ԾԱՌԸ ԱՒԵԼԻ Կ՚ԱՊՐԻ ՔԱՆ ՄԱՐԴԸ

Մարդուս կեանքը արարչագործութեան մեծագոյն հանելուկն է։ Ան կրնայ սրբանալ եւ իր աստուածային կոչումին կատարեալ ապացոյցը տալ, բայց կրնայ նաեւ ա՛յնքան վատթարանալ եւ ստորնանալ, որ նոյնիսկ դժոխքին բնակիչներուն զզուելի դառնալու դիրքին մատնուի։ Եւ այս հակադիր բոլոր վիճակները կը պատահին երբեմն նո՛յն մարդուն ժամանակաւոր երկրային կեանքին մէջ։ Արդարեւ, կարելի է որ նոյն մարդը իր կեանքի ընթացքին ապրի այդ երկու հակապատկեր հոգեվիճակները։

Հետաքրքրական է, որ այս բոլորը կը պատահին մարդուս ժամանակաւոր կեանքին մէջ. եւ ուրեմն կարելի է հարցնել թէ՝ մարդուս ամբողջ կեանքի տեւողութիւնը բաւակա՞ն է ապրելու այս իրերամերժ եւ հակապատկեր վիճակները։ Եւ իրապէ՛ս, երբ մարդուս ձեռքն է այս երկիրը, ուր կ՚ապրի, դրախտի մը վերածել եւ հոն Աստուծոյ Արքայութիւնը հաստատել, ինչո՞ւ համար սադայելական, սատանայի յատուկ միջոցներ կը հնարէ. թոյն կը խմէ, թոյն կը տարածէ եւ կը նկրտի երկիրը անապատի վերածելու, իր գերեզմանը եւ դժոխքը ընելու։

Մարդը, որ ուրիշ բոլոր ապրող կենդանի էակներէն աւելի խելք, բանականութիւն ունի, ի՞նչ կ՚ընէ։ Ան յաճախ հրաժարելով սիրոյ լուսաւոր մթնոլորտէն կը մտնէ դժոխքի մը մէջ՝ ուր ատելութեան կրակները կը ճարճատին։ Մինչդեռ Աստուած, իր Արարիչը սի՛րտ դրեր է իր մէջ, որպէսզի սիրէ. եւ փոխանակ սիրելու, ան կը նախընտրէ ատելը, նախատելը, վարկաբեկելը իր նմանը՝ որ «ուրիշ»ը չէ, այլ իր «ես»ին ցոլացումը միայն։

Բնաւ նկատա՞ծ էք սիրելի՜ներ, ծառերը աւելի կ՚ապրին քան մարդիկ։ Այն ծառերը, որոնք մարդուս կու տան ի՛նչ որ ամրան տոգորիչ օրերուն՝ գերազանցապէս ցանկալի եւ գնահատելի է ստուերամած զովութիւնը։ Եւ ահաւասիկ, այս կէտին պէտք է հարցնենք մենք մեզի. արդեօք մարդիկ աւելի շատ ապրէին, աւելի շատ պիտի տատանէի՞ն բարիին եւ չարին միջեւ։ Մարդուս կեանքը մէկ անգամ չար եւ մէկ անգամ բարի ըլլալու չափ կա՛րճ է, արդեօք այդ չափո՞վ չափաւորուած է մարդուս կեանքը…։

Հոս կարելի է խորհիլ, թէ տեւական բարիներուն եւ տեւական չարերուն կեանքը այդ համեմատութեամբ կրնար երկար կամ կարճ ըլլալ։ Արդարեւ, իր բնութեամբ ծառը միշտ բարի է՝ պտուղ կու տայ, իր շուքով կը զովացնէ մարդիկ եւ տակաւին շատ մը օգտակարութիւններով «տեւական բարի»ի տիպար մըն է ան։ Քանի որ տեւական բարի ըլլալուն համար ծառը երկար կ՚ապրի, ապա ուրեմն «տեւական բարի մարդ»ը ինչո՞ւ երկար չ՚ապրիր եւ իր կեանքի տեւողութիւնը հասարակ չափով կը չափուի։ Աստուած գիտէ…։

Մարդը, շատ հազուադէպ է որ ապրի աւելի քան հարիւր տարի, բայց ծառը, երբեմն դարե՜ր կ՚ապրի։ Ահաւասիկ, հանելուկ մը, կամ առեղծուած մը, հարցում մը՝ որուն պատասխան գտնել կարելի չէ, կամ մինչեւ այսօր պատասխան մը չէ գտնուած։

Ահաւասիկ, այս պատճառով մարդուս կեանքը ստեղծագործութեան մեծագոյն հանելուկն է, որ կարելի չէ եղած լուծել մինչեւ այսօր…։

Ծառի մը շնորհուի հարիւր տարի եւ կամ աւելի ապրելու առանձնաշնորհումը եւ զլացուի մարդուն՝ որ ենթադրաբար ամբողջ ստեղծագործութեան դափնեպսակն է։

Ինչո՞ւ։ Այս երեւոյթին տակ անպայման պատճառ մը ըլլալու է։ Եթէ քմահաճոյք չէ եղածը, դիպուած մը, պատահական երեւոյթ մը չէ, ուրեմն ի՞նչ է պատճառը։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ բնութեան մէջ ոչ մէկ երեւոյթ առանց պատճառի կ՚իրականանայ. ամէն արդիւնք անպայմա՛ն պատճառ մը ունի։ Եւ ստեղծագործութիւնը իմաստութեամբ կատարուած իրողութիւն մըն է։ Աստուած բնութիւնը ե՛ւ մարդը իմաստութեամբ ստեղծած է եւ ուրեմն ծառի մը եւ մարդուն կեանքի չափն ալ իմաստութեամբ չափուած է. ան բանական պատճառ մը ունի անպայմա՛ն։

Ընդունելի կամ անընդունելի, կարելի է սապէս խորհիլ. թերեւս մարդոց ստուար մեծամասնութիւնը արժանի չէ այդքան երկար ապրելու։ Հիմնական կամ անհիմն կրնայ թուիլ այս գաղափարը անշուշտ։ Այս գաղափարին կարելի է հակազդել, ըսելով որ մարդուս ապրելու իրաւունքը իր ամենահիմնական իրաւո՛ւնքն է։ Բայց այդ «իրաւունք»ը տուողն ալ Աստուած է, եւ ուրեմն իմաստութեամբ բանական չափ մը կրնայ որոշած ըլլալ։

Սապէս ալ կարելի է խորհիլ. յիսուն տարի ապրող մէկը, եթէ ո՛չ մէկ բան ըրեր է, ո՛չ մէկ բարի գործ, ո՛չ մէկ օգտակարութիւն ունեցեր է՝ ի՞նչ արդարացուցիչ պատճառ կրնայ ունենալ յիսուն եւ աւելի տարի եւս ապրելու։ Բայց Աստուած գիտէ. անպայմա՛ն բանաւոր պատճառ մը ունի, քանի որ մարդուս չտեսածը Աստուած՝ Ամենատեսը կը տեսնէ եւ ըստ այնմ կ՚որոշէ։

Մարդկային կեանքը «սահմանեալ նպատակ»ի մը համար է, ուստի մարդ իրեն սահմանուած ժամանակամիջոցին մէջ պէտք է ծառայէ այդ նպատակին։

Ծառի մը եւ մարդու մը կեանքին միջեւ սա մեծ տարբերութիւնը կայ. ընդհանրապէս, ծառը «իրեն համար չ՚ապրիր». մարդը սակայն «իրեն համար կ՚ապրի»։ Ուստի ստուերամած դարաւոր ծառերը ապրեր են այդքան տարի «սահմանեալ պաշտօն»ի մը համար, որ է՝ մարդոց իրենց հովանիին, շուքին հանգստութիւնը տալ։ Հապա մա՞րդը։

Ո՞ր մարդը, ծառին նման, իր ապրած տարիներուն «ամբողջութիւն»ը իր նմաններուն, ըսենք, ուրիշներուն օգտին եւ բարութեանը ծառայելու կու տայ։ Եթէ կան այսպիսի մարդիկ, հազուագիւտ են եւ յարգելի բացառութիւններ։

Ահաւասիկ, Յիսուս, իբրեւ մարդ, եզական օրինակ մըն է։ Եւ այդպիսի կեանքի մը համար ալ միայն երեք տարի բաւական եղաւ։ Ո՞ր մէկ մարդ կրնայ ըսել, թէ հարիւր տարի ապրեցաւ եւ այդ հարիւր տարուան պարունակութիւնը արժեցուց գէթ մէկ տասներորդը այն արժէքին՝ որ Քրիստոս սեղմեցուց երեք տարուան մէջ։ Ուստի, կարեւորը շատ ապրիլը չէ՛, այլ՝ օգտակար, բարի եւ արդիւնաւոր ապրի՛լն է։

Մարդ երբ իր կեանքը ունայնութեամբ կ՚անցընէ, երկար ապրելու վրայ «աչք՝ տնկել» ի՞նչ իմաստ կ՚ունենայ։ Բնութեան մէջ երկար ապրելու օրինակներէն մին ալ կրիաներու կեանքն է՝ որոնք քանի մը հարիւր տարի կ՚ապրին։ Ունայն կեանք մը ապրելու բարիքը ի՞նչ է ենթակային կամ ընկերութեան համար…։

Պէտք է հաւատալ «նպատակաւոր», «լեցուն» եւ «արդիւնաւոր» կեանքի եւ ո՛չ թէ «երկար»՝ այլ ունայն կամ անձնասէր, ինքնակեդրոն կեանքի։

Երանի՜ անոնց՝ որ թէ՛ երկար եւ թէ՛ օգտակար, արդիւնաւոր եւ բարի՛ ապրեցան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 29, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 5, 2020