ՍԻՐՈՅ ԵՒ ՆԱԽԱՆՁԻ ՄԱՍԻՆ

«Հրեշտակները մէկ անուն ունին՝ ՍԷՐ. սատանաներն ալ մէկ՝ ՆԱԽԱՆՁ», կ՚ըսէ Գրիգոր Օտեան։

Արդարեւ սէրը մարդուս ամենէն հիմնական եւ ազնիւ զգացումն է։ Ուստի իւրաքանչիւր անհատի ընկերային պարտականութիւնն է իւրաքանչիւր մարդուն մէջ յարգել եւ արթնցնել սէրը ճշմարիտին, գեղեցիկին եւ բարիին։

«Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոնէ սուրբ ժամանցը, իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ամբողջովին յայտնուեցաւ Յիսուս Քրիստոսի մէջ. Ի՛նքն է ճշմարտութիւնը եւ Ան կ՚առաջնորդէ «դէպի բովանդակ ճշմարտութիւն» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 13)։ Յիսուս Իր աշակերտներուն կ՚ուսուցանէ ճշմարտութեան անպայմանաւոր սէրը. «Ձեր խօսքը թող ըլլայ այո՛ն այո, եւ ո՛չը ոչ» (ՄԱՏԹ. Ե 37)։

Արդարեւ «սրտով սուրբ»երը անոնք են, որ իրենց իմացականութիւնը եւ կամքը կը ներդաշնակեն Աստուծոյ սրբութեան պահանջներուն հետ, գլխաւորաբար երեք մարզերու մէջ. մարդասիրութեան ողջախոհութեան եւ ուղղամտութեան մէջ. սէր ճշմարտութեան եւ ուղղափառութիւն հաւատքին։ Սրտին, մարմինին եւ հաւատքին մաքրութեան միջեւ կապ մը գոյութիւն ունի. հաւատալով հնազանդիլ, հնազանդելով՝ լաւ կեանք վարել, լաւ ապրելով՝ մաքրազտել սիրտերը եւ մաքրազտելով սիրտերը՝ հասկնալ հաւատացածը։ Արդարեւ, սրտի մաքրութիւնը սիրոյ մէկ հետեւանքն է, եւ այն որ սէր ունի իր սրտին մէջ, անոր սիրտը մաքո՛ւր է։ Սրտին մէջ կը գտնուի սէրը, որ սկիզբն է բարիին եւ ամէն մաքուր գործի։

Աստուած սէ՛ր է, սիրոյ ակը եւ Աստուծոյ սէրը սահման չունի, չի ճանչնար որեւէ սահման։ Ուստի մարդ երբ կ՚աղօթէ, իր առջեւ կը բանայ Քրիստոսի մէջ յայտնուած Հօր սիրոյն ծաւալուն սահմանները, որոնք իրեն աղօթել կու տան Հայրը տակաւին չճանչցող բոլոր մարդոց համար եւ բոլոր մարդոց հետ, որպէսզի անոնք համախմբը-ւին միութեան մէջ։ Ուստի անկեղծ սիրով արտասանուած ամէն աղօթք մարդոց միջեւ կապ մը կը հաստատէ եւ «միութիւն» մը կը ստեղծէ։ Այս պատճառով, պէտք է ընդարձակել աղօթքը՝ սիրոյ լա՜յն տարածքով, երբ աղօթել կը սկսինք «Հայր մեր…» ըսելով՝ ուր Հօր շուրջ, եւ ուրեմն Սիրոյ մէջ կը համախմբուին եւ կը միանան բոլոր մարդիկ։ Արդարեւ, «մեր» եզրն է որ կը համախմբէ այն բոլորը, որոնց համար կ՚աղօթենք Հօր՝ Աստուծոյ, որ Սէ՛ր է։

«-Հայր մեր որ երկինքն ես - խօսքերով՝ իրաւամբ կը հասկնանք արդարներուն սիրտը, ուր Աստուած կը բնակի իբրեւ Իր տաճարին մէջ։ Ահա թէ ինչո՛ւ աղօթողը փափաքելու է որ Ան, որուն ինք կը պատկանի, իր մէջ ալ բնակի», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Եւ քանի որ Աստուած Սէ՛ր է, ապա ուրեմն աղօթողը կը փափաքի որ Սէրը բնակի իր մէջ, եւ ամէն անգամ որ կ՚աղօթէ մարդ այս գիտակցութեամբ, հետզհետէ կ՚աւելնայ սէրը իր սրտին մէջ։ Ուրեմն, սէրը աղօթել է բոլորին համար՝ ամէնքին հասարակաց Հօր։

Սէրը նաեւ սրտանց եւ անկեղծօրէն ներե՛լ է. եւ այսպէս՝ կեանք կ՚առնեն ներումի մասին Տիրոջ ըսած խօսքերը. «Իրարու ներենք -ինչպէս- Աստուած ներեց մեզի Քրիստոսով», (ԵՓՍ. Դ 32), կեանք կ՚առնէ ի սպառ սիրող սէրը։ Արդարեւ «սրտի խորութեան» մէջն է, որ ամէն բան կ՚ագուցուի եւ կը լուծուի։

Մեր ձեռքը չէ նախատինքը, ատելութիւնը եւ նախանձը այլեւս չզգալ եւ մոռնալ զանոնք, սակայն Սուրբ Հոգիին նուիրուած մաքուր, սիրով լեցուած սիրտը, նախատինքը, ատելութիւնը եւ նախանձը փոխելով բարեխօսութեան, վիրաւորանքը կարեկցութեան կը դարձնէ եւ յիշողութիւնը կը մաքրազտէ։ Եւ անկեղծ սէրը, իսկական սէրը կը հասնի մինչեւ սէրը եւ ներումը «թշնամի»ներուն (ՄԱՏԹ. Ե 43-44)։

Նախանձը մարմինին գործն է որ կը հակադրէ Հոգիին, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (ԳԱՂ. Ե 19-21)։

Տասներորդ պատուիրանը կը պահանջէ նախանձը արտաքսել մարդկային սրտէն։ Երբ Նաթան մարգարէն ուզեց Դաւիթ թագաւորը զղջումի դրդել, պատմեց անոր աղքատի մը պատմութիւնը, որ միայն գառնուկ մը ունէր, որուն հետ իր աղջիկ զաւկին պէս կը վարուէր, ապա այն հարուստին, որ հակառակ իր ունեցած բազմաթիւ հօտերուն, այս աղքատ մարդուն վրայ կը նախանձէր, մինչեւ որ վերջապէս գողցաւ մարդուն գառնուկը։ Նախանձը կրնայ տանիլ յոռեգոյն չարագործութիւններու։ Նախանձին հետեւանքն են բազմաթիւ չարիքներ։ Սատանային նախանձով է որ մահը մտաւ աշխարհ (ԻՄՏ. Բ 24)։

«Մենք երբ իրարու դէմ կը կռուինք, մեր մէջ մախանքն է որ մեզ իրարու դէմ կը լարէ…», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։ Ուստի մախանքը, այսինքն չար նախանձը մայրն է ամէն չարիքի։

Այս իմաստով նախանձը գլխաւոր մոլութիւն մըն է։ Ան կը մատնանշէ ուրիշին բարիքին դիմաց մարդուն զգացած տխրութիւնը եւ ինչպէս նաեւ զայն նոյնիսկ անպատշաճ կերպով իւրացնելու անսանձ փափաքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 4, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 5, 2019