ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ՝ ԴԷՄՔԻՆ ՎՐԱՅ

«Մարդուս դէմքը իր այցետոմսն է», կ՚ըսէ առածը։

Արդարեւ, զօրաւոր անհատականութիւններ, կամ հոգեկան անտեսանելի այլ ազնիւ գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ ինկած հոգիներու անսաձ մոլութիւնները անխուսափելիօրէն կը դրոշմուին դէմքերուն վրայ, բնորոշ գիծերով, խորշոմներով եւ աչքի ցոլքերով, եւ այնպէս դէմքը կ՚ընեն կորովի, կամ զմայլելի, սիրուն եւ գեղեցիկ, եւ կամ դժնէ եւ ահաւոր։

Պարտասած մարմիններ, բեկուած սիրտեր, խռոված հոգիներ, ինկած տրամադրութիւններ, նեղութիւններ, ցաւեր, վիշտեր դէմքերու վրայ կը ցոլանան, ինչպէս իր մը հայելիին վրայ…։

Նոյնն է պարագան անշուշտ ուրախ եւ զուարթ, շէնշող անձերու համար, որոնց գոհացումը եւ երջանկութիւնը կը ցոլանայ իրենց դէմքերուն վրայ։ Բնական եւ նոյնքան հրաշալի՜ երեւոյթ մըն է ասիկա։

Մարդուս սրտին մէջ՝ հոգիին խորը տեղ գրաւող բարկութեան, ատելութեան, նախանձի եւ նաեւ գութի, բարութեան, սիրոյ նման ազնիւ զգացումներ, կամ՝ ոխակալութեան, վրէժխնդրութեան, սպաննելու, յափշտակելու, եւ կամ համայն մարդկութեան օգնելու նման սեւեռուն գաղափարներ իրենց համապատասխան արտայայտութիւնը կը դրոշմեն դէմքին՝ մկաններուն եւ ջիղերուն նոյնօրինակ կերպով պրկումին հետեւանքով որոշ արտայայտութիւններ կը կաղապարէ ասոնց շարունակական գործունէութիւնը, կը փորագրէ հոն։ Եւ այս երեւոյթը բնախօսական եւ հոգեբանական օրէնքներու արդիւնքն է։

Եւ այս օրէնքին համաձայն, մոլութիւններ, վատորակ ապրելակերպ, ինչպէս ամէն տեսակ վատ սովորութիւններ, կեղտոտ, անմաքուր կեանք կ՚աւրեն մաքուր եւ պայծառ դէմքը, եւ ցեղի մէջ թաթխուած հոգին կը քանդակուի հոն։

Ոճրագործներու, քսակահատներու, գողերու դէմքերուն վրայ, ընդհանրապէս փորագրուած է անոնց ահազդեցիկ, կատաղի, աններող բնաւորութիւնը, վատ նկարագիրը, եւ սպաննելու, վնաս հասցնելու, յափշտակելու իրենց վարժութեան արդիւնքը եղող վայրագ, անխիղճ եւ գրեթէ անմարդկային արտայայտութիւնը։ Ասիկա կարելի է տեսնել յաճախ երբ մարդ կը դիմաւորուի այդ տմարդկային արարքներուն հեղինակին հետ։ Եւ ո՜րքան իմաստալից է վերոյիշեալ առածը, թէ՝ մարդուս նկարագիրը կը ցոլանայ իր դէմքին վրայ, այսինքն՝ մարդուս դէմքը այցետոմսն է իր նկարագրին։ Ուստի մարդուս դէմքը իր ներաշխարհը ցոլացնող հայելի մըն է։

Ասոր ճիշդ հակառակն ալ նո՛յնքան ճշմարիտ է։ Զոր օրինակ, կը տեսնենք անձ մը, թերեւս առաջին անգամ, իր դէմքին վրայ ա՜յնքան հանդարտ, բարի, լուսաւոր եւ զուարթ արտայայտութեամբ մը՝ որ անմիջապէս կը խորհինք.- ահա՛ մէկը որ որեւէ չարութիւն խորհելու եւ գործադրելու անկարող է, եւ մեր դատողութիւնը ընդհանրապէս ուղիղ է, եթէ այդ անձը կեղծ դիմակ կրելու վարժութիւնը չունի։

Արդարեւ, ո՛չ բնութիւնը, ո՛չ ժամանակը եւ ոչ ուրիշ որեւէ ազդակ կրնայ դէմքը ա՛յնքան ազդեցնել եւ տպաւորել բիրտ գիծերով, կոշտ խորշումներով կամ ուրիշ երեւոյթներով որքան մարմինի, սրտի եւ հոգիի, մտածումի վատթար ունակութիւններ եւ մոլութիւններ։ Եւ ո՛չ մէկ արուեստական գեղեցկութեան աշխատանք, եւ կամ որեւէ գործողութիւն, ո՛չ մէկ արուեստ, գոյն կամ շպար կրնայ դէմքը ա՜յնքան ազնուացնել, անմեղ տեսք մը տալ եւ գեղեցկացնել ո՛րքան բարի տրամադրութիւններու, գեղեցիկ եւ ազնիւ զգացում եւ միտումներու, զմայլելի դիտումներու անկեղծ եւ անմեղ արտայայտութիւնը, եւ հանդարտ եւ անխռով խղճի մը պարգեւած երանաւէտ գոհունակութիւնը եւ երջանկութիւնը։

Ուստի, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, այս կէտին դարձեալ կ՚արժէ յիշել Գարեգին Արքեպս. Խաչատուրեանի խօսքը, թէ՝ ժպիտը հանդարտ խղճի մը եւ մաքուր սրտի մը արտայայտութի՛ւնն է։ Անշուշտ եթէ այդ «ժպիտ»ը անկեղծ է եւ իրապէս սրտէն կը բխի եւ կը ցոլանայ ոչ միայն շրթունքներու վրայ, այլ մանաւա՛նդ աչքերու մէջ։ Եւ ժպիտը անմեղ դէմքին վրայ, որ կը բխի բարի եւ անխռով խղճէ մը՝ անոնց բարեբեր ալիքներէն, հրեշտակայի՜ն գեղեցկութիւն մը կը ցոլացնէ հոն։

Ահաւասիկ, ա՛յս է գեղեցկութեան ձրի բացատրագիրը կամ դեղագիրը։ Այս դեղագիրը մանաւանդ օգտագործելի է անոնց կողմէ՝ որոնք տգեղութենէ սարսափած՝ տգեղնալու կարելիութիւնը իրենց մղջաւանջ են ըրած։

Արդարեւ, մարդ էակը, արարչութեամբ բարի է եւ գեղեցի՛կ, քանի որ անոր Արարիչը բարի է եւ գեղեցիկ, եւ Բարին եւ Գեղեցիկը կարելի չէ որ չար եւ տգեղ որեւէ բան ստեղծէ։ Ուստի, մարդ ինքն է, որ ինքզինք կը տգեղցնէ եւ չարամիտ, չարագործի մը կը վերածէ։ Եւ եթէ մարդուն կամքը զօրաւոր է, կը դիմադրէ ամէն ազդակի, որ զինք չարի եւ տգեղի պիտի վերածեն։ Տկար նկարգիրները, որ կը պարտուին միջավայրի ազդեցութիւններէ, կը փոխուին, կ՚այլայլին ո՛չ միայն արտաքնապէս, այլ նաեւ՝ ներքնապէ՛ս, այսինքն նկարագրով, ինչ որ կը ցոլանայ անոնց դէմքին վրայ։

Գեղեցկութիւնը, թէեւ յարաբերական արժէք մըն է աշխարհին համար, բայց անիկա բացարձակ արժէք մը կը ներկայացնէ որպէս հոգեւոր իրողութիւն, քանի որ ան Աստուծոյ հեղինակութի՛ւնն է։

Արդարեւ Աստուած «ակնաղբիւրն է ստեղծուած ամէն գեղեցկութեան» (ԳԻՐՔ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ, ԺԳ 3)։ Բարիքին գործադրութեան կ՚ընկերակցի հոգեւոր անվարձ ուրախութիւնը եւ բարոյական գեղեցկութիւնը։ Նմանապէս, ճշմարտութիւնը իր հետ կը բերէ ուրախութիւնը եւ հոգեւոր գեղեցկութեան շքեղութիւնը։ Ճշմարտութիւնը ինքնիրմով գեղեցի՛կ է։

Աստուած Ինքզինք ճշմարտութեան խօսքերով մարդուն չյայտնած, Ինքզինք կը յայտնէ արարչագործութեան տիեզերական բարբառովը, որ գործն է Անոր Խօսքին, Անոր Իմաստութեան. կարգը եւ ներդաշնակութիւնը տիեզերքին՝ զորս կը գտնեն ե՛ւ մանուկը ե՛ւ գիտութեան մարդը, ինչպէս նաեւ «մեծութիւնը եւ գեղեցկութիւնը արարածներուն՝ հանգիտաբար հիացումով դիտել կու տան անոնց Արարիչը» (ԳԻՐՔ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ, ԺԳ 5), «որովհետեւ Ի՛նքն է աղբիւրը գեղեցկութեան, որ ստեղծեց զանոնք» (ԳԻՐՔ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ, ԺԳ 3)։

Արդարեւ, «արուեստ»ը՝ յատկապէս մարդկային արտայայտութեան մէկ ձեւն է բոլոր կենդանի արարածներուն հասարակաց եղող կենսական անհրաժեշտութիւններուն որոնումէն անդին, ան ձրի յորդառատութի՛ւն մըն է մարդկային արարածին ներքին ճոխութեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2020