքրականը այն է, որ այս հարցումը հարցնողներ ընդհանրապէս անիմաստ եւ աննպատակ զբաղումներով ժամանակ վատնողներ նկատուած են ընդհանրապէս, ըսելով որ մարդուս կեանքին մասին հարցում հարցնել եւ պատասխան ակնկալել անիմաստ է եւ աննպատակ, քանի որ կեանքին ի՛նչ ըլլալը գիտնալ որեւէ օգուտ չ՚ապահովեր մարդուն… եւ նման դիտողութիւններով «տարօրինակ» կը համարեն այդ հարցումին պատասխան ակնկալելը։ Իսկապէս «անիմա՞ստ» է այդպիսի հարցում մը հարցնել եւ այդ մասին խորհրդածել…

Հիները վերոյիշեալ հարցումին՝ թէ ի՞նչ է մարդուն կեանքը, վախճանը եւ նպատակակէտը, որպէս պատասխան հետեւեալ վսեմ բառերը կը գործածէին. «Աստուծոյ փառացը համար»։

Երկար տարիներէ ի վեր չէ, որ շատեր պատրաստ էին այդ պատկառելի պատասխանը մէկ կողմ դնելու եւ տեղը սապէս ըսելու. «մարդուն ծառայութիւնը»։

Արդարեւ, ըստ կարգ մը մտածողներու, Մեծ պահոց օրերուն մարդ պէտք չունի իր սխալմունքին վերահաս ըլլալու, որովհետեւ մարդապաշտական (=humanistic) ենթադրութիւնները, մարդուս կեանքին մասին, ներկայ գաղափարները սնանկութեան դուռը հասցուցին, գրեթէ անկարելի ընելով իր յառաջդիմութիւնը։

Դառն փորձառութեամբ մարդիկ սորվեցան, թէ իրենք չեն կրնար հաւատք ընծայել մարդուն՝ մինչեւ որ Աստուծոյ աւելի՛ հաւատք չընծայեն։

Ուստի, մինչեւ որ առաջ Աստուած չսիրէ, մարդ բաւական դժուար կը գտնէ սիրել իր ընկերը եւ նոյնիսկ ինքզինք։

Մարդապաշտութիւնը կամ մարդայնականութիւնը (=humanists) պաշտպանողներ՝ մարդապաշտներ երբեմն կը յայտարարեն եւ կամ աւելի պատշաճ է ըսել, կը յայտարարէին թէ՝ Աստուծոյ հաւատալը պատճառ կ՚ըլլայ որ մարդ ինքն իր եւ ընկերին վարկը ցածցնէ։ Սակայն այս կէտին մէջ, մարդուն «սիրտ»ը սխալ ըմբռնած էին, որովհետեւ բուն իսկ ասոր հակառակն է ճշմարիտը։ Մարդ չի կրնար իր կեանքը տեւականացնել՝ շարունակել ապրիլ առանց ինքն իր վրայ հաւատք ունենալու, եւ նոյն ատեն այդ հաւատքը չի կրնար ունենալ, առանց հաւատալու տիեզերքի մը՝ որն որ կարող պիտի ըլլայ իր «կեանքը արժեցնել»ու սեփական արժանիքով մը՝ որով պիտի կրնայ մնայուն կարեւորութեան հասցնել, եւ այս տեսակ «տիեզերք»ի մը հաւատալու միա՛կ ճամբան Աստուծոյ վրայ հաւատք ունենալ եւ Անոր վստահի՛լն է։

Շատ նշանակելի եւ այժմէական է վերոյիշեալ խտացեալ յայտարարութիւնը՝ զոր խորհուրդի առարկայ ընելով պէտք է քննել, եւ մեր ներկայ յեղյեղուկ մտքի վիճակին շիտակ ուղղութիւն տալ կեանքի հիմնական-էական հաւատալիքներու մասին, եւ դարձեալ դառնալ այս անխախտ, անսասան հաւատքին. «Աստուծոյ փառքը», որ հիներու պատասխանն էր, թէ ի՞նչ է մարդուս կեանքը։

Ահա՛ մարդուս կեանքին նշանաբանը եւ գործունէութեան եւ ծառայութեան, նուիրականութեան մղիչ ուժը։

Արդարեւ, կեանքը՝ մարդուս հիմնական իրաւունքներէն մէկն է։

Իր իսկ անձին սէրը բարոյականութեան հիմնական սկզբունք մը կը հանդիսանայ։ Ուրեմն օրինաւո՛ր է յարգել տալ կեանքի իր սեփական իրաւունքը։ Ով որ կը պաշտպանէ իր կեանքը, մարդասպանութեան յանցանք չի գործեր, նոյնիսկ եթէ հարկադրուի իր վրայ յարձակողը մահացու խոցել։ Այս մասին Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Եթէ ինքզինք պաշտպանելու համար՝ պահանջուածէն աւելի մեծ բռնութիւն բանեցուի, ասիկա ապօրինի պիտի համարուի։ Իսկ եթէ բռնութիւնը չափաւոր կերպով ետ կը մղուի, ասիկա օրինաւոր պիտի համարուի։ Մեզ փրկելու համար անհրաժեշտ չէ որ զանց ընենք այս չափաւորեալ ինքնապաշտպանութիւնը, ուրիշը չսպաննելու համար. որովհետեւ մարդ աւելի պարտաւոր է հսկելու իր կեանքին քան թէ ուրիշի կեանքին վրայ…»։ Օրինաւոր պաշտպանութիւնը կրնայ ո՛չ միայն իրաւունք մը ըլլալ, այլ նաեւ ծանր պարտականութիւն մը, պատասխանատուութիւն մը՝ այն անձին համար, որ ուրիշներուն կեանքին պատասխանատու է։ Այս ալ կը նշանակէ, որ «կեանք»ը մեծ եւ անփոխարինելի «արժէ՛ք» մըն է եւ պէտք է զգուշութեամբ խնամուի։ Ամէն անձ որ «կեանք» մը կը վայելէ, պարտաւոր է զայն խնամելու եւ հոգ տանելու՝ պահպանելու համար զայն, որպէս անգին արժէք։ Այս իմաստով, կեանքը՝ անհրաժարելի, անփոխանակելի «արժէք» մըն է, իրաւունք մըն է։

Ուստի, Աստուած, անհունօրէն Կատարեալ եւ Երանելի ինքն իր մէջ, զուտ բարութեան ծրագրով մը ազատօրէն ստեղծեց մարդը, որպէսզի զայն մասնակից ընէ իր երանաւէտ եւ յաւիտենական կեանքին։ Անոր մէջ եւ Անով, Աստուած կը կանչէ մարդիկը Սուրբ Հոգիով իր որդեգիրները ըլլալու, եւ հետեւաբար ժառանգորդները՝ իր երանաւէտ կեանքին։

«Հա՛յր, այս է յաւիտենական կեանքը, որ մարդիկ ճանչնան Քեզ միակ ճշմարիտ Աստուած եւ Ան զոր դուն առաքեցիր՝ Յիսուս Քրիստոս» (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։

Կեանքը անգին արժէ՛ք մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 2, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 5, 2020