ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Քաղաքակրթութիւնը արագօրէն կը յառաջանայ, կեանքը հետզհետէ կը բարեփոխուի, կը զարգանայ։ Որքան որ էականը անփոփոխ կը մնայ, շատ բաներ կը փոխուին եւ անշուշտ այդ փոփոխութիւնները կ՚ազդեն նաեւ էականին։ Բնութեան մէջ անայլայլելի, մշտնջենաւոր եւ հիմնական իրականութիւններ կան՝ մարդուն մէջ սկիզբէն իսկ հաստատուած, բնատուր, ընդոծին. բայց քաղաքակրթութեան բերած արագութիւնը կարծես մարդ էակը կ՚առնէ հետզհետէ Աստուծոյ ձեռքէն եւ ան կը պարտադրուի բաղդատութիւն մը եւ նախընտրանք մը ընել Աստուծոյ եւ քաղաքակրթութեան՝ բնութեան եւ արուեստականութեան միջեւ։ Ուստի մարդիկ բաղդատութիւններ կ՚ընեն կրօնքի եւ գիտութեան միջեւ, զոր օրինակ՝ Peter Atkins անուն գիտնական մը կը պնդէ, թէ գիտութիւն եւ կրօնք երբեք չեն կրնար համաձայնիլ եւ այսօր կրօնքը անբաւարար է մարդկային մտային պահանջներուն նը-կատմամբ եւ գիտութիւնը գերազանցած է կրօնքը։ Ան իր տեսակէտը կը պարզէ 1995-ին հրատարակուած իր «Գիտութեան անսահման զօրութիւնը» գիրքին մէջ։

Արդարեւ, աշխարհայինը եւ հոգեւորը միշտ ունեցած են այս հակադիր եւ հակասական դիրքը, որ այսօր կը ներկայանայ որպէս գիտութիւն եւ կրօնք։ Բայց կարելի չէ ասիկա ընդունիլ որպէս հակադրութիւն, քանի որ երկուքին ալ՝ թէ՛ գիտութեան եւ թէ կրօնքին նպատակը «ճշմարտութեան հասնիլ» է, եւ ուրեմն անոնց թէեւ մեկնակէտը եւ գործելակերպը տարբեր է, բայց նպատակակէտը նո՛յն, այսինքն՝ ճշմարտութի՛ւն։ Անոնք թերեւս կը տարբերին մանրամասնութիւններու մէջ, բայց եթէ անոնք կը ծառայեն նո՛յն նպատակին եւ ուրեմն անկարելի չէ անոնց համաձայնութիւնը ի վերջոյ։ Այո՛, գիտութիւնը զօրութիւն մըն է, ուժ մը, բայց այս չի նշանակեր, որ կրօնքն ալ զօրութիւն մը, ուժ մը չէ, քանի որ անոր գոյութիւնը ուրանալ կարելի չէ եղած մինչեւ այսօր։

Ուրեմն, կարելի է խորհիլ, թէ գիտութիւն եւ կրօնք, ճշմարտութեան առաջնորդող ճամբուն վրայ երկու համընթաց արժէքներ են, եւ առանց անոնց գոյութեան, մարդ չի կրնար հասնիլ ճշմարտութեան՝ թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ հոգեպէս։ Արդարեւ, գիտութիւնը չի կրնար տալ մարդուն այն՝ ինչ որ կու տայ կրօնքը։ Անշուշտ գիտութիւնն ալ իր կարգին մարդուն կու տայ մտային զարգացման առիթներ՝ որոնք կ՚աճեցնեն հոգին։ Եւ քանի որ մարդ՝ մարմին է, հոգի եւ միտք, ապա ուրեմն կարելի չէ ուրանալ երկուքին ալ դրական գործունէութիւնները մարդկային կեանքին վրայ՝ իր ամբողջութեանը մէջ։ Մարդ կրնա՞յ ուրանալ բնութեան իրականութիւնը, կրնա՞յ մերժել նիւթական աշխարհը, որուն վրայ կ՚ապրի։ Ուրեմն չի՛ կրնար ուրանալ գիտութեան կարեւորութիւնը եւ մերժել գիտութեան անհրաժեշտութիւնը։ Եւ դարձեալ, մարդ չի՛ կրնար ուրանալ իր հոգեւոր աշխարհը, չի՛ կրնար մերժել հոգեւոր աշխարհի իրականութիւնը, ապա ուրեմն կարելի չէ որ անկարեւոր նկատէ կրօնքը։

Արդարեւ, մարդկային ընդհանուր պատմութիւնը կը վկայէ բազմաթիւ գիտուններու՝ որոնք շա՜տ աւելի հաւատացեալ եղած են քան իրենք զիրենք «հաւատացեալ» կարծողներ։ Գիտուններ, ճշմարիտ գիտնականներ, որոնք միշտ հաւատարիմ մնացած են հոգեւոր արժէքներու իրենց հաւատալիքներուն, կրօնքին՝ Աստուծո՛յ…։

Անշուշտ եղած են Nietzsche-ի, Bertrand Russell-ի նման իմաստասէրներ, եւ ուրիշներ, որոնք մերժած են կրօնքին արժէքը, բայց այս չի՛ նշանակեր, որ իրողութիւն մը, ճշմարտութիւն մը, արժէք մը չէ կրօնքը մարդկային կեանքին մէջ, քանի որ կրօնքը ընդոծին զգացում մըն է մարդուն մէջ՝ իր արարչութեան առաջին պահէն իսկ հաստատուած անոր հոգիին խորը։ Մարդ մի՛շտ պահանջքը ունեցած է հաղորդուելու իր Արարչին հետ՝ որ է նաեւ իր Նախախնամը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին։

Մարդ, այսօր տարուելով հակակրօնական հոսանքներէ, ինքզինք նկատած է ընդհանրապէս ինքնաբաւ մարդ, ի՛նք ահա սկսած է «ձեւակերպել» կեանքին ընթացքը։ Այդպէս կը թուի, թէ «հին մարդ»ը այլեւս «նոր մարդ»ը չէ՛. բայց «մարդ»ը կարելի չէ՛, որ փոխուի ըստ էութեան, ըստ բնութեան։ Քաղաքակրթութեան թեւերուն վրայ նըս-տած մարդը այլեւս «հին մարդ»ը չէ, կը կարծուի. սաւառնակով հազարաւոր մղոններու հեռաւորութիւններ մօտեցած են, բայց սիրտեր իրարմէ հեռացած, օտարացած են։ Նոյնն է պարագան ամէն տեսակ հեռաձայններու, համացանցային հաղորդակցութիւններու համար՝ ձայներ եւ դէմքեր մօտեցած, բայց սիրտեր հեռացած են, եւ աւելին՝ թէեւ հեռաւորները մօտեցած, բայց մերձաւորները մղոննե՜ր հեռացած են։ Սիրոյ անկեղծ զգացումի տեղ արդի մեքենաներ հաստատուած են մարդկային կեանքին մէջ…։ Միջոցը կարելի է եղած կտրել՝ արագընթաց սաւառնակներով, բայց սիրտեր չեն կրցած մօտենալ իրարու քայլ մը իսկ…։

Մարդ արուեստականութիւնը բնութեան դէ՛մ է դրած, բայց բարոյական եւ հոգեւոր շահերը բնութեան կողմն են տակաւին, քանի որ բնութիւնը մշտնջենական է։ Միջոցը՝ կարճ, սիրտերը՝ տա՛ք։ Բնութիւնը տակաւին «ոտքեր»ն է որ կը պատուէ, եւ ո՛չ թէ արագասահ կառքը եւ սաւառնակը։

Յիսուս քայլերով այցելեց իր բարեկամներուն, եւ բացառաբար, հանդիսաւոր առիթներով, հեծաւ խոնարհ անասունի մը կռնակը։

Այսօր, դժբախտաբա՛ր անկեղծ սէրը հալած, նօսրացած է ձեւակերպութիւններու տարափին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 16, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 5, 2019